Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Այրիին երկու լումաները ո՞րքան կ’արժէին։

Հ.Դ. առաջին դարուն, Հրեաները ամէն տարի տաճարին համար իբրեւ տուրք «երկդրամեան» կը վճարէին, որ մօտաւորապէս երկու օրուան աշխատավարձքի կը համապատասխանէր։ (Մատթէոս 17։23) Միւս կողմէ, Յիսուս ըսաւ թէ երկու ճնճղուկ «մէկ դանկի» կը ծախուէին, որ 45 վայրկեանուան աշխատավարձքի կը համապատասխանէր։ Իրականութեան մէջ, կարելի էր հինգ ճնճղուկ երկու դանկի գնել, կամ՝ 90 վայրկեանուան աշխատավարձքով։—Մատթէոս 10։29. Ղուկաս 12։6

Կարօտեալ այրիին նուիրատուութիւնը անկէ շատ նուազ արժէք ունէր։ Լուման այդ ժամանակ Իսրայէլի մէջ գործածուած ամենապզտիկ պղնձադրամն էր։ Գործի օրը 12 ժամ ըլլալով, երկու լուման կը համապատասխանէին մէկ օրուան աշխատավարձքին 1/64–ին, կամ 12 վայրկեանուան աշխատավարձքէն նուազ։

Յիսուս Քրիստոս այրիին նուիրատուութիւնը արժեւորեց, նշելով թէ ան «գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Ինչո՞ւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ ան «երկու լումայ» ունէր, ուստի կրնար մէկը տալ եւ միւսը իրեն պահել։ Բայց ան իր «ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։—Մարկոս 12։41-44. Ղուկաս 21։2-4

Սօղոս ե՞րբ որպէս Պօղոս ճանչցուեցաւ։

Պօղոս առաքեալ ծնունդով թէ՛ Հրեայ էր եւ թէ հռովմէական քաղաքացիութիւն ունէր։ (Գործք 22։27, 28. Փիլիպպեցիս 3։5) Ուստի հաւանական է որ ան իր մանկութենէն ի վեր կը կրէր եբրայական Սօղոս եւ հռովմէական Պօղոս անունները։ Պօղոսի ազգականներէն ոմանք ալ հռովմէական ու յունական անուններ ունէին։ (Հռովմայեցիս 16։7, 21) Ասկէ զատ, անսովոր չէր որ այդ ատենուան Հրեաները, մանաւանդ Իսրայէլէն դուրս ապրողները, երկու անուն կրէին։—Գործք 12։12. 13։1

Քրիստոնեայ ըլլալէն ետք աւելի քան տասնամեակ մը, ըստ երեւոյթին այս առաքեալը գլխաւորաբար իր եբրայական Սօղոս անունով ճանչցուած էր։ (Գործք 13։1, 2) Սակայն իր առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին՝ շուրջ Հ.Դ. 47/48–ին, ան թերեւս նախընտրեց իր հռովմէական Պօղոս անունը գործածել։ Բարի լուրը Հրեայ չեղողներուն ծանուցանելու յանձնարարութիւնը ստանալով, ան թերեւս զգաց թէ իր հռովմէական անունը աւելի ընդունելի պիտի ըլլար։ (Գործք 9։15. 13։9. Գաղատացիս 2։7, 8) Ան նաեւ Պօղոս անունը գործածեց՝ թերեւս քանի որ իր եբրայական Սօղոս անուան Յունարէն հնչումը շատ նման է գէշ իմաստ ունեցող Յունարէն բառի մը։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ փոփոխութեան պատճառը, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ պատրաստ էր ‘ամենուն հետ ամէն բան ըլլալու, որպէսզի մէկ քանիները ապրեցնէր’։—Ա. Կորնթացիս 9։22

[Նկար՝ էջ 8]

Լումայ մը՝ իսկական չափով