Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ պաշտամունքի մէջ խաչը չեն գործածեր։
Ընթերցողները կը հարցնեն
Եհովայի վկաները ինչո՞ւ պաշտամունքի մէջ խաչը չեն գործածեր։
Եհովայի Վկաները հաստատօրէն կը հաւատան թէ Յիսուս Քրիստոսի մահը հայթայթեց այն փրկանքը, որ յաւիտենական կեանքը կարելի կը դարձնէ անոնց, որոնք իրեն կը հաւատան։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 3։16) Սակայն անոնք չեն կարծեր թէ Յիսուս խաչի մը վրայ մեռաւ, ինչպէս աւանդական պատկերներու մէջ յաճախ կը նկարագրուի։ Անոնց համոզումը այն է թէ Յիսուս մեռաւ կանգուն ցիցի մը վրայ, որ խաչաձեւող գերան չունէր։
Խաչը Միջագետքի մէջ կը գործածուէր՝ Քրիստոսէ երկու հազար տարի առաջ։ Նոյնիսկ Պղնձադարի ընթացքին, Սկանտինավիոյ շրջանին մէջ խաչեր փորագրուած են ժայռերու վրայ։ Այսպիսի հեթանոսներ խաչը գործածեցին «որպէս մոգական խորհրդանիշ . . . որ պաշտպանութիւն ու բախտաւորութիւն կը բերէ», գրեց Դանիացի պատմաբան ու խորհրդանշաններու մասնագէտ՝ Սվէն Թիթօ Աքըն իր գիրքին մէջ (Symbols Around Us)։ Զարմանալի չէ որ Կաթողիկէ նոր համայնագիտարանը կ’ընդունի. «Խաչը կը գտնուի թէ՛ նախաքրիստոնէական եւ թէ ոչ–քրիստոնէական մշակոյթներու մէջ, ուր մեծապէս տիեզերական կամ բնական նշանակութիւն մը ունի»։ Արդ, եկեղեցիները ինչո՞ւ խաչը ընտրած են որպէս իրենց ամենէն սրբազան խորհրդանշանը։
Ու. Է. Վայն, յարգուած Բրիտանացի ուսումնական մը, այս հաստատ իրողութիւնները կը ներկայացնէ. «Յ.Տ. 3–րդ դարու կիսուն, . . . հեթանոսները եկեղեցիներու մէջ կ’ընդունուէին . . . եւ անոնց կը թոյլատրուէր որ մեծաւ մասամբ իրենց հեթանոսական նշաններն ու խորհրդանիշները պահէին։ Հետեւաբար, Թաուը կամ T–ն, . . . խաչաձեւող կտորը վար իջեցնելով, որդեգրուեցաւ»։—Vine’s Expository Dictionary of Old and New Testament Words
Վայն նաեւ կը նշէ թէ «խաչ» գոյականը եւ «խաչել» բայը կ’ակնարկեն «ցիցի մը . . . որ երկու գերանէ բաղկացած եկեղեցական խաչի ձեւէն տարբեր է»։ Ասոր հետ ներդաշնակ, Օքսֆորտի Համալսարանի Companion Bible–ը կ’ըսէ. «Ապացոյցը այն է թէ . . . Տէրը սպաննուեցաւ ուղիղ ցիցի մը վրայ, եւ ո՛չ թէ ատաղձի երկու կտորներու վրայ, որեւէ անկիւնով իրարու միացուած»։ Բացայայտ է որ եկեղեցիները աւանդութիւն մը որդեգրած են որ աստուածաշնչական չէ։
Վերոնշեալ պատմաբան Աքըն դիտել կու տայ. «Յիսուսի մահուան յաջորդող երկու դարերու ընթացքին, անհաւանական է որ Քրիստոնեաները խաչի խորհրդանիշը գործածած ըլլան»։ Ան կ’աւելցնէ թէ նախկին Քրիստոնեաներուն համար խաչը «գլխաւորաբար մահ ու չարիք նշանակած ըլլալու էր, ինչպէս հետագայ սերունդներուն համար՝ կառափնատը կամ մահապատիժի ելեկտրական աթոռը»։
Աւելի կարեւորը, ի՛նչ որ ալ ըլլայ այն միջոցը որ Յիսուսը չարչարելու եւ սպաննելու համար գործածուեցաւ, ո՛չ անոր պատկերը, ո՛չ ալ անոր խորհրդանիշը Քրիստոնեաներուն համար պաշտամունքի առարկայ պէտք է դառնայ։ Աստուածաշունչը կը պատուիրէ. «Կռապաշտութենէ փախէք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։14) Յիսուս ինք տուաւ իր ճշմարիտ հետեւորդները բնորոշող իսկական նշանը՝ ըսելով. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննէս 13։35
Պաշտամունքի բոլոր հարցերուն մէջ, Եհովայի Վկաները առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման կը ջանան Աստուածաշունչին հետեւիլ, քան՝ աւանդութեան։ (Հռովմայեցիս 3։4. Կողոսացիս 2։8) Այս պատճառով, անոնք պաշտամունքի մէջ խաչը չեն գործածեր։
[Նկար՝ էջ 12]
Ցայտաքանդակ. հեթանոս ասորեստանցի թագաւոր մը խաչ դրած է, շուրջ Հ.Դ.Ա. 800–ին
[Նկարին աղբիւրը]
Photograph taken by courtesy of the British Museum