Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ բան կեանքը արժէքաւոր կը դարձնէ

Ի՞նչ բան կեանքը արժէքաւոր կը դարձնէ

Ի՞նչ բան կեանքը արժէքաւոր կը դարձնէ

«Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛»։—ԺՈՂ. 12։13

1, 2. Ժողովող գիրքը նկատի առնելով ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ մարդ մը որ կը թուի ամէն ինչ ունենալ։ Ան հանրածանօթ քաղաքագէտ մըն է, աշխարհի մեծահարուստներէն մէկը եւ իր սերունդին մէջ մեծագոյն մտաւորականը։ Սակայն հակառակ իր բոլոր իրագործումներուն, ան տակաւին ինքնիրեն հարց կու տայ. ‘Ի՞նչ բան կեանքը արժէքաւոր կը դարձնէ’։

2 Այսպիսի մարդ մը իրապէս գոյութիւն ունէր,– շուրջ երեք հազար տարի առաջ։ Անոր անունը Սողոմոն էր, եւ Ժողովող գրքին մէջ նկարագրեց թէ ի՛նչպէս գոհունակութիւն փնտռեց։ (Ժող. 1։13) Սողոմոնի փորձառութենէն շատ բաներ կրնանք սորվիլ։ Արդարեւ Ժողովող գրքին բովանդակած իմաստութիւնը կրնայ մեզի օգնել որ մեր կեանքին իսկական իմաստ տուող նպատակակէտեր դնենք։

‘Հովի համար աշխատութիւն’

3. Մարդկային կեանքին վերաբերեալ ո՞ր զգաստացուցիչ իրողութիւնը պէտք է դիմագրաւենք։

3 Սողոմոն կը բացատրէ թէ Աստուած երկրի վրայ բազմաթիւ գեղեցիկ բաներ ստեղծեց,– հետաքրքրական ու զարմանալի բաներու անսպառ եւ ապշեցուցիչ աղբիւր մը որ ընդմիշտ պիտի վայելենք։ Սակայն մեր կեանքը շատ կարճ ըլլալով, հազիւ կը սկսինք Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը հետազօտել։ (Ժող. 3։11. 8։17) Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, մեր կեանքի օրերը քիչ են եւ շուտով կ’անցնին։ (Յոբ 14։1, 2. Ժող. 6։12) Այս զգաստացուցիչ իրողութիւնը մեզ պէտք է մղէ մեր կեանքը իմաստութեամբ գործածելու։ Ասիկա դիւրին չէ, քանի որ Սատանայի աշխարհը կրնայ մեզի սխալ ուղղութիւն տալ։

4. (ա) «Ունայնութիւն» բառը ի՞նչի կ’ակնարկէ։ (բ) Ի՞նչ հետամտութիւններ նկատի պիտի առնենք։

4 Մեր կեանքը վատնելու վտանգը աչքառու դարձնելու համար, Սողոմոն Ժողովող գրքին մէջ «ունայնութիւն» բառը շուրջ 30 անգամ կը գործածէ։ «Ունայնութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կ’ակնարկէ՝ սին, անօգուտ, անիմաստ, դատարկ կամ մնայուն արժէք չունեցող բանի մը։ (Ժող. 1։2, 3) Երբեմն Սողոմոն «ունայնութիւն» բառը կը գործածէ որպէս համապատասխան «հոգիի տանջանք» կամ ‘հովի համար աշխատութիւն’ արտայայտութեան։ (Ժող. 1։14. 2։11) Բացորոշ է թէ հովը բռնելու որեւէ ջանք անօգուտ է,– անհատը ոչինչ կը բռնէ։ Նմանապէս, անխոհեմ նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալը կը յուսախաբէ։ Ներկայ դրութեան մէջ կեանքը ա՛յնքան կարճ է, որ զայն պէտք չէ վատնենք անօգուտ բաներու համար։ Այս ուղղութեամբ, նկատի առնենք կարգ մը սովորական հետամտութիւններ, որոնց մասին Սողոմոն կը խօսի։ Նախ պիտի քննարկենք հաճոյքի ու ստացուածքի հետամուտ ըլլալը, ապա՝ աշխատանքին արժէքը։

Հաճոյքի հետամուտ ըլլալը մեզ պիտի երջանկացնէ՞

5. Սողոմոն ի՞նչպէս գոհունակութիւն փնտռեց։

5 Այժմու մարդոցմէ շատերուն նման, Սողոմոն փորձեց հաճոյքի հետամուտ ըլլալով գոհունակութիւն գտնել։ Ան կը տեղեկագրէ. «Իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի»։ (Ժող. 2։10) Ան ի՞նչպէս հաճոյք փնտռեց։ Ժողովող 2–րդ գլուխին համաձայն, ան ‘իր մարմինը գինիով զուարթացուց’,– բայց ինքնազսպում գործադրելով,– բնութիւնը գեղեցկացուց, պալատներ կառուցանեց, երաժշտութիւն ունկնդրեց եւ համեղ ուտելիքներ վայելեց։

6. (ա) Ինչո՞ւ կեանքի կարգ մը հաճելի բաները վայելելը սխալ չէ։ (բ) Զբօսանքի նկատմամբ ի՞նչ հաւասարակշռութիւն պահանջուած է։

6 Աստուածաշունչը բարեկամներու հետ հաճելի ժամանակ անցընելը կը դատապարտէ՞։ Բնաւ երբեք։ Օրինակ, Սողոմոն կը նշէ թէ տքնաջան աշխատանքէ ետք հանդարտ մթնոլորտի մէջ ճաշելը, Աստուծմէ պարգեւ մըն է։ (Կարդալ՝ Ժողովող 2։24. 3։12, 13) Ասկէ զատ, Եհովա ինք երիտասարդները կը հրաւիրէ որ պատասխանատու կերպով ‘ուրախ ըլլան ու զուարճանան’։ (Ժող. 11։9) Մենք հանգիստի եւ օգտակար ժամանցի պէտք ունինք։ (Համեմատել՝ Մարկոս 6։31) Սակայն զբօսանքը մեր կեանքին գլխաւոր նպատակը պէտք չէ ըլլայ։ Անիկա աղանդերին պէս պէտք է ըլլայ, եւ ո՛չ թէ ճաշին գլխաւոր մասը։ Վստահաբար կը համաձայնիս թէ ո՛րքան ալ աղանդերը սիրես, շուտով կը ձանձրանաս եթէ միայն զայն ուտես, ինչպէս նաեւ քիչ սնունդ կը ստանաս։ Նմանապէս, Սողոմոն նկատեց որ հաճոյքի վրայ կեդրոնացած կեանքը «հոգիի տանջանք» կամ ‘հովի համար աշխատութիւն’ էր։—Ժող. 2։10, 11

7. Մեր ժամանցները ինչո՞ւ բծախնդրաբար պէտք է ընտրենք։

7 Անկէ զատ, զբօսանքի բոլոր տեսակները օգտակար չեն։ Շատեր ուղղակի վնասակար են,– թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ բարոյապէս։ Միլիոնաւորներ յուսահատութեան մատնուած են, քանի որ ‘ուզած են հաճելի ժամանակ անցընել’, թմրեցուցիչի, ալքոլի կամ բախտախաղի մոլի դառնալով։ Եհովա քաղցրօրէն մեզ կը զգուշացնէ որ եթէ թոյլ տանք սիրտին կամ աչքին որ մեզ վնասակար բաներու առաջնորդէ, հետեւանքները պիտի կրենք։—Գաղ. 6։7, 8

8. Մեր կենցաղին մասին խորհրդածելը ինչո՞ւ խոհեմութիւն է։

8 Նաեւ, անհաւասարակշիռ կերպով հաճոյքի հետամուտ ըլլալը մեզ պիտի արգիլէ ծանրակշիռ հարցերու պատշաճ ուշադրութիւն ընծայելէ։ Մտաբերէ թէ կեանքը արագօրէն կ’անցնի եւ երաշխիք չկայ թէ մեր կարճ կեանքը միշտ լաւ առողջութեամբ օժտուած ու խնդիրներէ զերծ պիտի ըլլայ։ Ասոր համար, ինչպէս Սողոմոն նշեց, յուղարկաւորութեան մը ներկայ գտնուիլը,– յատկապէս հաւատարիմ Քրիստոնեայ եղբօր կամ քրոջ,– աւելի օգտակար է՝ քան «կոչունքի տուն» երթալը։ (Կարդալ՝ Ժողովող 7։2, 4) Ինչո՞ւ։ Մինչ յուղարկաւորութեան դասախօսութիւնը մտիկ կ’ընենք եւ Եհովայի հաւատարիմ ծառային կեանքի ընթացքին վրայ կը խոկանք, կը մղուինք մեր կենցաղը քննելու։ Որպէս արդիւնք, թերեւս եզրակացնենք թէ մեր նպատակակէտերը պէտք է ճշդենք, որպէսզի մեր կեանքի մնացեալ օրերը խոհեմութեամբ գործածենք։—Ժող. 12։1

Նիւթական ստացուածքները մեզի գոհունակութիւն պիտի տա՞ն

9. Սողոմոն հարստութիւն ձեռք ձգելուն վերաբերեալ ի՞նչ նկատեց։

9 Երբ Սողոմոն Ժողովող գիրքը գրեց, աշխարհի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկն էր։ (Բ. Մնաց. 9։22) Ան ի՛նչ որ ուզէր, կրնար ձեռք ձգել։ «Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի», գրեց ան։ (Ժող. 2։10) Այսուհանդերձ ան նկատեց թէ ստացուածքները ինքնին գոհունակութիւն չեն տար։ Ան եզրակացուց. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն»։—Ժող. 5։10

10. Ի՞նչ բան իսկական գոհունակութեան եւ իսկական հարստութեան կ’առաջնորդէ։

10 Հակառակ ստացուածքներու վաղանցիկ արժէքին, հարստութիւնը տակաւին զօրաւոր գրաւչութիւն մը ունի։ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս կատարուած փորձագիտանքի մը մէջ, համալսարանի առաջին տարուան աշակերտներուն 75 տոկոսը յայտնեց թէ կեանքի մէջ իրենց գլխաւոր նպատակակէտն է՝ «նիւթապէս հարուստ ըլլալ»։ Նոյնիսկ եթէ իրենց նպատակակէտին հասնին, անոնք իսկապէս երջանիկ պիտի ըլլա՞ն։ Պայման չէ։ Հետազօտիչներ նշած են թէ նիւթապաշտութեան վրայ շեշտ դնելը կը խոչընդոտէ երջանկութիւնն ու գոհունակութիւնը։ Շատոնց Սողոմոն արդէն նոյն եզրակացութեան յանգած էր։ Ան գրեց. «Արծաթ ու ոսկի եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։ . . . Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին»։ * (Ժող. 2։8, 11) Միւս կողմէ, եթէ մեր կեանքը գործածենք՝ ամբողջ սիրտով Եհովայի ծառայելու, եւ այսպէս իր օրհնութիւնը ստանանք, իսկական հարստութիւն ձեռք պիտի ձգենք։—Կարդալ՝ Առակաց 10։22

Ի՞նչպիսի աշխատանք իսկական գոհունակութիւն կու տայ

11. Սուրբ Գրութիւնները աշխատանքին արժէքին մասին ի՞նչ ցոյց կու տան։

11 Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։ (Յովհ. 5։17) Կասկած չկայ որ Եհովա եւ Յիսուս աշխատանքէն գոհունակութիւն կը քաղեն։ Ստեղծագործական աշխատանքէն ետք Եհովայի գոհունակութեան ակնարկելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։ (Ծննդ. 1։31) Աստուծոյ բոլոր ըրածները տեսնելով, հրեշտակները ‘ցնծութեամբ աղաղակեցին’։ (Յոբ 38։4-7) Սողոմոն նոյնպէս գնահատեց իմաստալից աշխատանքին արժէքը։—Ժող. 3։13

12, 13. (ա) Երկու անհատ ի՞նչ ըսին պարկեշտ աշխատանքէն իրենց քաղած գոհունակութեան մասին։ (բ) Աշխարհիկ գործը երբեմն ինչո՞ւ կը յուսախաբէ։

12 Շատեր պարկեշտ աշխատանքին արժէքը կը գնահատեն։ Օրինակ, Հոսէ անունով յաջող գեղարուեստագէտ մը կ’ըսէ. «Երբ երեւակայած պատկերս կտաւին վրայ գծեմ, կը զգամ թէ բարձր լեռ մը նուաճեցի»։ Միկէլ * անունով առեւտրական մը կը նշէ. «Աշխատանքը գոհունակութիւն կու տայ, քանի որ քեզ կարող կը դարձնէ որ ընտանիքիդ ապրուստը ճարես։ Անիկա նաեւ իրագործումի զգացում կու տայ քեզի»։

13 Միւս կողմէ, բազմաթիւ գործեր միօրինակ են եւ նորարար ըլլալու քիչ պատեհութիւններ կ’ընծայեն։ Երբեմն գործատեղին ինքնին յուսախաբութեան ու անիրաւութեան աղբիւր է։ Ինչպէս Սողոմոն կը նշէ, ծոյլը,– թերեւս հեղինակաւոր մարդոց հետ իր կապերը օգտագործելով,– կրնայ ձեռք ձգել ժրաջան գործաւորին վարձատրութիւնը։ (Ժող. 2։21) Այլ ազդակներ ալ կրնան յուսախաբութեան առաջնորդել։ Ինչ որ կը սկսի իբր շահաբեր գործի պատեհութիւն, կրնայ ձախողութեամբ վերջ գտնել՝ տնտեսական տկարութեան կամ աննախատեսելի իրադարձութեան մը պատճառաւ։ (Կարդալ՝ Ժողովող 9։11) Շատ անգամ, յաջողելու համար ճգնող անհատը ի վերջոյ կ’ընդվզի եւ յուսախաբ կ’ըլլայ, անդրադառնալով թէ ‘հովի համար աշխատած է’։—Ժող. 5։16

14. Ո՞ր աշխատանքը միշտ իսկական գոհունակութիւն կու տայ։

14 Գործ մը կա՞յ որ երբեք հիասթափութիւն չի պատճառեր։ Նախապէս նշուած գեղարուեստագէտը՝ Հոսէ դիտել կու տայ. «Տարիներու ընթացքին, գծագրութիւնները կրնան կորսուիլ կամ փճանալ։ Այդպէս չէ պարագան մեր հոգեւոր իրագործումներուն։ Առ ի հնազանդութիւն Եհովայի՝ բարի լուրը քարոզելով, օգնած եմ մնայուն բաներ կերտելու,– աստուածավախ ընտիր Քրիստոնեաներ։ Ասիկա անգին է»։ (Ա. Կոր. 3։9-11) Միկէլ նոյնպէս կ’ըսէ թէ իրեն ա՛լ աւելի գոհունակութիւն կու տայ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը՝ քան իր աշխարհիկ գործը։ «Չկայ բան մը որ կրնայ փոխարինել այն ուրախութիւնը որ կը զգաս, երբ մէկու մը ներկայացնես աստուածաշնչական ճշմարտութիւն մը, որ անոր սրտին կը դպչի», կ’ըսէ ան։

«Հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ»

15. Ի՞նչ բան կեանքը իրապէս արժէքաւոր կը դարձնէ։

15 Առ ի եզրակացութիւն, ի՞նչ բան իրապէս կեանքը արժէքաւոր կը դարձնէ։ Իսկական գոհունակութիւն կը զգանք եթէ իրերու այս դրութեան մէջ մեր կարճ ժամանակը գործածենք բարիք ընելու եւ Եհովան հաճեցնելու։ Կրնանք Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակել, կրնանք մեր զաւակներուն հոգեւոր արժանիքներ փոխանցել, կրնանք ուրիշներուն օգնել Եհովան ճանչնալու, եւ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մնայուն բարեկամութիւն կերտել։ (Գաղ. 6։10) Այս բոլոր աշխատանքները մնայուն արժէք ունին եւ օրհնութիւններու աղբիւր են։ Սողոմոն բարիք ընելու արժէքը նկարագրելու համար շատ հետաքրքրական համեմատութիւն մը գործածեց։ Ան ըսաւ. «Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես»։ (Ժող. 11։1) Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի»։ (Ղուկ. 6։38) Ասկէ զատ, Եհովա ինք կը խոստանայ հատուցանել անոնց՝ որոնք ուրիշներուն բարիք կ’ընեն։—Առ. 19։17. կարդալ՝ Եբրայեցիս 6։10

16. Ե՞րբ է մեր կեանքի ընթացքը ծրագրելու իտէալ ժամանակը։

16 Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ մեր կեանքը ի՛նչպէս գործածելու նկատմամբ իմաստուն որոշումներ կայացնենք, մինչ տակաւին երիտասարդ ենք։ Այս կերպով, պիտի կարենանք հետագայ տարիներուն յուսախաբ չըլլալ։ (Ժող. 12։1) Ո՜րքան ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ մեր կեանքի լաւագոյն տարիները վատնենք աշխարհային հրապոյրներ հետապնդելով, ապա նկատենք որ հովի համար աշխատած ենք։

17. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ լաւագոյն ապրելակերպը ընտրելու։

17 Ոեւէ գորովալից հօր նման, Եհովա կ’ուզէ որ կեանքը վայելես, բարիք ընես եւ անհարկի սրտատանջութենէ խուսափիս։ (Ժող. 11։9, 10) Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։ Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր, ապա ջանա՛ անոնց հասնիլ։ Շուրջ 20 տարի առաջ, Խավիէր պիտի ընտրէր կա՛մ խոստմնալից բժշկական ասպարէզ մը եւ կամ լիաժամ ծառայութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ բժիշկին գործը կրնայ գոհացուցիչ ըլլալ, բայց ոչինչ կրնայ բաղդատուիլ այն ուրախութեան հետ որ վայելեցի, երբ քանի մը անհատներու օգնեցի ճշմարտութիւնը գիտնալու։ Լիաժամ ծառայութիւնը կեանքս լրիւ ճոխացուցած է։ Միայն կը զղջամ որ աւելի կանուխ չսկսայ»։

18. Յիսուսի երկրային կեանքը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր էր։

18 Արդ, ի՞նչ է ամենաթանկագին բանը, զոր պէտք է ջանանք ձեռք ձգել։ Ժողովող գիրքը կ’ըսէ. «Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է»։ (Ժող. 7։1) Յիսուսի կեանքը այս կէտը շատ լաւ կերպով կը լուսաբանէ։ Ան վստահաբար Եհովայի քով ուշագրաւ անուն մը վաստկեցաւ։ Երբ Յիսուս հաւատարմաբար մեռաւ, իր Հօր գերիշխանութիւնը ջատագովեց եւ փրկանքի զոհը հայթայթեց, ճամբան հարթելով մեր փրկութեան։ (Մատ. 20։28) Յիսուսի երկրային կարճատեւ կեանքը, իսկապէս արժէքաւոր կենցաղին կատարեալ օրինակն է, եւ մենք կը ջանանք զայն ընդօրինակել։—Ա. Կոր. 11։1. Ա. Պետ. 2։21

19. Սողոմոն ի՞նչ իմաստուն խրատ մը տուաւ։

19 Մենք ալ կրնանք Աստուծոյ քով բարի անուն մը վաստկիլ։ Եհովայի առջեւ լաւ վարկ ունենալը, մեզի համար շա՜տ աւելի արժէքաւոր է՝ քան հարստութիւն ունենալը։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 6։19-21) Ամէն օր կրնանք այնպիսի բաներ ընել, որոնք Եհովայի առջեւ բարի են ու մեր կեանքը պիտի ճոխացնեն։ Օրինակ, կրնանք բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել, մեր ամուսնութիւնն ու ընտանիքը զօրացնել, եւ անձնական ուսումնասիրութեամբ ու ժողովներու յաճախելով մեր հոգեւորութիւնը խորացնել։ (Ժող. 11։6. Եբր. 13։16) Արդ, եթէ կ’ուզես իրապէս արժէքաւոր կեանք մը վարել, շարունակէ Սողոմոնի խրատին անսալ. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժող. 12։13

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 10 Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնի եկած ոսկիին կշիռը 666 տաղանդ (աւելի քան 22,000 քիլոկրամ) ոսկի էր։—Բ. Մնաց. 9։13

^ պարբ. 12 Անունը փոխուած է։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ որ մեր նպատակակէտերուն մասին լրջօրէն մտածենք։

• Հաճոյքի ու ստացուածքի հետամուտ ըլլալը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

• Ի՞նչպիսի աշխատանք մնայուն գոհունակութիւն պիտի բերէ։

• Ո՞ր արժէքաւոր բանը պէտք է ջանանք ձեռք ձգել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]