Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի մահը ի՛նչպէս կրնայ քեզ փրկել

Յիսուսի մահը ի՛նչպէս կրնայ քեզ փրկել

Յիսուսի մահը ի՛նչպէս կրնայ քեզ փրկել

ԳՐԵԹԷ 2,000 տարի առաջ, Հ.Դ. 33–ի հրէական Պասեքին, անմեղ մարդ մը մեռաւ որ ուրիշներ կարենան ապրիլ։ Ո՞վ էր այդ մարդը։ Ան Նազովրեցի Յիսուսն էր։ Իսկ այդ վեհ արարքէն կրնայ ամբողջ մարդկութիւնը օգտուիլ։ Աստուածաշունչի հանրածանօթ համար մը այս փրկաբեր զոհագործութիւնը կ’ամփոփէ՝ ըսելով. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։—Յովհաննէս 3։16

Թէեւ այդ համարը շատերուն ծանօթ է, բայց քիչեր անոր իմաստը իրապէս կը հասկնան։ Անոնք հարց կու տան. ‘Ինչո՞ւ Քրիստոսի զոհաբերութեան կարիք ունինք։ Մէկ մարդու մահը ի՞նչպէս կրնայ մարդկութիւնը յաւիտենական մահէն ազատել’։ Աստուածաշունչը այս հարցումներուն յստակ ու գոհացուցիչ պատասխաններ կու տայ։

Մահը ի՛նչպէս մարդկութեան վրայ սկսաւ տիրել

Ոմանք կը հաւատան թէ մարդիկ ստեղծուած են՝ երկրի վրայ կարճ ժամանակ մը ապրելու, նեղութիւններ կրելու, որոշ չափով ուրախանալու, ապա մեռնելու եւ աւելի լաւ վայր մը երթալու։ Ըստ այս համոզումին, մահը մարդկութեան վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակին մաս կը կազմէ։ Սակայն Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ տարբեր պատճառով մարդը կը մեռնի։ Անիկա կ’ըսէ. «Ինչպէս մէկ մարդով մեղքը աշխարհ մտաւ, ու մեղքով՝ մահը, եւ այնպէս՝ մահը փոխանցուեցաւ բոլոր մարդոց, քանի որ բոլորն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12, ԱՎ) Այս համարը ցոյց կու տայ թէ մարդիկ մեղքին հետեւանքով կը մեռնին։ Սակայն ո՞վ է «մէկ մարդ»ը, որուն միջոցաւ մարդկութիւնը ժառանգեց մեղքին աղիտալի հետեւանքները։

Համայնագիտարան մը (The World Book Encyclopedia) դիտել կու տայ թէ գիտնականներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատայ թէ բոլոր մարդիկը նոյն աղբիւրէն սերած են, իսկ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն այդ աղբիւրը կը բնորոշէ,– «մէկ մարդ»։ Ծննդոց 1։27–ի մէջ կը կարդանք. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ Այսպէս Աստուածաշունչը կը նշէ թէ մարդկային առաջին զոյգը Ամենակալ Աստուծոյ ստեղծագործութեան փառաւոր պսակն էր։

Ծննդոց գիրքը յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ մարդկային կեանքին մասին, Եհովա Աստուծոյ կողմէ առաջին մարդը ստեղծուելէն ետք։ Յատկանշական է որ ամբողջ արձանագրութեան մէջ, Աստուած բնաւ մահուան մասին չխօսեցաւ, բացի՝ որպէս անհնազանդութեան հետեւանք։ (Ծննդոց 2։16, 17) Ան ուզեց որ մարդիկ գեղեցիկ երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան առողջ ու երջանիկ ապրին։ Ան չուզեց որ անոնք ծերութեան ու ի վերջոյ մահուան հետեւանքներէն տառապին։ Արդ, մահը ի՞նչպէս ամբողջ մարդկութեան վրայ տիրեց։

Ծննդոց 3–րդ գլուխը կը նշէ թէ մարդկային առաջին զոյգը ի՛նչպէս դիտումնաւոր կերպով որոշեց Կենսատուին՝ Եհովա Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալ։ Հետեւաբար Աստուած գործադրեց այն դատավճիռը, որ նախապէս անոնց գիտցուցած էր։ Ան մարդուն ըսաւ. «Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Աստուծոյ խօսքին համաձայն, այս երկու ըմբոստները ի վերջոյ մեռան։

Սակայն վնասը միայն առաջին մարդկային զոյգին չսահմանափակուեցաւ։ Անոնց ըմբոստութիւնը կործանեց կատարեալ կեանքի հեռանկարը, զոր իրենց զարմը պիտի վայելէր։ Եհովա չծնած մարդիկը պարփակեց իր նպատակին մէջ, երբ Ադամի ու Եւայի ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Ժամանակի ընթացքին, մարդկային ընտանիքը երկրագունդը պիտի լեցնէր եւ երջանկութեամբ պիտի ապրէր, առանց մահը համտեսելու։ Բայց իրենց նախահայրը Ադամ,– «մէկ մարդ»ը,– զիրենք իբրեւ ստրուկներ մեղքին ծախեց, մահը անխուսափելի հետեւանքը ըլլալով։ Առաջին մարդէն սերած ըլլալով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած»։—Հռովմայեցիս 7։14

Ինչպէս վերջերս քանդիչներ արուեստի մեծարժէք գործերու վնաս հասցուցին, Ադամ ալ մեղք գործելով Աստուծոյ սքանչելի ստեղծագործութեան՝ մարդկութեան լուրջ վնաս հասցուց։ Ադամի զաւակները իրենց կարգին զաւակներ ծնան, ապա թոռներ ու թոռնորդիներ։ Իւրաքանչիւր յաջորդական սերունդ ծնաւ, մեծցաւ, զաւակներ բերաւ, ապա մեռաւ։ Ինչո՞ւ բոլորն ալ մեռան։ Քանի որ բոլորն ալ Ադամէ սերած են։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան»։ (Հռովմայեցիս 5։15) Հիւանդութիւնը, ծերութիւնը, սխալ բաներ ընելու հակումը եւ մահը, իր ընտանիքին դէմ Ադամի գործած դաւաճանութեան աղիտալի հետեւանքներն են։ Բոլորս ալ այդ ընտանիքին մաս կը կազմենք։

Հռովմի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց անկատար մարդոց ողորմելի վիճակին, ինքն ալ ներառեալ, եւ մեղքին ազդեցութիւններուն դէմ մղուած վհատեցուցիչ պայքարին մասին։ Ան բացագանչեց. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։ Արդարեւ կարեւոր հարցում մը։ Ո՞վ մեղքի ու մահուան ստրկութենէն պիտի ազատէր Պօղոսը եւ ուրիշներ։ Պօղոս ինք կը պատասխանէ. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 7։14-25) Այո, մեր Ստեղծիչը մեզ ազատելու կարգադրութիւն ըրած է, իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։

Մարդկութիւնը ազատելու մէջ Յիսուսի դերը

Մարդկութիւնը մեղքի մահաբեր ստրկութենէն ազատելու մէջ իր դերը նկարագրելով, Յիսուս ըսաւ. ‘Որդին մարդոյ եկաւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու’։ (Մատթէոս 20։28) Յիսուսի կեանքը ի՞նչպէս իբր փրկանք կը ծառայէ։ Իր մահէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

Աստուածաշունչը Յիսուսը կը նկարագրէ որպէս «անմեղ» եւ «մեղաւորներէն զատուած»։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, Յիսուս կատարելապէս Աստուծոյ Օրէնքին հնազանդեցաւ։ (Եբրայեցիս 4։15. 7։26) Հետեւաբար Ադամի հակառակը, Յիսուսի մահը մեղքի ու անհնազանդութեան հետեւանքը չէր։ (Եզեկիէլ 18։4) Յիսուս ընդունեց մահ մը՝ որուն արժանի չէր, որպէսզի մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ազատելու իր Հօր կամքը կատարէ։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Յիսուս կամովին եկաւ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ Ան յօժարակամ ‘ամենուն համար մահ ճաշակեց’, աննման սէր ցուցաբերելով։—Եբրայեցիս 2։9

Յիսուսի զոհած կեանքը համազօր էր այն կեանքին, զոր Ադամ կորսնցուց երբ մեղանչեց։ Յիսուսի մահը ի՞նչ օգուտ բերաւ։ Եհովա այդ զոհը ընդունեց որպէս ‘ամենուն տեղ տրուած փրկանք’։ (Ա. Տիմոթէոս 2։6) Իրականութեան մէջ, Աստուած Յիսուսի կեանքին արժէքը գործածեց՝ մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան գերութենէն ազատ արձակելու։

Աստուածաշունչը բազմիցս կը նշէ Ստեղծիչին սիրոյ այս մեծ արտայայտութիւնը։ Պօղոս Քրիստոնեաներուն յիշեցուց թէ ‘գնով ծախու առնուեցան’։ (Ա. Կորնթացիս 6։20. 7։23) Իսկ Պետրոս գրեց թէ Աստուած գործածեց ո՛չ ոսկի, ո՛չ ալ արծաթ, այլ՝ իր Որդիին արիւնը, որպէսզի Քրիստոնեաները մահացու կենցաղէն ազատէ։ (Ա. Պետրոս 1։18, 19) Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, Եհովա կարգադրեց մարդիկը յաւիտենական մահէն ազատել։

Քրիստոսի փրկանքէն պիտի օգտուի՞ս

Քրիստոսի փրկանքին հեռահաս օգուտներուն առնչութեամբ, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «[Յիսուս Քրիստոս] մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ (Ա. Յովհաննէս 2։2) Այո, Քրիստոսի փրկանքը ամբողջ մարդկութեան մատչելի է։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ամէն ոք ինքնաբերաբար այս անգին կարգադրութենէն պիտի օգտուի։ Ո՛չ։ Մտաբերէ նախորդ յօդուածին մէջ նշուած փրկումը։ Ազատարարները վանդակ մը իջեցուցին, բայց արգելափակուած իւրաքանչիւր հանքագործ այդ վանդակը պէտք էր մտնէր։ Նոյն կերպով, Քրիստոսի փրկանքի զոհէն օգտուիլ փափաքողները պարզապէս չեն կրնար Աստուծոյ օրհնութեան սպասել։ Անոնք պէտք է քայլեր առնեն։

Աստուած ի՞նչ կը պահանջէ։ Յովհաննէս 3։36–ը մեզի կ’ըսէ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ»։ Աստուած կը պահանջէ որ Քրիստոսի զոհաբերութեան հաւատանք։ Բայց ասկէ աւելին պահանջուած է։ «Եթէ [Յիսուսի] պատուիրանքները պահենք, այն ատեն կը գիտնանք թէ զանիկա կը ճանչնանք»։ (Ա. Յովհաննէս 2։3) Ուստի յստակ է թէ մեղքէն ու մահէն ազատուելու համար, Քրիստոսի փրկանքին պէտք է հաւատանք ու անոր պատուէրներուն հնազանդինք։

Յիսուսի փրկանքին հանդէպ հաւատք ցոյց տալու կարեւոր կերպ մըն է՝ իր մահը գնահատել, զայն յիշատակելով, ինչպէս ինք պատուիրեց։ Իր մահէն առաջ, Յիսուս հաւատարիմ առաքեալներուն հետ խորհրդանշական ընթրիք մը հաստատեց ու ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19) Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Որդիին հետ իրենց բարեկամութիւնը խորապէս կ’արժեւորեն եւ այդ պատուէրին կը հնազանդին։ Այս տարի, Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին թուականն է՝ Շաբաթ 22 Մարտ, արեւնամուտէն ետք։

Ներկայիս քիչեր լիովին կը գնահատեն Ստեղծիչին ու իր Որդիին ըրած մեծ զոհողութիւնը, որ կործանումէ ազատուին։ Փրկանքի զոհին հաւատացողները երջանկութեան մասնայատուկ աղբիւր մը կը վայելեն։ Պետրոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու նկատմամբ գրեց. «Կը հաւատաք [Յիսուսի] եւ կը ցնծաք անպատմելի ու փառաւոր ուրախութեամբ, ստանալով ձեր անձերուն փրկութիւնը՝ որպէս վախճանը ձեր հաւատքին»։ (Ա. Պետրոս 1։8, 9, ԱՎ) Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ սէր եւ իր փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք մշակելով, կրնաս հիմա իսկ կեանքդ ուրախութեամբ լեցնել եւ մեղքէ ու մահէ ազատուելու ակնկալութիւնը ունենալ։

[Նկար՝ էջ 6]

Յիսուս իր կեանքը զոհեց, Ադամի մեղքին հետեւանքները հակակշռելու համար

[Նկար՝ էջ 7]

Այս տարի, Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին թուականն է՝ Շաբաթ 22 Մարտ, արեւնամուտէն ետք