Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յովհաննէսի գիրքէն աչքառու կէտեր

Յովհաննէսի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Յովհաննէսի գիրքէն աչքառու կէտեր

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ,– «այն աշակերտը որ Յիսուս կը սիրէր»,– վերջին անհատն է որ Քրիստոսի կեանքին ու ծառայութեան մասին ներշնչեալ արձանագրութիւն մը կը կազմէ, շուրջ Հ.Դ. 98–ին։ (Յովհ. 21։20) Յովհաննէսի Աւետարանը միւս երեք Աւետարաններուն տեղեկութիւնները շատ քիչ կը կրկնէ։

Յովհաննէս առաքեալ որոշ նպատակ մը ի մտի ունենալով իր Աւետարանը գրեց։ Իր արձանագրած տեղեկութիւններուն մասին, ան կ’ըսէ. «Ասոնք գրուեցան, որպէս զի հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին եւ որպէս զի հաւատալով կեանք ունենաք անոր անունովը»։ (Յովհ. 20։31) Արդարեւ անոր պատգամը մեծ արժէք ունի մեզի համար։—Եբր. 4։12

«ԱՀԱ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԱՌԸ»

(Յովհ. 1։1–11։54)

Յիսուսը տեսնելով, Յովհաննէս Մկրտիչ վստահօրէն կը յայտարարէ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։ (Յովհ. 1։29) Մինչ Յիսուս Սամարիայի, Գալիլիայի, Հրէաստանի ու Յորդանանի արեւելքը գտնուող շրջանին մէջ կը շրջի,– քարոզելով, ուսուցանելով եւ հրաշքներ գործելով,– ‘շատեր կու գան եւ իրեն կը հաւատան’։—Յովհ. 10։41, 42

Յիսուս շատ ակնառու հրաշք մը կը կատարէ՝ Ղազարոսը յարուցանելով։ Չորս օրէ մեռած անհատը ողջ տեսնելով, շատեր Յիսուսի հաւատք կ’ընծայեն։ Սակայն աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները կ’որոշեն Յիսուսը սպաննել։ Ուստի ան կ’երթայ «քաղաք մը, որուն անունը Եփրայիմ է»։—Յովհ. 11։53, 54

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։35, 40—Անդրէասէ զատ, ո՞ր աշակերտը կայնած էր Յովհաննէս Մկրտիչին հետ։ Պատմագիրը միշտ Յովհաննէս Մկրտիչին կ’ակնարկէ որպէս «Յովհաննէս» եւ Աւետարանին մէջ բնաւ իր անունով ինքզինք չի բնորոշեր։ Հետեւաբար բացայայտ է թէ անանուն աշակերտը աւետարանագիր Յովհաննէսն է։

2։20—Ո՞ր տաճարը «քառասունվեց տարուան մէջ շինուեցաւ»։ Հրեաները կ’ակնարկէին Զօրաբաբէլի տաճարին վերակառուցման, զոր Հրէաստանի Հերովդէս թագաւոր ստանձնեց։ Պատմաբան Յովսեպոսի համաձայն, այդ գործը սկսաւ Հերովդէսի իշխանութեան 18–րդ տարին, կամ Հ.Դ.Ա. 18/17–ին։ Տաճարին սրբարանը եւ միւս գլխաւոր մասերը ութ տարուան մէջ կառուցուեցան։ Սակայն տաճարին յարակից կառոյցներուն շինութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ Հ.Դ. 30–ի Պասեքը եւ անկէ ետք, երբ Հրեաները ըսին թէ անոր կառուցումը 46 տարի առած է։

5։14—Հիւանդութիւնը մեղանչումի հետեւա՞նք է։ Պայման չէ։ Յիսուսի բժշկած մարդը ժառանգուած անկատարութեան պատճառաւ 38 տարի հիւանդ էր։ (Յովհ. 5։1-9) Յիսուս ըսել ուզեց թէ հիմա որ անոր ողորմութիւն ցուցաբերուեցաւ, ան փրկութեան ճամբուն պէտք է հետեւի եւ կամովին մեղք չգործէ, որպէսզի հիւանդութենէն աւելի վատ բանի մը չհանդիպի։ Մարդը կրնար աններելի մեղք մը գործել եւ մեռնիլ առանց յարութեան յոյս ունենալու։—Մատ. 12։31, 32. Ղուկ. 12։10. Եբր. 10։26, 27

5։24, 25—Որո՞նք ‘մահէն դէպի կեանք կ’անցնին’։ Յիսուս կը խօսի անոնց մասին՝ որոնք ատեն մը հոգեւորապէս մեռած էին, բայց իր խօսքերը լսելով, իրեն կը հաւատան եւ իրենց մեղաւոր ընթացքը կը լքեն։ Անոնք ‘մահէն դէպի կեանք կ’անցնին’ այն իմաստով որ մահուան դատապարտութիւնը իրենց վրայէն կը վերցուի եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը կը ստանան, քանի որ Աստուծոյ կը հաւատան։—Ա. Պետ. 4։3-6

5։26. 6։54—Ի՞նչ կը նշանակէ ‘իր անձին մէջ կեանք ունենալ’։ Յիսուս Քրիստոսի համար՝ ասիկա կը նշանակէ Աստուծմէ երկու մասնայատուկ կարողութիւն ստանալ,– մարդոց ընդունելի կեցուածք տալ Եհովայի առջեւ եւ մեռելները յարուցանելով կեանք շնորհել։ Յիսուսի հետեւորդներուն համար, ‘իրենց անձին մէջ կեանք ունենալ’ կը նշանակէ՝ կատարեալ առումով կեանք վայելել։ Օծեալ Քրիստոնեաները զայն ձեռք կը ձգեն, երբ երկնային կեանքի կը յարուցանուին։ Երկրային յոյս ունեցող հաւատարիմները կեանքի լիութիւնը պիտի վայելեն՝ միայն վերջին փորձէն անցնելէ յետոյ, որ տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը վերջ գտնելէ ետք։—Ա. Կոր. 15։52, 53. Յայտ. 20։5, 7-10

6։65—Իսկարիովտացի Յուդան ընտրելու ատեն, Յիսուս գիտէ՞ր թէ զինք պիտի մատնէր։ Ըստ երեւոյթին, ան չէր գիտեր։ Սակայն առիթով մը՝ Հ.Դ. 32–ին, Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ձեզմէ մէկը սատանայ է»։ Հաւանաբար այդ ատեն Յիսուս նկատեց Իսկարիովտացի Յուդայի մէջ սխալ ընթացքի մը ‘սկիզբը’։—Յովհ. 6։66-71

Դասեր՝ մեզի համար.

2։4. Յիսուս Մարիամի կը նշէր թէ Աստուծոյ մկրտուած ու օծեալ Որդին ըլլալով, հրահանգները իր երկնաւոր Հօրմէն պէտք էր առնէր։ Թէեւ Յիսուս իր ծառայութիւնը տակաւին նոր սկսած էր, բայց քաջատեղեակ էր իր նշանակուած գործին ու զոհաբերական մահուան ժամանակին։ Թոյլ պիտի չտրուէր նոյնիսկ ընտանիքի մօտիկ անդամի մը, ինչպէս՝ Մարիամ, որ Աստուծոյ կամքը կատարելուն միջամտէր։ Մենք ալ նոյն վճռականութեամբ Եհովա Աստուծոյ պէտք է ծառայենք։

3։1-9. Նիկոդէմոսի օրինակը, որ Հրեաներու պետ մըն էր, մեզի երկու դաս կը սորվեցնէ։ Առաջին, Նիկոդէմոս խոնարհութիւն, խորատեսութիւն ու հոգեւոր կարիքի գիտակցութիւն ցոյց տուաւ, աննշան ատաղձագործի մը տղան ընդունելով որպէս Աստուծմէ ղրկուած ուսուցիչ։ Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները խոնարհութիւն պէտք է ցուցաբերեն։ Երկրորդ, Նիկոդէմոս աշակերտ մը ըլլալէ ետ կեցաւ՝ մինչ Յիսուս երկրի վրայ էր, թերեւս քանի որ մարդու վախ ունէր, Սենետրիոնի մէջ իր դիրքը կ’ուզէր պահել կամ հարստութիւնը կը սիրէր։ Ասկէ կրնանք արժէքաւոր դաս մը քաղել,– թոյլ պէտք չէ տանք որ այսպիսի հակումներ մեզ ետ պահեն ‘մեր խաչը վերցնելէ ու Յիսուսի հետեւելէ’։—Ղուկ. 9։23

4։23, 24. Մեր պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, Աստուածաշունչին մէջ յայտնուած ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ եւ սուրբ հոգիով պէտք է առաջնորդուի։

6։27. Գործել «այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ», կը նշանակէ ջանք թափել մեր հոգեւոր կարիքը գոհացնելու։ Ասիկա ընելով երջանիկ կ’ըլլանք։—Մատ. 5։3

6։44. Եհովա անձնապէս կը հոգայ մեզ։ Ան մեզ իր Որդիին կը բերէ, քարոզչութեան գործով բարի լուրը մեզի հասցնելով եւ Իր սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի օգնելով որ հոգեւոր ճշմարտութիւնները ըմբռնենք ու կիրարկենք։

11։33-36. Մեր յուզումները դրսեւորելը տկարութեան նշան չէ։

«ԵԿՈ՛ՒՐ ԻՄ ԵՏԵՒԷՍ»

(Յովհ. 11։55–21։25)

Մինչ Հ.Դ. 33–ի Պասեքը կը մօտենայ, Յիսուս Բեթանիա կը վերադառնայ։ Նիսան 9–ին, ան Երուսաղէմ կու գայ, իշու աւանակի վրայ նստած։ Նիսան 10–ին, Յիսուս դարձեալ տաճար կու գայ։ Երբ ան կ’աղօթէ որ իր Հօր անունը փառաւորուի, երկնքէն ձայն մը կը պատասխանէ. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։—Յովհ. 12։28

Մինչ Պասեքի ընթրիքը կ’ըլլայ, Յիսուս իր հետեւորդներուն հրաժեշտի խրատներ կու տայ եւ անոնց համար կ’աղօթէ։ Ձերբակալուելէ, դատուելէ ու ցցահարուելէ յետոյ, Յիսուս կը յարուցանուի։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

14։2—Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն ի՞նչպէս երկնքի մէջ ‘տեղ պիտի պատրաստէր’։ Ասիկա պիտի ընդգրկէր նոր ուխտին վաւերացումը, Աստուծոյ առջեւ ներկայանալով եւ իր արեան արժէքը ներկայացնելով։ Պատրաստութիւնը նաեւ պիտի պարփակէր թագաւորական հեղինակութիւն ստանալը, որմէ ետք իր օծեալ հետեւորդներուն երկնային յարութիւնը պիտի սկսէր։—Ա. Թես. 4։13-16. Եբր. 9։12, 24-28. Ա. Պետ. 1։19. Յայտ. 11։15

14։16, 17. 16։7, 8, 13, 14—Երբ մխիթարիչին կամ ճշմարտութեան հոգիին կ’ակնարկէ, Յովհաննէս Յունարէն լեզուով ինչո՞ւ չէզոք դերանուն կը գործածէ Յովհաննէս 14։16, 17–ի մէջ, իսկ արական անձնական դերանուններ՝ Յովհաննէս 16։7, 8, 13, 14–ի մէջ։ Յովհաննէս պարզապէս քերականական օրէնքներուն կը հետեւի, եւ ո՛չ թէ վարդապետութիւն մը կ’արտայայտէ։ Յունարէն լեզուին մէջ, «մխիթարիչ» բառը արական սեռի կը պատկանի, բայց «հոգի» բառը չէզոք է։ Ուստի, երբ մխիթարիչին կամ օգնականին ընելիքներուն մասին գրեց՝ ինչպէս Յիսուս նշեց, Յովհաննէս արական անձնական դերանուններ գործածեց (Անգլերէնով՝ «he», «his» եւ «him»)։ Միւս կողմէ, երբ ան արձանագրեց թէ ճշմարտութեան հոգին ի՛նչ պիտի իրագործէր, Յունարէն չէզոք դերանունը գործածեց (Անգլերէնով՝ «it»)։

19։11—Յիսուս Յուդա Իսկարիովտացիի՞ն կ’ակնարկէր, երբ զինք մատնող անհատին մասին խօսեցաւ Պիղատոսի։ Այնպէս կը թուի որ Յիսուս ի մտի ունէր ո՛չ թէ Յուդան կամ որոշ անհատ մը, այլ՝ բոլոր անոնք որ իր սպանութեան մեղսակից էին,– Յուդան, «քահանայապետներն ու ծերերը եւ բոլոր ժողովը», եւ նոյնիսկ այն «ժողովուրդը» որ Բարաբբայի ազատ արձակուիլը պահանջեց։—Մատ. 26։59-65. 27։1, 2, 20-22

20։17—Յիսուս ինչո՞ւ Մարիամ Մագդաղենացիին ըսաւ որ իրեն չդպչի։ Ըստ երեւոյթին, Մարիամ խորհեցաւ թէ Յիսուս երկինք երթալու վրայ էր եւ զինք երբեք պիտի չտեսնէր։ Յիսուս զինք վստահեցնելու համար թէ տակաւին որոշ ժամանակ պիտի մնար, ըսաւ անոր որ երթայ եւ աշակերտներուն հաղորդէ իր յարութեան լուրը։

Դասեր՝ մեզի համար.

12։36. «Լուսոյ որդիներ» կամ լոյս կրողներ ըլլալու համար, Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն ճշգրիտ գիտութիւն պէտք է ստանանք։ Ապա այդ գիտութիւնը պէտք է գործածենք, որ ուրիշները հոգեւոր խաւարէն հանենք ու Աստուծոյ լոյսին բերենք։

14։6. Միայն Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կրնանք Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ։ Միայն Յիսուսի հաւատալով եւ իր օրինակին հետեւելով կրնանք Եհովայի մօտենալ։—Ա. Պետ. 2։21

14։15, 21, 23, 24. 15։10. Աստուծոյ կամքին հնազանդիլը կ’օգնէ մեզի որ Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն սիրոյն մէջ մնանք։—Ա. Յովհ. 5։3

14։26. 16։13. Եհովայի սուրբ հոգին կը ծառայէ իբրեւ ուսուցիչ, յուշարար եւ ճշմարտութիւններ յայտնող։ Ուստի անիկա կրնայ մեզի օգնել որ սրենք մեր գիտութիւնը, իմաստութիւնը, խորատեսութիւնը, դատողութիւնն ու հանճարը։ Հետեւաբար աղօթքի մէջ պէտք է յարատեւենք, յատկապէս սուրբ հոգին խնդրելով։—Ղուկ. 11։5-13

21։15, 19. Յիսուս Պետրոսի հարցուց թէ զինք կը սիրէ՞ր «ատոնցմէ» աւելի, այսինքն՝ իրենց առջեւ եղող ձուկերէն։ Այսպէս Յիսուս ընդգծեց թէ Պետրոս պէտք էր ընտրէր իրեն լիաժամօրէն հետեւիլ, փոխանակ ձկնորսութեան ասպարէզին հետամուտ ըլլալու։ Աւետարանի տեղեկութիւնները նկատի առնելէ յետոյ, ամրօրէն վճռենք Յիսուսը սիրել, մեզի հրապուրիչ թուող որեւէ բանէ աւելի։ Արդարեւ, ամբողջ սիրտով շարունակենք իրեն հետեւիլ։