Պատանինե՛ր, ձեր Ստեղծիչը հի՛մա յիշեցէք
Պատանինե՛ր, ձեր Ստեղծիչը հի՛մա յիշեցէք
«Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։—ԺՈՂ. 12։1
1. Եհովա պատանի երկրպագուներուն հանդէպ իր վստահութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնէ։
ԵՀՈՎԱ Քրիստոնեայ պատանիները ցօղի կաթիլներու նման թանկագին ու թարմացուցիչ կը նկատէ։ Արդարեւ ան նախագուշակեց թէ իր Որդիին «զօրութեան» օրը, երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ Քրիստոսի ծառայութեան մէջ ‘յօժարակամ պիտի ըլլան’։ (Սաղ. 110։3) Այդ մարգարէութիւնը պիտի կատարուէր այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ մարդիկ ընդհանուր առմամբ պիտի ըլլային անաստուած, անձնասիրութեամբ ու դրամասիրութեամբ կլանուած, եւ անհնազանդ։ Այսուհանդերձ Եհովա գիտցաւ որ զինք պաշտող պատանիները տարբեր պիտի ըլլային։ Ան ձեզի հանդէպ ի՜նչ մեծ վստահութիւն ունի, ո՛վ պատանի եղբայրներ ու քոյրեր։
2. Եհովան յիշելը ի՞նչ կը պարփակէ։
2 Երեւակայէ Աստուծոյ ուրախութիւնը, երբ կը տեսնէ որ պատանիները զինք կը յիշեն որպէս իրենց Ստեղծիչը։ (Ժող. 12։1) Բնական է որ Եհովան յիշելը չի նշանակեր պարզապէս զայն մտաբերել։ Անիկա կը պարփակէ արարքներ,– ընել ի՛նչ որ զինք կը հաճեցնէ եւ թոյլ տալ իր օրէնքներուն ու սկզբունքներուն որ մեզ առաջնորդեն առօրեայ կեանքին մէջ։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ Եհովայի վստահիլ, գիտնալով որ ան մեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունի։ (Սաղ. 37։3. Եսա. 48։17, 18) Ստեղծիչիդ հանդէպ այսպէս կը զգա՞ս։
«Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ»
3, 4. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եհովայի կը վստահի, եւ ներկայիս Եհովայի վստահիլը ինչո՞ւ կարեւոր է։
3 Անշուշտ Աստուծոյ վստահելու լաւագոյն օրինակը՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան Առակաց 3։5, 6–ի խօսքերուն համաձայն ապրեցաւ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Յիսուսի մկրտութենէն քիչ ետք, Սատանան փորձեց զինք համոզել որ աշխարհային հեղինակութիւն ու փառք ընդունի։ (Ղուկ. 4։3-13) Յիսուս չխաբուեցաւ։ Ան գիտէր թէ «խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը» իսկական «հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։—Առ. 22։4
4 Ներկայ աշխարհը ագահութեամբ ու եսասիրութեամբ կը ղեկավարուի։ Այս շրջապատին մէջ, Յիսուսի օրինակին հետեւիլը խոհեմութիւն է։ Նաեւ ի մտի ունեցիր թէ Սատանան ամէն բան պիտի ընէ, Եհովայի ծառաները կեանքի տանող անձուկ ճամբայէն մոլորեցնելու համար։ Ան կ’ուզէ տեսնել որ ամէն ոք կործանումի տանող լայն ճամբան բռնած է։ Անկէ մի՛ խաբուիր։ Վճռէ Ստեղծիչդ յիշել։ Լիովին անոր վստահէ եւ «ճշմարիտ կեանքը» ամրօրէն բռնէ, որ ստոյգ ու մօտալուտ է։—Ա. Տիմ. 6։19, Անթիլիաս
Պատանինե՛ր, իմաստուն եղէք
5. Այս աշխարհի ապագային նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։
5 Իրենց Ստեղծիչը յիշող պատանիները իրենց տարեկիցներէն իմաստուն են։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 119։99, 100) Աստուծոյ տեսակէտը որդեգրելով, անոնք լիովին կը գիտակցին թէ այս աշխարհի հեռանկարները իրապէս մռայլ են։ Պատանինե՛ր, նոյնիսկ ձեր այս տարիքին նկատած էք որ վախն ու մտահոգութիւնը կ’աւելնան։ Դպրոցին մէջ, հաւանաբար լսած էք ապականութեան, ընդհանրական ջերմացման, անտառահատութեան եւ համանման խնդիրներու մասին։ Մարդիկ մեծապէս մտահոգ են այս զարգացումներուն նկատմամբ, բայց միայն Եհովայի Վկաները լիովին կը հասկնան թէ անոնք Սատանայի աշխարհին վախճանը նշող նշանին մաս կը կազմեն։—Յայտ. 11։18
6. Կարգ մը պատանիներ ի՞նչպէս խաբուած են։
6 Տխրօրէն, Աստուծոյ անչափահաս ծառաներէն ոմանք արթուն չեն մնացած եւ անտեսած են այն իրողութիւնը թէ այս աշխարհը կարճ ժամանակ Բ. Պետ. 3։3, 4) Ուրիշներ լուրջ մեղքեր գործած են, չար ընկերակցութեան ու պոռնկագրութեան պատճառաւ։ (Առ. 13։20) Ո՜րքան ցաւալի է Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնել, հիմա որ վախճանին շատ մօտ ենք։ Ի՞նչ կրնաս սորվիլ այն դէպքէն, որ Հ.Դ.Ա. 1473–ին տեղի ունեցաւ, երբ Իսրայելացիները Մովաբի դաշտերը բանակած էին, Խոստացեալ Երկրին սեմին։
ունի։ (Անոնք աւարտագծին մօտ ինկան
7, 8. (ա) Սատանան Մովաբի դաշտերուն մէջ ի՞նչ ռազմավարութիւն գործածեց։ (բ) Սատանան ներկայիս ի՞նչ ռազմավարութիւն կը գործածէ։
7 Սատանան բացայայտօրէն ուզեց թոյլ չտալ Իսրայելացիներուն որ իրենց խոստացուած ժառանգը ստանան։ Չկարենալով Բաղաամ մարգարէին միջոցով զանոնք անիծել, Սատանան աւելի խորամանկ ռազմավարութիւն մը գործածեց,– զանոնք Եհովայի օրհնութեան անյարմար դարձնել։ Մովաբի գրաւիչ կիները գործածուեցան Իսրայելացիները հրապուրելու, եւ այս անգամ Բանսարկուն որոշ չափով յաջողեցաւ։ Ժողովուրդը սկսաւ Մովաբի աղջիկներուն հետ անբարոյութիւն գործել ու Բելփեգովրի ծնրադրել։ Անոնց թանկագին ժառանգը՝ Խոստացեալ Երկիրը շատ մօտ ըլլալով հանդերձ, շուրջ 24,000 Իսրայելացի իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Ասիկա ի՜նչ ողբերգութիւն մըն էր։—Թուոց 25։1-3, 9
8 Այսօր, արագօրէն կը մօտենանք աւելի լաւ խոստացեալ երկրի մը,– իրերու նոր դրութիւնը։ Իր սովորութեան համաձայն, Սատանան դարձեալ սեռային անբարոյութիւնը կը գործածէ Աստուծոյ ժողովուրդը ապականելու։ Աշխարհի մէջ բարոյական չափանիշները ա՛յնքան նուաստացած են, որ պոռնկութիւնը բնական կը նկատուի, իսկ միասեռականութիւնը՝ անձնական ընտրութեան հարց։ Քրիստոնեայ քոյր մը ըսաւ. «Միայն տան եւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ է որ զաւակներս կը սորվին թէ միասեռականութիւնը եւ արտամուսնական սեռը Աստուծոյ աչքին գէշ են»։
9. Պատանութեան շրջանին ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ, իսկ պատանիները ի՞նչպէս կրնան ասոր հետ գլուխ ելլել։
9 Իրենց Ստեղծիչը յիշող պատանիները գիտեն թէ սեռային մտերմութիւնը սրբազան պարգեւ մըն է, որ կեանքի ու ծննդագործութեան առնչուած է։ Ուստի անոնք կը զատորոշեն թէ սեռային յարաբերութիւնները սահմանափակուած են ամուսնական կարգադրութեան, ինչպէս Աստուած ուղղութիւն տուած է։ (Եբր. 13։4) Սակայն այն շրջանին՝ երբ սեռային զգացումները կը զօրանան եւ կրնան անհատին դատողութիւնը խեղաթիւրել, անարատ մնալը կրնայ պայքար մը ըլլալ։ Ի՞նչ կրնաս ընել, երբ մտքիդ մէջ անպատշաճ խորհուրդներ ծագին։ Ջերմեռանդ աղօթքով Եհովայէ օգնութիւն խնդրէ որ օգտակար բաներու վրայ կեդրոնանաս։ Եհովա միշտ մտիկ կ’ընէ անոնց՝ որոնք անկեղծօրէն իրեն կը դիմեն։ (Կարդալ՝ Ղուկաս 11։9-13) Շինիչ խօսակցութիւնն ալ կ’օգնէ որ միտքը այլ բանի մը վրայ կեդրոնանայ։
Նպատակակէտերդ իմաստութեամբ ընտրէ
10. Ո՞ր բացասական մտածելակերպէն կ’ուզենք խուսափիլ, եւ ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի ուղղել։
10 Աշխարհի մէջ բազմաթիւ պատանիներ սանձարձակ են եւ մարմնաւոր հաճոյքներու համար կ’ապրին, քանի որ «մարգարէութիւն» չունին,– աստուածային առաջնորդութիւն կամ ապագայի նկատմամբ ստոյգ յոյս։ (Առ. 29։18) Անոնք Եսայիի ժամանակակից անբարեպաշտ Իսրայելացիներուն նման են, որոնց հետապնդումն էր ‘ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ընել, միս ուտել ու գինի խմել’։ (Եսա. 22։13) Փոխանակ այսպիսի անհատներու նախանձելու, ինչո՞ւ չխոկաս այն թանկագին յոյսին մասին, որ Եհովա իր հաւատարիմներուն ներկայացուցած է։ Աստուծոյ պատանի ծառայ մը ըլլալով, անձկագին կը սպասե՞ս նոր աշխարհին։ Ամէն ջանք կը թափե՞ս որ ‘զգաստութեամբ ապրիս, մինչ կը սպասես այն երջանիկ յոյսին’ որ Եհովա առջեւդ դրած է։ (Տիտ. 2։12, 13) Պատասխանդ պիտի ազդէ նպատակակէտերուդ ու նախապատուութիւններուդ։
11. Դպրոցական Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է ծանր աշխատին։
11 Աշխարհը կ’ուզէ որ պատանիները իրենց ջանքերը կեդրոնացնեն աշխարհիկ նպատակակէտերու վրայ։ Որպէս դպրոցական, բնական է որ ծանր աշխատիս հիմնական լաւ ուսում ձեռք ձգելու։ Ի վերջոյ, նպատակդ պարզապէս յարմար գործ մը գտնել չէ, այլ նաեւ՝ ժողովքին համար պիտանի եւ արդիւնաբեր քարոզիչ ըլլալ։ Ասիկա իրագործելու համար, հարկ է որ կարենաս լաւ հաղորդակցիլ, տրամաբանօրէն մտածել, եւ ուրիշներու հետ հանդարտ ու յարգալից կերպով Սաղմոս 1։1-3 *
պատճառաբանել։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը ուսումնասիրող եւ անոր սկզբունքները գործադրել ջանացող պատանիները, մատչելի լաւագոյն ուսումը կը ստանան եւ յաջող ու յաւիտենական ապագայի մը համար ընտիր հիմ կը դնեն։—Կարդալ՝12. Քրիստոնեայ ընտանիքները ո՞ր օրինակին պէտք է հետեւին։
12 Իսրայէլի մէջ, գլխաւոր նախապատուութիւն մըն էր որ ծնողներ իրենց զաւակներուն ուսում տային։ Այդ ուսումը կը ծածկէր կեանքի բոլոր մարզերը, մանաւանդ հոգեւոր հարցերը։ (Բ. Օր. 6։6, 7) Ուստի իրենց ծնողքին եւ այլ աստուածավախ չափահասներու մտիկ ընող դեռատի Իսրայելացիները ձեռք կը ձգէին ո՛չ միայն գիտութիւն, այլեւ՝ իմաստութիւն, խորատեսութիւն, հասկացողութիւն ու հանճար,– հազուագիւտ յատկանիշներ՝ զորս աստուածային ուսումը կրնայ հայթայթել։ (Առ. 1։2-4. 2։1-5, 11-15) Ներկայիս Քրիստոնեայ ընտանիքները համանման ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն ուսման։
Որո՞նց պէտք է մտիկ ընես
13. Կարգ մը պատանիներ ի՞նչպիսի խրատներ կը ստանան, եւ անոնք ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլան։
13 Պատանիները ամէն տեսակ անհատներէ խրատ կը ստանան,– ի ներառեալ՝ ուսուցիչներ, որոնց խրատները սովորաբար կ’ըլլան աշխարհային մարզի մէջ յաջողութիւն գտնելու մասին։ Այսպիսի խրատներ աղօթքով նկատի առ՝ Աստուծոյ Խօսքին եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հայթայթած հոգեւոր սնունդին լոյսին տակ։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով գիտես թէ դեռատիները եւ անփորձները Սատանայի գլխաւոր թիրախն են։ Օրինակ, Եդեմի պարտէզին մէջ անփորձ Եւան մտիկ ըրաւ Սատանայի, որ անսէր օտար մըն էր։ Հետեւանքը ո՜րքան տարբեր պիտի ըլլար եթէ Եւան մտիկ ընէր Եհովայի, որ իրեն հանդէպ Իր սէրը բազմաթիւ կերպերով ապացուցանած էր։—Ծննդ. 3։1-6
14. Ինչո՞ւ մտիկ պէտք է ընենք թէ՛ Եհովայի եւ թէ հաւատացեալ ծնողքին։
14 Ստեղծիչդ ալ քեզ կը սիրէ,– բացարձակապէս մաքուր շարժառիթով։ Ան կ’ուզէ որ յաւիտեան երջանիկ ըլլաս, եւ ո՛չ թէ միայն հիմա։ Ուստի հոգածու ծնողի մը քնքշութեամբ, ան քեզի եւ իր բոլոր երկրպագուներուն կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ (Եսա. 30։21) Եթէ իրապէս Եհովան սիրող հաւատացեալ ծնողներ ունիս, յաւելեալ օրհնութիւն մը կը վայելես։ Յարգանքով անոնց խրատը մտիկ ըրէ, երբ նախապատուութիւններ ու նպատակակէտեր կը դնես։ (Առ. 1։8, 9) Անոնք կ’ուզեն որ կեանք ձեռք ձգես, բան մը որ շա՜տ աւելի թանկարժէք է քան՝ հարստութիւնը կամ համբաւը այս աշխարհին մէջ։—Մատ. 16։26
15, 16. (ա) Եհովայի հանդէպ ի՞նչպիսի վստահութիւն կրնանք ունենալ։ (բ) Բարուքի փորձառութենէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կը սորվինք։
15 Իրենց Ստեղծիչը յիշող պատանիները իրենց կեանքը պարզ կը պահեն, վստահ ըլլալով թէ Եբրայեցիս 13։5) Այս առողջ կեցուածքը աշխարհի մտածումին հակապատկերը ըլլալով, ուշադիր պէտք է ըլլանք որ աշխարհի հոգիէն չազդուինք։ (Եփ. 2։2) Այս առնչութեամբ, նկատի առ Երեմիայի քարտուղարին՝ Բարուքի օրինակը, որ ապրեցաւ Երուսաղէմի դժուար վերջին օրերուն մէջ եւ տեսաւ անոր կործանումը Հ.Դ.Ա. 607–ին։
Եհովա ‘բնաւ զիրենք պիտի չթողու եւ երեսէ պիտի չձգէ’։ (Կարդալ՝16 Այնպէս կը թուի թէ Բարուք ուզեց բարգաւաճ կեանք մը վարել։ Եհովա ասիկա նկատեց եւ քաղցրօրէն Բարուքը զգուշացուց որ ինքնիրեն համար «մեծ բաներ» չփնտռէ։ Բարուք խոնարհ ու խոհեմ գտնուեցաւ, քանի որ Եհովայի մտիկ ըրաւ ու Երուսաղէմի կործանումէն վերապրեցաւ։ (Երեմ. 45։2-5) Միւս կողմէ, Բարուքի ժամանակակիցները որոնք նիւթապէս «մեծ բաներ» դիզեցին ու Եհովայի պաշտամունքը երկրորդական սեպեցին, ամէն բան կորսնցուցին Քաղդէացիներուն (Բաբելոնացիներուն) ձեռքով, իսկ շատեր իրենց կեանքն ալ կորսնցուցին։ (Բ. Մնաց. 36։15-18) Բարուքի փորձառութիւնը մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւնը շա՛տ աւելի կարեւոր է քան՝ հարստութիւնն ու երեւելիութիւնը։
Լաւագոյն օրինակները նկատի առ
17. Եհովայի այժմու ծառաներուն համար ինչո՞ւ Յիսուս, Պօղոս ու Տիմոթէոս ընտիր տիպարներ են։
17 Կեանքի տանող ճամբային մէջ մեզի օգնելու համար, Աստուծոյ Խօսքը ընտիր տիպարներ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։ Օրինակ, Յիսուս ցարդ ապրած ամենէն տաղանդաւոր մարդը ըլլալով հանդերձ, կեդրոնացաւ այն բանին վրայ, որ մարդոց ընդմիշտ պիտի օգնէր,– «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը։ (Ղուկ. 4։44) Իր լաւագոյնը Եհովայի տալու համար, Պօղոս առաքեալ խոստմնալից ասպարէզ մը լքեց եւ իր ժամանակն ու կորովը բարի լուրի քարոզչութեան տրամադրեց։ Տիմոթէոս՝ ‘հաւատքով հարազատ որդին’, Պօղոսի ընտիր օրինակին հետեւեցաւ։ (Ա. Տիմ. 1։2) Յիսուս, Պօղոս ու Տիմոթէոս իրենց կեանքի ընթացքին համար զղջացի՞ն։ Բնաւ երբեք։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս ըսաւ թէ աշխարհի հրամցուցած բաները «աղտեղութիւն» կը սեպէր, բաղդատած՝ Աստուծոյ ծառայելու առանձնաշնորհումին հետ։—Փիլ. 3։8-11
18. Երիտասարդ եղբայր մը ի՞նչ մեծ փոփոխութիւններ ըրաւ եւ ինչո՞ւ չի զղջար։
18 Ներկայիս Քրիստոնեայ պատանիներէն շատեր Յիսուսի, Պօղոսի ու Տիմոթէոսի հաւատքը կ’ընդօրինակեն։ Օրինակ, երիտասարդ եղբայր մը որ լաւ–վճարուած գործ մը ունէր, գրեց. «Որովհետեւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրիմ, շուտով պաշտօնի բարձրացում ստացայ։ Հակառակ նիւթական օգուտներուն, զգացի թէ հովի համար կ’աշխատէի։ Երբ ընկերութեան գործադիր յանձնախումբին յայտնեցի թէ կը փափաքիմ լիաժամ ծառայութեան հետամուտ ըլլալ, անոնք անմիջապէս ամսականի յաւելում առաջարկեցին, յուսալով որ կը մնամ։ Բայց ես որոշումս տուած էի։ Շատեր չկրցան հասկնալ թէ ինչո՛ւ շահաբեր ասպարէզ մը ձգեցի, լիաժամ ծառայութեան հետամուտ ըլլալու համար։ Պատասխանս այն է թէ իրապէս կ’ուզեմ Աստուծոյ կատարած նուիրումիս համաձայն ապրիլ։ Այժմ կեանքս հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած ըլլալով, այնպիսի երջանկութիւն ու գոհունակութիւն ունիմ, որ ո՛չ դրամը եւ ո՛չ ալ համբաւը կրնան ինծի տալ»։
19. Պատանիներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ ի՞նչ խոհեմ ընտրութիւն ընեն։
19 Համայն աշխարհի մէջ, հազարաւոր պատանիներ համանման խոհեմ ընտրութիւններ ըրած են։ Ուստի ո՛վ պատանիներ, երբ ձեր ապագային մասին կը խորհրդածէք, Եհովայի օրը ի մտի ունեցէք։ (Բ. Պետ. 3։11, 12) Մի՛ նախանձիք անոնց՝ որոնք այս աշխարհը լրիւ կ’օգտագործեն։ Փոխարէն, ձեզ իսկապէս սիրողներուն մտիկ ըրէք։ ‘Երկնքի մէջ գանձեր դիզելը’ ամենէն ապահով ներդրումն է որ կրնաք ընել, եւ միակը՝ որ յաւիտենական օգուտներ ունի։ (Մատ. 6։19, 20. Կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15-17) Արդարեւ ձեր Ստեղծիչը յիշեցէք, եւ Եհովա ձեզ պիտի օրհնէ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 11 Բարձրագոյն ուսման եւ աշխատանքի մասին, տես Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 2005, էջ 27-31։
Կրնա՞ս մտաբերել
• Ի՞նչպէս Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն կ’ապացուցանենք։
• Լաւագոյն ուսումը ի՞նչ է։
• Բարուքէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։
• Որո՞նք ընտիր տիպարներ են եւ ինչո՞ւ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 23]
Եհովա լաւագոյն ուսումը կը հայթայթէ