Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ ազատումը մօտալուտ է
Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ ազատումը մօտալուտ է
«Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—ՄԱՏ. 6։10
1. Յիսուսի գլխաւոր ուսուցումը ի՞նչ էր։
ՅԻՍՈՒՍ Քրիստոս իր Լերան Քարոզին մէջ պարփակեց տիպար աղօթք մը, որ իր գլխաւոր ուսուցումը ամփոփեց։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատ. 6։9-13) Յիսուս «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր»։ (Ղուկ. 8։1) Քրիստոս իր հետեւորդները յորդորեց. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ (Մատ. 6։33) Մինչ այս յօդուածը կ’ուսումնասիրես, մտածէ թէ ի՛նչպէս կրնաս նիւթը ծառայութեանդ մէջ գործածել։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատասխան պիտի տաս սա հարցումներուն. Թագաւորութեան պատգամը ո՞րքան կարեւոր է։ Մարդկութիւնը կարիք ունի որ ի՞նչ բանէ ազատուի։ Եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչպէս ազատում պիտի բերէ։
2. Թագաւորութեան պատգամը ո՞րքան կարեւոր է։
2 Յիսուս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատ. 24։14) Աստուծոյ Թագաւորութեան վերաբերեալ բարի լուրը չափազանց կարեւոր է։ Արդարեւ անիկա աշխարհի մէջ կարեւորագոյն պատգամն է։ Եհովայի Վկաներու աւելի քան 100,000 ժողովքի մէջ, Աստուծոյ շուրջ եօթը միլիոն ծառաներ անզուգական քարոզչութեան մը մէջ բաժին կը բերեն, ուրիշներուն իմացնելով թէ Թագաւորութիւնը հաստատուած է։ Անոր հաստատուիլը բարի լուր մըն է, քանի որ կը նշանակէ թէ Աստուած երկինքի մէջ կառավարութիւն մը հաստատած է, երկրի հարցերը լիովին իր հակակշռին տակ առնելու համար։ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, Եհովայի կամքը պիտի կատարուի ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։
3, 4. Երբ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ կատարուի, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
3 Մարդկութեան ի՞նչ պիտի պատահի, երբ Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ։ Եհովա «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ (Յայտ. 21։4) Մարդիկ պիտի չհիւանդանան կամ չմեռնին՝ ժառանգուած մեղքի ու անկատարութեան պատճառաւ։ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղող ննջեցեալները, յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը պիտի ունենան, քանի որ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Այլեւս պատերազմներ, հիւանդութիւններ կամ սովեր պիտի չըլլան, իսկ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածուի։ Նոյնիսկ անասունները, որոնք ներկայիս վտանգաւոր են, մարդոց եւ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլան։—Սաղ. 46։9. 72։16. Եսա. 11։6-9. 33։24. Ղուկ. 23։43
4 Թագաւորութեան բերելիք այս սքանչելի օրհնութիւններուն ի տես, զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը այդ ատենուան կեանքին մասին կ’ըսէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Իսկ խնդիրներ պատճառողներու մասին Սուրբ Գրութիւնները կը նախագուշակեն. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ»։ Սակայն «Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։—Սաղ. 37։9-11
5. Իրերու ներկայ դրութեան ի՞նչ պիտի պատահի։
5 Այս բոլորը տեղի ունենալու համար, իրերու ներկայ դրութիւնը պէտք է վերացուի՝ իր անհամաձայն կառավարութիւններով, կրօնքներով Դան. 2։44) Այն ատեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը,– նոր երկնային կառավարութիւն մը,– պիտի իշխէ նոր երկրային ընկերութեան մը վրայ։ ‘Նոր երկինք ու նոր երկիր մը’ պիտի ըլլան, «որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետ. 3։13
ու առեւտրական դրութիւններով։ Երկնային կառավարութիւնը ասիկա է որ պիտի ընէ։ Ներշնչման ներքեւ Դանիէլ մարգարէն նախագուշակեց. «[Ներկայ] թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ [երկինքի մէջ], որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա [այժմու] բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Այժմ ազատման աւելի մեծ կարիք կայ
6. Աստուածաշունչը այս ամբարիշտ աշխարհին չարութիւնը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։
6 Երբ Սատանան, Ադամը եւ Եւան Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան, ուզելով անձամբ որոշել թէ ի՛նչ բան շիտակ է եւ ի՛նչ բան՝ սխալ, մարդկային ընտանիքը աղիտալի ընթացք բռնեց։ Աւելի քան 1,600 տարի ետք, աշխարհածաւալ Ջրհեղեղէն առաջ, «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ [շատցած էր] եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ (Ծննդ. 6։5) Անկէ շուրջ 1,300 տարի ետք, Սողոմոն վիճակները ա՛յնքան վատ տեսաւ որ գրեց. «Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները, հիմա ապրողներէն աւելի բաղդաւոր են։ Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բաղդաւոր է, վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ»։ (Ժող. 4։2, 3) Իսկ յաւելեալ շուրջ 3,000 տարի ետք՝ մեր օրերուն, չարութիւնը տակաւին կը շարունակէ ուռճանալ։
7. Այժմ ինչո՞ւ Աստուծոյ ձեռքով ազատուելու աւելի մեծ կարիք կայ։
7 Թէեւ չարութիւնը երկար ատենէ գոյութիւն ունի, սակայն Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ ազատուելու կարիքը աւելի մեծ է այսօր քան՝ որեւէ այլ ժամանակ։ Վերջին 100 տարուան ընթացքին, վիճակները որեւէ ժամանակէ աւելի վատ էին, եւ կը շարունակեն վատթարանալ։ Օրինակ, Worldwatch Institute կը տեղեկագրէ. «Առաջին դարէն մինչեւ 1899 մղուած բոլոր պատերազմներուն մէջ մեռած մարդոց երեք անգամը զոհ գացին [20–րդ դարու] պատերազմներուն»։ 1914–էն ի վեր, պատերազմները աւելի քան 100 միլիոն կեանք խլած են։ Համայնագիտարան մը կ’ենթադրէ թէ Բ. Համաշխարհային Պատերազմին շուրջ 60 միլիոն մարդ մեռաւ։ Այժմ կարգ մը պետութիւններ կորիզային զէնքեր ունենալով, մարդիկ կրնան աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը բնաջնջել։ Իսկ հակառակ գիտական ու բժշկական յառաջդիմութեան, ամէն տարի տակաւին սովն ու հիւանդութիւնը շուրջ 5 միլիոն երախայի կեանքը կը խլեն։—Տես Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 9–րդ գլուխը։
8. Աներկբայաբար մարդկային իշխանութեան հազարաւոր տարիները ի՞նչ ապացուցանած են։
8 Մարդկային ջանքերը չեն կրցած չարութեան հոսանքը կասեցնել։ Այս աշխարհի քաղաքական, առեւտրական եւ կրօնական հաստատութիւնները, բնաւ չեն կրցած գոհացնել մարդուն հիմնական կարիքը խաղաղութեան, բարգաւաճութեան եւ առողջութեան։ Մարդկութեան դիմագրաւած հսկայ խնդիրները լուծելու տեղ, այս հաստատութիւնները յաւելեալ խնդիրներ պատճառած են։ Վստահաբար մարդկային իշխանութեան հազարաւոր տարիները ապացուցանած են սա խօսքին ճշմարիտ ըլլալը. «Մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմ. 10։23) Արդարեւ «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժող. 8։9) Ասկէ զատ, «բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։—Հռով. 8։22
9. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները այս «վերջին օրերուն» ի՞նչ վիճակներ կ’ակնկալեն տեսնել։
9 Մեր ժամանակին նկատմամբ Աստուածաշունչը նախագուշակած է. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան»։ Մարդկային իշխանութեան ներքեւ վերջին օրերուն տիրական եղող վիճակները նկարագրելէ յետոյ, մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան»։ (Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13) Քրիստոնեաները ասիկա կ’ակնկալեն, քանի որ «ամբողջ աշխարհը Չարին [Սատանային] ենթակայ» է։ (Ա. Յովհ. 5։19, Անթիլիաս) Սակայն բարի լուրը այն է թէ Աստուած շուտով զինք սիրողները պիտի ազատէ։ Անոնք այս աշխարհէն պիտի ազատուին, որ արագօրէն կը վատթարանայ։
Ազատման միակ վստահելի Աղբիւրը
10. Եհովա ինչո՞ւ ազատման միակ վստահելի Աղբիւրն է։
10 Մինչ բարի լուրը կը քարոզես, նշէ թէ Եհովա Գործք 4։24, 31. Յայտ. 4։10) Կրնա՛նք վստահ ըլլալ թէ Եհովա միշտ իր ժողովուրդը պիտի ազատէ եւ իր նպատակները իրագործէ, քանի որ երդում ըրած է. «Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ»։ Իր խօսքը իրեն «պարապ պիտի չդառնայ»։—Կարդալ՝ Եսայի 14։24, 25. 55։10, 11
ազատման միակ վստահելի Աղբիւրն է։ Միայն ան թէ՛ զօրութիւն եւ թէ փափաք ունի որ իր ծառաները որեւէ գէշ վիճակէ ազատէ։ (11, 12. Աստուած իր ծառաներուն ի՞նչ երաշխիք կու տայ։
11 Եհովա երաշխիք տուած է թէ իր ծառաները պիտի ազատէ, երբ ամբարիշտներուն վրայ դատաստան գործադրէ։ Երբ Երեմիա մարգարէն ղրկեց՝ լրջօրէն մեղանչողներուն համարձակութեամբ խօսելու, Աստուած ըսաւ. «Մի՛ վախնար»։ Ինչո՞ւ։ «Ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ (Երեմ. 1։8) Նոյնպէս, երբ Եհովա ամբարիշտ Սոդոմն ու Գոմորը կործանելու վրայ էր, երկու հրեշտակ ղրկեց, Ղովտն ու իր ընտանիքը ապահովաբար շրջանէն դուրս հանելու համար։ «Այն ատեն Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ ու կրակ տեղաց Տէրոջը կողմանէ»։—Ծննդ. 19։15, 24, 25
12 Նոյնիսկ համաշխարհային տարողութեամբ, Եհովա կրնայ իր կամքը կատարողները ազատել։ Երբ ան վաղեմի չար աշխարհը Ջրհեղեղով կործանեց, «ութ հոգիներ փրկեց, որոնցմէ Նոյը արդար կեանքի մը քարոզիչն էր»։ (Բ. Պետ. 2։5, Անթիլիաս) Եհովա անգամ մը եւս ուղիղները պիտի ազատէ, երբ ներկայ ամբարիշտ աշխարհը բնաջնջէ։ Հետեւաբար իր Խօսքը կը նշէ. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ . . . Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ (Սոփ. 2։3) Այդ համաշխարհային կործանման որպէս արդիւնք, «ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին . . . բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին»։—Առ. 2։21, 22
13. Եհովայի ննջեցեալ ծառաները ի՞նչպէս պիտի ազատուին։
13 Սակայն Աստուծոյ ծառաներէն շատեր արդէն մահացած են՝ հիւանդութեան, հալածանքի եւ այլ ազդակներու պատճառով։ (Մատ. 24։9) Ուստի անոնք ի՞նչպէս պիտի ազատուին։ Նախապէս նշեցինք թէ արդար «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ»։ (Գործք 24։15) Ո՜րքան մխիթարական է գիտնալ թէ ոչինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ որ Եհովա իր ծառաները ազատէ։
Արդար կառավարութիւն մը
14. Ինչո՞ւ վստահ ենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդար կառավարութիւն մըն է։
14 Ծառայութեանդ մէջ կրնաս բացատրել թէ Եհովայի երկնային Թագաւորութիւնը արդար կառավարութիւն մըն է, քանի որ Իր սքանչելի յատկութիւնները կ’արտացոլացնէ, ինչպէս՝ արդարութիւն ու սէր։ (Բ. Օր. 32։4. Ա. Յովհ. 4։8) Աստուած Թագաւորութիւնը յանձնած է Յիսուս Քրիստոսի, որ լաւագոյն կերպով որակեալ է երկիրը իշխելու։ Եհովա նաեւ նպատակադրած է որ 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներ երկրէն առնուին եւ երկնային կեանքի յարուցանուին որպէս Քրիստոսի ժառանգակիցներ ու իշխանակիցներ։—Յայտ. 14։1-5
15. Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութիւնը մարդկային իշխանութեան հակադրէ։
15 Անկատար մարդոց իշխանութեան հակապատկերը պիտի ըլլայ Յիսուսի ու 144,000–ի իշխանութիւնը։ Իրերու այս դրութեան կառավարիչները յաճախ անգութ եղած են եւ իրենց հպատակները պատերազմներու միջամուխ ըրած են, միլիոնաւորներու սպանութեան պատճառ դառնալով։ Զարմանալի չէ որ Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը խրատեն որ մեր վստահութիւնը մարդու վրայ չդնենք, «որուն քով փրկութիւն չկայ»։ (Սաղ. 146։3) Բայց Քրիստոսի իշխանութիւնը իր սիրալիր կեցուածքով պիտի յատկանշուի։ Ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատ. 11։28-30
Վերջին օրերը շուտով վերջ պիտի գտնեն
16. Այս վերջին օրերը ի՞նչպէս պիտի վերջանան։
16 Այս աշխարհը 1914–էն ի վեր վերջին օրերուն կամ «իրերու դրութեան վախճանին» մէջ է։ (Մատ. 24։3, ՆԱ) Շատ մօտ ատենէն Յիսուսի նշած «մեծ նեղութիւն»ը տեղի պիտի ունենայ։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 24։21) Այդ անզուգական նեղութիւնը, Սատանայի ամբողջ աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Բայց մեծ նեղութիւնը ի՞նչպէս պիտի սկսի եւ ի՞նչպէս պիտի վերջանայ։
17. Մեծ նեղութեան սկսելուն մասին Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
17 Մեծ նեղութիւնը յանկարծաբար պիտի սկսի։ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3) Նախագուշակուած նեղութիւնը պիտի սկսի, երբ ազգերը խորհին թէ իրենց կարգ մը մեծ խնդիրները լուծելու վրայ են։ «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան յանկարծական կործանումը, աշխարհը անակնկալի պիտի բերէ։ Թագաւորներ եւ ուրիշներ պիտի ապշին, երբ Մեծ Բաբելոնի վրայ դատաստան գործադրուի։—Յայտ. 17։1-6, 18. 18։9, 10, 15, 16, 19
Արդարեւ «Տէրոջը օրը» անսպասելիօրէն պիտի գայ, «երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ (Կարդալ՝18. Եհովա Իր ժողովուրդին վրայ Սատանայի յարձակումին ի՞նչպէս կը հակազդէ։
18 Շատ վտանգաւոր մէկ պահուն, «արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան» եւ «Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ»։ Այն ատեն կրնանք ‘ելլել ու գլուխնիս բարձրացնել, քանի որ մեր փրկութիւնը մօտ է’։ (Ղուկ. 21։25-28. Մատ. 24։29, 30) Սատանան կամ Գոգը իր զօրքերը Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ պիտի դարձնէ։ Բայց իր հաւատարիմ ծառաներուն վրայ յարձակողներուն վերաբերեալ, Եհովա կ’ըսէ. «Ձեզի դպչողը անոր աչքին [«աչքիս», ՆԱ] բիբին կը դպչի»։ (Զաք. 2։8) Ուստի զանոնք կործանելու Սատանային փորձը պիտի չյաջողի, քանի որ Գերիշխան Տէր Եհովա փութով գործի պիտի լծուի, զիրենք ազատելու համար։—Եզեկ. 38։9, 18
19. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ դահիճները Սատանայի դրութիւնը պիտի կործանեն։
19 Ազգերուն դէմ քայլեր առնելով, անոնք «պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան»։ (Եզեկ. 36։23) Ան պիտի ղրկէ իր դահիճները,– Քրիստոս Յիսուսի կողմէ առաջնորդուած բիւրաւոր հոգեղէն արարածներ,– որ երկրի վրայ Սատանայի դրութեան մնացեալ մասը կործանեն։ (Յայտ. 19։11-19) Մտաբերելով թէ առիթով մը մէկ հրեշտակ, միայն մէկ գիշերուան մէջ Աստուծոյ թշնամիներէն «հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ», կրնանք վստահ ըլլալ թէ երկնային բանակը երկրի վրայ Սատանայի դրութեան ամէն հետք դիւրաւ պիտի կործանէ, մինչ մեծ նեղութիւնը գագաթնակէտին կը հասնի՝ Արմագեդոնին։ (Դ. Թագ. 19։35. Յայտ. 16։14, 16) Սատանան եւ իր դեւերը հազար տարի անդունդը պիտի նետուին։ Ի վերջոյ, անոնք պիտի բնաջնջուին։—Յայտ. 20։1-3
20. Եհովա Թագաւորութեան միջոցաւ ի՞նչ պիտի իրագործէ։
20 Այսպէս երկիրը ամբարշտութենէ պիտի մաքրուի եւ անոր վրայ արդար մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին։ Եհովա փաստած պիտի ըլլայ թէ Մեծ Ազատարարն է։ (Սաղ. 145։20) Թագաւորութեան միջոցաւ, ան իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ, իր սուրբ անունը պիտի սրբացնէ եւ երկրի նկատմամբ իր հոյակապ նպատակը պիտի իրագործէ։ Կը մաղթենք որ ծառայութեանդ մէջ մեծ ուրախութիւն գտնես, մինչ այս բարի լուրը կը ծանուցանես եւ ‘յաւիտենական կեանքի տրամադիր եղողներուն’ կ’օգնես գիտակցելու թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ ազատումը մօտալուտ է։—Գործք 13։48, ՆԱ
Կը յիշե՞ս
• Յիսուս Թագաւորութեան կարեւորութիւնը ի՞նչպէս ուշագրաւ դարձուց։
• Ինչո՞ւ ազատուելու կարիքը աւելի մեծ է այսօր քան՝ որեւէ այլ ժամանակ։
• Մեծ նեղութեան ընթացքին ի՞նչ իրադարձութիւններ կրնանք ակնկալել։
• Եհովա ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ թէ Մեծ Ազատարարն է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 24]
Եհովա «բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։—Յայտ. 21։4