Արմագեդոն՝ բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող Աստուծոյ պատերազմը
Արմագեդոն՝ բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող Աստուծոյ պատերազմը
«Անոնք մարդ սպաննելը սոսկալի կը նկատեն. հետեւաբար, անոնց աչքին պատերազմը անըմբռնելի ու զզուելի է, եւ իրենց լեզուն անոր վերաբերեալ բառ մը չունի»։—ԿՐԻՆԼԱՆՏԻ ԻՆՈՒԻԹ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻ ԵՐԿՐԱԽՈՅԶ ՖՐԻՏՉՈՖ ՆԱՆՍԷՆԻ ԿՈՂՄԷ՝ 1888–ԻՆ։
Ո՞Վ ՉԻ սիրեր ապրիլ հաւաքականութեան մը մէջ, ուր պատերազմը «անըմբռնելի ու զզուելի» է։ Ո՞վ չի տենչար ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր նոյնիսկ պատերազմ բառը գոյութիւն չունի, քանի որ կռիւները անծանօթ են։ Այսպիսի աշխարհ մը կրնայ անհաւատալի թուիլ, յատկապէս եթէ մեր յոյսը դնենք մարդոց վրայ որ զանիկա իրականացնեն։
Սակայն Եսայիի մարգարէութեան մէջ, Աստուած կը խոստանայ այսպիսի աշխարհ մը գոյացնել. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։—Եսայի 2։4
Բացայայտ է որ այս խոստումը կատարուելու համար, ներկայ աշխարհը՝ իր պաշտօնի վրայ եղող 20 միլիոն զինուորներով եւ ընթացիկ շուրջ 20 պատերազմներով, արմատականօրէն պէտք է փոխուի։ Զարմանալի չէ որ ամենակալ Աստուած՝ Յայտնութիւն 16։14, 16
Եհովա մարդկային հարցերուն պիտի միջամտէ։ Եհովայի այս միջամտութեան գագաթնակէտն է Արմագեդոնը, ինչպէս Աստուածաշունչը կը կոչէ։—Թէեւ «Արմագեդոն» բառը վերջերս գործածուած է՝ համաշխարհային կորիզային ընդհարումի ակնարկելու, սակայն բառարան մը անոր գլխաւոր նշանակութիւնը սապէս կը սահմանէ. «Բարիի եւ չարի ուժերուն միջեւ մեծ ու վերջնական պայքարի մը վայրը»։ Բարին երբեք չարին պիտի յաղթէ՞, թէ ոչ այս պատերազմը պատրանք է։
Կրնանք քաջալերուիլ նկատի առնելով թէ Աստուածաշունչը կրկին անգամ կը խօսի չարութեան վախճանին մասին։ Սաղմոսերգուն կը նշէ. «Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսին ու ամբարիշտները ոչնչանան»։ (Սաղմոս 104։35) Իսկ Առակաց գիրքը կ’ըսէ. «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան, բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։—Առակաց 2։21, 22
Աստուածաշունչը նաեւ կը յստակացնէ թէ ամբարիշտները խաղաղութեամբ իրենց հեղինակութենէն պիտի չհրաժարին. ուստի Աստուած իր վճռական քայլով պիտի չքացնէ ամէն տեսակ չարութիւն, ի ներառեալ պատերազմի չարիքը։ (Սաղմոս 2։2) Արմագեդոն անունը՝ որ Աստուածաշունչը կու տայ այս անզուգական պատերազմին, մեծապէս նշանակալից է։
Մակեդդովի մօտ մղուած վաղեմի պատերազմներ
«Արմագեդոն» բառը կը նշանակէ «Մակեդդովի լեռը»։ Վաղեմի Մակեդդով քաղաքը, Յեզրայէլի դաշտին հետ մէկտեղ, վճռական կռիւներու երկար պատմութիւն մը ունի։ Պատմաբան Էրիք Հ. Քլին իր գիրքին մէջ (The Battles of Armageddon) կ’ըսէ. «Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Մակեդդովը եւ Յեզրայէլի հովիտը եղած են այն ճակատամարտներուն վայրը, որոնք քաղաքակրթութեան ընթացքը որոշած են»։
Ինչպէս Քլին կը նշէ, Մակեդդովի մօտ մղուած կռիւները յաճախ վճռական եղած են։ Մոնկոլներու բանակը, որոնք 13–րդ դարուն Ասիոյ մեծ մասը նուաճեցին, այս հովիտին մէջ իր առաջին պարտութիւնը կրեց։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, Մակեդդովի մօտակայքը զօրավար Էտմունտ Ալլէնպիի առաջնորդութեամբ բրիտանական զօրքը Թուրքերուն վրայ յաղթանակ տարաւ։ Զինուորական պատմաբան մը Ալլէնպիի յաղթանակը նկարագրեց որպէս «ամբողջ պատմութեան ամենէն արագ ու կատարելապէս վճռական կռիւներէն մէկը»։
Աստուածաշունչն ալ կը նշէ Մակեդդովի մօտ մղուած ճակատամարտներ։ Հոն Բարակ դատաւորը Քանանացի Սիսարայի զօրքը նուաճեց։ (Դատաւորաց 4։14-16. 5։19-21) Իրեն հետ 300 մարդ ունենալով, Գեդէօն նոյն շրջանին մէջ պարտութեան մատնեց Մադիանացիներու հսկայ բանակը։ (Դատաւորաց 7։19-22) Սաւուղ թագաւոր ու իր որդին Յովնաթան, մօտակայ Գեղբուէ լերան վրայ մեռան, երբ Փղշտացիները Իսրայէլի բանակը ջախջախեցին։—Ա. Թագաւորաց 31։1-7
Իր ռազմավարական կարեւորութեան ի տես, Մակեդդով ու մօտակայ հովիտը վերջին 4,000 տարուան ընթացքին, տասնեակ ճակատամարտներու վայր եղած են։ Պատմաբան մը առնուազն 34 կռիւ թուեց։
Մակեդդովի պատմութիւնը եւ իր ռազմավարական դիրքը անկասկած «Արմագեդոն» բառին այլաբանական գործածութեան հետ կապ ունին։ Թէեւ այդ բառը Աստուածաշունչին մէջ միայն մէկ անգամ նշուած է, բայց Յայտնութիւն գիրքին հատուածը բացայայտ կը դարձնէ թէ Արմագեդոնը երկրի բոլոր բնակիչներուն կեանքին պիտի ազդէ։
Արմագեդոնը՝ ըստ Աստուածաշունչին
Մակեդդովի մօտ մղուած բազմաթիւ պատերազմներ վճռական ըլլալով հանդերձ, ո՛չ մէկը չարութիւնը ոչնչացուց։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը բացարձակ առումով բարիի եւ չարի ուժերուն միջեւ պատերազմ մըն էր։ Տրամաբանօրէն, այսպիսի ընդհարում մը Աստուծմէ ծագում պէտք է առնէ։ Ինչպէս Յիսուս անգամ մը ըսաւ. «Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած»։ (Ղուկաս 18։19) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը Արմագեդոնին յատկապէս կ’ակնարկէ իբրեւ Աստուծոյ պատերազմը։
Աստուածաշունչին մէջ, Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ թէ «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը պիտի հաւաքուին «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար»։ (Յայտնութիւն 16։14) Ապա մարգարէական արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Եւ զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի»։ * (Յայտնութիւն 16։16) Նաեւ Յայտնութիւնը կը բացատրէ թէ «երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը» պիտի հաւաքուին «պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ»։ (Յայտնութիւն 19։19) Իսկ այս ձիաւորը Յիսուս Քրիստոսն է։—Ա. Տիմոթէոս 6։14, 15. Յայտնութիւն 19։11, 12, 16
Այս համարներէն կրնանք եզրակացնել թէ Արմագեդոնը պատերազմ մըն է՝ Աստուծոյ ու անհնազանդ մարդկութեան ուժերուն միջեւ։ Եհովա եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, ինչո՞ւ այսպիսի պատերազմ մը պիտի մղեն։ Պատճառներէն մէկը այն է թէ Արմագեդոնը ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’։ (Յայտնութիւն 11։18) Ասկէ զատ, անիկա պիտի բերէ խաղաղ աշխարհ մը, ‘Աստուծոյ խոստումին համեմատ նոր երկիր մը, որուն մէջ արդարութիւնը կը բնակի’։—Բ. Պետրոս 3։13
Արմագեդոնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է
Քեզի համար դժուա՞ր է ըմբռնել թէ Եհովա՝ ‘սիրոյ Աստուածը’, իր Որդին՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ը պիտի նշանակէ պատերազմ մը մղելու։ (Բ. Կորնթացիս 13։11. Եսայի 9։6) Անոնց շարժառիթները հասկնալը, անկասկած հարցը կը յստակացնէ։ Սաղմոսներու գիրքը Յիսուսը կը նկարագրէ որպէս ձիաւոր ռազմիկ։ Ան ինչո՞ւ կը պատերազմի։ Սաղմոսերգուն կը բացատրէ թէ Քրիստոս կը ձիավարէ՝ «ճշմարտութիւնը, հեզութիւնը եւ արդարութիւնը պաշտպանելու համար»։ Ան պատերազմ կը մղէ, քանի որ արդարութիւնը կը սիրէ եւ ամբարշտութիւնը կ’ատէ։—Սաղմոս 45։4, 7, ԱՎ
Նմանապէս, Աստուածաշունչը կը նկարագրէ Եհովայի հակազդեցութիւնը անիրաւութեան, զոր կը տեսնէ ներկայ աշխարհին մէջ։ «Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր առջեւ գէշ երեւցաւ, քանզի իրաւունք չմնաց», կը գրէ Եսայի մարգարէն։ Ան «արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ, փրկութիւնը սաղաւարտի պէս իր գլուխը դրաւ եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ»։—Եսայի 59։15, 17
Այնքան ատեն որ ամբարիշտները կ’իշխեն, արդարները խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Առակաց 29։2. Ժողովող 8։9) Իրատեսօրէն, անօրէններէն չենք կրնար փտածութիւնն ու չարամտութիւնը արմատախիլ ընել։ Հետեւաբար մնայուն խաղաղութեան ու արդարութեան համար գին մը պէտք է վճարուի,– չարերուն վերացումը։ «Ամբարիշտը արդարին համար . . . փրկանք կ’ըլլայ», գրեց Սողոմոն։—Առակաց 21։18
պիտի չվայելեն։ (Աստուած Դատաւորը ըլլալով, կրնանք վստահ ըլլալ որ չարերուն դէմ դատավճիռները միշտ արդար պիտի ըլլան։ «Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞», հարցուց Աբրահամ։ Ան սորվեցաւ թէ Եհովա միշտ արդարադատ է։ (Ծննդոց 18։25) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա ամբարիշտները կործանելով հաճոյք չ’առներ. ան ասիկա կ’ընէ միայն իբրեւ վերջին լուծում։—Եզեկիէլ 18։32. Բ. Պետրոս 3։9
Արմագեդոնը լուրջի առնենք
Այս վճռական պատերազմին մէջ, որո՞ւն կողմը դիրք պիտի բռնենք։ Մեր մեծամասնութիւնը ինքնաբերաբար կ’ենթադրէ որ բարիի ուժերուն յարած է։ Բայց ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ։ «Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք», կը յորդորէ Սոփոնիա մարգարէն։ (Սոփոնիա 2։3) Իսկ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։—Ա. Տիմոթէոս 2։4
Եհովայի եւ երկիրը ամբարշտութենէ մաքրելու իր նպատակին մասին ճշմարտութիւնը սորվիլը, փրկութեան առաջին քայլն է։ Արդարութիւն գործադրելը երկրորդ քայլն է, Աստուծոյ հաճութիւնն ու պաշտպանութիւնը բերելով մեզի։
Եթէ այս կարեւոր քայլերը առնենք, կրնանք անձկագին սպասել Արմագեդոնին,– պատերազմ մը որ իրապէս մարդկային պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ։ Երբ այդ ճակատամարտը աւարտի, ամէնուրեք մարդիկ պատերազմը պիտի նկատեն անըմբռնելի ու զզուելի։ Անոնք «ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։—Եսայի 2։4
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 17 Տես «Ընթերցողները կը հարցնեն» յօդուածը, էջ 8, որ կը քննարկէ թէ Արմագեդոնը բառացի վայր մըն է կամ ոչ։
[Նկար՝ էջ 4]
Մարդկային հարցերուն Աստուծոյ միջամտութիւնը կը կոչուի Արմագեդոն
[Նկար՝ էջ 6]
Մակեդդովի մօտ, Գեդէօն ու իր մարդիկը վճռական կռիւ մը մղեցին
[Նկար՝ էջ 6]
ՄԱԿԵԴԴՈՎ
[Նկար՝ էջ 7]
Երբ Արմագեդոնը աւարտի, ամէնուրեք մարդիկ պատերազմը պիտի նկատեն անըմբռնելի ու զզուելի