Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը»

«Բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը»

«Բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը»

‘Ձեզի կը խոստանամ որ ասիկա վերջին պատերազմը պիտի ըլլայ,– բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը’։—ՈՒՈՒՏՐՕ ՈՒԻԼՍԸՆ, Մ.Ն. ՆԱԽԱԳԱՀ (1913-1921)

ԱՍԻԿԱ աշխարհի մէկ առաջնորդին մեծ ակնկալութիւնն էր Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, շուրջ 90 տարի առաջ։ Այդ աշխարհածաւալ պատերազմը ա՛յնքան սարսափելի էր որ յաղթականները կ’ուզէին հաւատալ,– եւ հաւատալու կարիք ունէին,– թէ իրենց բազմաթիւ զոհողութիւնները մնայուն օգուտներ պիտի բերէին։ Բայց մարդկային պատերազմները հազուադէպ խնդիրներ կը լուծեն, եւ յատկապէս չեն կրնար պատերազմի արմատացած խնդիրը չքացնել։

Նախագահ Ուիլսըն այդ հապճեպ խոստումը ընելէն շուրջ 20 տարի ետք, Բ. Աշխարհամարտը սկսաւ, իր նախորդէն շատ աւելի մահ ու կործանում պատճառելով։ Երկու տասնամեակի արուեստագիտական յառաջդիմութիւնը, մարդկութիւնը զանգուածային սպանդներ գործելու մէջ աւելի ատակ դարձուցած էր։ Երբ Բ. Աշխարհամարտը վերջ գտաւ, աշխարհի առաջնորդները անդրադարձան որ պատերազմի կարելիութիւնը ա՛լ աւելի մեծ է։

1945–ին, Ամերիկացի զօրավար Տուկլաս Մէք–Արթըր յայտարարեց. «Մենք մեր վերջին առիթը ունեցած ենք։ Եթէ աւելի լաւ ու աւելի արդար դրութիւն մը չհաստատենք, Արմագեդոնը տեղի պիտի ունենայ»։

Զօրավար Մէք–Արթըր գիտէր թէ Բ. Աշխարհամարտի վերջին օրերուն՝ երկու հիւլէական ռումբ ի՛նչ պատճառած էին Նակազաքիի ու Հիրոշիմայի։ Այս երկու ճափոնական քաղաքներուն սարսափելի կործանումը զինք մղեց «Արմագեդոն» բառին նոր իմաստ մը տալու,– ամբողջական կորիզային ընդհարում, որ կրնայ մեր մոլորակին վրայ եղող քաղաքակրթութիւնը ոչնչացնել։

Հաւանական կորիզային ողջակիզութեան մտահոգութիւնը կը շարունակէ մարդկութիւնը նեղել։ 1960–ական թուականներուն, աշխարհի գերուժերը «փոխադարձ վստահ կործանում»ի ռազմավարութիւնը յղացած էին։ Անոնց նպատակակէտն էր բաւարար հրթիռներ կամ զանոնք արձակելու սարքեր ունենալ, թշնամիին քաղաքացիներուն 25 տոկոսին եւ ճարտարարուեստական կարողութեան 50 տոկոսին կործանումը երաշխաւորելու համար,– ո՛վ որ ալ ըլլայ առաջին յարձակողը։ Համաշխարհային խաղաղութիւնը պահպանելու այս ռազմավարութեամբ քիչերը մխիթարուեցան։

Ներկայիս, կորիզային զէնքերը կ’ուռճանան, իսկ շրջանային պատերազմներ կը շարունակեն բազմաթիւ մարդոց կեանքը խլել։ Կորիզային բախումի մը հաւանականութիւնը տակաւին մարդկութեան կը սպառնայ։ Թէեւ մարդիկ կը տենչան պատերազմներուն չքանալը տեսնել, սակայն քիչեր կը հաւատան թէ պատերազմ մը կամ այլ ռազմավարութիւն մը կրնայ այս նպատակակէտը իրագործել։

Այսուհանդերձ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ եզական պատերազմ մը, որ բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ։ Անիկա այս պատերազմը կը կոչէ «Արմագեդոն»,– նոյն բառը որ մարդիկ յաճախ կ’առնչեն կորիզային աղէտի մը։ Արմագեդոնը իրապէս ի՞նչպէս պատերազմին վերջ պիտի դնէ։ Յաջորդ յօդուածը կը պատասխանէ։

[Նկար՝ էջ 3]

DTRA Photo