Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գործք գիրքէն աչքառու կէտեր

Գործք գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Գործք գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Գործք գիրքը քրիստոնէական ժողովքին հաստատման եւ հետագայ ընդարձակման մանրամասն պատմութիւնն է, գրուած՝ բժիշկ Ղուկասի կողմէ։ Անիկա վառ կերպով կը նկարագրէ քրիստոնէական գործունէութիւնը՝ 28 տարուան ընթացքին,– Հ.Դ. 33–էն մինչեւ Հ.Դ. 61։

Գործք գիրքին առաջին մասը գլխաւորաբար կը ներկայացնէ Պետրոս առաքեալի գործունէութիւնը, իսկ երկրորդ մասը՝ Պօղոս առաքեալի գործունէութիւնը։ Դերանուններ գործածելով, ինչպէս՝ «մենք» եւ «մեզի», Ղուկաս կը նշէ թէ կարգ մը դէպքերուն ներկայ էր։ Գործք գիրքին պատգամին ուշադրութիւն ընծայելը պիտի օգնէ մեզի որ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին զօրութիւնը եւ իր սուրբ հոգին մեծապէս արժեւորենք։ (Եբր. 4։12) Անիկա նաեւ մեզ պիտի մղէ որ անձնազոհ ըլլանք եւ Թագաւորութեան յոյսին հանդէպ մեր հաւատքը պիտի կերտէ։

ՊԵՏՐՈՍ «ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ» ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ

(Գործք 1։1–11։18)

Սուրբ հոգին ստանալէ յետոյ, առաքեալները համարձակօրէն կը վկայեն։ Պետրոս «երկնքի թագաւորութեան [առաջին] բանալին» կը գործածէ, ‘իր խօսքերը ընդունող’ Հրեաներուն եւ նորադարձներուն առջեւ գիտութեան ու պատեհութեան դուռը բանալով, Թագաւորութիւնը մտնելու համար։ (Մատ. 16։19. Գործք 2։5, 41) Հալածանքի ալիք մը աշակերտները ցիրուցան կ’ընէ, բայց ասիկա քարոզչութեան ընդարձակման կը նպաստէ։

Երբ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները կը լսեն թէ Սամարացիները ընդունած են Աստուծոյ խօսքը, կը ղրկեն անոնց Պետրոսն ու Յովհաննէսը։ Թագաւորութեան պատեհութիւնը Սամարացիներուն մատչելի դարձնելով, Պետրոս երկրորդ բանալին կը գործածէ։ (Գործք 8։14-17) Հաւանաբար Յիսուսի յարութեան վրայ տարի մը չանցած, Տարսոնցի Սօղոս արմատականօրէն կը փոխուի։ Հ.Դ. 36–ին, Պետրոս երրորդ բանալին կը գործածէ, եւ անթլփատ հեթանոսներու վրայ սուրբ հոգիին պարգեւը կը թափուի։—Գործք 10։45

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։44-47. 4։34, 35—Հաւատացեալները ինչո՞ւ իրենց ստացուածքները ծախեցին եւ անոնց գինը բաժնեցին։ Հաւատացեալ դարձողներէն շատեր հեռաւոր տեղերէ եկած էին եւ Երուսաղէմի մէջ իրենց կեցութիւնը երկարելու համար բաւարար նիւթական միջոցներ չունէին։ Այսուհանդերձ անոնք փափաքեցան աւելի մնալ, որպէսզի իրենց նոր հաւատքին մասին ա՛լ աւելի սորվին եւ ուրիշներուն վկայեն։ Անոնց օգնելու համար, կարգ մը Քրիստոնեաներ իրենց ստացուածքները ծախեցին, եւ գումարները կարօտեալներուն բաժնուեցան։

4։13—Պետրոս ու Յովհաննէս անո՞ւս էին։ Ո՛չ։ Անոնք «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» կոչուեցան, քանի որ կրօնական մարզում հայթայթող րաբունական դպրոցներ չէին յաճախած։

5։34-39—Ղուկաս ի՞նչպէս գիտցաւ թէ Գամաղիէլ ի՛նչ ըսաւ Սենետրիոնի դռնփակ ժողովին։ Առնուազն երեք կարելիութիւններ կան. (1) Պօղոս՝ Գամաղիէլի նախկին մէկ աշակերտը, Ղուկասը տեղեկացուց. (2) Ղուկաս Սենետրիոնի կարեկից անդամի մը դիմեց, ինչպէս՝ Նիկոդէմոս. (3) Ղուկաս այս տեղեկութիւնը աստուածային ներշնչումով ստացաւ։

7։58—Ստեփանոս Յիսուսի՞ կ’աղօթէր։ Ո՛չ։ Անհատի մը պաշտամունքը,– եւ հետեւաբար աղօթքները,– միայն Եհովա Աստուծոյ պէտք է մատուցուի։ (Ղուկ. 4։8. 6։12) Բնական պայմաններու ներքեւ, Ստեփանոս Յիսուսի անունով Եհովայի պիտի աղօթէր։ (Յովհ. 15։16) Սակայն այս պարագային, Ստեփանոս տեսիլքի մը մէջ տեսաւ որ «Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած» է։ (Գործք 7։55) Լիովին գիտակցելով թէ Յիսուս մեռելները յարուցանելու զօրութիւնը ստացած է, Ստեփանոս ուղղակի Յիսուսի խօսեցաւ,– բայց չաղօթեց,– խնդրելով որ իր հոգին պահպանէ։—Յովհ. 5։27-29

Դասեր՝ մեզի համար.

1։8. Եհովայի երկրպագուներուն համաշխարհային քարոզչութիւնը կարելի չէ կատարել առանց սուրբ հոգիին օգնութեան։

4։36–5։11. Առաքեալները Կիպրացի Յովսէսը Բառնաբաս մականուանեցին, որ կը նշանակէ «Մխիթարութեան որդի», հաւանաբար քանի որ ազնիւ, քաղցր ու ձեռնտու էր։ Պէտք է ըլլանք իրեն նման եւ ո՛չ թէ Անանիայի ու Սափիրայի նման, որոնք երկերեսութեան, կեղծաւորութեան եւ խաբեբայութեան դիմեցին։

9։23-25. Քարոզչութիւնը շարունակելու համար մեր թշնամիներէն խոյս տալը վախկոտութիւն չէ։

9։28-30. Եթէ որոշ շրջաններու մէջ կամ որոշ անհատներու վկայելը՝ ֆիզիքապէս, բարոյապէս կամ հոգեւորապէս վտանգաւոր դառնայ, շրջահայեաց պէտք է ըլլանք եւ ուշադրութեամբ ընտրենք քարոզելու վայրն ու ժամանակը։

9։31. Յարաբերաբար խաղաղ ժամանակներու ընթացքին, պէտք է ջանանք ուսումնասիրութեամբ ու խոկալով մեր հաւատքը ամրացնել։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ մեր սորվածը կիրարկելով Եհովայի երկիւղով քալենք ու ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլանք։

ՊՕՂՈՍԻ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

(Գործք 11։19–28։31)

Հ.Դ. 44–ին, Ագաբոս Անտիոք կու գայ, ուր ‘տարիէ մը’ ի վեր Բառնաբաս ու Սօղոս կը սորվեցնէին։ Ագաբոս «մեծ սով մը» կը նախագուշակէ, որ երկու տարի ետք տեղի կ’ունենայ։ (Գործք 11։26-28) Երբ Երուսաղէմի մէջ ‘իրենց յանձնուած պաշտօնը կը լմնցնեն’, Բառնաբաս ու Սօղոս Անտիոք կը վերադառնան։ (Գործք 12։25) Հ.Դ. 47–ին,– Սօղոսի կրօնափոխութենէն շուրջ 12 տարի ետք,– Բառնաբաս ու Սօղոս սուրբ հոգիէն կը ղրկուին միսիոնարական շրջապտոյտ մը ընելու։ (Գործք 13։1-4) Հ.Դ. 48–ին, անոնք Անտիոք կը վերադառնան, «ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուած էին»։—Գործք 14։25

Շուրջ ինը ամիս ետք, Պօղոս (նաեւ ճանչցուած՝ Սօղոս անունով) կ’ընտրէ Շիղան որպէս ուղեկից եւ իր երկրորդ շրջապտոյտին կը ձեռնարկէ։ (Գործք 15։40) Հետագային Տիմոթէոս ու Ղուկաս Պօղոսի կ’ընկերակցին։ Ղուկաս Փիլիպպէի մէջ կը մնայ, մինչ Պօղոս Աթէնք կ’երթայ, ապա Կորնթոս, ուր Ակիւղասի ու Պրիսկիղայի կը հանդիպի եւ մէկուկէս տարի կը կենայ։ (Գործք 18։11) Հ.Դ. 52–ի սկիզբը, Կորնթոսի մէջ Տիմոթէոսն ու Շիղան ձգելով, Պօղոս իրեն հետ կ’առնէ Ակիւղասն ու Պրիսկիղան եւ կը նաւարկէ դէպի Սուրիա։ (Գործք 18։18) Ակիւղաս ու Պրիսկիղա իրեն հետ կը ճամբորդեն մինչեւ Եփեսոս, ուր կը մնան։

Հ.Դ. 52–ին, Սուրիոյ Անտիոքին մէջ որոշ ժամանակ մը անցընելէ յետոյ, Պօղոս իր երրորդ շրջապտոյտին կը ձեռնարկէ։ (Գործք 18։23) Եփեսոսի մէջ, ‘Տէրոջ խօսքը մեծապէս կ’աճի ու կը զօրանայ’։ (Գործք 19։20) Հոն Պօղոս շուրջ երեք տարի կը մնայ։ (Գործք 20։31) Հ.Դ. 56–ի Պէնտէկոստէին, Պօղոս Երուսաղէմի մէջ է։ Ձերբակալուելէ յետոյ, ան հեղինակութիւններուն առջեւ խիզախօրէն կը վկայէ։ Հռովմի մէջ, առաքեալը երկու տարի տնային կալանքի տակ կ’առնուի (շուրջ Հ.Դ. 59-61), եւ հոն կերպեր կը գտնէ որ Թագաւորութեան մասին քարոզէ ու «Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով» սորվեցնէ։—Գործք 28։30, 31

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

14։7-12—Լիւստրայի ժողովուրդը ինչո՞ւ ‘Բառնաբասը Դիոս կոչեց եւ Պօղոսը՝ Հերմէս’։ Յունական դիցաբանութեան մէջ Դիոս կամ Զեւս աստուածներուն կառավարիչն էր, իսկ անոր որդին՝ Հերմէս հանրածանօթ էր իր պերճախօսութեամբ։ Պօղոս խօսքի առաջնորդը ըլլալով, Լիւստրայի ժողովուրդը զինք Հերմէս կոչեցին եւ Բառնաբասը՝ Դիոս։

16։6, 7—Սուրբ հոգին ինչո՞ւ Պօղոսի եւ իր ընկերակիցներուն թոյլ չտուաւ որ Ասիա նահանգին ու Բիւթանիոյ մէջ քարոզեն։ Աշխատողները փոքրաթիւ ըլլալով, սուրբ հոգին զանոնք աւելի արդիւնաբեր դաշտեր առաջնորդեց։

18։12-17—Փոխ–բդեշխ Գաղիոն ինչո՞ւ չմիջամտեց, երբ ամբոխը սկսաւ Սոսթենէսը ծեծել։ Թերեւս Գաղիոն խորհեցաւ թէ այն մարդը որ ակներեւաբար Պօղոսի դէմ ելլող խուժանը կ’առաջնորդէր, արժանի պատիժ կը ստանար։ Սակայն ըստ երեւոյթին, այս միջադէպը լաւ արդիւնք մը տուաւ,– Սոսթենէս Քրիստոնէութիւնը ընդունեց։ Հետագային, Պօղոս Սոսթենէսի կ’ակնարկէ որպէս մեր «եղբայրը»։—Ա. Կոր. 1։1

18։18—Պօղոս ի՞նչ ուխտ ըրած էր։ Կարգ մը ուսումնականներ կը կարծեն թէ Պօղոս ուխտաւորի ուխտ ըրած էր։ (Թուոց 6։1-21) Սակայն Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Պօղոսի ուխտը ի՛նչ էր։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները չեն նշեր թէ Պօղոս այդ ուխտը ըրած էր իր կրօնափոխութենէն առա՛ջ թէ ետք, կամ թէ ան ուխտին սկի՛զբ թէ վերջ կու տար։ Յամենայն դէպս, այսպիսի ուխտ մը ընելը մեղք չէր։

Դասեր՝ մեզի համար.

12։5-11. Մեր եղբայրներուն համար կրնանք աղօթել եւ պէտք է որ աղօթենք։

12։21-23. 14։13-17. Հերովդէս իսկոյն ընդունեց այն փառքը որ միայն Աստուծոյ պէտք էր տրուէր։ Անոր հակապատկերն էին Պօղոս ու Բառնաբաս, որոնք անմիջապէս ու շեշտակի մերժեցին անտեղի գովաբանութիւնն ու պատիւը։ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր որեւէ իրագործման համար պէտք չէ ցանկանք փառք ստանալ։

14։5, 6. Խոհեմութիւն գործադրելը կ’օգնէ որ ծառայութեան մէջ գործունեայ մնանք։—Մատ. 10։23

14։21. Քրիստոնեաները նեղութիւններ կ’ակնկալեն։ Անոնք չեն փորձեր անոնցմէ խուսափիլ՝ իրենց հաւատքին մէջ զիջում ընելով։—Բ. Տիմ. 3։12

16։1, 2. Քրիստոնեայ պատանիները հոգեւորապէս ջանասէր պէտք է ըլլան ու Եհովայի օգնութիւնը խնդրեն որ բարի անուն մը կերտեն։

16։3. Աստուածաշնչական սահմաններէն ներս մեր կարելին պէտք է ընենք որ բարի լուրը ուրիշներուն ընդունելի դարձնենք։—Ա. Կոր. 9։19-23

20։20, 21. Տունէ տուն վկայութիւնը մեր ծառայութեան հիմնական մէկ երեսակն է։

20։24. 21։13. Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահելը, մեր կեանքը պահպանելէն աւելի կարեւոր է։

21։21-26. Լաւ խրատ ընդունելու յօժար պէտք է ըլլանք։

25։8-12. Ներկայիս Քրիստոնեաները մատչելի օրինական միջոցները կրնան գործածել եւ պէտք է գործածեն՝ «աւետարանին ջատագովութեան ու հաստատութեան» համար։—Փիլ. 1։7

26։24, 25. «Ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր» պէտք է խօսինք, թէեւ անոնք «շնչաւոր մարդ»ուն համար յիմարութիւն են։—Ա. Կոր. 2։14

[Նկար՝ էջ 10]

Պետրոս ե՞րբ «թագաւորութեան բանալիները» գործածեց

[Նկար՝ էջ 11]

Համաշխարհային վկայութեան գործը առանց սուրբ հոգիին օգնութեան կարելի չէ կատարել