Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչպէս Կառավարիչ մարմինը կազմակերպուած է

Ի՛նչպէս Կառավարիչ մարմինը կազմակերպուած է

Ի՛նչպէս Կառավարիչ մարմինը կազմակերպուած է

ԵՀՈՎԱՅԻ Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը կը բաղկանայ նուիրուած տղամարդոցմէ, որոնք Աստուծոյ օծեալ ծառաներ են։ Անոնք կը գործեն իբրեւ ներկայացուցիչներ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին, որ հոգեւոր սնունդ հայթայթելու եւ համայն աշխարհի մէջ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ուղղելու եւ անոր թափ տալու պատասխանատուութիւնը ունի։—Մատ. 24։14, 45-47

Կառավարիչ Մարմինի ժողովները ամէն շաբաթ կը գումարուին, սովորաբար Չորեքշաբթի օրը։ Ասիկա կարելի կը դարձնէ որ այս եղբայրները միութեամբ գործեն։ (Սաղ. 133։1) Կառավարիչ Մարմինի անդամները նաեւ կը ծառայեն զանազան յանձնախումբերու մէջ։ Իւրաքանչիւր յանձնախումբ կը վերահսկէ Թագաւորութեան շահերուն հետ կապ ունեցող որոշ գործունէութիւններու վրայ, ինչպէս ստորեւ հակիրճօրէն նշուած է։

▪ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. Այս յանձնախումբը կը բաղկանայ Կառավարիչ Մարմինի իւրաքանչիւր յանձնախումբին համակարգողէն եւ քարտուղարէ մը, որ նաեւ Կառավարիչ Մարմինի անդամ է։ Անիկա վստահ կ’ըլլայ թէ բոլոր յանձնախումբերը դիւրասահ կերպով ու ատակօրէն կը գործեն։ Անիկա նաեւ կը հետաքրքրուի Եհովայի Վկաներուն ազդող ստիպողական պարագաներով, հալածանքներով, աղէտներով եւ այլ անյետաձգելի հարցերով։

▪ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. Այս յանձնախումբին մէջ եղող եղբայրներուն վստահուած է համայն աշխարհի մէջ Պէթէլի ընտանիքի անդամներուն անձնական եւ հոգեւոր բարօրութեան ու աջակցութեան համար եղած կարգադրութիւններուն վերատեսչութիւնը։ Այս յանձնախումբը Պէթէլի ընտանիքներու նոր անդամներ կ’ընտրէ ու կը հրաւիրէ, եւ Պէթէլի ծառայութեան վերաբերեալ հարցումներուն կը պատասխանէ։

▪ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. Այս յանձնախումբը կը վերահսկէ համայն աշխարհի մէջ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ տպելու, հրատարակելու եւ առաքելու գործին վրայ։ Անիկա Եհովայի Վկաներու կողմէ գործածուած հիմնարկներուն ունեցած տպարաններուն ու կալուածներուն վրայ կը վերահսկէ։ Այս յանձնախումբը հոգ կը տանի որ Թագաւորութեան համաշխարհային գործին համար նուիրուած հիմնադրամները լաւագոյն կերպով գործածուին։

▪ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. Այս յանձնախումբին անդամները կը վերահսկեն քարոզչութեան եւ այն հարցերուն վրայ, որոնք կ’ազդեն ժողովքներուն, ռահվիրաներուն, երէցներուն եւ ճամբորդող տեսուչներուն։ Անիկա Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին պատրաստութեան վրայ կը վերահսկէ, Գաղաադի Դպրոցին ու Ծառաներու Մարզումի Դպրոցին աշակերտները կը հրաւիրէ, ապա աւարտող աշակերտներուն նշանակումներ կու տայ։

▪ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. Այս յանձնախումբը կը վերահսկէ այն նիւթերուն վրայ, որոնք միօրեայ, շրջանային ու նահանգային համաժողովներուն եւ ժողովքային հանդիպումներուն կը ներկայացուին։ Անիկա Պէթէլի ընտանիքի անդամներուն համար հոգեւոր յայտագիրներ կը կարգադրէ, եւ զանազան դպրոցներու վրայ կը վերահսկէ, ինչպէս՝ Գաղաադի Դպրոցը եւ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցը։ Անիկա նաեւ լսատեսողական յայտագիրներու պատրաստութեան վրայ կը վերահսկէ։

▪ ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. Այս յանձնախումբին պատասխանատուութիւնն է հոգեւոր սնունդին գրութեան վրայ վերահսկել, որպէսզի հրատարակուի ու բաշխուի հաւատակիցներուն եւ հանրութեան։ Այս յանձնախումբը աստուածաշնչական հարցումներու կը պատասխանէ եւ կարգ մը նիւթեր կը վաւերացնէ, ինչպէս՝ թատերախաղի բնագիրը եւ դասախօսութեան ուրուագիծը։ Անիկա նաեւ համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող թարգմանութեան գործին վրայ կը վերահսկէ։

Պօղոս առաքեալ օծեալներու ժողովքը նմանցուց մարդկային մարմնին եւ ընդգծեց բոլոր անդամներուն ունեցած կարեւոր դերերը, ինչպէս նաեւ՝ իրարմէ կախեալ ըլլալը, սէրը եւ համագործակցութիւնը՝ աստուածատուր գործը ընելուն մէջ։ (Հռով. 12։4, 5. Ա. Կոր. 12։12-31) Գլուխը՝ Յիսուս Քրիստոս, մարմնի անդամներուն կը հայթայթէ ի՛նչ որ հարկ է լաւ համագործակցութեան, ներդաշնակութեան ու հոգեւոր սնուցման համար։ (Եփ. 4։15, 16. Կող. 2։19) Այսպէս Կառավարիչ Մարմինը կազմակերպուած է առաջնորդութիւնը առնելու, մինչ Եհովա անոր անդամները սուրբ հոգիով կ’առաջնորդէ։