Հոգեւորապէս յառաջդիմէ՝ Պօղոսի օրինակին հետեւելով
Հոգեւորապէս յառաջդիմէ՝ Պօղոսի օրինակին հետեւելով
«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի»։—Բ. ՏԻՄ. 4։7
1, 2. Տարսոնցի Սօղոս իր կեանքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ մտցուց, եւ ի՞նչ կարեւոր գործի մը ձեռնարկեց։
ՏԱՐՍՈՆՑԻ Սօղոսը ուշիմ ու վճռական էր, բայց «մարդկային բնութեան յատուկ ցանկութիւններով կ’ապրէր»։ (Եփ. 2։3, Անթիլիաս) Հետագային ան ըսաւ թէ «հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող»։—Ա. Տիմ. 1։13
2 Ժամանակի ընթացքին, Սօղոս իր կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ մտցուց։ Ան իր նախկին ուղիները լքեց ու լրջօրէն ջանաց ‘իր անձին օգուտը չփնտռել, հապա՝ շատերունը’։ (Ա. Կոր. 10։33) Ան մեղմաբարոյ եղաւ եւ նախապէս իր ատելութեան թիրախ եղող անհատներուն հանդէպ գորով ցուցաբերեց։ (Կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8) «Ես սպասաւոր եղայ», գրեց ան, ապա աւելցուց. «Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ, հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու»։—Եփ. 3։7, 8
3. Պօղոսի նամակներն ու ծառայութեան արձանագրութիւնը ուսումնասիրելը ի՞նչ կերպով կրնայ մեզի օգնել։
3 Սօղոս, որ ճանչցուած էր նաեւ Պօղոս անունով, ակնառու հոգեւոր յառաջդիմութիւն արձանագրեց։ (Գործք 13։9) Ճշմարտութեան մէջ մեր անձնական յառաջդիմութիւնը արագացնելու ստոյգ մէկ կերպն է՝ Պօղոսի նամակներն ու ծառայութեան արձանագրութիւնը ուսումնասիրել, ապա անոր հաւատքը ընդօրինակել։ (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 11։1. Եբրայեցիս 13։7) Այժմ տեսնենք թէ ասիկա ընելը ի՛նչպէս պիտի մղէ մեզ որ անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորամոլութիւն մը զարգացնենք, մարդոց հանդէպ հարազատ սէր մշակենք եւ մեր անձին նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենանք։
Պօղոսի ուսումնասիրութեան սովորամոլութիւնը
4, 5. Անձնական ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս Պօղոսի օգտակար եղաւ։
4 Որպէս Փարիսեցի մը, որ «Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու . . . հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած» էր, Պօղոս արդէն Սուրբ Գրութիւններուն մասին որոշ գիտութիւն ունէր։ (Գործք 22։1-3. Փիլ. 3։4-6) Իր մկրտութենէն անմիջապէս ետք, ան ‘Արաբիա գնաց’,– Սուրիոյ անապատը կամ Արաբական թերակղզիին մէկ հանդարտ շրջանը, որ խոկալու յարմար էր։ (Գաղ. 1։17) Ըստ երեւոյթին, Պօղոս ուզեց խոկալ այն համարներուն վրայ, որոնք կը փաստէին թէ Յիսուս Մեսիան էր։ Ասկէ զատ, ան ուզեց իր առջեւ դրուած գործին համար պատրաստուիլ։ (Կարդալ՝ Գործք 9։15, 16, 20, 22) Պօղոս հոգեւոր բաներու վրայ խոկալու համար ժամանակ տրամադրեց։
5 Անձնական ուսումնասիրութեամբ Պօղոսի ձեռք ձգած աստուածաշնչական գիտութիւնն ու խորատեսութիւնը, կարելի դարձուցին որ ճշմարտութիւնը ազդուօրէն սորվեցնէ։ Օրինակ, Պիսիդիայի Անտիոքի ժողովարանին մէջ, Պօղոս Եբրայերէն Գրութիւններէն առնուազն հինգ ուղղակի մէջբերում գործածեց, փաստելու համար թէ Յիսուս Մեսիան էր։ Պօղոս նաեւ Սուրբ Գրութիւններուն բազմիցս ակնարկեց։ Անոր աստուածաշնչական ապացոյցները ա՛յնքան համոզիչ էին որ «Հրեաներէն ու նորահաւատ բարեպաշտներէն շատեր Պօղոսին ու Բառնաբասին ետեւէն կ’երթային», աւելի բաներ սորվելու համար։ (Գործք 13։14-44) Տարիներ ետք, Հռովմի մէջ Հրեաներ իրեն այցելելով, Պօղոս «անոնց կը բացատրէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ կը վկայէր անոր մասին. . . . կը համոզէր զանոնք՝ փաստարկելով Յիսուսի մասին թէ՛ Մովսէսի Օրէնքէն, թէ՛ ալ Մարգարէներէն»։—Գործք 28։17, 22, 23, ԱՎ
6. Փորձութիւններու ներքեւ, ի՞նչ բան Պօղոսի օգնեց որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ։
Եբր. 4։12) Մահապատիժի ենթարկուելէ առաջ՝ մինչ Հռովմի մէջ բանտարկուած էր, Պօղոս Տիմոթէոսէ խնդրեց որ իրեն հետ բերէ «գրքերն» ու «մագաղաթները»։ (Բ. Տիմ. 4։13) Անոնք հաւանաբար Եբրայերէն Գրութիւններէն հատուածներ էին, զորս Պօղոս կը գործածէր իր խորազնին ուսումնասիրութեան մէջ։ Կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ Սուրբ Գրութիւններէն գիտութիւն ստանալը Պօղոսի համար կենսական էր, որպէսզի կարենար հաստատ մնալ։
6 Փորձութիւններու դիմաց, Պօղոս շարունակեց Սուրբ Գրութիւնները քննել եւ անոնց ներշնչեալ պատգամէն զօրութիւն ստանալ։ (7. Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութենէն ի՞նչ օգուտներ կրնաս քաղել։
7 Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը, նպատակալից խորհրդածութեան հետ մէկտեղ, մեզի պիտի օգնէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ (Եբր. 5։12-14) Աստուծոյ Խօսքին արժէքին նկատմամբ սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։ Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին, քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։ Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի, որպէս զի քու խօսքդ պահեմ»։ (Սաղ. 119։72, 98, 101) Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան կանոնաւոր յայտագիր ունի՞ս։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ապագայ նշանակումներու համար կը պատրաստուի՞ս, Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով եւ կարդացածիդ վրայ խոկալով։
Սօղոս մարդիկը սիրել սորվեցաւ
8. Սօղոս Հրէականութեան չպատկանող մարդոց հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։
8 Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ, Սօղոս իր կրօնքին նախանձախնդիր էր, բայց Հրէականութեան չպատկանող մարդոց հանդէպ չնչին հետաքրքրութիւն ունէր։ (Գործք 26։4, 5) Երբ կարգ մը Հրեաներ Ստեփանոսը քարկոծեցին, Սօղոս կամակից էր անոր սպաննուելուն, եւ թերեւս զայն արժանի պատիժ նկատեց։ Ան այս դէպքին ականատես ըլլալով համարձակութիւն հաւաքած ըլլալու էր։ (Գործք 6։8-14. 7։54–8։1) Ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Սօղոս եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար»։ (Գործք 8։3) Ան «մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէր» զանոնք։—Գործք 26։11
9. Ո՞ր փորձառութիւնը պատճառ եղաւ որ Սօղոս իր վարուելակերպը վերաքննէ։
9 Երբ Սօղոս դէպի Դամասկոս կ’ուղղուէր, Քրիստոսի աշակերտները նեղելու համար, Տէր Յիսուս անոր երեւցաւ։ Աստուծոյ Որդիին գերբնական փայլքը պատճառ եղաւ որ Սօղոս տեսողութիւնը կորսնցնէ եւ ուրիշներէ կախեալ ըլլայ։ Երբ Եհովա Անանիայի միջոցաւ Սօղոսի տեսողութիւնը վերահաստատեց, մարդոց հանդէպ Սօղոսի տեսակէտը արդէն իսկ փոխուած էր։ (Գործք 9։1-30) Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալով, ան ջանաց բոլոր մարդոց հետ վարուիլ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս վարուեցաւ։ Ասիկա նշանակեց բռնութիւնը լքել եւ «ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն» ունենալ։—Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։17-21
10, 11. Պօղոս մարդոց հանդէպ ի՞նչպէս հարազատ սէր ցուցաբերեց։
10 Պօղոս չէր բաւարարուած ուրիշներուն հետ միա՛յն խաղաղութեան մէջ ըլլալով։ Ան ուզեց անոնց հանդէպ հարազատ սէր ցուցաբերել, եւ քրիստոնէական ծառայութիւնը այս պատեհութիւնը տուաւ իրեն։ Իր առաջին միսիոնարական շրջապտոյտին ընթացքին, ան բարի լուրը քարոզեց Փոքր Ասիոյ մէջ։ Ի հեճուկս վայրագ հակառակութեան, Պօղոս եւ իր ուղեկիցները կեդրոնացան հեզերուն օգնելու վրայ, որ Քրիստոնէութիւնը ընդունին։ Անոնք Լիւստրա եւ Իկոնիոն վերստին այցելեցին, թէեւ հոն հակառակորդները փորձած էին Պօղոսը սպաննել։—Գործք 13։1-3. 14։1-6, 18-22
11 Հետագային, Պօղոս ու իրեն ընկերակցող խմբակը Մակեդոնիոյ Փիլիպպէ քաղաքին մէջ ուղղաբարոյ մարդիկ փնտռեցին։ Լիդիա անունով Հրեայ նորահաւատ մը բարի լուրը մտիկ ըրաւ եւ Քրիստոնեայ եղաւ։ Քաղաքին մեծաւորները Պօղոսն ու Շիղան խարազանեցին ու զանոնք բանտը նետեցին։ Սակայն Պօղոս բանտապահին քարոզեց, եւ ան ու իր ընտանիքը մկրտուեցան որպէս Եհովայի երկրպագուներ։—Գործք 16։11-34
12. Ի՞նչ բան պնդերես Սօղոսը մղեց որ Յիսուս Քրիստոսի գորովալից առաքեալը դառնայ։
12 Նախապէս հալածիչ Սօղոսը ինչո՞ւ իր զոհերուն Գաղ. 1։15, 16, ԱՎ) Ան նաեւ Տիմոթէոսի գրեց. «Անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամենէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ երկայնմտութիւնը՝ օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար»։ (Ա. Տիմ. 1։16) Եհովա Պօղոսի ներեց, եւ այս շնորհքն ու ողորմութիւնը ստանալը զինք մղեց ուրիշներուն սէր ցուցաբերելու, բարի լուրը քարոզելով։
հաւատքը որդեգրեց։ Ի՞նչ բան այդ պնդերես մարդը մղեց որ քաղցր ու գորովալից առաքեալը դառնայ, որ պատրաստ էր իր կեանքը վտանգելու, որպէսզի ուրիշներ կարենային Աստուծոյ ու Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը սորվիլ։ Պօղոս ինք կը բացատրէ. ‘Աստուած, որ զիս կանչեց իր շնորհքին միջոցով, բարեհաճեցաւ իր Որդին յայտնել ինձմով’։ (13. Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
13 Եհովա նոյնպէս մեր մեղքերն ու սխալները կը ներէ։ (Սաղ. 103։8-14) «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ», հարց տուաւ սաղմոսերգուն։ (Սաղ. 130։3) Առանց Աստուծոյ ողորմութեան, մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ սրբազան ծառայութեան ուրախութիւնը վայելել, ո՛չ ալ յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը ունենալ։ Աստուծոյ շնորհքը մեր բոլորին հանդէպ մեծ եղած է։ Հետեւաբար Պօղոսի նման պէտք է փափաքինք ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցաբերել՝ անոնց քարոզելով ու ճշմարտութիւնը սորվեցնելով եւ մեր հաւատակիցները ամրացնելով։—Կարդալ՝ Գործք 14։20-22
14. Ի՞նչպէս կրնանք մեր ծառայութիւնը ընդարձակել։
14 Պօղոս ուզեց իբրեւ բարի լուրի քարոզիչ յառաջդիմել, եւ Յիսուսի օրինակը իր սրտին դպաւ։ Կերպերէն մէկը՝ որով Աստուծոյ Որդին մարդոց հանդէպ աննման սէր ցուցաբերեց, իր հանրային ծառայութիւնն էր։ Յիսուս ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ (Մատ. 9։35-38) Յաւելեալ մշակներ հանելու խնդրանքին հետ ներդաշնակ գործելով, Պօղոս նախանձախնդիր մշակ մը եղաւ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Կրնա՞ս ծառայութեանդ որակը բարելաւել։ Կամ, կրնա՞ս Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ մասնակցութիւնդ աւելցնել, թերեւս ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկելով։ Թող ուրիշներուն հանդէպ հարազատ սէր ցուցաբերենք, անոնց օգնելով որ ‘կենաց խօսքը ամուր բռնեն’։—Փիլ. 2։16
Իր անձին հանդէպ Պօղոսի տեսակէտը
15. Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն կապակցաբար, Պօղոս ինքզինք ի՞նչպէս նկատեց։
15 Իբրեւ Քրիստոնեայ ծառայ, Պօղոս այլ կերպով մըն ալ մեզի ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ բազմաթիւ առանձնաշնորհումներ ստանալով հանդերձ, Պօղոս գիտակից էր թէ այդ օրհնութիւնները չշահեցաւ եւ իր կարողութիւններուն շնորհիւ չէին։ Ան անդրադարձաւ որ իր վայելած օրհնութիւնները Աստուծոյ շնորհքին արտայայտութիւններն էին։ Պօղոս զատորոշեց որ այլ Քրիստոնեաներ ալ բարի լուրի ազդու ծառաներ էին։ Հակառակ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ իր վայելած դիրքին, ան խոնարհ մնաց։—Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 15։9-11
16. Թլփատութեան հարցին առնչութեամբ Պօղոս ի՞նչպէս խոնարհութիւն ու համեստութիւն ցուցաբերեց։
16 Նկատի առ թէ Պօղոս Սուրիոյ Անտիոքի մէջ ծագած խնդիր մը ի՛նչպէս ձեռք առաւ։ Հոն եղող Քրիստոնեայ ժողովքը թլփատութեան հարցին շուրջ բաժնուած էր։ (Գործք 14։25–15։2) Անթլփատ հեթանոսներուն քարոզելու մէջ առաջնորդութիւն առնելու նշանակումը ունենալով, Պօղոս կրնար խորհիլ թէ ոչ–Հրեաներու վերաբերեալ հարցերու մասնագէտ էր, եւ հետեւաբար խնդիրը լուծելու՝ ատակ։ (Կարդալ՝ Գաղատացիս 2։8, 9) Սակայն, երբ իր ջանքերը հարցը չլուծեցին, ան խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ կառավարիչ մարմինին դիմեց Երուսաղէմի մէջ։ Պօղոս լիովին համագործակցեցաւ, մինչ կառավարիչ մարմինը հարցը քննեց, որոշում մը կայացուց եւ զինք նշանակեց իբրեւ իր մէկ պատգամաբերը։ (Գործք 15։22-31) Այսպէս Պօղոս իր ծառայակիցները պատուելու մէջ «գերազանցեց»։—Հռով. 12։10բ, Անթիլիաս
17, 18. (ա) Պօղոս ժողովքի անդամներուն հանդէպ ի՞նչ զգացում մշակեց։ (բ) Եփեսոսի երէցներուն հակազդեցութիւնը, Պօղոսի մասին ի՞նչ կը յայտնէ մեզի։
17 Խոնարհ Պօղոս ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ պաղութիւն ցոյց չտուաւ։ Փոխարէն, ան կապուեցաւ անոնց։ Հռովմէացիներուն յղած իր նամակին վերջաւորութեան, ան աւելի քան 20 հոգիի բարեւներ ղրկեց, անունները տալով։ Անոնց մեծ մասը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ այլուր չէ յիշուած եւ քիչեր մասնայատուկ առանձնաշնորհումներ ունէին։ Բայց անոնք Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ էին, եւ Պօղոս զանոնք շատ կը սիրէր։—Հռով. 16։1-16
18 Պօղոսի խոնարհ ու բարեկամական մօտեցումը ժողովքները կերտեց։ Եփեսոսի երէցներուն հետ վերջին անգամ տեսակցելէ ետք, անոնք «Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։ Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը»։ Անոնք այսպէս պիտի չհակազդէին, եթէ ան հպարտ ու վերապահ անհատ մը ըլլար։—Գործք 20։37, 38
19. Ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ «խոնարհութիւնով» վարուիլ։
19 Հոգեւորապէս յառաջդիմել փափաքող բոլոր անհատները խոնարհ հոգի մը պէտք է ցուցաբերեն, ինչպէս Պօղոս ըրաւ։ Ան Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք»։ (Փիլ. 2։3) Ի՞նչպէս կրնանք այս խրատին հետեւիլ։ Կերպերէն մէկն է՝ մեր ժողովքի երէցներուն հետ համագործակցիլ, անոնց ուղղութեան հետեւիլ եւ անոնց դատական որոշումներուն նեցուկ ըլլալ։ (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։17) Ուրիշ կերպ մըն է՝ մեր հաւատակից եղբայրներն ու քոյրերը մեծապէս արժեւորել։ Եհովայի ժողովուրդին ժողովքները յաճախ կը բաղկանան՝ ազգային, մշակութային, ցեղային ու էթնիքական զանազան ենթահողերու պատկանող անհատներէ։ Սակայն պէտք չէ՞ սորվինք բոլորին հետ անաչառութեամբ ու խանդաղատանքով վարուիլ, ինչպէս Պօղոս ըրաւ։ (Գործք 17։26. Հռով. 12։10ա) Մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ ‘մէկզմէկ ընդունինք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար’։—Հռով. 15։7
Կեանքի մրցարշաւը «համբերութիւնով վազենք»
20, 21. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ կեանքի մրցարշաւը յաջողապէս վազելու։
20 Քրիստոնեային կեանքը կրնայ երկար մրցավազքի մը նմանցուիլ։ Պօղոս գրեց. «Ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը։ Ո՛չ միայն ինծի, հապա այն ամենուն ալ՝ որ սիրեցին անոր յայտնուիլը»։—Բ. Տիմ. 4։7, 8
21 Պօղոսի օրինակին հետեւիլը մեզի պիտի օգնէ որ յաւիտենական կեանքի մրցարշաւը յաջողապէս վազենք։ (Եբր. 12։1) Արդ, ամէն գնով շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել՝ անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորամոլութիւն հաստատելով, մարդոց հանդէպ խոր սէր մշակելով եւ խոնարհ կեցուածք պահպանելով։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Պօղոս ի՞նչպէս օգտուեցաւ Սուրբ Գրութիւններու կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութենէն։
• Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար ինչո՞ւ մարդոց հանդէպ խոր սէրը կարեւոր է։
• Ի՞նչ յատկութիւններ ունենալը քեզի պիտի օգնէ որ ուրիշներուն հետ անաչառօրէն վարուիս։
• Պօղոսի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգնել որ ժողովքիդ երէցներուն հետ համագործակցիս։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]