Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մինչ պատանի ես, ընտրէ՛ Եհովայի ծառայել

Մինչ պատանի ես, ընտրէ՛ Եհովայի ծառայել

Մինչ պատանի ես, ընտրէ՛ Եհովայի ծառայել

«Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր»։—Բ. ՏԻՄ. 3։14

1. Եհովա իր պատանի Վկաներուն ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ սրբազան ծառայութիւնը ա՛յնքան կարեւոր է, որ Եհովա անոնց նկատմամբ մարգարէութիւն մը տուած է։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի»։ (Սաղ. 110։3) Այո, Եհովա իրեն ծառայել փափաքող պատանիները մեծապէս կ’արժեւորէ։

2. Ներկայիս պատանիները իրենց ապագային նկատմամբ ի՞նչ աշխարհային ազդեցութիւններ կը դիմագրաւեն։

2 Պատանինե՛ր, Եհովայի նուիրուա՞ծ էք։ Շատեր ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու ընտրութիւնը դժուար կը գտնեն։ Առեւտրականներ, դաստիարակներ եւ երբեմն ընտանիքի անդամներ ու բարեկամներ, պատանիներուն առջեւ նիւթապաշտական նպատակակէտեր կը դնեն։ Երբ պատանիներ հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլան, աշխարհը յաճախ զիրենք կ’արհամարհէ։ Բայց իրականութիւնը այն է թէ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելը լաւագոյն կենցաղն է։ (Սաղ. 27։4) Այս ուղղութեամբ, երեք հարցում նկատի առ. Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէտք է ծառայես։ Ի՞նչպէս կրնաս յաջողիլ որպէս Աստուծոյ նուիրուած անձ, ուրիշներ ի՛նչ որ ալ ըսեն կամ ընեն։ Սրբազան ծառայութեան ի՞նչ սքանչելի պատեհութիւններ կրնան քեզի մատչելի ըլլալ։

Եհովայի ծառայելը շիտակ որոշումն է

3. Եհովայի ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս մեզի պէտք է ազդէ։

3 Ինչո՞ւ ճշմարիտ ու ապրող Աստուծոյ պէտք է ծառայես։ Յայտնութիւն 4։10–ը գլխաւոր պատճառը կու տայ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Եհովա գոյութիւն ունեցող բոլոր բաներուն հոյակապ Ստեղծիչն է։ Ո՜րքան գեղեցիկ է երկրագունդը։ Եհովա ստեղծած է ծառերը, ծաղիկները, անասունները, ովկիանոսները, լեռներն ու ջրվէժները։ «Երկիրը լեցուած է [Աստուծոյ] ստեղծածներով», կը նշէ Սաղմոս 104։24–ը։ Ո՜րքան երախտապարտ ենք որ Եհովա սիրալիրօրէն մեզի տուած է մարմին ու միտք, որոնք մեզի թոյլ կու տան որ երկիրը ու անոր վրայ եղող բարի բաները վայելենք։ Սքանչելի ստեղծագործութեան հանդէպ սրտագին գնահատութիւնը պէտք չէ՞ մեզ մղէ իրեն ծառայելու։

4, 5. Աստուծոյ ո՞ր արարքները Յեսուն իրեն մօտեցուցին։

4 Իսրայելացի առաջնորդ Յեսուի խօսքերը, Եհովայի ծառայելու ուրիշ պատճառ մը կը յայտնեն։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, Յեսու Աստուծոյ ժողովուրդին ըսաւ. «Ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան»։ Ան ինչո՞ւ կրնար ասիկա ըսել։—Յես. 23։14

5 Մինչ Յեսու Եգիպտոսի մէջ կը մեծնար, տեղեկացած ըլլալու էր Եհովայի խոստումին մասին թէ Իսրայելացիներուն սեփական երկիր մը պիտի տար։ (Ծննդ. 12։7. 50։24, 25. Ել. 3։8) Ապա Յեսու տեսաւ թէ Եհովա ի՛նչպէս սկսաւ այդ խոստումը կատարել՝ Եգիպտոսի վրայ Տասը Հարուածները բերելով եւ պնդագլուխ Փարաւոնը ստիպելով որ Իսրայէլի որդիները ազատ արձակէ։ Յեսու միւս Իսրայելացիներուն հետ Կարմիր ծովը կտրեց, ապա տեսաւ Փարաւոնի ու եգիպտական զօրքին կործանումը։ Սինայի ‘մեծ ու ահագին անապատին’ մէջ իրենց ճամբորդութեան ընթացքին, Յեսու տեսաւ թէ Եհովա ի՛նչպէս Իսրայելացիներուն բոլոր կարիքները լեցուց։ Անոնցմէ ո՛չ ոք ծարաւէ կամ անօթութենէ մեռաւ։ (Բ. Օր. 8։3-5, 14-16. Յես. 24։5-7) Յեսու նաեւ շօշափեց Աստուծոյ աջակցութիւնը, երբ ժամանակը եկաւ որ Իսրայելացիները Քանանի հզօր ազգերը նուաճեն ու Խոստացեալ Երկրին տիրանան։—Յես. 10։14, 42

6. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ ծառայելու փափաքը մշակես։

6 Գիտնալով թէ Եհովա Իր խոստումները պահած էր, Յեսու ըսաւ. «Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։ (Յես. 24։15) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Երբ խորհիս այն խոստումներուն մասին, զորս ճշմարիտ Աստուածը արդէն կատարած է եւ զորս տակաւին պիտի կատարէ, կը փափաքի՞ս իրեն ծառայել՝ ինչպէս Յեսու ըրաւ։

7. Ջուրի մկրտութիւնը ինչո՞ւ առնուելիք անհրաժեշտ քայլ մըն է։

7 Եհովայի ստեղծագործութիւններուն մասին խորհրդածելը եւ իր սքանչելի ու կատարելապէս վստահելի խոստումներուն վրայ խոկալը, քեզ պէտք է մղեն ո՛չ միայն Եհովայի նուիրուելու, այլ նաեւ՝ ջուրի մկրտութեամբ այդ նուիրումը խորհրդանշելու։ Մկրտութիւնը Աստուծոյ ծառայել փափաքողներուն կողմէ առնուելիք անհրաժեշտ քայլ մըն է։ Մեր Տիպարը՝ Յիսուս այս կէտը յստակացուց։ Որպէս Մեսիա իր գործը սկսելէն առաջ, ան Յովհաննէս Մկրտիչի դիմեց որ մկրտուի։ Ինչո՞ւ։ Հետագային ան ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց»։ (Յովհ. 6։38) Յիսուս մկրտուեցաւ, որպէսզի իր Հօր կամքը կատարելու համար ինքզինք ներկայացնելը խորհրդանշէր։—Մատ. 3։13-17

8. Տիմոթէոս ինչո՞ւ ընտրեց Աստուած պաշտել, իսկ դուն թերեւս ի՞նչ պէտք է ընես։

8 Նաեւ նկատի առ երիտասարդ Տիմոթէոսը, որուն Եհովա ժամանակի ընթացքին շատ պարտականութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ տուաւ։ Տիմոթէոս ինչո՞ւ որոշեց ճշմարիտ Աստուածը պաշտել։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ան ‘իր սորված բաներուն հաւատաց’։ (Բ. Տիմ. 3։14) Եթէ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրած ես եւ համոզուած ես թէ անոր ուսուցումները ճշմարիտ են, Տիմոթէոսի պարագային պէս պարագայ մը ունիս։ Այժմ որոշում մը պէտք է կայացնես։ Ինչո՞ւ ծնողքիդ հետ չխօսիս ընելիքիդ մասին։ Ժողովքի երէցներուն հետ մէկտեղ, անոնք կրնան քեզի օգնել որ մկրտութեան վերաբերեալ աստուածաշնչական պահանջները հասկնաս։—Կարդալ՝ Գործք 8։12

9. Երբ մկրտութեան քայլը առնես, ուրիշներ ի՞նչպէս պիտի ազդուին։

9 Եթէ մկրտուիս, ասիկա ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու ընտիր սկիզբ մը պիտի ըլլայ։ Այս քայլը առնելով, երկար մրցավազքի մը կը ձեռնարկես, որուն վարձատրութիւններն են՝ յաւիտենական կեանքը եւ այն ուրախութիւնը որ հիմա յառաջ կու գայ Աստուծոյ կամքը ընելէն։ (Եբր. 12։2, 3) Պիտի ուրախացնես ընտանիքիդ անդամները, որոնք արդէն այս մրցավազքին մէջ են, եւ բարեկամներդ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ամենէն կարեւորը, Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնես։ (Կարդալ՝ Առակաց 23։15) Ճիշդ է որ ուրիշներ թերեւս չհասկնան թէ ինչո՛ւ ընտրեցիր Եհովան պաշտել, եւ կրնան որոշումդ հարցականի տակ դնել։ Անոնք նոյնիսկ կրնան քեզի հակառակիլ։ Բայց կրնաս յաջողապէս այս մարտահրաւէրները դիմագրաւել։

Երբ ուրիշներ քեզի հարցնեն կամ հակառակին

10, 11. (ա) Աստուծոյ ծառայելու որոշումիդ մասին մարդիկ ի՞նչ հարցումներ կրնան ուղղել։ (բ) Ճշմարիտ պաշտամունքին մասին ուղղուած հարցումներուն Յիսուսի պատասխանած կերպէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

10 Եհովայի ծառայելու որոշումդ կրնայ դպրոցակիցներդ, դրացիներդ եւ ազգականներդ շփոթութեան մատնել։ Անոնք թերեւս քեզի հարցնեն թէ ինչո՛ւ այս ընթացքը ընտրեցիր, եւ հաւատքիդ մասին հարցումներ ուղղեն։ Ի՞նչպէս պէտք է պատասխանես։ Հարկաւ մտածումդ ու զգացումներդ պէտք է վերլուծես, որպէսզի կարենաս որոշումիդ պատճառները բացատրել։ Իսկ հաւատալիքներուդ մասին ուղղուած հարցումներուն պատասխանելու համար, կրնաս Յիսուսի հանդիսացած լաւագոյն օրինակին հետեւիլ։

11 Երբ Հրեայ կրօնական առաջնորդներ յարութեան շուրջ հարցումներ ուղղեցին Յիսուսի, ան իրենց ուշադրութեան յանձնեց համար մը, որ հաշուի չէին առած։ (Ել. 3։6. Մատ. 22։23, 31-33) Երբ դպիր մը հարցուց թէ ո՛րն էր բոլոր պատուիրաններուն առաջինը, Յիսուս յարմար համարներ մէջբերեց, եւ ան Յիսուսի պատասխանը գնահատեց։ (Ղեւ. 19։18. Բ. Օր. 6։5. Մար. 12։28-34) Յիսուսի խօսելակերպին ու Սուրբ Գրութիւններուն գործածութեան պատճառաւ՝ «ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն եղաւ անոր համար», եւ հակառակորդները չկրցան իրեն վնաս հասցնել։ (Յովհ. 7։32-46) Երբ հաւատքիդ մասին ուղղուած հարցումներու կը պատասխանես, Աստուածաշունչը գործածէ եւ «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» ընդառաջէ։ (Ա. Պետ. 3։15) Եթէ հարցումի մը պատասխանը չես գիտեր, նշէ զայն ու առաջարկէ պրպտել։ Նիւթին շուրջ հետազօտէ՝ գործածելով Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկը կամ Դիտարանի գրադարան խտասկաւառակը։ Լաւ պատրաստութեամբ, պիտի ‘գիտնաս թէ ի՛նչպէս կը վայելէ քեզի պատասխան տալ’։—Կող. 4։6

12. Ինչո՞ւ թոյլ պէտք չէ տաս որ հալածանքը քեզ վհատեցնէ։

12 Կեցուածքիդ ու հաւատալիքներուդ մասին յարուցուած հարցումներէն զատ, կրնաս այլ բաներ ալ դիմագրաւել, քանի որ Աստուծոյ թշնամին՝ Բանսարկուն աշխարհը կը ղեկավարէ։ (Կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 5։19) Անիրատես է ակնկալել որ ամէն ոք գովասանք կամ հաւանութիւն տայ, եւ կրնաս հակառակութեան հետ դէմ յանդիման գալ։ Ոմանք թերեւս ‘քեզի հայհոյեն’, եւ՝ յարատեւաբար։ (Ա. Պետ. 4։4) Բայց յիշէ թէ միակը չես։ Յիսուս Քրիստոս ալ հալածուեցաւ, ինչպէս նաեւ Պետրոս առաքեալ, որ գրեց. «Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք»։—Ա. Պետ. 4։12, 13

13. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան ուրախանալ երբ հալածուին։

13 Որպէս Քրիստոնեայ հալածանքի կամ հակառակութեան տոկալը ուրախանալու պատճառ մըն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ աշխարհին հաճութիւնը ունենալը կրնայ նշանակել թէ Սատանայի չափանիշներուն համաձայն կ’ապրիս, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ։ Յիսուս զգուշացուց. «Վա՜յ ձեզի երբ մարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն»։ (Ղուկ. 6։26) Հալածանքը ցոյց կու տայ թէ Սատանան եւ իր աշխարհը քեզի դէմ բարկացած են, քանի որ Եհովայի կը ծառայես։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 5։11, 12) Իսկ ‘Քրիստոսի անունին համար նախատուիլը’ ուրախանալու պատճառ մըն է։—Ա. Պետ. 4։14

14. Երբ անհատ մը հակառակ հալածանքին հաւատարիմ մնայ Եհովայի, ի՞նչ բարիք յառաջ կու գայ։

14 Երբ ի հեճուկս հակառակութեան հաւատարիմ մնաս, առնուազն չորս դրական արդիւնք ձեռք կը ձգուին։ Աստուծոյ եւ իր Որդիին մասին վկայութիւն կու տաս։ Հաւատարմօրէն տոկալդ կը քաջալերէ Քրիստոնեայ եղբայրներդ ու քոյրերդ։ Եհովան չճանչցող կարգ մը դիտողներ կրնան մղուիլ զինք փնտռելու։ (Կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 1։12-14) Իսկ նկատելով թէ Եհովա ի՛նչպէս տոկալու ոյժ կու տայ, իրեն հանդէպ սէրդ կ’աճի։

‘Մեծ դուռ մը’ բացուած է քեզի

15. Պօղոս առաքեալին ի՞նչ ‘մեծ դուռ մը’ բացուած էր։

15 Եփեսոսի մէջ իր ծառայութեան վերաբերեալ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինծի մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է»,– բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու մեծ գործունէութիւն մը։ (Ա. Կոր. 16։8, 9) Այդ դուռէն մտնելով, Պօղոս շատերուն օգնեց որ Եհովայի մասին սորվին ու Զինք պաշտեն։

16. Օծեալ մնացորդը 1919–ին ի՞նչպէս ‘բացուած դռնէ մը’ ներս մտաւ։

16 1919–ին, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս օծեալ մնացորդին առջեւ «բացուած դուռ մը» դրաւ։ (Յայտ. 3։8) Անոնք այդ դուռէն մտան եւ սկսան բարի լուրը քարոզել, որեւէ ժամանակէ աւելի եռանդունօրէն Աստուածաշունչի ճշմարտութինը սորվեցնելով։ Անոնց ծառայութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Բարի լուրը այժմ երկրի ծայրերը հասած է եւ շուրջ եօթը միլիոն հոգի՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու յոյսը ունին։

17. Ի՞նչպէս կրնաս ‘մեծ ու արդիւնաւոր դռնէ մը’ ներս մտնել։

17 Եհովայի բոլոր ծառաներուն առջեւ տակաւին «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» բաց է։ Անկէ մտնողները ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը գտնեն, մինչ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ աւելի մեծ բաժին կը բերեն։ Ո՛վ Եհովայի պատանի ծառաներ, ո՞րքան կ’արժեւորէք անբաղդատելի առանձնաշնորհումը, որ ուրիշներուն օգնէք ‘աւետարանին հաւատալու’։ (Մար. 1։14, 15) Կը մտածէ՞ք կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Ձեզմէ ոմանք կրնան այլ պատեհութիւններ օգտագործել, ինչպէս՝ Թագաւորութեան Սրահներու կառուցում, Պէթէլի ծառայութիւն եւ միսիոնարութիւն։ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին ժամանակը վերջանալու վրայ ըլլալով, Թագաւորութեան ծառայութեան այս մարզերուն մէջ բաժին բերելը՝ ամէն օր աւելի անյետաձգելի կը դառնայ։ ‘Մեծ դռնէն’ պիտի մտնե՞ս, մինչ տակաւին ժամանակ կայ։

«Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է»

18, 19. (ա) Ի՞նչ բան Դաւիթի օգնեց որ Եհովայի ծառայելու զօրաւոր փափաք ունենայ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Դաւիթ երբեք չզղջաց որ Աստուծոյ ծառայեց։

18 Ներշնչեալ սաղմոսերգու Դաւիթ ուրիշները հրաւիրեց որ ‘ճաշակեն ու տեսնեն թէ Տէրը բարի է’։ (Սաղ. 34։8) Երբ ան պատանի հովիւ մըն էր, Եհովա զինք վայրենի գազաններու յարձակումներէն ազատեց։ Աստուած իրեն թիկունք կանգնեցաւ երբ Գողիաթի դէմ ելաւ, եւ զինք բազմաթիւ աղէտներէ փրկեց։ (Ա. Թագ. 17։32-51. Սաղ. 18, մակագրութիւն) Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն պատճառաւ, Դաւիթ մղուեցաւ գրելու. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ»։—Սաղ. 40։5

19 Դաւիթ խորապէս սիրեց Եհովան եւ ուզեց զինք փառաբանել իր ամբողջ սիրտով ու միտքով։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 40։8-10) Մինչ տարիները սահեցան, Դաւիթ երբեք չզղջաց որ իր կեանքը անցուց՝ ճշմարիտ Աստուածը պաշտելով։ Աստուածպաշտութեամբ ապրիլը իր մեծագոյն գանձն էր,– երջանկութեան աննման աղբիւր։ Երբ ծերացաւ, Դաւիթ ըսաւ. «Իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա. մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս, ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած»։ (Սաղ. 71։5, 18) Դաւիթի ֆիզիքական ուժը տկարանալով հանդերձ, Եհովայի հանդէպ իր վստահութիւնը եւ անոր հետ իր բարեկամութիւնը ա՛լ աւելի զօրացան։

20. Աստուծոյ ծառայելը ինչո՞ւ լաւագոյն կենցաղն է։

20 Յեսուի, Դաւիթի ու Տիմոթէոսի կեանքը յաւելեալ ապացոյց է թէ Եհովայի ծառայելը լաւագոյն ապրելակերպն է։ Այս աշխարհին մէջ ասպարէզի մը մատուցած կարճատեւ նիւթական առաւելութիւնները չեն կրնար բաղդատուիլ՝ ‘բոլոր սրտով եւ բոլոր հոգիով Աստուած պաշտելէն’ յառաջ եկած երկարատեւ օգուտներուն հետ։ (Յես. 22։5) Եթէ աղօթքով Եհովայի նուիրում չես կատարած, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչ բան զիս ետ կը պահէ Եհովայի Վկայ ըլլալէ’։ Եթէ արդէն Եհովայի մկրտուած երկրպագու մըն ես, կը փափաքի՞ս աւելի ուրախ կեանք մը վարել։ Ուրեմն, ծառայութիւնդ ընդարձակէ եւ հաստատ կերպով հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնաս հոգեւորապէս աճիլ, Պօղոս առաքեալի օրինակին հետեւելով։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Երկու պատճառ տուր թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ պէտք է ծառայենք։

• Ի՞նչ բան Տիմոթէոսի օգնեց որ Աստուծոյ ծառայել որոշէ։

• Հալածանքի դիմաց ինչո՞ւ հաստատ պէտք է մնաս։

• Ծառայութեան ի՞նչ պատեհութիւններ կրնան քեզի մատչելի ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Եհովայի ծառայելը լաւագոյն ապրելակերպն է