Շարունակէ բարիք ընել
Շարունակէ բարիք ընել
«Բարիք ըրէք»։—ՂՈՒԿ. 6։35
1, 2. Ուրիշներուն բարիք ընելը ինչո՞ւ յաճախ դժուար է։
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ բարիք ընելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Անհատներ, որոնց սէր կը ցուցաբերենք, կրնան չփոխադարձել։ Թէեւ մարդոց հոգեւոր բարօրութիւնը կը փնտռենք՝ «երանելի Աստուծոյ» եւ իր Որդիին «փառաւոր աւետարան»ը քարոզելով, սակայն անոնք կրնան անտարբեր կամ ապերախտ ըլլալ։ (Ա. Տիմ. 1։11) Իսկ ոմանք ալ «Քրիստոսին խաչին թշնամիներ»ն են։ (Փիլ. 3։18) Որպէս Քրիստոնեաներ, անոնց հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։
2 Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք»։ (Ղուկ. 6։35) Այժմ այս յորդորը մօտէն քննենք։ Ուրիշներուն բարիք ընելու շուրջ Յիսուսի նշած այլ կէտերէն ալ պիտի օգտուինք։
«Սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները»
3. (ա) Քու բառերովդ ամփոփէ Մատթէոս 5։43-45–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը։ (բ) Առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները, Հրեաներուն եւ ոչ–Հրեաներուն նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունէին։
3 Իր հանրածանօթ Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ունկնդիրներուն ըսաւ որ իրենց թշնամիները սիրեն եւ զիրենք հալածողներուն համար աղօթք ընեն։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 5։43-45) Ներկաները Հրեայ էին ու գիտէին Աստուծոյ պատուէրը. «Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։ (Ղեւ. 19։18) Առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները կը հաւատային թէ «քու ժողովուրդիդ որդիներ»ը եւ «քու ընկերդ» արտայայտութիւնները, միայն Հրեաներուն կ’ակնարկէին։ Մովսիսական Օրէնքը պահանջեց որ Իսրայելացիները ուրիշ ազգերէն անջատ մնան, բայց տեսակէտ մը զարգացաւ թէ բոլոր Հրեայ չեղողները թշնամի էին եւ անհատապէս պէտք էր ատուէին։
4. Յիսուսի աշակերտները իրենց թշնամիներուն հետ ի՞նչպէս պէտք էր վարուէին։
4 Միւս կողմէ, Յիսուս յայտարարեց. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը հալածեն’։ (Մատ. 5։44) Իր աշակերտները սիրալիրօրէն պէտք էր վարուէին բոլոր անոնց հետ, որոնք իրենց հանդէպ թշնամական կեցուածք ունէին։ Աւետարանագիր Ղուկասի համաձայն, Յիսուս ըսաւ. «Կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք, ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք’»։ (Ղուկ. 6։27, 28) Յիսուսի խօսքերը լուրջի առնող առաջին դարու անհատներուն նման, ‘մեզ ատողներուն բարիք կ’ընենք’, բարերարութեամբ հակազդելով թշնամութեան։ ‘Մեզ անիծողները կ’օրհնենք’, անոնց հետ քաղցրօրէն խօսելով։ Եւ ‘աղօթք կ’ընենք մեզի նեղութիւն տուողներուն համար’, որոնք բռնութիւն կամ հալածանքի այլ կերպեր կը գործադրեն։ Այս աղօթքները սիրալիր խնդրանքներ են որ հալածիչները սրտի փոփոխութիւն ունենան ու ջանան Եհովայի հաճութիւնը վայելել։
5, 6. Ինչո՞ւ մեր թշնամիները պէտք է սիրենք։
5 Մեր թշնամիներուն հանդէպ ինչո՞ւ սէր պէտք է ցուցաբերենք։ «Որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք», ըսաւ Յիսուս։ (Մատ. 5։45) Այդ խրատին անսալով՝ Աստուծոյ «որդիներ»ը կ’ըլլանք, այսինքն Եհովան կ’ընդօրինակենք, որ «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ», եւ ինչպէս Ղուկասի արձանագրութիւնը կ’ըսէ, «բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն»։—Ղուկ. 6։35
6 Ընդգծելով թէ ո՛րքան կարեւոր էր որ իր աշակերտները ‘իրենց թշնամիները սիրէին’, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ Եւ եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն»։ (Մատ. 5։46, 47) Եթէ մեր սէրը սահմանափակենք անոնց՝ որոնք կը փոխադարձեն, ասիկա մեզ Աստուծոյ վարձատրութեան պիտի չարժանացնէ։ Նոյնիսկ մաքսաւորները, որոնք ընդհանրապէս արհամարհուած էին, զիրենք սիրողները կը սիրէին։—Ղուկ. 5։30. 7։34
7. Ինչո՞ւ աւելի բան մը ըրած չենք ըլլար, եթէ միայն մեր «եղբայրներ»ուն բարեւենք։
7 Հրեաներուն սովորական բարեւը կը պարփակէր «խաղաղութիւն» բառը, անհատին մաղթելով առողջութիւն, բարօրութիւն ու բարգաւաճութիւն։ (Դատ. 19։20. Յովհ. 20։19) «Աւելի» բան մը ըրած չենք ըլլար, եթէ բարեւենք միայն մեր «եղբայրներ»ուն։ Ինչպէս Յիսուս նշեց, «մաքսաւորներ»ը նման բան մը կ’ընէին։
8. Յիսուս ունկնդիրները ի՞նչ քաջալերեց որ ընեն, երբ ըսաւ. «Կատարեալ եղէք»։
8 Ժառանգուած մեղքը անկարելի դարձուց որ Քրիստոսի աշակերտները անթերի ու կատարեալ ըլլան։ (Հռով. 5։12) Այսուհանդերձ Յիսուս իր ճառին այս մասը եզրափակեց՝ ըսելով. «Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ (Մատ. 5։48) Այսպէս ան ունկնդիրները կը քաջալերէր որ իրենց «երկնաւոր Հայր»ը՝ Եհովան ընդօրինակեն, իրենց սէրը կատարելագործելով,– զայն կատարեալ դարձնելով՝ իրենց թշնամիները սիրելով։ Նոյնը կ’ակնկալուի մեզմէ։
Ինչո՞ւ ներող ըլլալ
9. Ի՞նչ կը նշանակէ՝ «մեզի ներէ մեր պարտքերը»։
9 Կը շարունակենք բարիք ընել՝ մեզի դէմ մեղանչած անհատին ողորմածօրէն ներելով։ Յիսուսի տիպար աղօթքը կը նշէ. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»։ (Մատ. 6։12) Հարկաւ ասիկա նիւթական պարտքերուն չ’ակնարկեր։ Յիսուս ըսել կ’ուզէր մեղքերը, ինչպէս Ղուկասի Աւետարանը ցոյց կու տայ. «Մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են»։—Ղուկ. 11։4
10. Ներումի առնչութեամբ ի՞նչպէս կրնանք Աստուած ընդօրինակել։
10 Աստուած պէտք է ընդօրինակենք, որ զղջացող մեղաւորներուն առատապէս կը ներէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։ (Եփ. 4։32) Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ . . . Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ . . . Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։—Սաղ. 103։8-14
11. Աստուած որո՞նց ներում կը շնորհէ։
11 Մարդիկ կրնան Աստուծոյ ներումը ստանալ, միայն եթէ արդէն ներած են իրենց դէմ մեղանչողներուն։ (Մար. 11։25) Այս կէտը ընդգծելով, Յիսուս աւելցուց. «Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ (Մատ. 6։14, 15) Արդարեւ Աստուած ներում կը շնորհէ միայն անոնց, որոնք ուրիշներուն առատապէս կը ներեն։ Իսկ շարունակ բարիք ընելու մէկ կերպն է՝ Պօղոսի խրատը գործադրել. «Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք»։—Կող. 3։13, Անթիլիաս
«Դադրեցէ՛ք դատելէ»
12. Ուրիշները դատելու նկատմամբ, Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ։
12 Բարիք ընելու այլ կերպ մը Յիսուս նշեց Լերան Քարոզին մէջ, երբ ունկնդիրներուն ըսաւ որ ուրիշները դատելէ դադրին, ապա ազդեցիկ օրինակ մը գործածեց՝ կէտը շեշտելու։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 7։1-5) Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Դադրեցէ՛ք դատելէ»։
13. Յիսուսի ունկնդիրները ի՞նչպէս կրնային ‘ներել’։
13 Ըստ Մատթէոսի Աւետարանին, Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ դատէք [«Դադրեցէ՛ք դատելէ», ՆԱ] որպէս զի չդատուիք»։ (Մատ. 7։1) Իսկ Ղուկասի համաձայն, Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ դատէք [«Դադրեցէ՛ք դատելէ», ՆԱ] ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզի պիտի ներուի»։ (Ղուկ. 6։37) Առաջին դարու Փարիսեցիները անգթօրէն կը դատէին ուրիշները, հիմնուելով անաստուածաշնչական աւանդութիւններու վրայ։ Յիսուսի ունկնդիրներէն ոեւէ մէկը որ ասիկա կ’ընէր, պէտք էր ‘դադրէր դատելէ’։ Փոխարէն, անոնք ուրիշներու թերութիւնները պէտք էր ‘ներէին’։ Պօղոս առաքեալ ներումի մասին համանման խրատ մը տուաւ։—Կարդալ՝ Եփեսացիս 4։32
14. Ներում շնորհելով, Յիսուսի աշակերտները մարդիկը պիտի մղէին ի՞նչ ընելու։
14 Ներում շնորհելով, Յիսուսի աշակերտները մարդիկը պիտի մղէին ներողամտութեան հոգիով ընդառաջելու։ Յիսուս ըսաւ. «Ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի»։ (Մատ. 7։2) Ուրիշներու հանդէպ մեր վերաբերմունքին առնչութեամբ, կը հնձենք ի՛նչ որ կը սերմանենք։—Գաղ. 6։7, 8
15. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ քննադատամոլ ըլլալը սխալ է։
15 Ցոյց տալու համար թէ քննադատամոլ ըլլալը ո՜րքան սխալ է, Յիսուս հարցուց. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ»։ (Մատ. 7։3, 4) Ուրիշը քննադատելու հակամէտ եղող անհատը, իր եղբօր «աչքին» մէջի փոքր թերութիւնը կը նկատէ։ Քննադատամոլը կը թելադրէ թէ իր եղբայրը տկար ըմբռնում ու դատողութիւն ունի։ Թերութիւնը շիւղի մը նման աննշան ըլլալով հանդերձ, քննադատամոլը կ’առաջարկէ ‘շիւղը հանել’։ Ան կեղծաւորաբար պատրաստակամութիւն կը յայտնէ որ եղբօր օգնէ աւելի յստակ տեսնելու։
16. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Փարիսեցիները իրենց աչքին մէջ «գերան» ունէին։
16 Յատկապէս Հրեայ կրօնական առաջնորդները ուրիշները մեծապէս կը քննադատէին։ Լուսաբանենք։ Երբ Քրիստոսի կողմէ բուժուած կոյր մարդ մը նշեց թէ Յիսուս Աստուծմէ եկած ըլլալու է, Փարիսեցիները զայրացած պատասխանեցին. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ (Յովհ. 9։30-34) Յստակ հոգեւոր տեսողութեան ու պատշաճ կշռադատութեան առնչութեամբ, Փարիսեցիները իրենց աչքին մէջ «գերան» ունէին եւ բոլորովին կոյր էին։ Հետեւաբար Յիսուս բացագանչեց. «Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու»։ (Մատ. 7։5. Ղուկ. 6։42) Եթէ վճռած ենք բարիք ընել եւ ուրիշներուն հետ լաւ վարուիլ, անգութ քննադատամոլ պիտի չըլլանք, մեր եղբօր աչքին մէջ այլաբանական շիւղ մը միշտ փնտռելով։ Փոխարէն, պիտի ընդունինք թէ անկատար ենք, եւ հետեւաբար պիտի խուսափինք մեր հաւատակիցները դատելէ եւ քննադատելէ։
Ուրիշներուն հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուինք
17. Մատթէոս 7։12–ի համաձայն, ուրիշներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։
17 Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս նշեց թէ Աստուած Իր ծառաներուն հանդէպ հայրական կեցուածք կը ցուցաբերէ՝ անոնց աղօթքներուն պատասխանելով։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 7։7-12) Ուշադրութեան արժանի է թէ Յիսուս վարքի սա կանոնը դրաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Մատ. 7։12) Միայն եթէ մարդոց հետ այս կերպով վարուինք, կրնանք ապացուցանել որ Յիսուս Քրիստոսի իսկական հետեւորդներն ենք։
18. «Օրէնքը» ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ուրիշներուն հետ պէտք է վարուինք ա՛յնպէս ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին։
18 Նշելէ ետք թէ ուրիշներուն հետ պէտք է վարուինք ա՛յնպէս ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին, Յիսուս աւելցուց. «Քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։ Ուրիշներուն հետ Յիսուսի սահմանած կերպով վարուելով, «օրէնք»ին՝ Ծննդոցէն Բ. Օրինաց գիրքերուն՝ հոգիին հետ ներդաշնակ կը գործենք։ Չարութեան վերջ դնող սերունդ մը մէջտեղ բերելու Եհովայի նպատակը յայտնելէ զատ, այս գիրքերը կը բովանդակեն Օրէնքը, զոր Հ.Դ.Ա. 1513–ին Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլ ազգին տուաւ։ (Ծննդ. 3։15) Ի միջի այլոց, Օրէնքը յստակօրէն նշեց թէ Իսրայելացիները արդարադատ պէտք էր ըլլային, աչառութիւն պէտք չէր ցուցաբերէին եւ տառապեալներուն ու պանդխտացող օտարականներուն բարիք պէտք էր ընէին։—Ղեւ. 19։9, 10, 15, 34
19. «Մարգարէներ»ը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ բարիք պէտք է ընենք։
19 «Մարգարէներ»ուն ակնարկելով, Յիսուս ի մտի ունէր Եբրայերէն Գրութիւններուն մարգարէական գիրքերը։ Անոնք կը բովանդակեն Մեսիական մարգարէութիւններ, որոնք Քրիստոսի վրայ կատարուեցան։ Այս գրութիւնները նաեւ ցոյց կու տան թէ Աստուած իր ժողովուրդը կ’օրհնէ, երբ իր աչքին շիտակ եղածը կ’ընեն եւ ուրիշներուն հետ պատշաճօրէն կը վարուին։ Օրինակ, Եսայիի մարգարէութիւնը Իսրայելացիներուն սա խրատը տուաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իրաւունքը պահեցէ՛ք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։ . . . Երանի՜ այն մարդուն, որ ասիկա կ’ընէ ու մարդու որդիին, որ ասիկա ամուր կը բռնէ, այսինքն . . . իր ձեռքը անիրաւութիւն ընելէ ետ կը պահէ’»։ (Եսա. 56։1, 2) Արդարեւ Աստուած իր ժողովուրդէն կ’ակնկալէ որ շարունակեն բարիք ընել։
Ուրիշներուն միշտ բարիք ըրէ
20, 21. Ամբոխը Յիսուսի Լերան Քարոզին ի՞նչպէս հակազդեց, եւ ինչո՞ւ անոր վրայ պէտք է խոկաս։
20 Յիսուսի աննման Լերան Քարոզին մէջ նշուած բազմաթիւ էական կէտերէն միայն քանի մը հատը նկատի առինք։ Այսուհանդերձ դիւրաւ կը հասկնանք ունկնդիրներուն հակազդեցութիւնը, ինչպէս ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս»։—Մատ. 7։28, 29
21 Անվիճելիօրէն Յիսուս Քրիստոս նախագուշակուած ‘Սքանչելի Խորհրդակիցն’ էր։ (Եսա. 9։6) Լերան Քարոզը գլխաւոր օրինակ մըն է թէ Յիսուս գիտէ թէ իր երկնաւոր Հայրը ի՛նչպէս կը դիտէ հարցերը։ Մեր քննարկած կէտերէն զատ, այդ ճառը բազմաթիւ նիւթեր նկատի կ’առնէ, ինչպէս՝ իսկական երջանկութիւնը, անբարոյութենէ ի՛նչպէս խուսափիլ, արդարութեան գործադրութիւնը եւ ի՛նչպէս ապահով եւ ուրախ ապագայ մը վայելել։ Կը քաջալերենք քեզ որ անգամ մը եւս ջերմեռանդօրէն աղօթես ու բծախնդրաբար կարդաս Մատթէոս 5-7–րդ գլուխները։ Լերան Քարոզին մէջ Քրիստոսի տուած սքանչելի խրատներուն մասին խորհրդածէ ու զանոնք կեանքիդ մէջ գործադրէ։ Այսպէս՝ աւելի լաւ կերպով պիտի կարենաս Եհովան հաճեցնել, ուրիշներուն հետ պատշաճօրէն վարուիլ եւ շարունակել բարիք ընել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Մեր թշնամիներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։
• Ինչո՞ւ ներող պէտք է ըլլանք։
• Յիսուս մարդիկը դատելու նկատմամբ ի՞նչ ըսաւ։
• Մատթէոս 7։12–ի համաձայն, ուրիշներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Գիտե՞ս թէ Յիսուս ինչո՛ւ ըսաւ. «Դադրեցէ՛ք դատելէ»
[Նկար՝ էջ 20]
Ինչո՞ւ մեզ հալածողներուն համար պէտք է աղօթենք