Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ զօրութիւնը՝ աստղերուն մէջ յայտնուած է

Աստուծոյ զօրութիւնը՝ աստղերուն մէջ յայտնուած է

Աստուծոյ զօրութիւնը՝ աստղերուն մէջ յայտնուած է

«Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։—ԵՍԱՅԻ 40։26

ՄԵՐ արեւը միջակ չափով աստղ մըն է։ Այսուհանդերձ անոր զանգուածը երկրագունդի զանգուածէն 330,000 անգամ աւելի է։ Մօտակայ աստղերուն մեծամասնութիւնը արեւէն պզտիկ է։ Միւս կողմէ, այլ աստղեր, ինչպէս՝ V382 Cygni կոչուած աստղը, արեւի զանգուածէն առնուազն 27 անգամ աւելի զանգուած ունին։

Մեր արեւը ո՞րքան ուժանիւթ կ’արձակէ։ Երեւակայէ թէ կրակ մը ո՛րքան սաստիկ պէտք է ըլլայ, եթէ անոր տաքութիւնը կը զգաս՝ 15 քիլոմեթր հեռու ըլլալով հանդերձ։ Միջին հաշուով, արեւը երկրէն շուրջ 150 միլիոն քիլոմեթր հեռու է։ Բայց եւ այնպէս, եթէ օդը պայծառ է, անոր տաքութիւնը կրնայ մեր մորթը այրել։ Արեւին ուժանիւթին միայն շուրջ մէկ միլիառերորդ մասը երկիր կը հասնի։ Այսուհանդերձ, ատիկա բաւարար է որ մեր մոլորակին վրայ կեանքը գոյատեւէ։

Իրականութեան մէջ, գիտնականներ հաշիւ ըրած են որ արեւին արձակած ընդհանուր ուժանիւթը կրնայ շուրջ 31 եռիլիոն մոլորակի գոյատեւման նպաստել։ Կամ, այլ կերպով չափելով, արեւին ամբողջ ուժականութիւնը կրնայ միայն մէկ երկվայրկեանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն հայթայթել «բաւարար ուժանիւթ, ընթացիկ գործածութեան համեմատ, յաջորդ 9,000,000 տարուան համար», կ’ըսէ Space Weather Prediction Center (SWPC) ցանցակայքը։

Արեւին ուժանիւթը կ’արձակուի իր կորիզէն, որ հիւլէական բարդ մըն է։ Արեւը ա՛յնքան մեծ է եւ անոր կորիզը ա՛յնքան խիտ է, որ միլիոնաւոր տարիներ կ’առնէ մինչեւ որ արտադրուած ուժանիւթը արեւի մակերեսը հասնի։ SWPC ցանցակայքը կը նշէ. «Եթէ արեւը այսօր դադրի ուժանիւթ արտադրելէ, երկրագունդին վրայ լուրջ ազդեցութիւններ զգալու համար՝ 50,000,000 տարի պէտք է անցնի»։

Այժմ սա իրողութիւնը նկատի առ. Երբ անամպ գիշեր մը երկինք նայիս, հազարաւոր աստղեր կը տեսնես, իւրաքանչիւրը արեւին պէս հսկայ քանակով ուժանիւթ կ’արտադրէ։ Իսկ գիտնականները հաշիւ կ’ընեն թէ տիեզերքին մէջ միլիառաւոր աստղեր կան։

Այս բոլոր աստղերը ուրկէ՞ ծագում առին։ Հետազօտիչներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատայ թէ անհասկնալի պատճառներով տիեզերքը յանկարծ գոյութիւն ունեցաւ շուրջ 14 միլիառ տարի առաջ։ Աստուածաշունչը պարզապէս կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ (Ծննդոց 1։1) Անկասկած, աստղեր կոչուած ուժանիւթի վիթխարի մեքենաները Ստեղծողը «սաստիկ զօրութիւն» ունի։—Եսայի 40։26

Աստուած իր զօրութիւնը ի՛նչպէս կը գործածէ

Եհովա Աստուած իր զօրութիւնը կը գործածէ իր կամքը ընողներուն նեցուկ կանգնելու։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ իր կորովը գործածեց ուրիշներուն Աստուծոյ մասին սորվեցնելու։ Պօղոս գերմարդկային չէր, բայց կրցաւ շատ բարիք իրագործել՝ ի հեճուկս բիրտ հակառակութեան։ Ի՞նչպէս։ Ան գիտակցեցաւ թէ Աստուծմէ «անսահման զօրութիւն» ստացաւ։—Բ. Կորնթացիս 4։7-9, Անթիլիաս

Եհովա Աստուած նաեւ իր զօրութիւնը գործածեց, իր բարոյական չափանիշները գիտակցաբար բեկանողները բնաջնջելու։ Յիսուս Քրիստոս ակնարկեց Սոդոմի ու Գոմորի կործանման եւ Նոյի օրուան Ջրհեղեղին, որպէս օրինակ թէ Եհովա իր կործանարար զօրութիւնը ի՛նչպէս ընտրողական կերպով կը գործածէ։ Յիսուս մարգարէացաւ թէ շուտով Եհովա իր զօրութիւնը դարձեալ պիտի գործածէ Իր չափանիշները անտեսողները կործանելու։—Մատթէոս 24։3, 37-39. Ղուկաս 17։26-30

Ի՞նչպէս ազդուած ես

Աստղերուն մէջ բացայայտ եղող Աստուծոյ զօրութեան վրայ խոկալէ ետք, թերեւս Դաւիթ թագաւորին պէս զգաս, որ ըսաւ. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես»։—Սաղմոս 8։3, 4

Արդարեւ խոնարհութիւն է անդրադառնալ թէ ո՜րքան աննշան ենք, տիեզերքին անհունութեան ի տես։ Բայց ասիկա պատճառ չէ որ անկարող զգանք։ Եհովայի կողմէ ներշնչուած, Եսայի մարգարէն սա սրտապնդիչ խօսքերը գրեց. «[Աստուած] է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։ Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան, բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»։—Եսայի 40։29-31

Եթէ կը փափաքիս Աստուծոյ կամքը ընել, կրնաս վստահ ըլլալ թէ ան քեզի իր սուրբ հոգին պիտի տայ որ քեզի նեցուկ կանգնի։ Բայց պէտք է խնդրես զայն։ (Ղուկաս 11։13) Աստուծոյ աջակցութեամբ, կրնաս որեւէ փորձութեան տոկալ եւ շիտակը ընելու զօրութիւնը ձեռք ձգել։—Փիլիպպեցիս 4։13

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուծոյ աջակցութեամբ, կրնաս շիտակը ընելու զօրութիւնը ձեռք ձգել

[Նկար՝ էջ 7]

Ցուցասլաքի ուղղութեամբ, վերը ձախէն՝ Յորձանապտոյտ հոյախումբ, Պլեյադ բոյլք, Որիոն միգամած, Անտրոմետա հոյախումբ

[Նկար՝ էջ 7]

Արեւի զանգուածը երկրի զանգուածէն 330,000 անգամ աւելի է

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 7]

Pleiades: NASA, ESA and AURA/Caltech; all others above: National Optical Astronomy Observatories