Աստուծոյ իմաստութիւնը՝ բնութեան մէջ բացայայտ է
Աստուծոյ իմաստութիւնը՝ բնութեան մէջ բացայայտ է
«Ան որ մեզ՝ երկրի անասուններէն աւելի գիտուն ու երկնքի թռչուններէն աւելի իմաստուն կ’ընէ»։—ՅՈԲ 35։11
ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ ապշեցուցիչ կարողութիւններ ունին։ Անոնց թռիչքը նոր օդանաւեր հնարողներուն նախանձը կը շարժէ։ Կարգ մը թռչունի տեսակներ ովկիանոսի վրայէն հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրելով կը հասնին իրենց որոշեալ տեղը։
Թռչուններու այլ մէկ աչքառու տաղանդը,– որ նաեւ կը յայտնէ անոնց Արարիչին իմաստութիւնը,– կանչերով ու երգերով հաղորդակցելու կարողութիւնն է։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
Թռչուններու զրոյցը
Կարգ մը թռչունի տեսակներ կը սկսին հաղորդակցիլ նոյնիսկ հաւկիթէն դուրս գալէ առաջ։ Օրինակ, էգ լորամարգին շուրջ ութ հաւկիթ կ’ածէ, օրը մէկ հատ։ Եթէ բոլոր հաւկիթները նոյն արագութեամբ զարգանային, ձագերը դուրս պիտի գային ութ օրուան ընթացքին։ Այն ատեն դժուար պիտի ըլլար մօր համար որ եօթնօրեայ ձագերուն հոգ տանէր, տակաւին վերջին հաւկիթին վրայ նստած ըլլալով։ Փոխարէն, լորամարգիին ութ ձագերն ալ վեց ժամուան ընթացքին հաւկիթներէն դուրս կ’ելլեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Հետազօտիչներ կը կարծեն թէ գլխաւոր պատճառը այն է թէ լորամարգիին ձագերը հաւկիթին մէջէն իրարու հետ կը հաղորդակցին ու կերպով մը կը դասաւորեն միաժամանակ դուրս գալը։
Երբ թռչունները լման կ’աճին, սովորաբար արուն է որ կ’երգէ։ Անիկա յատկապէս կ’երգէ զուգաւորուելու շրջանին, իր թաղամասը նշելու կամ էգը հրապուրելու համար։ Թռչուններու հազարաւոր տեսակներէն իւրաքանչիւրը իր լեզուն ունի, եւ ասիկա կ’օգնէ էգին որ իր տեսակին պատկանող արուն բնորոշէ։
Թռչունները գլխաւորաբար առտու կանուխ եւ արեւնամուտին կը գեղգեղեն։ Ինչո՞ւ։ Այդ ատենները նուազ հով եւ աղմուկ կ’ըլլան։ Հետազօտիչներ երեւան հանած են թէ թռչուններուն երգերը 20 անգամ աւելի լաւ կը լսուին առաւօտուն եւ վերջալոյսին քան՝ կէսօրին։
Թէեւ արուներն են որ շատ յաճախ կ’երգեն, բայց արուներն ու էգերը այլազան կանչեր կամ կարճ ձայներ կը հանեն, որոնք մասնայատուկ նշանակութիւններ ունին։ Օրինակ, սարիկը ինը կանչ ունի։ Ան որոշ կանչով ուշադրութեան կը յանձնէ օդային սպառնալիք մը,– ինչպէս՝ գիշատիչ թռչուն,– իսկ բոլորովին տարբեր կանչով՝ գետնէն մօտեցող վտանգ մը։
Գերազանց պարգեւ մը
Թռչուններու բնազդական իմաստութիւնը վստահաբար տպաւորիչ է։ Բայց մարդոց հաղորդակցութեան հմտութիւնները շատ աւելի տպաւորիչ են։ Աստուած մարդիկը «երկնքի թռչուններէն աւելի իմաստուն» ըրած է, կ’ըսէ Յոբ 35։11–ը։ Մարդիկ բացառիկ կարողութիւն ունին վերացական ու բարդ մտքեր ու գաղափարներ հաղորդելու, ձայնալարերուն միջոցաւ արտադրուած ձայներով կամ շարժուձեւերով։
Միւս բոլոր արարածներէն տարբեր ըլլալով, մարդկային մանկիկները կրնան բարդ լեզուներ սորվիլ։ Համացանցի վրայ գտնուող American Scientist պարբերաթերթը կ’ըսէ. «Մանկիկները լեզու կը սորվին նոյնիսկ երբ իրենց ծնողները իրենց հետ ուղղակի չեն խօսիր. խուլ մանուկներ նոյնիսկ իրենց յատուկ համրերու լեզուն կը յօրինեն, եթէ տան մէջ մէկը չսորվեցնէ իրենց»։
Մեր գաղափարներն ու զգացումները խօսքով կամ նշաններով հաղորդելու կարողութիւնը, իրապէս Աստուծմէ տրուած հոյակապ պարգեւ մըն է։ Սակայն աղօթքով Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կարողութիւնը ա՛լ աւելի մեծ պարգեւ մըն է։ Իրականութեան մէջ, Եհովա Աստուած մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն խօսինք։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ»։—Փիլիպպեցիս 4։6
Երբ դժուար որոշումներ կը դիմագրաւենք, Եհովա կ’ուզէ որ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած իմաստութեան ամբարէն օգտուինք։ Ան նաեւ մեզի պիտի օգնէ գիտնալու թէ մեր քաղած խրատը ի՛նչպէս կրնանք գործադրել։ Յակոբոս աշակերտ կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի»։—Յակոբոս 1։5
Ի՞նչպէս ազդուած ես
Թռչունի մը սիրուն գեղգեղանքը կամ մանուկի մը արտասանած առաջին բառերը մտիկ ընելը ի՞նչպէս քեզի կ’ազդէ։ Իր շինած բաներուն մէջ Աստուծոյ իմաստութիւնը կ’ըմբռնե՞ս։
Իր ստեղծուած կերպին վրայ խոկալէ ետք, սաղմոսերգու Դաւիթ մղուեցաւ Աստուծոյ ըսելու. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։ (Սաղմոս 139։14) Ստեղծագործութեան մէջ բացայայտ եղող Աստուծոյ իմաստութիւնը երախտագիտութեամբ քննելով, քեզի ողջամիտ ուղղութիւն տալու իր կարողութեան հանդէպ հաւատքդ վստահաբար պիտի աճի։
[Նկար՝ էջ 5]
Հաղորդակցելու կարողութիւնը Աստուծմէ պարգեւ մըն է
[Նկար՝ էջ 4]
© Dayton Wild/Visuals Unlimited