Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բաներ՝ որոնցմէ պէտք է փախչինք

Բաներ՝ որոնցմէ պէտք է փախչինք

Բաներ՝ որոնցմէ պէտք է փախչինք

«Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ»։—ՄԱՏ. 3։7

1. Աստուածաշունչին մէջ փախչելու վերաբերեալ ի՞նչ կարգ մը օրինակներ կան։

ԵՐԲ «փախչիլ» բառը լսես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Ոմանք կրնան մտապատկերել գեղատեսիլ Յովսէփը, որ Պետափրէսի կնոջ անբարոյ առաջարկներէն փախաւ։ (Ծննդ. 39։7-12) Ուրիշներ կրնան խորհիլ Քրիստոնեաներուն մասին, որոնք Հ.Դ. 66–ին Երուսաղէմէն փախան, Յիսուսի ազդարարութեան հնազանդելով. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն . . . Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան»։—Ղուկ. 21։20, 21

2, 3. (ա) Յովհաննէս Մկրտիչ կրօնական առաջնորդներուն ուղղած խօսքերով ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ (բ) Յիսուս Յովհաննէսի տուած ազդարարութիւնը ի՞նչպէս շեշտեց։

2 Վերոնշեալ օրինակները բառացի փախուստի մասին են։ Ներկայիս, աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ գտնուող ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար, ստիպողական կարիք կայ որ այլաբանօրէն փախչին։ Յովհաննէս Մկրտիչ «փախչիլ» բառը այս առումով գործածեց։ Յովհաննէսը տեսնելու եկողներուն մէջ կային ինքնարդար Հրեայ կրօնական առաջնորդներ, որոնք զղջալու հարկ չէին զգար։ Անոնք կ’արհամարհէին հասարակ ժողովուրդը, որոնք մկրտուելով իրենց զղջումը կը խորհրդանշէին։ Յովհաննէս այդ կեղծաւոր առաջնորդները խիզախօրէն քօղազերծեց՝ ըսելով. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։ Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք»։—Մատ. 3։7, 8

3 Յովհաննէս բառացի փախուստի մասին չէր խօսեր։ Ան գալիք դատաստանի մը՝ բարկութեան օրուան մը՝ նկատմամբ կ’ազդարարէր. եւ կրօնական առաջնորդները զգուշացուց որ եթէ կ’ուզէին այդ օրուան ընթացքին փրկուիլ, իրենց զղջումը գործերո՛վ պէտք էր ցոյց տային։ Հետագային, Յիսուս անվախօրէն կրօնական առաջնորդները դատապարտեց,– անոնց ատելավառ կեցուածքը ցոյց տուաւ թէ իրենց իսկական հայրը Բանսարկուն էր։ (Յովհ. 8։44) Յովհաննէսի նախկին ազդարարութիւնը շեշտելով, Յիսուս զանոնք կոչեց «իժե՛րու ծնունդներ» եւ հարցուց. «Ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն»։ (Մատ. 23։33) Յիսուս «գեհեն» բառով ի՞նչ ըսել ուզեց։

4. «Գեհեն»ի ակնարկելով, Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։

4 Գեհենը Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս գտնուող ձոր մըն էր, ուր աղբերն ու անասուններու դիակները կ’այրէին։ Յիսուս Գեհենը գործածեց իբրեւ յաւիտենական մահուան խորհրդանշան։ (Տես Դիտարան 15 Յունիս 2008, էջ 27, Անգլերէն) Գեհենէն փախուստ տալու նկատմամբ իր հարցումը ցոյց տուաւ թէ որպէս դասակարգ այդ կրօնական առաջնորդները յաւիտենական կործանումի արժանի էին։—Մատ. 5։22, 29

5. Պատմականօրէն, Յովհաննէսի ու Յիսուսի ազդարարութիւնները ի՞նչպէս կատարուեցան։

5 Հրեայ առաջնորդները Յիսուսն ու իր հետեւորդները հալածելով իրենց մեղքերը աւելցուցին։ Հետագային, ինչպէս Յովհաննէս ու Յիսուս ազդարարած էին, Աստուծոյ բարկութեան օրը եկաւ։ ‘Գալու բարկութիւնը’ կեդրոնացած ըլլալով որոշ վայրի մը վրայ,– Երուսաղէմ ու Հրէաստան,– բառացի փախուստը կարելի էր։ Բարկութիւնը եկաւ Հ.Դ. 70–ին, երբ հռովմէական բանակները Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեցին։ Երուսաղէմ ասոր նման «մեծ նեղութիւն» մը երբեք չէր տեսած։ Շատեր սպաննուեցան կամ գերեվարուեցան։ Ասիկա աւելի մեծ կործանում մը մատնանշեց, որ կը սպասէ շատ մը դաւանեալ Քրիստոնեաներու եւ այլ կրօնքներու պատկանողներու։—Մատ. 24։21

Ապագայ բարկութիւն մը՝ որմէ պէտք է փախչիլ

6. Նախկին քրիստոնէական ժողովքին մէջ ի՞նչ սկսաւ զարգանալ։

6 Նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք հաւատուրաց դարձան եւ հետեւորդներ ունեցան։ (Գործք 20։29, 30) Յիսուսի առաքեալները հաւատուրացութիւնը ‘արգիլեցին’ ա՛յնքան ատեն որ ողջ էին, բայց իրենց մահէն ետք՝ բազմաթիւ քրիստոնէական աղանդներ զարգացան։ Ներկայիս, Քրիստոնեայ Աշխարհի ծիրէն ներս, հակասական հարիւրաւոր կրօնքներ կան։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերականութիւնը ի յայտ պիտի գար, զայն հաւաքականօրէն նկարագրելով որպէս «անօրէնութեան մարդը» ու «կորստեան որդին . . . որ Տէր Յիսուս իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ»։—Բ. Թես. 2։3, 6-8

7. «Անօրէնութեան մարդը» արտայայտութիւնը ինչո՞ւ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն կը յարմարի։

7 Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները անօրէն են, քանի որ միլիոնաւորներ մոլորեցուցած են, անաստուածաշնչական ուսուցումներ, տօներ ու վարք յառաջ մղելով։ Յիսուսի դատապարտած կրօնական առաջնորդներուն նման, ‘կորստեան որդիին’ մաս կազմող այժմու երկրպագուները կործանում կը դիմագրաւեն, առանց յարութեան յոյսի։ (Բ. Թես. 1։6-9) Սակայն ի՞նչ կը սպասէ անոնց, որոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն եւ այլ սուտ կրօնքներու կղերականներուն կողմէ մոլորած են։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք այն դէպքերը, որոնք յաջորդեցին Երուսաղէմի կործանումը Հ.Դ.Ա. 607–ին։

«Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք»

8, 9. (ա) Երեմիա Բաբելոնի մէջ գտնուող Հրեայ գերիներուն ի՞նչ մարգարէական պատգամ ունէր։ (բ) Մարերն ու Պարսիկները Բաբելոնը նուաճելէ ետք, ի՞նչպիսի փախուստ կարելի դարձաւ։

8 Երեմիա մարգարէն Երուսաղէմի կործանումը նախագուշակեց, որ Հ.Դ.Ա. 607–ին տեղի ունեցաւ։ Ան ըսաւ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը գերութեան պիտի տարուէր, բայց «եօթանասուն տարի» ետք իր հայրենիքը պիտի վերադառնար։ (Երեմ. 29։4, 10) Երեմիա Բաբելոնի մէջ գերեվարուած Հրեաներուն կարեւոր պատգամ մը ուղղեց. անոնք Բաբելոնի սուտ կրօնքով պէտք չէր պղծուէին։ Այսպէս, երբ որոշուած ժամանակը գար, անոնք պատրաստ պիտի ըլլային Երուսաղէմ վերադառնալու եւ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատելու։ Ասիկա տեղի ունեցաւ, Հ.Դ.Ա. 539–ին Մարերն ու Պարսիկները Բաբելոնը նուաճելէ քիչ ետք։ Պարսիկներու Կիւրոս Բ. թագաւորը հրովարտակ մը հանեց, որով Հրեաներուն կը թոյլատրէր որ վերադառնան եւ Երուսաղէմի մէջ Եհովայի տաճարը վերաշինեն։—Եզր. 1։1-4

9 Հազարաւոր Հրեաներ այս պատեհութիւնը օգտագործեցին ու վերադարձան։ (Եզր. 2։64-67) Այսպէս անոնք Երեմիայի մարգարէական պատուէրը կատարեցին, որ իրենց պարագային կը նշանակէր՝ բառացիօրէն ուրիշ վայր մը փախչիլ։ (Կարդալ՝ Երեմիա 51։6, 45, 50) Պարագաները թոյլ չտուին որ բոլոր Հրեաները դէպի Երուսաղէմ ու Յուդա ճամբորդեն։ Բաբելոնի մէջ մնացողները, ինչպէս՝ տարեց Դանիէլ մարգարէն, կրնային Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելել, պայմանաւ որ Երուսաղէմի մէջ կեդրոնացած մաքուր պաշտամունքին ամբողջ սրտով թիկունք կանգնէին եւ բաբելոնական սուտ կրօնքէն անջատ մնային։

10. «Մեծ Բաբելոն»ը պատասխանատու է ի՞նչպիսի «պղծութիւններու»։

10 Ներկայիս, միլիառաւորներ սուտ կրօնքի զանազան տեսակներուն կը յարին, որոնք վաղեմի Բաբելոնէն ծագում առած են։ (Ծննդ. 11։6-9) Այս կրօնքները հաւաքականօրէն կը կոչուին «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։ (Յայտ. 17։5) Սուտ կրօնքը այս աշխարհի քաղաքական կառավարիչներուն նեցուկ կանգնելու երկա՜ր պատմութիւն մը ունի։ Անիկա պատասխանատու է այն «պղծութիւններ»ուն համար, որոնց մաս կը կազմեն բազմաթիւ պատերազմներ, որոնք ‘երկրի վրայ սպաննեցին’ հարիւր միլիոնաւորներ։ (Յայտ. 18։24) Ուրիշ «պղծութիւններ» կը պարփակեն մանկամոլութիւնը եւ այլ տեսակի սեռային անբարոյութիւններ, զորս կղերներ կը գործեն եւ եկեղեցական հեղինակութիւններ կը հանդուրժեն։ Զարմանալի՞ է որ Եհովա Աստուած շուտով երկիրը սուտ կրօնքէն պիտի ձերբազատէ։—Յայտ. 18։8

11. Մինչեւ որ Մեծ Բաբելոնը կործանի, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ պարտաւորութիւն ունին։

11 Այս իրողութիւնները գիտցող ճշմարիտ Քրիստոնեաները, Մեծ Բաբելոնի անդամները զգուշացնելու պարտաւորութիւնը ունին։ Ասիկա ընելու մէկ կերպն է՝ բաշխել Աստուածաշունչեր եւ յարակից հրատարակութիւններ, զորս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը հրատարակէ, որ Յիսուսի կողմէ նշանակուած է՝ ‘ատենին [հոգեւոր] կերակուր տալու’։ (Մատ. 24։45) Երբ անհատներ Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուին, անոնց օգնութիւն կը տրուի՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութեան միջոցաւ։ Կը յուսանք որ անոնք ‘Բաբելոնի մէջէն ելլելու’ կարիքը տեսնեն, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։—Յայտ. 18։4

Կռապաշտութենէ փախէք

12. Աստուած պատկերներ ու կուռքեր պաշտելը ի՞նչպէս կը նկատէ։

12 Պատկերներու եւ կուռքերու պաշտամունքը՝ Մեծ Բաբելոնի մէջ համատարած այլ զզուելի սովորութիւն մըն է։ Աստուած զանոնք կը կոչէ «գարշելի բաներ»։ (Բ. Օր. 29։17) Բոլոր անոնք որ կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել, կռապաշտութենէ պէտք է խուսափին՝ Աստուծոյ խօսքին համաձայն. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն»։—Եսա. 42։8

13. Կռապաշտութեան ո՞ր խորամանկ կերպերէն պէտք է փախչինք։

13 Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը քօղազերծէ կռապաշտութեան խորամանկ կերպեր։ Օրինակ, անիկա ագահութիւնը կը կոչէ «կռապաշտութիւն»։ (Կող. 3։5) Ագահը կը ցանկայ ի՛նչ որ արգիլուած է, ինչպէս՝ ուրիշի մը ստացուածքները։ (Ել. 20։17) Այն հրեշտակը որ Բանսարկուն եղաւ, Ամենաբարձրին նմանելու եւ պաշտուելու անյագ ցանկութիւն մը մշակեց։ (Ղուկ. 4։5-7) Ասիկա զինք առաջնորդեց որ Եհովայի դէմ ըմբոստանայ եւ Եւան հրապուրէ, որպէսզի Աստուծոյ արգիլած մէկ բանին ցանկայ։ Առումով մը, Ադամ ալ կռապաշտութիւն գործեց, թոյլ տալով որ իր կնոջ ընկերակցութիւնը վայելելու իր անձնասէր ցանկութիւնը աւելի կարեւոր ըլլայ քան՝ իր գորովալից երկնաւոր Հօր հնազանդիլը։ Ասոր հակառակը, բոլոր անոնք որ կ’ուզեն Աստուծոյ բարկութեան օրէն փախչիլ, իրեն բացարձակ նուիրում պէտք է տան եւ որեւէ այսպիսի ագահութիւն մերժեն։

«Պոռնկութենէն փախէք»

14-16. (ա) Յովսէփ ինչո՞ւ բարոյական գետնի վրայ տիպար մըն էր։ (բ) Եթէ պիղծ սեռային ցանկութիւն ունենանք, ի՞նչ պէտք է ընենք։ (գ) Ի՞նչպէս կրնանք յաջողապէս պոռնկութենէ փախչիլ։

14 Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 6։18–ը։ Երբ Պետափրէսի կինը փորձեց Յովսէփը հրապուրել, ան բառացիօրէն փախաւ։ Յովսէփ ի՜նչ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ Քրիստոնեաներուն,– ամուրի թէ ամուսնացած։ Բացորոշ է որ Յովսէփի խղճմտանքը կաղապարուած էր նախկին տուեալներով, որոնք Աստուծոյ մտածումը կը յայտնէին։ Եթէ կ’ուզենք ‘պոռնկութենէ փախչելու’ պատուէրին հնազանդիլ, պիտի խուսափինք այն բաներէն, որոնք կրնան սեռային ցանկութիւնը գրգռել անհատի մը հանդէպ՝ որ մեր կողակիցը չէ։ Մեզի կ’ըսուի. «Մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է. որովհետեւ այդ բոլորը Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց գործերն են, եւ Աստուած պիտի պատժէ զանոնք»։—Կող. 3։5, 6, Անթիլիաս

15 Արդարեւ «Աստուած պիտի պատժէ»։ Աշխարհի մէջ շատեր անպատշաճ սեռային ցանկութիւններ կը մշակեն եւ անոնց անձնատուր կ’ըլլան։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, Աստուծոյ օգնութեան ու սուրբ հոգիին համար պէտք է աղօթենք, որպէսզի սեռային պիղծ ցանկութիւններ մեզի չտիրապետեն։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը եւ բարի լուրին մասին մեր դրացիներուն խօսիլը, մեզի պիտի օգնեն որ շարունակենք ‘հոգիով քալել’։ Այսպէս ‘մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարենք’։—Գաղ. 5։16

16 Վստահաբար, եթէ պոռնկագրութիւն դիտենք, ‘հոգիով քալած’ պիտի չըլլանք։ Նմանապէս, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է զգուշանայ տռփագրգիռ նիւթեր կարդալէ, դիտելէ կամ մտիկ ընելէ։ Նաեւ սխալ է որ Աստուծոյ «սուրբեր»ը այսպիսի նիւթերու շուրջ կատակներ ընեն կամ զանոնք խօսակցութեան բնաբան դարձնեն։ (Եփ. 5։3, 4) Այսպէս մեր սիրառատ Հօր ցոյց կու տանք թէ իրապէս կ’ուզենք իր գալիք պատիժէն փախչիլ եւ արդար նոր աշխարհին մէջ ապրիլ։

‘Արծաթսիրութենէ’ փախէք

17, 18. Ինչո՞ւ ‘արծաթսիրութենէ’ պէտք է փախչինք։

17 Տիմոթէոսի յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս ուշադրութեան յանձնեց սկզբունքներ, որոնց համաձայն Քրիստոնեայ ստրուկները պէտք էր ապրէին,– ոմանք Քրիստոնեայ տէրեր ունենալով՝ թերեւս նիւթական առաւելութիւններ կ’ակնկալէին։ Կարգ մը անհատներ թերեւս փորձեցին սուրբ բաները անձնական շահերու համար գործածել։ Պօղոս զգուշացուց այն մտածելակերպէն որ «աստուածպաշտութիւնը շահավաճառութիւն» կը սեպէ։ Խնդրին արմատը թերեւս «արծաթսիրութիւն»ն է, որ կրնայ ոեւէ անհատի վրայ գէշ ազդեցութիւն ունենալ, հարուստ թէ աղքատ։—Ա. Տիմ. 6։1, 2, 5, 9, 10

18 Կրնա՞ս Աստուածաշունչէն յիշել անհատներ, որոնց յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ վնասուեցաւ, քանի որ սիրեցին դրամը կամ անոր բերած ոչ–էական բաները։ (Յես. 7։11, 21. Դ. Թագ. 5։20, 25-27) Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց. «Դո՛ւն, ո՛վ մարդ Աստուծոյ, փախի՛ր այս բաներէն ու գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն»։ (Ա. Տիմ. 6։11) Այս խրատին հետեւիլը կենսական է բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ուզեն գալիք բարկութեան օրէն վերապրիլ։

‘Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր’

19. Բոլոր պատանիները ի՞նչ կարիք ունին։

19 Կարդալ՝ Առակաց 22։15–ը։ Պատանիին սրտին մէջ եղած յիմարութիւնը դիւրաւ կրնայ զինք մոլորեցնել։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած կրթութիւնը կ’օգնէ ասոր դէմ դնելու։ Հաւատացեալ ծնողներ չունեցող Քրիստոնեայ պատանիներէն շատեր կը ջանան Աստուածաշունչի սկզբունքները գտնել ու կիրարկել։ Ուրիշներ ժողովքի հոգեւորապէս հասուն անդամներու իմաստուն խրատներէն կ’օգտուին։ Աստուածաշնչական խրատը ո՛վ որ ալ տայ, անոր ենթարկուիլը կրնայ երջանկութեան առաջնորդել թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։—Եբր. 12։8-11

20. Պատանիները ի՞նչպէս կրնան սխալ ցանկութիւններէ փախչելու համար օգնութիւն գտնել։

20 Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 2։20-22–ը։ Օգտակար կրթութիւն չստացող մատղաշ սիրտը յաճախ զոհ կ’երթայ յիմար ճամբաներու, ինչպէս՝ մրցակցական հոգի, ագահութիւն, պոռնկութիւն, դրամասիրութիւն եւ հաճոյամոլութիւն։ Ասոնք «երիտասարդական ցանկութիւններ» կ’արտացոլացնեն, եւ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ անոնցմէ փախչինք։ Փախչիլը կը պահանջէ որ Քրիստոնեայ պատանին վնասակար ազդեցութիւններէ զգուշանայ, անոնց աղբիւրը ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Յատկապէս օգտակար է Աստուծոյ խրատը թէ բարեպաշտ յատկութիւններու հետամուտ ըլլանք «անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով»։

21. Յիսուս Քրիստոս իր ոչխարանման հետեւորդներուն նկատմամբ ի՞նչ հոյակապ խոստում մը տուաւ։

21 Ըլլանք անչափահասներ թէ չափահասներ, մեզ մոլորեցնել փորձող անհատներուն մտիկ ընել մերժելով, ցոյց կու տանք թէ կ’ուզենք Յիսուսի ոչխարանման հետեւորդներուն մէջ ըլլալ, որոնք ‘օտարներուն ձայնէն կը փախչին’։ (Յովհ. 10։5) Սակայն Աստուծոյ բարկութեան օրէն փախչիլը մեզմէ աւելին կը պահանջէ քան՝ պարզապէս վնասակար բաներէ հեռանալը։ Պէտք է նաեւ դրական յատկութիւններու հետամուտ ըլլանք։ Յաջորդ յօդուածը եօթը յատկութիւն պիտի քննարկէ։ Ասոնք նկատի առնելու վաւերական պատճառ մը ունինք, քանի որ Յիսուս սա հոյակապ խոստումը կու տայ. «Ես [ոչխարներուս] յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք»։—Յովհ. 10։28

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Յիսուս կրօնական առաջնորդներուն ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։

• Ներկայիս միլիոնաւորներ ի՞նչ վտանգաւոր կացութիւն մը կը դիմագրաւեն։

• Կռապաշտութեան ո՞ր խորամանկ կերպերէն պէտք է փախչինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Երբ «փախչիլ» բառը լսես, միտքդ ի՞նչ կու գայ