Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Յիսուսի վրայ Մարիամի թափած անուշահոտ իւղը ինչո՞ւ մեծածախս էր։

Յիսուսի մահէն քանի մը օր առաջ, Ղազարոսի քոյրը՝ Մարիամ «եկաւ, որ շիշ մը պատուական սուղ նարդոսի իւղ ունէր», եւ զայն Յիսուսի վրայ թափեց։ (Մարկոս 14։3-5. Մատթէոս 26։6, 7. Յովհաննէս 12։3-5) Մարկոս ու Յովհաննէս կը նշեն թէ այս անուշահոտ իւղը 300 դահեկան կ’արժէր,– սովորական աշխատաւորի մը գրեթէ մէկ տարուան աշխատավարձքը։

Այս մեծագին անուշահոտ իւղը ի՞նչ բոյսէ կը պատրաստուէր։ Աստուածաշունչի մէջ նշուած նարդոսին աղբիւրը ընդհանրապէս կը նկատուի Հիմալայեան լեռներուն վրայ գտնուող բուրումնաւէտ փոքր բոյս մը (Nardostachys jatamansi)։ Սուղ նարդոսը յաճախ կը խարդախուէր եւ նոյնիսկ կը կեղծուէր։ Սակայն թէ՛ Մարկոս եւ թէ Յովհաննէս «պատուական» բառը կը գործածեն։ Այն իրողութիւնը թէ այս անուշահոտ իւղը շատ սուղ էր, կը թելադրէ թէ անիկա հաւանաբար հեռակայ Հնդկաստանէն բերուած էր։

Մարկոս ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ Մարիամ «կոտրեց այն շիշը»։ Անուշահոտ իւղի շիշը սովորաբար նեղ վիզ կ’ունենար, որ ժիր կը գոցուէր, որպէսզի թանկարժէք բոյրը չցնդէր։ Ալէն Միլարտ իր գրքին մէջ (Discoveries From the Time of Jesus), կ’ըսէ. «Դիւրին է երեւակայել թէ ոգեւորուած կինը ի՛նչպէս [շիշին վիզը կոտրեց] ու ամբողջ անուշահոտ իւղը մէկ անգամէն պարպեց, փոխանակ կանգ առնելու որ զայն բանար»։ Ասիկա կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ «տունը իւղին անուշահոտութիւնովը լեցուեցաւ»։ (Յովհաննէս 12։3) Արդարեւ մեծածախս նուէր մըն էր, բայց՝ յարմար։ Ինչո՞ւ։ Այս երախտապարտ կինը վերջերս տեսած էր իր սիրելի եղբօր՝ Ղազարոսի յարութիւն առնելը Յիսուսի միջոցաւ։—Յովհաննէս 11։32-45

Երիքով՝ մէ՞կ թէ երկու քաղաք էր։

Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս կ’արձանագրեն Երիքովի մօտ տեղի ունեցած հրաշալի բուժում մը։ (Մատթէոս 20։29-34. Մարկոս 10։46-52. Ղուկաս 18։35-43) Մատթէոս ու Մարկոս կ’ըսեն թէ Յիսուս այս հրաշքը կատարեց երբ Երիքովէն «կ’ելլէր»։ Բայց Ղուկաս կ’ըսէ թէ անիկա տեղի ունեցաւ երբ Յիսուս Երիքովի «կը մօտենար»։

Յիսուսի օրերուն, Երիքով անունով միայն մէ՞կ քաղաք կար թէ երկու։ Գիրք մը (Bible Then & Now) կը նշէ. «Նոր Կտակարանի ժամանակներուն, Երիքով արդէն վերաշինուած էր հին քաղաքին հարաւը, շուրջ 1.6 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Մեծն Հերովդէս հոն ձմեռնային պալատ մը կառուցանած էր»։ Այլ գիրք մը (Archaeology and Bible History) ասիկա կը հաստատէ, ըսելով. «Յիսուսի օրերուն, Երիքովը զոյգ քաղաք մըն էր։ . . . Հին հրէական քաղաքը հռովմէական քաղաքէն շուրջ 1.6 քիլոմեթր հեռու էր»։

Ուստի Յիսուս հաւանաբար հրաշքը կատարեց, երբ հրէական քաղաքէն կ’ելլէր եւ հռովմէական քաղաքին կը մօտենար, կամ՝ հակառակը։ Բացորոշ է թէ գրութեան ժամանակ գոյութիւն ունեցած պարագաներուն ծանօթ ըլլալը կ’օգնէ երեւութական հակասութիւնները բացատրելու։

[Նկար՝ էջ 11]

Անուշահոտ իւղի ալապաստրէ շիշ

[Նկարին աղբիւրը]

© Réunion des Musées Nationaux/Art Resource, NY