Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունէ

Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունէ

Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունէ

«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։—Ա. ՅՈՎՀ. 5։3

1, 2. (ա) Հեղինակութեան ենթարկուելու գաղափարը ինչո՞ւ շատերուն համար զզուելի է։ (բ) Իրապէս անկա՞խ են անոնք որ կը դաւանին որեւէ հեղինակութեան չհամակերպիլ։

«ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ» բառը ներկայիս ժողովրդական չէ։ Շատեր՝ ուրիշի մը կամքին ենթարկուելու գաղափարը անախորժ կը նկատեն։ Հեղինակութեան համակերպիլ չուզողներուն կեցուածքն է՝ «Ո՛չ ոք ինծի կ’ըսէ թէ ինչ պիտի ընեմ»։ Սակայն այս անհատները իրապէս անկա՞խ են։ Բնաւ երբեք։ Մեծամասնութիւնը պարզապէս կը համակերպի անհամար ուրիշներու չափանիշներուն, որոնք ‘կը կերպարանին այս աշխարհին կերպարանքովը’։ (Հռով. 12։2) Փոխանակ անկախ ըլլալու, անոնք «ապականութեան ծառաներ են», ինչպէս Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ։ (Բ. Պետ. 2։19) Անոնք կը քալեն «այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին [Բանսարկուի] ուզածին պէս»։—Եփ. 2։2

2 Գրող մը յոխորտանքով ըսաւ. «Ես թոյլ չեմ տար ծնողքիս, քահանային, պատուելիին, կուրուին կամ Աստուածաշունչին որ որոշեն թէ ի՛նչ բան ինծի համար շիտակ է»։ Ճիշդ է որ ոմանք իրենց հեղինակութիւնը կրնան չարաշահել եւ մեր հնազանդութեան արժանի չեն։ Բայց ուղղութեան ամէն կարիք բացարձակապէս ժխտելը լուծո՞ւմ է։ Լրագիրներու վերնագիրներուն վրայ ակնարկ մը նետելը անհաճելի պատասխան մը կու տայ։ Ցաւալին այն է որ երբ մարդիկ առաջնորդութեան չափազանց կարիք ունին, մեծամասնութիւնը աւելի նուազ հակամէտ է զայն ընդունելու։

Հեղինակութեան հանդէպ մեր տեսակէտը

3. Առաջին դարու Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ցոյց տուին թէ մարդկային հեղինակութեան կուրօրէն չէին ենթարկուեր։

3 Որպէս Քրիստոնեաներ, մեր կեցուածքը աշխարհի կեցուածքէն տարբեր է։ Ասիկա չի նշանակեր թէ մեզի ըսուածը կուրօրէն կ’ընենք։ Ընդհակառակը, երբեմն պէտք է մերժենք ուրիշներու կամքին ենթարկուիլ, նոյնիսկ եթէ հեղինակութեան տէր անհատներ են։ Նոյնն էր պարագան առաջին դարու Քրիստոնեաներուն։ Օրինակ, երբ առաքեալներուն հրամայուեցաւ որ դադրին քարոզելէ, անոնք քահանայապետին եւ Սենետրիոնի հեղինակաւոր անդամներուն տեղի չտուին։ Անոնք շիտակ ընթացքը չլքեցին՝ մարդկային հեղինակութեան համակերպելու համար։—Կարդալ՝ Գործք 5։27-29

4. Եբրայերէն Գրութիւններէն ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ ծառաներէն շատեր անժողովրդական ընթացքի հետեւեցան։

4 Նախաքրիստոնէական շրջանին, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր նոյնանման վճռականութեամբ վարուեցան։ Օրինակ, Մովսէս «չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ», թէեւ ասիկա ‘թագաւորին բարկութիւնը’ իր վրայ հրաւիրեց։ (Եբր. 11։24, 25, 27) Յովսէփ Պետափրէսի կնոջ անբարոյ առաջարկներուն ընդդիմացաւ, որ վրէժ լուծելու եւ իրեն վնաս հասցնելու կարողութիւն ունէր։ (Ծննդ. 39։7-9) Դանիէլ «որոշեց որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովն ու անոր խմած գինիովը չպղծուի», թէեւ իր կեցուածքը Բաբելոնի ներքինապետին համար դժուար էր որ ընդունէր։ (Դան. 1։8-14) Այսպիսի օրինակներ ցոյց կու տան թէ պատմականօրէն՝ Աստուծոյ ժողովուրդը շիտակի կողքին հաստատ դիրք բռնած է, հետեւանքները ի՛նչ որ ալ ըլլան։ Անոնք մարդոց տեղի չտուին՝ պարզապէս անոնց հաճութիւնը շահելու. մենք ալ նոյն կերպով պէտք է վարուինք։

5. Հեղինակութեան հանդէպ մեր տեսակէտը ի՞նչպէս աշխարհի տեսակէտէն տարբեր է։

5 Մեր խիզախ կեցուածքը յամառութեան հետ պէտք չէ շփոթել. ո՛չ ալ մենք կը նմանինք անոնց, որոնք քաղաքական նպատակի մը համար կ’ըմբոստանան։ Փոխարէն, վճռած ենք Եհովայի հեղինակութիւնը մարդկային հեղինակութենէն գերադաս նկատել։ Երբ մարդուն օրէնքը Աստուծոյ օրէնքին կը հակասէ, մեր կայացնելիք որոշումը դժուար չէ։ Առաջին դարու առաքեալներուն նման, Աստուծո՛յ կը հնազանդինք՝ փոխանակ մարդոց։

6. Եհովայի պատուէրներուն հնազանդիլը ինչո՞ւ միշտ լաւագոյն բանն է։

6 Ի՞նչ բան մեզի օգնած է որ Աստուծոյ հեղինակութիւնը ընդունինք։ Մենք լուրջի կ’առնենք Առակաց 3։5, 6–ի խօսքերը. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Համոզուած ենք թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ որ ալ պահանջէ, անիկա ի վերջոյ մեր բարիքին համար է։ (Կարդալ՝ Բ. Օրինաց 10։12, 13) Արդարեւ Եհովա Իսրայէլի ըսաւ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։ (Եսա. 48։17, 18) Մենք այս խօսքերուն կը վստահինք։ Համոզուած ենք թէ Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդիլը միշտ մեր լաւագոյն շահերուն կը ծառայէ։

7. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ նշուած պատուէր մը լրիւ չհասկնանք։

7 Եհովայի հեղինակութիւնը կ’ընդունինք եւ իրեն կը հնազանդինք, նոյնիսկ եթէ իր Խօսքին մէջ նշուած կարգ մը պահանջներուն պատճառը լրիւ չհասկնանք։ Ասիկա դիւրահաւատութիւն չէ, այլ՝ վստահութիւն։ Անիկա կը յայտնէ սրտագին վստահութիւն թէ Եհովա գիտէ ի՛նչ բան մեզի օգտակար է։ Մեր հնազանդութիւնը նաեւ մեր սիրոյն մէկ դրսեւորումն է, քանի որ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ (Ա. Յովհ. 5։3) Բայց մեր հնազանդութեան այլ երեսակ մը կայ, որ պէտք չէ անտեսենք։

Մեր ըմբռնողութիւնը մարզենք

8. ‘Մեր զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած ըլլալը’ ի՞նչպէս առնչուած է Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունելուն։

8 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ պէտք է ‘մեր զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած ըլլան բարին ու չարը զանազանել’։ (Եբր. 5։14) Ուստի մեր նպատակակէտը չէ Աստուծոյ օրէնքներուն մեքենաբար հնազանդիլ. փոխարէն, կ’ուզենք Եհովայի չափանիշներուն վրայ հիմնուելով՝ «բարին ու չարը զանազանել»ու կարող ըլլալ։ Կ’ուզենք Եհովայի ուղիներուն իմաստութիւնը տեսնել ու կարենալ սաղմոսերգուին խօսքը երկրորդել. «Քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։—Սաղ. 40։8

9. Ի՞նչպէս կրնանք մեր խղճմտանքը Եհովայի ուղիներուն հետ ներդաշնակ դարձնել, եւ ասիկա ընելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

9 Սաղմոսերգուին նման Աստուծոյ օրէնքները գնահատելու համար, Աստուածաշունչի հատուածներուն վրայ պէտք է խոկանք։ Օրինակ, երբ Եհովայի որոշ մէկ պահանջին մասին սորվինք, կրնանք հարց տալ. ‘Այս պատուէրը կամ սկզբունքը ինչո՞ւ իմաստուն է։ Անոր հնազանդիլը ինչո՞ւ իմ լաւագոյն շահերուս կը ծառայէ։ Այս հարցին մէջ Աստուծոյ խրատը անտեսողները ի՞նչ գէշ հետեւանքներ ունեցած են’։ Այսպէս մեր խղճմտանքը Եհովայի ուղիներուն հետ ներդաշնակ դարձնելով, աւելի հաւանական է որ իր կամքին համաձայն որոշումներ կայացնենք։ Պիտի կարենանք ‘Տէրոջ կամքը իմանալ’ ու անոր հնազանդիլ։ (Եփ. 5։17) Բայց ասիկա միշտ դիւրին չէ։

Սատանան կը ջանայ Աստուծոյ հեղինակութիւնը տկարացնել

10. Մարզերէն մէկը ի՞նչ է, որուն մէջ Սատանան ջանացած է Աստուծոյ հեղինակութիւնը տկարացնել։

10 Սատանան վաղուց կը ջանայ Աստուծոյ հեղինակութիւնը տկարացնել։ Իր անկախ հոգին բազմաթիւ կերպերով բացայայտ է։ Օրինակ, նկատի առ Աստուծոյ կարգադրած ամուսնութեան հանդէպ յարգանքի պակասը։ Ոմանք կը նախընտրեն կենակցիլ, իսկ ուրիշներ կը ծրագրեն իրենց կողակիցը ձգել։ Անոնք հաւանաբար համամիտ կը գտնուին հանրածանօթ դերասանուհիի մը հետ, որ պնդեց. «Թէ՛ արուին եւ թէ էգին համար, մէկ կողակից ունենալը անկարելի է», ապա աւելցուց. «Չեմ ճանչնար անհատ մը որ հաւատարիմ է կամ կ’ուզէ հաւատարիմ ըլլալ»։ Իր ձախող յարաբերութիւններուն մասին խորհելով, ժողովրդական դերակատար մը նմանապէս ըսաւ. «Վստահ չեմ թէ իրապէս մեր բնոյթին մէջ է որ մեր ամբողջ կեանքը մէկ կողակիցի հետ անցընենք»։ Մենք մեզի հարց տանք. ‘Ամուսնութեան հարցին մէջ Եհովայի հեղինակութիւնը կ’ընդունի՞մ, թէ ոչ աշխարհի թոյլ կեցուածքը մտածումիս ազդած է’։

11, 12. (ա) Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունիլը պատանիներուն համար ինչո՞ւ դժուար կրնայ ըլլալ։ (բ) Փորձառութիւն մը պատմէ որ Եհովայի օրէնքներն ու սկզբունքները անտեսելուն յիմարութիւնը ցոյց կու տայ։

11 Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պատանի՞ մըն ես։ Եթէ այո՛, կրնաս Սատանայի ջանքերուն մասնայատուկ թիրախը դառնալ որ Եհովայի հեղինակութիւնը տկարացնէ։ «Երիտասարդական ցանկութիւններ»ը եւ տարեկիցներուն ճնշումը կրնան քեզ մղել եզրակացնելու թէ Աստուծոյ օրէնքները ծանր են։ (Բ. Տիմ. 2։22) Թոյլ մի՛ տար որ ասիկա պատահի։ Ջանա՛ Աստուծոյ չափանիշներուն իմաստութիւնը տեսնել։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Պոռնկութենէն փախէք»։ (Ա. Կոր. 6։18) Դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս պատուէրը ինչո՞ւ իմաստուն է։ Այս կէտին մէջ հնազանդիլը ի՞նչպէս օգտակար պիտի ըլլայ ինծի’։ Թերեւս կը ճանչնաս անհատներ, որոնք Աստուծոյ խրատը անտեսեցին, ապա սուղ գին մը վճարեցին։ Այժմ անոնք իրապէս երջանի՞կ են։ Անոնց ներկայ կեանքը աւելի՞ լաւ է քան՝ երբ Եհովայի կազմակերպութեան կ’ընկերակցէին։ Անոնք իրապէս երջանկութեան գաղտնիք մը գտա՞ծ են, զոր Աստուծոյ մնացեալ ծառաները չեն գտած։—Կարդալ՝ Եսայի 65։14

12 Նկատի առ Սարօն անունով Քրիստոնեայի մը խօսքերը. «Եհովայի օրէնքին չհնազանդելով, ԷՅՏԾ մահացու հիւանդութեամբ վարակուեցայ։ Յաճախ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ այն երջանիկ տարիներուն վրայ, զորս Եհովայի ծառայելով անցուցի»։ Այս քոյրը անդրադարձաւ թէ Եհովայի օրէնքները բեկանելը անմտութիւն էր եւ թէ անոնց հանդէպ խոր յարգանք պէտք էր ունենար։ Եհովայի օրէնքները մեր պաշտպանութեան համար են։ Սարօն վերոնշեալ խօսքերը գրելէն եօթը շաբաթ ետք մահացաւ։ Ինչպէս անոր ողբերգական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, Սատանան իր ամբարիշտ դրութեան մաս կազմողներուն տալիք ո՛չ մէկ օգտակար բան ունի։ Որպէս ‘ստախօսութեան հայրը’, ան բազմաթիւ խոստումներ կու տայ, բայց զանոնք չի պահեր, ինչպէս որ Եւայի տուած իր խոստումը չպահեց։ (Յովհ. 8։44) Իրապէս, Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունիլը միշտ լաւագոյն բանն է։

Անկախ հոգիէն զգուշացի՛ր

13. Ո՞ր մարզին մէջ անկախ հոգիէն պէտք է զգուշանանք։

13 Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունելու համար, անկախ հոգիէն պէտք է զգուշանանք։ Ամբարտաւան կեցուածք մը կրնայ պատճառ ըլլալ որ զգանք թէ ոեւէ մէկուն ուղղութեան կարիք չունինք։ Օրինակ, թերեւս Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն տուած խրատներուն ընդդիմանանք։ Աստուած կարգադրութիւն մը հաստատած է, որով հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգ մը ատենին հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ։ (Մատ. 24։45-47) Խոնարհաբար պէտք է ընդունինք թէ ներկայիս ասիկա իր ժողովուրդը հոգալու Եհովայի կերպն է։ Հաւատարիմ առաքեալներուն պէս եղիր։ Երբ կարգ մը աշակերտներ գայթակղեցան, Յիսուս առաքեալներուն հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Պետրոս պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս»։—Յովհ. 6։67-69

14, 15. Աստուածաշունչի խրատներուն ինչո՞ւ խոնարհաբար պէտք է հնազանդինք։

14 Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունիլը կը պարփակէ՝ իր Խօսքին վրայ հիմնուած խրատներուն հնազանդիլ։ Օրինակ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը մեզ յորդորած է որ «արթուն ու զգաստ ըլլանք»։ (Ա. Թես. 5։6) Այս խրատը շատ տեղին է այս վերջին օրերուն, երբ շատեր «անձնասէր» ու «արծաթասէր» են։ (Բ. Տիմ. 3։1, 2) Կարելի՞ է որ այս տիրական կեցուածքներէն ազդուինք։ Այո՛։ Ոչ–հոգեւոր նպատակակէտերը կրնան մեզ հոգեւոր քունի մէջ մտցնել, կամ կրնանք նիւթապաշտական կեցուածք մը որդեգրել։ (Ղուկ. 12։16-21) Ուստի ո՜րքան խոհեմութիւն է Աստուածաշունչի խրատները ընդունիլ եւ Սատանայի աշխարհին մէջ շատ տիրական եղող ինքնասպաս կենցաղակերպէն խուսափիլ։—Ա. Յովհ. 2։16

15 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին պատրաստած հոգեւոր սնունդը ժողովքներուն կը մատակարարուի նշանակուած երէցներու կողմէ։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ»։ (Եբր. 13։17) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ժողովքի երէցները անսխալական են։ Անշուշտ ոչ։ Աստուած ոեւէ մարդէ աւելի անոնց անկատարութիւնները յստակօրէն կը տեսնէ։ Այսուհանդերձ ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ անոնց ենթարկուինք։ Երէցներուն հետ համագործակցիլը, թէեւ անոնք անկատար են, կ’ապացուցանէ թէ Եհովայի հեղինակութիւնը կ’ընդունինք։

Խոնարհութեան կարեւորութիւնը

16. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի հանդէպ յարգանք ցուցաբերել որպէս քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։

16 Միշտ պէտք է յիշենք թէ ժողովքին իսկական Գլուխը Յիսուսն է։ (Կող. 1։18) Ասիկա պատճառներէն մէկն է թէ նշանակուած երէցներուն ինչո՛ւ խոնարհաբար կ’ենթարկուինք, զանոնք ‘մեծ սիրով պատուելով’։ (Ա. Թես. 5։12, 13) Անշուշտ ժողովքի երէցները կրնան ցոյց տալ թէ իրենք ալ ենթարկուող են, ուշադիր ըլլալով որ ժողովքին հաղորդեն Աստուծոյ պատգամը, եւ ո՛չ թէ իրենց գաղափարները։ Անոնք ‘գրուածէն աւելի բան մը չեն խորհիր’, անհատական գաղափար մը յառաջ մղելու համար։—Ա. Կոր. 4։6

17. Փառատենչ հոգին ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

17 Ժողովքին բոլոր անդամները պէտք է զգուշանան իրենց անձին փառքը փնտռելէ։ (Առ. 25։27) Ակներեւօրէն, ասիկա որոգայթ մըն էր այն աշակերտին՝ որուն Յովհաննէս առաքեալ հանդիպեցաւ։ Ան գրեց. «Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չ’ընդունիր։ Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէ»։ (Գ. Յովհ. 9, 10) Ասկէ նոյնիսկ մենք դաս մը կը սորվինք։ Վաւերական պատճառ կայ որ մեր մէջ փառասիրութեան որեւէ հետք ջնջենք։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։ Աստուծոյ հեղինակութիւնը ընդունողները յաւակնոտութեան որոգայթէն պէտք է խուսափին, այլապէս՝ պիտի անարգուին։—Առ. 11։2. 16։18

18. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունելու։

18 Արդ, նպատակակէտ դիր աշխարհի անկախութեան հոգիին դէմ դնել եւ Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունիլ։ Ժամանակ առ ժամանակ, Եհովայի ծառայելու մեծ առանձնաշնորհումիդ մասին երախտագիտութեամբ խորհրդածէ։ Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կազմելդ ինքնին ապացոյց է թէ ան քեզ իրեն քաշած է սուրբ հոգիին միջոցաւ։ (Յովհ. 6։44) Աստուծոյ առջեւ վայելած կեցուածքդ երբեք թեթեւի մի՛ առներ։ Ջանա՛ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ցոյց տալ թէ անկախ հոգին կը մերժես եւ թէ Եհովայի հեղինակութիւնը կ’ընդունիս։

Կը յիշե՞ս

• Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Մեր ըմբռնողութիւնը մարզելը ի՞նչպէս առնչուած է Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունելուն։

• Սատանան ո՞ր մարզերուն մէջ կը ջանայ Աստուծոյ հեղինակութիւնը տկարացնել։

• Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունելու համար, խոնարհութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Միշտ խոհեմութիւն է Աստուծոյ չափանիշներուն հետեւիլ