Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր

Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր

ՇՈՒՐՋ Հ.Դ. 56–ին, իր երրորդ միսիոնարական շրջապտոյտին ընթացքին, Պօղոս առաքեալ Կորնթոս քաղաքը կը հասնի։ Ան կը լսէ Հռովմի մէջ բնակող Հրեայ ու հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաներուն միջեւ եղած տարակարծութիւններուն մասին։ Փափաքելով զանոնք Քրիստոսի մէջ կատարելապէս միացնել, Պօղոս նախաձեռնութիւնը կ’առնէ նամակ մը գրելու անոնց։

Հռովմայեցիս նամակին մէջ, Պօղոս կը բացատրէ թէ մարդիկ ի՛նչպէս կ’արդարանան եւ անոնք իրենց կեանքը ի՛նչպէս պէտք է վարեն։ Նամակը Աստուծոյ եւ իր Խօսքին մասին մեր գիտութիւնը կ’աւելցնէ, Աստուծոյ շնորհքը կ’ընդգծէ եւ մեր փրկութեան մէջ Քրիստոսի դերը ցցուն կ’ընէ։—Եբր. 4։12

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ

(Հռով. 1։1–11։36)

Պօղոս կը գրէ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան. բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Մարդ հաւատքով կ’արդարանայ առանց օրէնքին գործերուն»։ (Հռով. 3։23, 24, 28) «Մէկ հոգիին արդար գործ»ին հաւատք ընծայելով, թէ՛ օծեալ Քրիստոնեաները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութեան» անդամները կրնան ‘արդարանալ’,– առաջին խումբը որպէս Քրիստոսի ժառանգակիցներ երկնքի մէջ ապրելու հեռանկարով, իսկ երկրորդը՝ իբրեւ Աստուծոյ բարեկամներ, «մեծ նեղութենէն» վերապրելու հեռանկարով։—Հռով. 5։18, Անթիլիաս. Յայտ. 7։9, 14. Յովհ. 10։16. Յակ. 2։21-24. Մատ. 25։46

Պօղոս կը նշէ. «Մե՞ղք գործենք քանի որ օրէնքի տակ չենք, հապա շնորհքի տակ։ Քա՛ւ լիցի։ . . . Ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ՝ արդարութեան»։ (Հռով. 6։15, 16) Ան կ’աւելցնէ. «Եթէ Հոգիով մարմնին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք»։—Հռով. 8։13

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։24-32—Հոս նկարագրուած բարոյական անկումը Հրեաներո՞ւն թէ հեթանոսներուն կը կիրարկուի։ Թէեւ նկարագրութիւնը երկուքին ալ կրնայ յարմարիլ, սակայն Պօղոս յատկապէս կ’ակնարկէր վաղեմի հաւատուրաց Իսրայելացիներուն։ Աստուծոյ արդար դատաստանը գիտնալով հանդերձ, անոնք «չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել»։ Ուստի անոնք մեղադրելի էին։

3։24, 25—Յիսուս Քրիստոսի փրկանքը ի՞նչպէս կրնար «նախապէս գործուած մեղքերը» ջնջել։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած առաջին Մեսիական մարգարէութիւնը կատարում մը ունեցաւ Հ.Դ. 33–ին, երբ Յիսուս տանջանքի ցիցի մը վրայ սպաննուեցաւ։ (Գաղ. 3։13, 16) Սակայն երբ Եհովա այդ մարգարէութիւնը ըսաւ, իր տեսանկիւնէն դիտուած՝ փրկագինը վճարուած նկատեց, քանի որ իր նպատակը անպայման կ’իրագործուի։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի ապագայ զոհաբերութեան հիման վրայ, Եհովա կրնար Ադամէ սերած մարդոց մեղքերը ներել, որոնք այդ խոստումին կը հաւատային։ Փրկանքը նաեւ կարելի կը դարձնէ որ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն ապրողները յարութիւն առնեն։—Գործք 24։15

6։3-5—Ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոս Յիսուսով մկրտուիլ եւ իր մահով մկրտուիլ։ Երբ Եհովա Քրիստոսի հետեւորդները սուրբ հոգիով կ’օծէ, անոնք Յիսուսի կը միանան եւ ժողովքին անդամները կ’ըլլան, որ Քրիստոսի մարմինն է, իսկ ինք՝ Գլուխը։ (Ա. Կոր. 12։12, 13, 27. Կող. 1։18) Այսպէս անոնք Քրիստոս Յիսուսով կը մկրտուին։ Օծեալ Քրիստոնեաները նաեւ ‘Քրիստոսի մահով կը մկրտուին’, այսինքն՝ զոհաբերական կեանք մը կը վարեն եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսէն կը հրաժարին։ Հետեւաբար անոնց մահը զոհաբերական է, ինչպէս էր Յիսուսի մահը, թէեւ փրկագին չի ներկայացներ։ Քրիստոսի մահով մկրտուիլը կ’ամբողջանայ, երբ անոնք կը մեռնին եւ երկնային կեանքի կը յարուցանուին։

7։8-11—Ի՞նչպէս ‘մեղքը պատուիրանէն առիթ առաւ’։ Մովսիսական Օրէնքը մարդոց օգնեց մեղքին լման տարողութիւնը ըմբռնելու, իրենց մեղաւոր ըլլալուն աւելի գիտակից դարձնելով։ Հետեւաբար, անոնք իրենք զիրենք աւելի շատ կերպերով մեղաւոր տեսան, եւ աւելի թիւով մարդիկ իբրեւ մեղաւորներ քօղազերծուեցան։ Այսպէս կրնայ ըսուիլ թէ մեղքը Օրէնքէն առիթ առաւ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։14, 15. Բարի լուրը եռանդունօրէն ծանուցանելու բազմաթիւ պատճառներ ունինք։ Անոնցմէ մէկը այն է թէ մենք Յիսուսի արիւնով գնուած մարդոց պարտական ենք եւ անոնց հոգեւորապէս օգնելու պարտաւոր ենք։

1։18-20. Ամբարիշտ եւ անիրաւ մարդիկը արդարացում չունին, քանի որ Աստուծոյ անտեսանելի յատկութիւնները ստեղծագործութեան մէջ բացայայտ են։

2։28. 3։1, 2. 7։6, 7. Հրեաներուն թերեւս նսեմացուցիչ թուող խօսքերէն ետք, Պօղոս մեղմացուցիչ նշմարներ աւելցուց։ Ասիկա մեզի օրինակ է որ նուրբ նիւթերը փափկանկատութեամբ ու հմտութեամբ ձեռք առնենք։

3։4. Երբ մարդուն խօսքը կը հակասէ իր Խօսքին մէջ Աստուծոյ ըսածներուն, թոյլ կու տանք որ ‘Աստուած ճշմարիտ ըլլայ’, Աստուածաշունչի պատգամին վստահելով եւ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ գործելով։ Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար մասնակցելով, կրնանք ուրիշներուն օգնել որ տեսնեն թէ Աստուած ճշմարտախօս է։

4։9-12. Աբրահամի հաւատքը իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ, 99 տարեկանին թլփատուելէն շա՜տ առաջ։ (Ծննդ. 12։4. 15։6. 16։3. 17։1, 9, 10) Աստուած այս զօրաւոր կերպով ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ բան կարելի կը դարձնէ որ անհատ մը իր առջեւ արդար կեցուածք ունենայ։

4։18. Յոյսը հաւատքին էական մէկ տարրն է։ Մեր հաւատքը յոյսի վրայ հիմնուած է։—Եբր. 11։1

5։18, 19. Տրամաբանօրէն ցոյց տալով թէ Յիսուս ի՛նչպէս Ադամի կը նմանի, Պօղոս համառօտաբար կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս մէկ մարդ կրնայ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալ»։ (Մատ. 20։28) Տրամաբանական պատճառաբանութիւնը եւ համառօտութիւնը ուսուցման ընտիր մեթոտներ են, զորս պէտք է գործածենք։—Ա. Կոր. 4։17

7։23. Մարմնի անդամները, ինչպէս՝ ձեռք, ոտք ու լեզու, կրնան ‘մեզ գերի ընել մեղքի օրէնքին’։ Ուստի պէտք է զգուշանանք զանոնք սխալ կերպով գործածելէ։

8։26, 27. Երբ դիմագրաւենք պարագաներ, որոնք ա՛յնքան շփոթեցուցիչ են որ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթելու ենք, «Հոգին բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար»։ Ապա Եհովա՝ «աղօթքի լսող»ը, իր Խօսքին մէջ արձանագրուած որոշ աղօթքներ կ’ընդունի, որպէս թէ մեզմէ ուղղուած են իրեն։—Սաղ. 65։2

8։38, 39. Աղէտներ, չար ոգիներ եւ մարդկային կառավարութիւններ չեն կրնար մեզի հանդէպ Եհովայի սէրը դադրեցնել. ո՛չ ալ իրեն հանդէպ մեր սէրը պէտք է դադրեցնեն։

9։22-28. 11։1, 5, 17-26. Իսրայէլի վերահաստատման վերաբերեալ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կը կատարուին օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին միջոցաւ, որուն անդամները Աստուած «կանչեց, ո՛չ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ»։

10։10, 13, 14. Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ սէր ունենալէ զատ, Եհովայի ու իր խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատքը կրնայ մեզ մղել որ քրիստոնէական ծառայութեան նախանձախնդրաբար մասնակցինք։

11։16-24, 33. «Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը» ի՜նչ գեղեցիկ կերպով հաւասարակշռուած են։ Արդարեւ «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են»։—Բ. Օր. 32։4

ԱՐԴԱՐԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՀԵՏ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԱՊՐԻԼ

(Հռով. 12։1–16։27)

Պօղոս կ’ըսէ. «Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի»։ (Հռով. 12։1) «Արդ», կամ այն իրողութեան ի տես որ Քրիստոնեաները արդարացած են իրենց հաւատքին շնորհիւ, Պօղոսի յաջորդ խօսքերը պէտք է ազդեն իրենց անձին, ուրիշներուն եւ կառավարական հեղինակութիւններուն հանդէպ իրենց տեսակէտին։

«Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ», կը գրէ Պօղոս։ «Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ», կը յորդորէ ան։ (Հռով. 12։3, 9) «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ (Հռով. 13։1) Խղճմտանքի առնչուած հարցերու նկատմամբ, ան Քրիստոնեաները կը քաջալերէ որ «զիրար չդատեն»։—Հռով. 14։13

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

12։20—Թշնամիի մը գլուխին վրայ ի՞նչպէս ‘կրակի կայծեր կը դիզենք’։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, հանքանիւթը հնոցի մէջ կը դրուէր, եւ անոր թէ՛ վրան եւ թէ տակը ածուխ կը շարուէր։ Անոր վրայ դիզուած կայծերը տաքութիւնը աւելցնելով, մետաղը կը հալէր եւ անմաքրութիւններէ կը զատուէր։ Նմանապէս, հակառակորդի մը ի նպաստ ազնիւ արարքներ ընելով, անոր գլուխին վրայ կրակի կայծեր կը կուտակենք, այնպէս որ իր կարծրութիւնը պիտի հալի եւ իր լաւ յատկութիւնները երեւան պիտի ելլեն։

12։21—Ի՞նչպէս կը շարունակենք ‘բարիով յաղթել չարին’։ Ասիկա ընելու կերպ մըն է՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր աստուածատուր գործին խիզախօրէն կառչած մնալ, մինչեւ որ Եհովայի ուզած տարողութեամբ կատարուի։—Մար. 13։10

13։1—Ի՞նչ կերպով վերին իշխանութիւնները «Աստուծմէ կարգուած են [«իրենց յարաբերական դիրքերուն վրայ», ՆԱ]»։ Աշխարհիկ հեղինակութիւնները «Աստուծմէ կարգուած են իրենց յարաբերական դիրքերուն վրայ» այն առումով որ անոնք Աստուծոյ արտօնութեամբ կ’իշխեն, եւ կարգ մը պարագաներուն անոնց իշխանութիւնը Աստուծոյ կողմէ նախագուշակուած էր, ինչպէս Աստուածաշունչը որոշ կառավարիչներու մասին նախապէս խօսեցաւ։

Դասեր՝ մեզի համար.

12։17, 19. Անձամբ վրէժ առնելը կը նշանակէ թէ կ’ընենք բան մը որ Եհովայի պէտք է յանձնենք։ Ի՜նչ յաւակնոտութիւն է որ ‘չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանենք’։

14։14, 15. Մեր հրամցուցած ուտելիքով կամ խմելիքով մեր եղբայրը պէտք չէ տրտմեցնենք կամ գայթակղեցնենք։

14։17. Աստուծոյ հետ ընդունելի յարաբերութիւն ունենալը գլխաւորաբար կախեալ չէ անհատին կերածէն կամ խմածէն, ո՛չ ալ չկերածէն կամ չխմածէն։ Փոխարէն, անիկա արդարութեան, խաղաղութեան եւ ուրախութեան առնչուած է։

15։7. Անկեղծօրէն ճշմարտութիւն փնտռող բոլոր անհատները անաչառօրէն ու սիրով պէտք է ընդունինք ժողովքէն ներս եւ մեր հանդիպած բոլոր մարդոց ծանուցանենք Թագաւորութեան պատգամը։

[Նկարներ՝ էջ 15]

Փրկանքը հայթայթուելէ առաջ, կրնա՞ր գործուած մեղքերուն կիրարկուիլ