Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յատկութիւններ՝ որոնց հետամուտ պէտք է ըլլանք

Յատկութիւններ՝ որոնց հետամուտ պէտք է ըլլանք

Յատկութիւններ՝ որոնց հետամուտ պէտք է ըլլանք

«Հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, բարեպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան»։—Ա. ՏԻՄ. 6։11, ԱՎ

1. Լուսաբանէ թէ «հետամուտ ըլլալ» ի՛նչ կը նշանակէ։

ԵՐԲ «հետամուտ ըլլալ» բառը լսես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Թերեւս մտածես Մովսէսի օրերուն մասին, երբ եգիպտական զօրքերը Իսրայէլի «ետեւէն ինկան», ապա Կարմիր ծովուն մէջ աղէտի հանդիպեցան։ (Ել. 14։23) Կամ, թերեւս մտաբերես վաղեմի Իսրայէլի մէջ պատահական մարդասպանի մը դիմագրաւած վտանգը։ Ան արագօրէն պէտք էր հասնէր ապաստանի վեց քաղաքներէն մէկը։ Այլապէս, ‘արեան վրէժխնդիրը կրնար մարդասպանին ետեւէն իյնալ, անոր հասնիլ ու զանիկա մեռցնել’։—Բ. Օր. 19։6

2. (ա) Աստուած կարգ մը Քրիստոնեաներ հրաւիրած է որ ի՞նչ մրցանակի հետամուտ ըլլան։ (բ) Եհովա ներկայիս Քրիստոնեաներուն մեծամասնութեան ի՞նչ հեռանկար կը հրամցնէ։

2 Միւս կողմէ, նկատի առ Պօղոս առաքեալի դրական կեցուածքը. «Կը հետապնդեմ նպատակակէտը՝ Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին համար»։ (Փիլ. 3։14, ԱՎ) Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներ, Պօղոսը ներառեալ, երկնային կեանքի այդ մրցանակը կը ստանան։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն երկրի վրայ՝ իր հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Արդարեւ անոնք Աստուծմէ հրաւէր ստացած են որ հոյակապ նպատակակէտի մը հետամուտ ըլլան։ Սակայն ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը տարբեր հեռանկար կամ նպատակակէտ ունի։ Եհովա սիրալիրօրէն անոնց կը հրամցնէ ի՛նչ որ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին,– դրախտային երկրի վրայ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։—Յայտ. 7։4, 9. 21։1-4

3. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ շնորհքը գնահատել։

3 Մեղաւոր մարդիկ շիտակը ընելու իրենց անկատար ջանքերով չեն կրնար յաւիտենական կեանք շահիլ։ (Եսա. 64։6) Յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելը կարելի է միայն հաւատալով Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ ըրած փրկաբեր կարգադրութեան։ Աստուծոյ այդ շնորհքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Կէտերէն մէկը այն է որ սա պատուէրին հնազանդինք. «Հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, բարեպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան»։ (Ա. Տիմ. 6։11, ԱՎ) Այժմ այս յատկութիւնները նկատի առնելով, վճռենք անոնց «ա՛լ աւելի» հետամուտ ըլլալ։—Ա. Թես. 4։1

«Հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան»

4. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ «արդարութեան» հետամուտ ըլլալը կարեւոր է, եւ անհատը ի՞նչ սկզբնական քայլեր պէտք է առնէ։

4 Տիմոթէոսի յղած իր երկու նամակներուն մէջ, Պօղոս առաքեալ թուեց յատկութիւններ՝ որոնց հետամուտ պէտք է ըլլանք, եւ իւրաքանչիւր անգամին նա՛խ ‘արդարութիւնը’ նշեց։ (Ա. Տիմ. 6։11. Բ. Տիմ. 2։22) Ասկէ զատ, այլ հատուածներու մէջ Աստուածաշունչը բազմիցս մեզ կը քաջալերէ որ արդարութեան հետեւինք։ (Առ. 15։9. 21։21. Եսա. 51։1) Ասիկա ընելու նախնական քայլ մըն է՝ ‘ճանչնալ միմիայն ճշմարիտ Աստուածն ու Յիսուս Քրիստոսը, որ ղրկեց’։ (Յովհ. 17։3) Արդարութեան հետամուտ ըլլալը պիտի մղէ անհատը քայլեր առնելու,– անցեալի մեղքերուն համար զղջալ եւ ‘դարձի գալ’, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ընէ։—Գործք 3։19

5. Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ձեռք ձգելու եւ պահպանելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

5 Արդարութեան անկեղծօրէն հետամուտ եղող միլիոնաւորներ, իրենց կեանքը Եհովայի նուիրած են, եւ նուիրումը խորհրդանշած են ջուրի մկրտութեամբ։ Եթէ մկրտուած Քրիստոնեայ մըն ես, խորհա՞ծ ես այն իրողութեան մասին թէ կենցաղդ պէտք է յայտնէ, եւ թերեւս ալ կը յայտնէ, որ շարունակ արդարութեան հետամուտ ես։ Անոր մէկ երեսակն է՝ Աստուածաշունչին միջոցով «բարին ու չարը» զատորոշել, երբ որոշումներ պիտի կայացնես։ (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 5։14) Օրինակ, եթէ ամուսնանալի տարիքի մէջ եղող ամուրի Քրիստոնեայ մըն ես, կատարելապէս վճռա՞ծ ես ռոմանթիկ կապեր չհաստատել անհատի մը հետ, որ մկրտուած Քրիստոնեայ չէ։ Արդարեւ վճռած ես, եթէ արդարութեան հետամուտ ըլլաս։—Ա. Կոր. 7։39

6. Արդարութեան իսկապէս հետամուտ ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։

6 Արդար ըլլալը ինքնարդար կամ «խիստ շատ արդար» ըլլալէն տարբեր է։ (Ժող. 7։16) Յիսուս զգուշացուց այդ տեսակի արդարութիւն ցոյց տալէ, որուն նպատակն է ուրիշներէն լաւ երեւնալ։ (Մատ. 6։1) Արդարութեան իսկապէս հետամուտ ըլլալը կը պարփակէ սիրտը,– սրբագրել սխալ գաղափարներ, կեցուածքներ, շարժառիթներ եւ ցանկութիւններ։ Եթէ ասիկա յարատեւ ընենք, անհաւանական է որ լուրջ մեղքեր գործենք։ (Կարդալ՝ Առակաց 4։23. համեմատել՝ Յակոբոս 1։14, 15) Աւելին ըլլալով, Եհովա մեզ պիտի օրհնէ եւ օգնէ, մինչ քրիստոնէական այլ կարեւոր յատկութիւններու հետամուտ կ’ըլլանք։

«Հետամո՛ւտ եղիր . . . բարեպաշտութեան»

7. Ի՞նչ է «բարեպաշտութիւն»ը։

7 Բարեպաշտութիւնը կը պարփակէ՝ խանդավառօրէն նուիրուած ու հաւատարիմ ըլլալ։ Աստուածաշունչի բառարան մը կը նշէ թէ «բարեպաշտութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նկարագրէ՝ «Աստուծոյ վախը մեծապէս ու բծախնդրաբար արժեւորելը»։ Իսրայելացիները այսպիսի նուիրում ցուցաբերելու մէջ յաճախ թերացան, ինչպէս կը յայտնեն անոնց անհնազանդ արարքները, նոյնիսկ եգիպտական ստրկութենէն ազատուելէ ետք։

8. (ա) Ադամի մեղքը ի՞նչ հարցում յարուց։ (բ) Այս սրբազան «խորհուրդ»ին պատասխանը ի՞նչպէս յայտնուեցաւ։

8 Կատարեալ մարդուն՝ Ադամի մեղանչումէն հազարաւոր տարիներ ետք, տակաւին կարելի էր հարց տալ. «Ոեւէ մարդ կրնա՞յ կատարեալ բարեպաշտութիւն ցուցաբերել»։ Դարերու ընթացքին, ո՛չ մէկ մեղաւոր մարդու կենցաղը կատարեալ բարեպաշտութիւն արտացոլացուց։ Բայց իր որոշած ժամանակին, Եհովա այս սրբազան «խորհուրդ»ին պատասխանը յայտնեց։ Ան իր միածին երկնային Որդիին կեանքը փոխադրեց Մարիամի արգանդը, որպէսզի ծնէր իբրեւ կատարեալ մարդ։ Իր երկրային կեանքով ու նուաստացուցիչ մահով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ ճշմարիտ Աստուծոյ ջերմեռանդօրէն նուիրուած եւ լիովին հաւատարիմ ըլլալ։ Իր աղօթքները, իր սիրալիր երկնաւոր Հօր հանդէպ իր ակնածանքը յայտնեցին։ (Մատ. 11։25. Յովհ. 12։27, 28) Ուստի Եհովա Պօղոսը ներշնչեց որ Յիսուսի օրինակելի կենցաղը նկարագրէ որպէս «բարեպաշտութիւն»։—Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 3։16, ԱՎ

9. Ի՞նչպէս կրնանք բարեպաշտութեան հետամուտ ըլլալ։

9 Մեր մեղաւոր վիճակին մէջ, չենք կրնար կատարեալ բարեպաշտութիւն ցուցաբերել, բայց կրնանք անոր հետամուտ ըլլալ։ Ասիկա մեզմէ կը պահանջէ որ կարելի եղածին չափ մօտէն Քրիստոսի օրինակին հետեւինք։ (Ա. Պետ. 2։21) Այսպէս պիտի չնմանինք կեղծաւորներուն, որոնք «աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։ (Բ. Տիմ. 3։5) Ասիկա չի նշանակեր թէ իսկական բարեպաշտութիւնը դրսերեւոյթին հետ կապ չունի։ Օրինակ, երբ հարսանիքի կամ գնումի համար կ’ընտրենք մեր հագուելիքը, մեր արտաքին երեւոյթը միշտ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ մեր դաւանութեան հետ թէ Աստուծմէ կ’ակնածինք։ (Ա. Տիմ. 2։9, 10) Այո, բարեպաշտութեան հետամուտ ըլլալը կը պահանջէ որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ արդար չափանիշները հաշուի առնենք։

«Հետամո՛ւտ եղիր . . . հաւատքի»

10. Մեր հաւատքը զօրաւոր պահելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

10 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 10։17–ն։ Զօրաւոր հաւատք ձեռք ձգելու եւ պահպանելու համար, Քրիստոնեան պէտք է շարունակէ Աստուծոյ Խօսքին թանկարժէք ճշմարտութիւններուն վրայ խոկալ։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» բազմաթիւ ընտիր հրատարակութիւններ հայթայթած է։ Երեք բացառիկ գիրքեր են՝ Ցարդ ապրած մեծագոյն Մարդը, Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ եւ «Եկուր իմ ետեւէս», որոնք կ’օգնեն Քրիստոսը աւելի լաւ ճանչնալու եւ ընդօրինակելու։ (Մատ. 24։45-47) Ծառայ դասակարգը նաեւ կը կարգադրէ ժողովներ եւ համաժողովներ, որոնք Քրիստոսի խօսքերը աչքառու կը դարձնեն։ Կա՞ն կերպեր, որոնցմով կրնաս այս հանդիպումներէն մեծագոյն օգուտը քաղել, մինչ Աստուծոյ հայթայթած բաներուն «ա՛լ աւելի ուշադրութիւն» կ’ընես։—Եբր. 2։1

11. Հաւատքի հետամուտ ըլլալու մէջ, աղօթքը եւ հնազանդութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղան։

11 Աղօթքն ալ կ’օգնէ զօրաւոր հաւատք կերտելու։ Յիսուսի հետեւորդները անգամ մը աղերսեցին. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։ Կրնանք խոնարհաբար Աստուծմէ նոյն բանը հայցել։ (Ղուկ. 17։5) Այս ուղղութեամբ, աղօթքով Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնը պէտք է խնդրենք, քանի որ հաւատքը «Հոգիին պտուղ»ին մէկ երեսակն է։ (Գաղ. 5։22, 23, Երուսաղէմ) Աւելին ըլլալով, Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդիլը մեր հաւատքը կ’ամրացնէ։ Օրինակ, կրնանք ջանք թափել որ քարոզչութեան ա՛լ աւելի մասնակցինք։ Ասիկա հաւանաբար մեր մէջ խոր երջանկութիւն պիտի յառաջացնէ։ Իսկ խոկալով այն օրհնութիւններուն վրայ, որոնք ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը նա՛խ խնդրելէն’ յառաջ կու գան, մեր հաւատքը պիտի աճի։—Մատ. 6։33

«Հետամո՛ւտ եղիր . . . սիրոյ»

12, 13. (ա) Յիսուսի նոր պատուիրանը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչ կարեւոր կերպերով քրիստոսանման սիրոյ հետամուտ պէտք է ըլլանք։

12 Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2–ը։ Պօղոս գործնական խրատ տուաւ թէ Քրիստոնեաներ ի՛նչպէս կրնան իրարու հանդէպ սէր ցուցաբերել։ Մեր բարեպաշտութիւնը պէտք է պարփակէ հնազանդիլ Յիսուսի նոր պատուիրանին. «Սիրեցէ՛ք զիրար. ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, դո՛ւք ալ սիրեցէք զիրար»։ (Յովհ. 13։34, ԱՎ) Յովհաննէս առաքեալ նշեց. «Ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ»։ (Ա. Յովհ. 3։17) Կրնա՞ս առիթներ մտաբերել, երբ գործնականօրէն սէր ցուցաբերած ես։

13 Սիրոյ հետամուտ ըլլալու այլ կերպ մըն է՝ ներելը եւ եղբայրներուն դէմ ոխ չպահելը։ (Կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 4։20) Կ’ուզենք այս ներշնչեալ խրատին հետեւիլ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք»։ (Կող. 3։13, Անթիլիաս) Ժողովքին մէջ կա՞յ անհատ մը, որուն նկատմամբ կրնաս այս խրատը կիրարկել։ Անոր պիտի ներե՞ս։

«Հետամո՛ւտ եղիր . . . համբերութեան»

14. Ֆիլատելֆիայի ժողովքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

14 Կարճատեւ նպատակակէտի մը համար ջանք թափելը բան մըն է, իսկ բոլորովին ուրիշ հարց է երբ նպատակակէտը դժուար է կամ մեր ակնկալածէն աւելի հեռու է։ Բացորոշ է որ յաւիտենական կեանքի նպատակակէտին հետամուտ ըլլալը համբերատարութիւն կը պահանջէ։ Տէր Յիսուս Ֆիլատելֆիայի ժողովքին ըսաւ. «Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ»։ (Յայտ. 3։10) Արդարեւ Յիսուս համբերատարութեան կարիքին մասին սորվեցուց,– յատկութիւն մը որ մեզի կ’օգնէ նեղութիւններու եւ փորձութիւններու դիմաց ձեռնթափ չըլլալու։ Առաջին դարու Ֆիլատելֆիայի ժողովքին եղբայրները, հաւատքի բազմաթիւ փորձութիւններու ընթացքին օրինակելի համբերատարութիւն ցուցաբերած ըլլալու էին։ Հետեւաբար Յիսուս զիրենք հաւաստիացուց թէ գալիք աւելի մեծ փորձութեան մը ընթացքին, իրենց յաւելեալ օգնութիւն պիտի տար։—Ղուկ. 16։10

15. Յիսուս համբերատարութեան մասին ի՞նչ սորվեցուց։

15 Յիսուս գիտէր թէ անհաւատ ազգականներ եւ ընդհանուր առմամբ աշխարհը պիտի ատէին իր հետեւորդները, ուստի առնուազն երկու առիթով զիրենք քաջալերեց՝ ըսելով. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատ. 10։22. 24։13) Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ թէ այդ ժամանակ իր աշակերտները ի՛նչպէս կրնային տոկալու համար հարկ եղած զօրութիւնը ձեռք ձգել։ Առակի մը մէջ, ան ապառաժուտ հողը նմանցուց անհատներու, որոնք «ուրախութեամբ կ’ընդունին [Աստուծոյ] խօսքը», բայց հաւատքի «փորձութեան ժամանակ կը հեռանան»։ Սակայն ան իր հաւատարիմ հետեւորդները նմանցուց լաւ հողի, այն իմաստով որ անոնք Աստուծոյ խօսքը «կը պահեն» եւ «համբերութեամբ պտուղ կ’արտադրեն»։—Ղուկ. 8։13, 15, ԱՎ

16. Ո՞ր սիրալիր հայթայթումը միլիոնաւորներու օգնած է որ տոկան։

16 Համբերատարութեան գաղտնիքը նկատեցի՞ր։ Աստուծոյ խօսքը մեր սրտին ու մտքին մէջ վառ պէտք է ‘պահենք’։ Ասիկա ընելը հեշտ ու կարելի եղած է, Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւնը,– Աստուածաշունչի ճշգրիտ ու դիւրընթեռնլի թարգմանութիւն մը,– հետզհետէ աւելի լեզուներով մատչելի ըլլալով։ Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքին որոշ մէկ հատուածին վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ հարկ եղած զօրութիւնը ունենալու, որպէսզի շարունակենք «համբերութեամբ» պտուղ արտադրել։—Սաղ. 1։1, 2

«Հետամո՛ւտ եղիր . . . հեզութեան» եւ խաղաղութեան

17. (ա) «Հեզութիւնը» ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ հեզ էր։

17 Ո՛չ ոք կը սիրէ սխալ կերպով ամբաստանուիլ։ Մարդիկ յաճախ բարկութեամբ ուրանալով կը հակազդեն անիրաւ քննադատութեան։ Բայց ո՜րքան աւելի աղէկ է «հեզութիւն» ցուցաբերել։ (Կարդալ՝ Առակաց 15։1) Անիրաւ քննադատութեան դիմաց հեզ ըլլալը մեծ զօրութիւն կը պահանջէ։ Յիսուս Քրիստոս ասոր մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան «կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։ (Ա. Պետ. 2։23) Չենք կրնար ակնկալել որ այս մարզին մէջ Յիսուսի նման ըլլանք, բայց կրնա՞նք ջանալ որ ա՛լ աւելի հեզութիւն ցուցաբերենք։

18. (ա) Հեզութիւնը ի՞նչ բարիք կ’իրագործէ։ (բ) Ո՞ր յատկութեան նաեւ հետամուտ պէտք է ըլլանք։

18 Յիսուսի օրինակին հետեւելով, թող ‘միշտ պատրաստ ըլլանք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ’ մեր հաւատալիքները պաշտպանելու։ (Ա. Պետ. 3։15) Արդարեւ մեր հեզ ըլլալը կրնայ արգելք հանդիսանալ որ տարակարծութիւնները վերածուին տաք վիճաբանութիւններու, թէ՛ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց հետ եւ թէ հաւատակիցներու հետ։ (Բ. Տիմ. 2։24, 25) Հեզութիւնը մեր խաղաղութեան կը նպաստէ։ Թերեւս ասոր համար է որ Պօղոս, Տիմոթէոսի յղած իր երկրորդ նամակին մէջ, «խաղաղութիւն»ն ալ նշեց որպէս յատկութիւն մը, որուն հետամուտ պէտք է ըլլանք։ (Բ. Տիմ. 2։22. համեմատել՝ Ա. Տիմոթէոս 6։11) Այո, Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը քաջալերեն որ «խաղաղութեան» հետամուտ ըլլանք։—Սաղ. 34։14. Եբր. 12։14

19. Եօթը քրիստոնէական յատկութիւններ նկատի առնելէ ետք, վճռած ես ի՞նչ բաներու հետամուտ ըլլալ եւ ինչո՞ւ։

19 Նկատի առինք եօթը քրիստոնէական յատկութիւններ, որոնց հետամուտ պէտք է ըլլանք,– արդարութիւն, բարեպաշտութիւն, հաւատք, սէր, համբերութիւն, հեզութիւն եւ խաղաղութիւն։ Ի՜նչ օրհնութիւն է իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ, երբ եղբայրներ ու քոյրեր կը ջանան այս թանկարժէք յատկութիւնները ա՛լ աւելի ցուցաբերել։ Ասիկա Եհովան պիտի պատուէ եւ իրեն թոյլ պիտի տայ որ իւրաքանչիւրս իր փառքին համար կաղապարէ։

Խորհրդածութեան կէտեր

• Արդարութեան ու բարեպաշտութեան հետամուտ ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն որ հաւատքի ու համբերութեան հետամուտ ըլլանք։

• Սէրը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր վարուելակերպին։

• Ինչո՞ւ հեզութեան ու խաղաղութեան հետամուտ պէտք է ըլլանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն վրայ խոկալով՝ կրնանք հաւատքի հետամուտ ըլլալ

[Նկար՝ էջ 23]

Կրնա՛նք սիրոյ ու հեզութեան հետամուտ ըլլալ