Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քու առաջուան սէրդ» պահէ

«Քու առաջուան սէրդ» պահէ

«Քու առաջուան սէրդ» պահէ

«Ունեցածդ ամուր բռնէ»։—ՅԱՅՏ. 3։11

1, 2. Ի՞նչ զգացիր երբ համոզուեցար թէ Եհովայի մասին սորվածդ ճշմարտութիւն էր։

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս երբ առաջին անգամ իմացար որ Եհովա հնազանդ մարդկութեան հոյակապ ապագայ կը խոստանայ։ Եթէ նախապէս այլ կրօնքի մը կը պատկանէիր, ի՞նչ զգացիր երբ Աստուծոյ նպատակները քեզի բացատրուեցան Սուրբ Գրութիւններու լոյսին տակ, կամ՝ երբ դժուարահասկնալի ուսուցումներ լուսաբանուեցան։ Թերեւս անդրադարձար որ խաբուած էիր։ Բայց հիմա ո՜րքան ուրախ ես որ լուսաւորուած ես։ Եթէ Քրիստոնեայ ծնողքի կողմէ մեծցած ես, կը յիշե՞ս ինչ զգացիր երբ համոզուեցար թէ Եհովայի մասին սորվածդ ճշմարտութիւն էր եւ որոշեցիր անոր համաձայն ապրիլ։—Հռով. 12։2

2 Հոգեւոր եղբայրներէդ շատեր քեզի պիտի ըսեն թէ ո՜րքան ուրախացան, Եհովայի մօտիկ զգացին եւ երախտապարտ եղան որ զիրենք քաշեց։ (Յովհ. 6։44) Անոնց բերկրանքը զիրենք մղեց քրիստոնէական գործունէութիւններու մասնակցելու։ Անոնք ա՛յնքան ուրախ էին որ ուզեցին իրենց զգացումը ամէն անհատի իմացնել։ Նոյնանման փորձառութիւն մը ունեցա՞ր։

3. Եփեսոսի ժողովքին մէջ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէր, երբ Յիսուս անոր պատգամ մը ղրկեց։

3 Եփեսոսի մէջ եղող առաջին դարու Քրիստոնեայ ժողովքին խօսելով, Յիսուս նշեց «քու առաջուան սէրդ» արտայայտութիւնը։ Եփեսացիները բազմաթիւ լաւ յատկութիւններ ունէին, բայց Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը նուազած էր։ Ուստի Յիսուս անոնց ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։ Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր իմ անուանս համար ու չթուլցար։ Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։—Յայտ. 2։2-4

4. Եփեսացիներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամը ինչո՞ւ կարեւոր է ներկայիս։

4 Յայտնութիւն գիրքին մէջ Եփեսացիներուն եւ միւս ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խրատները տեղին եղած են այն վիճակներուն ի տես, որոնք ժամանակ մը գոյացած են օծեալ Քրիստոնեաներուն մէջ՝ 1914–էն ի վեր։ (Յայտ. 1։10) Այսուհանդերձ, նոյնիսկ հիմա կարելի է որ կարգ մը Քրիստոնեաներ Եհովայի ու քրիստոնէական ճշմարտութեան հանդէպ ‘իրենց առաջուան սէրը’ կորսնցնեն։ Ասիկա ի մտի ունենալով, այժմ նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս անձնական փորձառութիւններդ մտաբերելով եւ անոնց վրայ խոկալով կրնաս Աստուծոյ ու ճշմարտութեան հանդէպ առաջին սէրդ ու նախանձախնդրութիւնդ պահպանել, թարմացնել եւ աւելցնել։

Ի՞նչ բան քեզ համոզեց թէ ասիկա ճշմարտութիւնն է

5, 6. (ա) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ի՞նչ բանի շուրջ համոզուած պէտք է ըլլայ։ (բ) Ի՞նչ բան քեզ համոզեց թէ Եհովայի Վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։ (գ) Ի՞նչ բան անհատին կ’օգնէ իր առաջին սէրը թարմացնելու։

5 Իւրաքանչիւր անհատ որ Եհովայի կը նուիրուի, նախ պէտք է ‘քննէ թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’։ (Հռով. 12։1, 2) Մասամբ, ասիկա կը պարփակէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվիլ։ Ամէն անհատ նոյն պատճառով չէ որ կը համոզուի թէ Եհովայի Վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։ Ոմանք կը մտաբերեն թէ անկիւնադարձ մը եղաւ, երբ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անունը կարդացին կամ երբ մեռելներուն իսկական վիճակը ըմբռնեցին։ (Սաղ. 83։18. Ժող. 9։5, 10) Եհովայի ժողովուրդին սէրը ուրիշներ տպաւորեց։ (Յովհ. 13։34, 35) Իսկ ոմանք խորհրդածեցին աշխարհին մէկ մասը չըլլալուն մասին ու եզրակացուցին թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները չեն կրնար ոեւէ ազգի քաղաքական տարակարծութիւններուն կամ պատերազմներուն մէջ բաժին բերել։—Եսա. 2։4. Յովհ. 6։15. 17։14-16

6 Շատեր այս եւ այլ պատճառներով Աստուծոյ հանդէպ իրենց առաջին սէրը մշակեցին։ Ժամանակ յատկացուր մտաբերելու համար թէ ի՛նչ բան քեզ համոզեց թէ այս է ճշմարտութիւնը։ Դուն յատուկ պարագաներ ու յատկանիշներ ունիս, ուստի Եհովան սիրելու եւ իր խոստումներուն հաւատալու հիմնական պատճառներդ կրնան ուրիշներու պատճառներէն տարբեր ըլլալ։ Իսկ շատ հաւանաբար այդ նոյն պատճառներդ տակաւին ի զօրու են։ Ճշմարտութիւնը չէ փոխուած։ Հետեւաբար այդ միտքերն ու զգացումները վերաքաղ ընելը, ձեւով մը կրնայ ճշմարտութեան հանդէպ առաջին սէրդ նորոգել ու թարմացնել։—Կարդալ՝ Սաղմոս 119։151, 152. 143։5

Հիմիդ վրայ շինէ

7. Ինչո՞ւ ճշմարտութեան հանդէպ մեր առաջին սիրոյ վրայ պէտք է շինենք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

7 Եհովայի նուիրուելէդ ի վեր, թերեւս կեանքիդ մէջ շատ բան փոխուած է։ Ճշմարտութեան հանդէպ առաջին սէրդ կարեւոր էր, բայց մինչ ժամանակը անցաւ, աւելի խոր սիրոյ մը կարիք ունեցար, հաւատքդ փորձի ենթարկող նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու համար։ Սակայն Եհովա քեզի նեցուկ կանգնեցաւ։ (Ա. Կոր. 10։13) Ուստի տարիներու ընթացքին ունեցած փորձառութիւններդ ալ կ’արժեւորես։ Անոնք քեզի օգնած են առաջին սէրդ աւելցնելու եւ քննելու թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի է։—Յես. 23։14. Սաղ. 34։8

8. Եհովա իր ինքնութեան մասին ի՞նչ ըսաւ Մովսէսի, եւ Իսրայելացիները ի՞նչպէս աւելի սերտօրէն ճանչցան Աստուած։

8 Լուսաբանենք։ Նկատի առ Իսրայելացիներուն կացութիւնը, երբ Եհովա զիրենք եգիպտական ստրկութենէն ազատելու իր նպատակը յայտնեց։ Աստուած իր ինքնութեան մասին Մովսէսի ըսաւ. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ (Ել. 3։7, 8, 13, 14) Իրականութեան մէջ, Եհովա կ’ըսէր թէ իր ժողովուրդը ազատագրելու համար հարկ եղած որեւէ դեր պիտի ստանձնէր։ Հետագայ իրադարձութիւններուն մէջ եւ պարագաներուն համաձայն, Եհովա Իսրայելացիներուն յայտնեց իր անձնաւորութեան զանազան երեսակները,– Ամենակալ, Դատաւոր, Առաջնորդ, Ազատարար, Ռազմիկ եւ Հայթայթիչ։—Ել. 12։12. 13։21. 14։24-31. 16։4. Նէեմ. 9։9-15

9, 10. Ի՞նչպիսի պարագաներ կրնան անհատի մը օգնել Աստուած ճանչնալու, եւ այսպիսի փորձառութիւններ մտաբերելը ինչո՞ւ օգտակար է։

9 Պարագադ կը տարբերի վաղեմի Իսրայելացիներու պարագայէն։ Այսուհանդերձ, հաւանաբար ունեցած ես փորձառութիւններ, որոնք քեզ համոզած են թէ Աստուած քեզմով հետաքրքրուած է, ինչ որ հաւատքդ զօրացուցած է։ Թերեւս Եհովա որոշ կերպով եղաւ Հայթայթիչ, Մխիթարիչ կամ Ուսուցիչ։ (Կարդալ՝ Եսայի 30։20բ, 21) Կամ, թերեւս աղօթքի մը յստակ պատասխանը նկատեցիր։ Դժուարութեան մը դիմաց, Քրիստոնեայ հաւատակից մը քեզի օգնեց կամ անձնական ուսումնասիրութիւնդ նպատակայարմար համարներ ուշադրութեանդ յանձնեց։

10 Եթէ այսպիսի փորձառութիւններ ուրիշներուն պատմես, ոմանք կրնան չտպաւորուիլ։ Իրադարձութիւնները հրաշալի չըլլալով հանդերձ, զանոնք շատ իմաստալից կը նկատես։ Այո, Եհովա եղաւ ի՛նչ որ հարկ էր քեզի համար։ Ճշմարտութեան մէջ անցուցած տարիներուդ մասին մտածէ։ Կրնա՞ս մտաբերել մէկէ աւելի առիթներ, երբ զգացիր թէ Եհովա քեզ անձնապէս հոգաց։ Եթէ այո՛, այդ դէպքերը եւ անոնց պատճառած յուզումները յիշելը կրնայ սրտիդ մէջ արթնցնել Եհովայի հանդէպ այդ ատենուան սիրոյ զգացումներդ։ Այդ փորձառութիւնները մեծապէս արժեւորէ ու անոնց մասին խորհրդածէ։ Անոնք կ’ապացուցանեն թէ Եհովա անձամբ քեզմով հետաքրքրուած է, եւ ո՛չ ոք կրնայ այս համոզումը քեզմէ խլել։

Դուն քեզ վերլուծէ

11, 12. Ի՞նչ պատճառով ճշմարտութեան հանդէպ Քրիստոնեայի մը սէրը կրնայ պաղիլ, իսկ Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ։

11 Եթէ Աստուծոյ ու ճշմարտութեան հանդէպ նախկին սէրդ չունիս, պատճառը այն չէ թէ անոր կողմէ բան մը փոխուած է։ Եհովա բնաւ չի փոխուիր։ (Մաղ. 3։6. Յակ. 1։17) Ան այդ ատեն քեզմով հետաքրքրուած էր, եւ ներկայիս ալ նոյնպէս հետաքրքրուած է։ Ուստի, եթէ Եհովայի հետ յարաբերութեանդ մէջ փոփոխութիւն մը եղած է, ի՞նչ է պատճառը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ կը զգաս թէ աւելի ճնշուած ու մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած ես։ Թերեւս անցեալին աւելի սրտանց կ’աղօթէիր, աւելի ժրաջանօրէն կ’ուսումնասիրէիր եւ աւելի յաճախ կը խոկայիր, իսկ ծառայութեան մէջ աւելի նախանձախնդիր էիր եւ ժողովներուն աւելի կանոնաւոր կերպով ներկայ կը գտնուէիր։—Բ. Կոր. 13։5

12 Եթէ այս է պարագադ, ի՞նչ բան առաջնորդեց որ այսպիսի հակումներ ունենաս։ Կրնա՞յ ըլլալ որ վաւերական հարցեր, ինչպէս՝ ընտանիքիդ կարիքները հոգալ կամ առողջութեանդ հոգ տանիլ, Եհովայի օրուան մօտ ըլլալուն նկատմամբ ստիպողականութեան զգացումդ տկարացուցած են։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք»։—Ղուկ. 21։34-36

13. Յակոբոս Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչի նմանցուց։

13 Աստուածաշունչի ներշնչեալ մէկ գրողը՝ Յակոբոս հաւատակիցները յորդորեց որ Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ իրենք զիրենք պարկեշտօրէն վերլուծեն։ Ան գրեց. «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։ Վասն զի եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չկատարէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ. վասն զի դիտելով կը տեսնէ ինքզինք ու կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ ի՛նչպիսի մէկն էր։ Բայց ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։—Յակ. 1։22-25

14, 15. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգնել հոգեւոր վիճակդ բարելաւելու։ (բ) Ի՞նչ հարցումներու մասին կրնաս խոկալ։

14 Անհատ մը հայելի կը գործածէ ստուգելու համար թէ ներկայանալի է։ Օրինակ, եթէ տղամարդ մը տեսնէ թէ իր փողկապը ծուռ է, կրնայ զայն շտկել։ Եթէ կին մը տեսնէ թէ իր վարսերը կոկիկ չեն, կրնայ զանոնք շտկել։ Նոյնպէս, Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’օգնեն մեր անձը քննելու։ Երբ մենք մեզ կը բաղդատենք Աստուածաշունչին ըսածին հետ թէ ի՛նչպէս պէտք է ըլլանք, զայն կը գործածենք իբր հայելի։ Բայց հայելիին դիմելը ի՞նչ արժէք ունի, եթէ մեր տեսած թերութիւնը չենք սրբագրեր։ Իմաստուն ենք եթէ Աստուծոյ «կատարեալ օրէնքին» մէջ մեր տեսածին հիման վրայ գործենք, զայն ‘կատարողներ’ ըլլալով։ Ուստի ոեւէ անհատ որ կ’անդրադառնայ թէ Եհովայի ու ճշմարտութեան հանդէպ իր առաջին սէրը նուազած է, լաւ կ’ընէ եթէ այս հարցումներուն վրայ խոկայ. ‘Կեանքի մէջ ի՞նչ ճնշումներ կը դիմագրաւեմ եւ անոնց ի՞նչպէս կը հակազդեմ։ Անցեալին ի՞նչպէս հակազդեցի։ Բան մը փոխուա՞ծ է’։ Եթէ այսպիսի անձնաքննութիւն մը որեւէ թերութիւն երեւան հանէ, զայն մի՛ անտեսեր։ Եթէ սրբագրութեան հարկ կայ, ամէն գնով զայն անյապաղ ըրէ։—Եբր. 12։12, 13

15 Այսպիսի խորհրդածութիւն նաեւ կ’օգնէ որ հոգեւոր աճման համար տրամաբանական նպատակակէտեր դնես։ Պօղոս առաքեալ ներշնչեալ խրատներ տուաւ իր գործակիցին՝ երիտասարդ Տիմոթէոսի, որպէսզի իր ծառայութիւնը բարելաւէր։ Պօղոս զինք յորդորեց. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։ Մենք ալ լաւ կ’ընենք եթէ Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ խորհինք թէ ի՛նչ յառաջդիմութիւն մեզի համար կարելի է։—Ա. Տիմ. 4։15

16. Երբ Սուրբ Գրութիւններու լոյսին տակ դուն քեզ կը քննես, ո՞ր վտանգը ի մտի պէտք է ունենաս։

16 Որեւէ պարկեշտ անձնաքննութիւն կրնայ որոշ տկարութիւններ երեւան հանել ու վհատութիւն պատճառել։ Բայց թոյլ մի՛ տար որ ձեռնթափ ըլլաս, քանի որ անձնաքննութեան նպատակն է բնորոշել թէ ո՛ւր բարեփոխում կարելի է ընել։ Անշուշտ Սատանան պիտի ուզէ որ Քրիստոնեան իր անկատարութիւններուն պատճառաւ անարժէք զգայ։ Իրականութեան մէջ, Եղիփազ պնդեց թէ Աստուած Իրեն ծառայելու բոլոր ջանքերը կ’արհամարհէ։ (Յոբ 15։15, 16. 22։3) Ասիկա սուտ մըն է՝ որ Յիսուս ուժգնօրէն հերքեց. Աստուած իւրաքանչիւրս թանկագին կը նկատէ։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 10։29-31) Փոխարէն, անկատարութիւններուդ գիտակցիլը պէտք է մղէ քեզ որ խոնարհաբար վճռես դուն քեզ բարելաւել՝ Եհովայի օգնութեամբ։ (Բ. Կոր. 12։7-10) Եթէ հիւանդութիւնը կամ ծերութիւնը գործունէութիւնդ կը սահմանափակէ, տրամաբանական նպատակակէտեր դիր, բայց մի՛ հեղգանար եւ թոյլ մի՛ տար որ սէրդ պաղի։

Երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ

17, 18. Առաջին սիրոյդ հիմին վրայ շինելով, ի՞նչ օգուտներ ձեռք կը ձգես։

17 Առաջին սիրոյդ հիմին վրայ յարատեւ շինելով, մեծ օգուտներ ձեռք պիտի ձգես։ Կրնաս Աստուծոյ մասին գիտութիւնդ խորացնել եւ իր սիրալիր առաջնորդութեան հանդէպ գնահատութիւնդ աւելցնել։ (Կարդալ՝ Առակաց 2։1-9. 3։5, 6) «[Եհովայի դատաստանները] պահելուն վարձքը շատ է», ըսաւ սաղմոսերգուն։ «Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ»։ Ասկէ զատ, «երանի՜ ճամբով անբիծներուն, որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն»։—Սաղ. 19։7, 11. 119։1

18 Վստահաբար պիտի համաձայնիս թէ բազմաթիւ լաւ բաներ ունիս, որոնց համար երախտապարտ պէտք է ըլլաս։ Աշխարհի անցուդարձերուն ետին եղող պատճառները կը հասկնաս։ Ներկայիս իր ժողովուրդին համար Աստուծոյ ըրած կարգադրութիւններէն կ’օգտուիս։ Անտարակոյս երախտապարտ ես նաեւ որ Եհովա քեզ քաշած է իր համաշխարհային ժողովքին եւ իր Վկաներէն մէկը ըլլալու առանձնաշնորհումը տուած է քեզի։ Օրհնութիւններդ համրէ։ Եթէ զանոնք ցուցակագրես, շատ հաւանաբար ցանկը երկար պիտի ըլլայ։ Ասիկա յաճախ ընելը անկասկած քեզի պիտի օգնէ որ սա յորդորը կիրարկես. «Ունեցածդ ամուր բռնէ»։—Յայտ. 3։11

19. Աստուծոյ հետ յարաբերութեանդ վրայ խոկալէն զատ, ի՞նչ բան էական է հոգեւոր առողջութիւնը պահպանելու համար։

19 Տարիներու ընթացքին հաւատքդ ի՛նչպէս մշակուելուն մասին խոկալը, քայլ մըն է որ կրնայ քեզի օգնել ունեցածդ ամուր բռնելու։ Այս պարբերաթերթը բազմիցս ուշադրութեան յանձնած է այլ էական բաներ՝ հոգեւոր առողջութիւնը պահպանելու համար, ինչպէս՝ աղօթքը, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլն ու մասնակցիլը, եւ հանրային ծառայութեան մէջ նախանձախնդրաբար բաժին բերելը։ Ասոնք կրնան քեզի օգնել որ շարունակես առաջին սէրդ նորոգել, թարմացնել եւ աւելցնել։—Եփ. 5։10. Ա. Պետ. 3։15. Յուդա 20, 21

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Եհովան սիրելու առաջուան պատճառներդ ի՞նչպէս կրնան քաջալերութեան աղբիւր մը ըլլալ քեզի ներկայիս։

• Տարիներու ընթացքին ունեցած փորձառութիւններուդ մասին խոկալը կրնայ ի՞նչ բանի նկատմամբ քեզ համոզել։

• Աստուծոյ հանդէպ սէրդ ինչո՞ւ պէտք է վերլուծես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 31]

Քեզի վերաբերեալ սրբագրուելիք բաներ կը նկատե՞ս