Աստուած ինչո՛ւ Նոյի հաճեցաւ. ինչո՛ւ պէտք է հետաքրքրուինք
Աստուած ինչո՛ւ Նոյի հաճեցաւ. ինչո՛ւ պէտք է հետաքրքրուինք
ՄԵԶՄԷ շատեր կը յիշեն առիթներ, երբ կարեւոր լուր մը լսեցին։ Կը մտաբերենք մանրամասնութիւններ,– ո՛չ միայն ո՛ւր էինք եւ ի՛նչ կ’ընէինք, այլ նաեւ ի՛նչպէս հակազդեցինք։ Անկասկած Նոյ երբեք չմոռցաւ այն օրը, երբ Եհովա Աստուծմէ՝ տիեզերքի Գերիշխանէն շատ կարեւոր լուր մը ստացաւ։ Եհովա ըսաւ թէ վճռած էր «ամէն մարմին» կործանել։ Նոյ հսկայ տապան մը պէտք էր շինէր, որպէսզի իր անձը, իր ընտանիքը եւ ամէն տեսակ անասուններ պահպանէր։—Ծննդոց 6։9-21
Նոյ ի՞նչպէս ընդառաջեց։ Ան այս լուրով ուրախացա՞ւ թէ դժգոհեցաւ։ Լուրը ի՞նչպէս իր կնոջ ու ընտանիքին հաղորդեց։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր, բայց սա կը նշէ. «Եւ ա՛յդպէս ըրաւ Նոյ. Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրաւ»։—Ծննդոց 6։22, ԱՎ
Ատիկա վստահաբար կարեւոր կէտն է, քանի որ այդ խօսքը մասամբ կը բացատրէ թէ Նոյ ինչո՛ւ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ,– ան յօժար էր Աստուծոյ պատուիրածը ընելու։ (Ծննդոց 6։8) Ուրիշ ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Աստուած Նոյի հաճի։ Պատասխանը կարեւոր է, քանի որ երբ Աստուած դարձեալ երկիրը չարութենէ մաքրագործէ, վերապրելու համար Նոյի նման պէտք է ըլլանք։ Սակայն նախ նկատի առնենք թէ Ջրհեղեղէն առաջ կեանքը ի՛նչպէս էր։
Դեւեր երկիր կու գան
Նոյ մարդկային պատմութեան սկիզբը ապրեցաւ։ Ան առաջին մարդը ստեղծուելէն շուրջ հազար տարի ետք ծնաւ։ Այդ ժամանակ մարդիկ քարայրաբնակ չէին ինչպէս ոմանք կ’երեւակայեն,– մազոտ ու բթամիտ արարածներ, որոնք բիրեր բռնած՝ անշնորհ կերպով կը քալէին։ Երկաթէ ու պղինձէ գործիքներ կային, եւ Նոյ թերեւս զանոնք գործածեց երբ տապանը շինեց։ Նաեւ կային երաժշտական գործիքներ։ Մարդիկ կ’ամուսնանային, զաւակներ կը մեծցնէին, կը ցանէին ու կը հնձէին, եւ խաշինք ունէին։ Անոնք իրեր կը գնէին ու կը ծախէին։ Այս կերպերով, այն ատենուան կեանքը կը նմանէր ներկայ կեանքին։—Ծննդոց 4։20-22. Ղուկաս 17։26-28
Սակայն տարբերութիւններ ալ կային։ Օրինակ՝ մարդիկ շատ աւելի երկար կ’ապրէին։ Անսովոր չէր որ մէկը 800 տարիէն աւելի ապրէր։ Նոյ 950 տարի ապրեցաւ, Ադամ՝ 930 տարի, իսկ Մաթուսաղա, Նոյի մեծ–հայրը՝ 969 տարի։ *—Ծննդոց 5։5, 27. 9։29
Ուրիշ տարբերութիւն մը նկարագրուած է Ծննդոց 6։1, 2–ի մէջ, որ կ’ըսէ. «Երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսան ու իրենց աղջիկներ ծնան, Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին»։ Այս «Աստուծոյ որդիները» երկինքէն իջած հրեշտակներ էին, որոնք նիւթականացան որպէս մարդիկ ու երկրի վրայ ապրեցան։ Անոնք չէին եկած Աստուծոյ հրամանով, ո՛չ ալ մարդկութեան օգտին համար։ Անոնք երկինքի մէջ «իրենց բնակութիւնը ձգեցին», որպէսզի երկրի վրայ գեղեցիկ կիներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենան։ Անոնք դեւեր եղան։—Յուդա 6
Այս ըմբոստ, այլասերած, գերմարդկային զօրութիւն եւ ուշիմութիւն ունեցող դեւերը, մարդոց վրայ քանդիչ ազդեցութիւն բանեցուցին։ Հաւանաբար անոնք մարդկային ընկերութիւնը իրենց հակակշռին տակ առին ու տիրապետեցին։ Անոնք գաղտնի չգործեցին, հանճարեղ ոճրագործի մը նման, որ իր ինքնութիւնը կը թաքցնէ եւ ծածկաբար կը չարագործէ։ Փոխարէն, անոնք հրապարակաւ գործի լծուեցան, Աստուծոյ կարգադրութեան դէմ անամօթաբար ըմբոստանալով։
Աստուծոյ այս հրեշտակային որդիները զաւակներ ունեցան, որոնք արտակարգ զօրութիւն կը վայելէին։ Անոնք Եբրայերէն լեզուով «Նեֆիլիմներ» կոչուեցան։ Մեզի կ’ըսուի. «Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ [Նեֆիլիմներ] կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին»։ (Ծննդոց 6։4) Մարդիկ Նեֆիլիմներէն շատ կը վախնային։ «Նեֆիլիմներ» բառը կը նշանակէ «Տապալիչներ»,– ուրիշներու անկման պատճառ եղողներ։ Անոնք մարդասպան էին, որոնց վայրագ քաջագործութիւնները հաւանաբար յիշատակուած են վաղեմի դիցավէպերու եւ առասպելներու մէջ։
Արդարներուն վիշտը
Աստուածաշունչին համաձայն, այդ սերունդը արմատացած ու լայնատարած փտածութեամբ յատկանշուած էր։ Անիկա կ’ըսէ. «Մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնար, եւ անոնց սիրտին մտածումներուն բոլոր նպատակները միայն չար էին ամէն ատեն։ Երկիրը բռնութեամբ լեցուեցաւ։ . . . Երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր»։—Ծննդոց 6։5, 11, 12, ԱՎ
Այս էր այն աշխարհը՝ որուն մէջ Նոյ ապրեցաւ։ Շուրջիններուն հակապատկերը ըլլալով, ‘Նոյ արդար մարդ մըն էր’ ու «Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդոց 6։9) Դիւրին չէ որ արդար մարդ մը անիրաւ ընկերութեան մը մէջ ապրի։ Մարդոց ըսած ու ըրած բաները ո՜րքան Նոյի վիշտ պատճառած ըլլալու էին։ Հաւանաբար ան զգաց արդար Ղովտի նման, որ Ջրհեղեղէն ետք ապրեցաւ։ Ղովտ, որ Սոդոմի ապականած ժողովուրդին հետ կը բնակէր, «անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր», եւ «աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր իր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը»։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8) Պարագան նոյնը ըլլալու էր Նոյի։
Հաղորդամիջոցներու նշած ահռելի դէպքերը կամ շուրջդ եղող մարդոց անբարեպաշտ արարքները քեզ կը նեղացնե՞ն։ Եթէ այո՛, կրնաս Նոյի զգացումները հասկնալ։ Պահ մը երեւակայէ թէ Նոյի համար ո՜րքան դժուար ըլլալու էր 600 տարի անիրաւ Ծննդոց 7։6
աշխարհին տոկալ, քանի որ 600 տարեկանին Ջրհեղեղը եկաւ։ Ան ո՜րքան տենչացած ըլլալու էր որ ամբարշտութիւնը վերջ գտնէր։—Նոյ տարբեր ըլլալու քաջութիւնը ունէր
Նոյ «իր դարուն մարդոցը մէջ . . . կատարեալ [«անթերի», ՆԱ] մարդ մըն էր»։ (Ծննդոց 6։9) Նկատի առ որ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ ան անթերի էր իր ժամանակակիցներուն աչքին, այլ՝ անոնց մէջ։ Ուրիշ խօսքով, ան Աստուծոյ առջեւ անթերի էր, բայց նախաջրհեղեղեան աշխարհի մարդոց համար՝ տարօրինակ անձ։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան հասարակաց կարծիքին հետ համաձայն չգտնուեցաւ, ո՛չ ալ անբարեպաշտ ժամանցին եւ ընկերային գործունէութիւններուն միջամուխ եղաւ։ Երեւակայէ որ մարդիկ զինք ի՛նչպէս նկատեցին, երբ սկսաւ տապանը շինել։ Հաւանաբար անոնք Նոյի վրայ ծիծաղեցան եւ զինք ծաղրեցին, իր ըսածները լուրջի չառնելով։
Աւելին ըլլալով, Նոյ խոր կրօնական համոզումներ ունէր եւ զանոնք իր անձին չպահեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «արդարութեան քարոզիչ» մըն էր։ (Բ. Պետրոս 2։5) Անտարակոյս Նոյ հակառակութիւն ակնկալեց։ Իր մեծ–հօր հայրը՝ Ենովք արդար մարդ մըն էր, որ նախագուշակեց թէ Աստուած չարերուն դէմ դատաստան պիտի գործադրէր։ Ակներեւօրէն, ասիկա Ենովքի վրայ հալածանք բերաւ, բայց Աստուած թոյլ չտուաւ որ հակառակորդները զինք սպաննեն։ (Ծննդոց 5։18, 21-24. Եբրայեցիս 11։5. 12։1. Յուդա 14, 15) Սատանայի, դեւերուն ու Նեֆիլիմներուն ներկայութեան ի տես, եւ մարդոց մեծամասնութիւնը անտարբեր կամ ընդդիմացող ըլլալով, Նոյ քաջութեան եւ զինք պաշտպանելու Եհովայի կարողութեան հանդէպ հաւատքի պէտք ունէր։
Աստուծոյ ծառայողները միշտ հալածուած են՝ Աստուծոյ չծառայողներուն կողմէ։ Նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոս ատուած էր, եւ նոյնն էր պարագան իր հետեւորդներուն։ (Մատթէոս 10։22. Յովհաննէս 15։18) Նոյ Աստուծոյ ծառայելու քաջութիւն ունէր, թէեւ ասիկա ընելը ժողովրդական չէր։ Ան հասկցաւ թէ Աստուծոյ հաճութիւնը վայելելը շա՜տ աւելի կարեւոր է քան՝ աստուածատեաց մարդոց հաւանութիւնը ունենալը։ Եւ արդարեւ Աստուած Նոյի հաճեցաւ։
Նոյ ուշադրութիւն ընծայեց
Ինչպէս տեսանք, Նոյ քաջաբար ուրիշներուն քարոզեց։ Անոնք իր բերած պատգամին ի՞նչպէս հակազդեցին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Ջրհեղեղէն առաջ, մարդիկ «կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։ Անոնք ազդարարութեան ականջ չտուին։—Մատթէոս 24։38, 39
Յիսուս ըսաւ թէ նոյնը պիտի ըլլար մեր օրերուն։ Աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր, Եհովայի Վկաները զգուշացուցած են թէ Եհովա արմատական քայլեր պիտի առնէ, արդար նոր աշխարհ մը հաստատելու իր խոստումը կատարելու համար։ Թէեւ միլիոնաւորներ դրականօրէն ընդառաջած են, բայց միլիառաւոր մարդիկ ականջ չեն տար։ Անոնք «որոնց ուզածը այս է», Ջրհեղեղին իրողութիւն մը ըլլալը եւ նշանակութիւնը կ’անտեսեն։—Բ. Պետրոս 3։5, 13
Սակայն Նոյ ուշադրութիւն ընծայեց։ Ան Եհովա Աստուծոյ ըսածներուն հաւատաց։ Այս հնազանդութիւնը իր փրկութեան առաջնորդեց։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար»։—Եբրայեցիս 11։7
Ընդօրինակուելիք տիպար մը
Նոյի շինած տապանը վիթխարի բան մըն էր,– ֆութպոլի դաշտէ մը երկար եւ հինգ յարկանի շէնքէ մը բարձր էր։ Անիկա Ուայոմինկ Ծննդոց 6։14-16
սահանաւէն 30 մեթր երկար էր, որ կ’ըսուի թէ ցարդ շինուած ամենամեծ փայտակերտ նաւն է։ Հարկաւ տապանը նաւ մը չէր. անիկա միայն պիտի ծփար։ Այսուհանդերձ անոր կառուցումը յառաջադէմ հմտութիւններ պահանջեց։ Եւ անիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով պէտք էր ծեփուէր։ Անոր կառուցումը թերեւս աւելի քան 50 տարի տեւեց։—Ասկէ աւելին կար։ Նոյ իր ընտանիքին եւ անասուններուն համար մէկ տարուան ուտելիք պէտք էր մթերէր։ Ջրհեղեղը չեկած, անասունները պէտք էր հաւաքուէին եւ տապանը բերուէին։ «Նոյ ըրաւ Տէրոջը բոլոր իրեն պատուիրածին պէս»։ Ի՜նչ հանգստութիւն էր երբ ամէն բան պատրաստ եղաւ եւ Եհովա տապանին դուռը գոցեց։—Ծննդոց 6։19-21. 7։5, 16
Ապա Ջրհեղեղը եկաւ։ Քառասուն օր գիշեր–ցերեկ անձրեւ իջաւ։ Բոլորը ստիպուեցան լման տարի մը տապանին մէջ մնալ, մինչեւ որ ջուրերը նահանջեցին ու քիչցան։ (Ծննդոց 7։11, 12. 8։13-16) Բոլոր ամբարիշտ մարդիկը կորսուեցան։ Միայն Նոյ ու իր ընտանիքը վերապրեցան ու տեսան մաքրուած երկիրը։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Նոյի օրուան աշխարհածաւալ Ջրհեղեղը «օրինակ» մըն է։ Ի՞նչ կերպով։ Կը կարդանք. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ Սակայն ինչպէս Նոյի օրերուն եղաւ, վերապրողներ պիտի ըլլան։ Վստահ եղիր որ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել»։—Բ. Պետրոս 2։5, 6, 9. 3։7
Նոյ բարեպաշտ ու արդար մարդ մըն էր, որ չար սերունդի մը մէջ ապրեցաւ։ Ան կատարելապէս Աստուծոյ հնազանդեցաւ։ Ան շիտակը ընելու քաջութիւն ունէր, թէեւ գիտէր թէ այսպէս պիտի դիմագրաւէր Աստուծոյ ծառայել չուզողներուն արհամարհանքն ու ատելութիւնը։ Այս մարզերուն մէջ Նոյը ընդօրինակելով, մենք ալ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի վայելենք եւ վերապրելով մօտալուտ նոր աշխարհը մտնելու հեռանկարը պիտի ունենանք։—Սաղմոս 37։9, 10
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 7 Տես՝ «Անոնք ի՞րապէս այդքան երկար ապրեցան» յօդուածը, Զարթի՛ր Յուլիս 2007 թիւին մէջ, էջ 30։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Նեֆիլիմներուն վայրագ քաջագործութիւնները հաւանաբար յիշատակուած են վաղեմի առասպելներու մէջ
[Նկար՝ էջ 7]
Նոյի հաւատքը ընդօրինակելով, կրնանք Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտնել
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 5]
Alinari/Art Resource, NY