Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ա. եւ Բ. Կորնթացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

Ա. եւ Բ. Կորնթացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ա. եւ Բ. Կորնթացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

ՊՕՂՈՍ առաքեալ Կորնթոսի ժողովքին հոգեւոր բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած է։ Ան լսած է թէ եղբայրներուն միջեւ անհամաձայնութիւններ կան եւ անբարոյութեան կը հանդուրժեն։ Ժողովքը նաեւ Պօղոսի գրած է, որոշ հարցերու շուրջ լուսաբանութիւն խնդրելով։ Ուստի շուրջ Հ.Դ. 55–ին, երբ իր երրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին Եփեսոսի մէջ է, Պօղոս կը գրէ իր առաջին նամակը Կորնթացիներուն։

Ըստ երեւոյթին՝ միայն մի քանի ամիս ետք, Պօղոս երկրորդ նամակը կը գրէ, առ ի շարունակութիւն առաջինին։ Առաջին դարու Կորնթոսի ժողովքէն ներս եւ դուրս տիրող վիճակները բազմաթիւ կերպերով ներկայ վիճակներուն նման ըլլալով, Կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակներուն պատգամը մեզի համար մեծ արժէք ունի։—Եբր. 4։12

‘ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ, ՀԱՍՏԱ՛Տ ԿԵՑԷՔ, ԶՕՐԱՑԷ՛Ք’

(Ա. Կոր. 1։1–16։24)

Պօղոս կը յորդորէ. ‘Ամէնքդ միեւնոյն խօսքը ունեցէք’։ (Ա. Կոր. 1։10) ‘Յիսուս Քրիստոսէն զատ ուրիշ հիմ չկայ’, որուն վրայ քրիստոնէական յատկութիւններ կը շինուին։ (Ա. Կոր. 3։11-13) Ժողովքին մէջ եղող պոռնիկի մը նկատմամբ Պօղոս կ’ըսէ. «Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք»։ (Ա. Կոր. 5։13) Ան կ’աւելցնէ. «Մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջը»։—Ա. Կոր. 6։13

‘Անոնց գրած բաներուն’ պատասխանելով, Պօղոս ամուսնութեան եւ ամուրիութեան վերաբերեալ ողջամիտ խրատներ կու տայ։ (Ա. Կոր. 7։1) Քրիստոնէական գլխաւորութեան, ժողովներուն կարգապահութեան եւ յարութեան ստոյգ ըլլալուն մասին մեկնաբանելէ ետք, Պօղոս կը յորդորէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք, ժի՛ր եղէք, զօրացէ՛ք»։—Ա. Կոր. 16։13

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։21, ԱՎ—Եհովա հաւատացողները փրկելու համար իրապէս «յիմարութիւն» կը գործածէ՞։ Ո՛չ։ Սակայն, քանի «աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած», ինչ որ Եհովա կը գործածէ մարդիկը փրկելու համար՝ աշխարհին յիմարութիւն կը թուի։—Յովհ. 17։25

5։5—Ի՞նչ կը նշանակէ ‘չար անհատը Սատանային մատնել, մարմնին կորսուելուն համար, որպէս զի հոգին փրկուի’։ Երբ անզեղջ մեղաւոր մը ժողովքէն վտարուի, ան դարձեալ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին մէկ մասը կը դառնայ։ (Ա. Յովհ. 5։19) Ուստի կը նշուի թէ ան Սատանային մատնուած է։ Անհատին վտարումով կը կորսուի կամ կը վերցուի ապականիչ տարրը ժողովքէն եւ կը պահպանուի ժողովքին հոգին կամ տիրական կեցուածքը։—Բ. Տիմ. 4։22

7։33, 34—Ի՞նչ են «աշխարհիս բաները», զորս կը հոգայ ամուսնացած տղամարդը կամ կինը։ Պօղոս կ’ակնարկէ ամէնօրեայ կեանքի վերաբերող հարցերու, որոնցմով ամուսնացած Քրիստոնեաները պէտք է հետաքրքրուին։ Ասոնք կը պարփակեն ուտելիքը, հագուելիքը եւ պատսպարումը, բայց դուրս կը ձգեն աշխարհի գէշ բաները, որոնցմէ Քրիստոնեաները կը խուսափին։—Ա. Յովհ. 2։15-17

11։26—Յիսուսի մահը ո՞րքան յաճախ պէտք է յիշատակուի եւ մինչեւ ե՞րբ։ Պօղոս չնշեց թէ Յիսուսի մահը յաճախ պէտք է յիշատակուի։ Ան ըսել կ’ուզէր թէ ամէն անգամ որ օծեալ Քրիստոնեաները Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցին, տարին անգամ մը՝ Նիսան 14–ին, անոնք ‘Տէրոջը մահը կը պատմեն’։ Անոնք ասիկա պիտի ընեն «մինչեւ ինք գայ», այսինքն՝ մինչեւ որ յարութեամբ զիրենք երկինք ընդունի։—Ա. Թես. 4։13-16

13։13—Սէրը ի՞նչ կերպով հաւատքէն ու յոյսէն մեծ է։ Երբ «յուսացուած բաներ»ը եւ հաստատուն ակնկալութիւնը իրականանան, հաւատքին ու յոյսին երեսակներէն ոմանք վերջ կը գտնեն։ (Եբր. 11։1) Սէրը հաւատքէն ու յոյսէն մեծ է, այն առումով՝ որ յաւիտեան կը մնայ։

15։29, ՆԱ—Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մեռելներ ըլլալու համար մկրտուիլ’։ Պօղոս չէր թելադրեր որ ողջերը մկրտուին անոնց համար, որոնք չմկրտուած վիճակի մէջ մահացան։ Ան կը նշէ թէ հոգիէն–օծուած Քրիստոնեաները կեանքի ընթացքի մը կը հետեւին, որուն մէջ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն մինչեւ իրենց մահը եւ հոգեղէն կեանքի յարուցանուիլը։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։26-31. 3։3-9. 4։7. Խոնարհաբար պարծենալը Եհովայով, եւ ո՛չ թէ մեր անձով, ժողովքին մէջ միութիւն կը յառաջացնէ։

2։3-5. Մինչ Կորնթոսի մէջ կը վկայէր, որ յունական փիլիսոփայութեան եւ կրթութեան կեդրոն մըն էր, Պօղոս թերեւս մտահոգուած էր թէ պիտի կարենա՞ր իր ունկնդիրները համոզել։ Սակայն ան թոյլ չտուաւ տկարութեան կամ վախին որ իր աստուածատուր ծառայութիւնը կատարելուն արգելք հանդիսանայ։ Նմանապէս, թոյլ պէտք չէ տանք արտասովոր պարագաներուն որ մեզ ետ պահեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելէ։ Պօղոսի նման, կրնանք Եհովայի օգնութեան վստահիլ։

2։16. «Քրիստոսին միտքը» ունենալ կը նշանակէ՝ իր մտածելակերպը գիտնալ, իրեն պէս մտածել, իր անձնաւորութեան լման տարողութիւնը ըմբռնել եւ իր օրինակին հետեւիլ։ (Ա. Պետ. 2։21. 4։1) Ո՜րքան կարեւոր է որ ուշադրութեամբ Յիսուսի կեանքն ու ծառայութիւնը ուսումնասիրենք։

3։10-15. 4։17. Ուսուցանելու եւ աշակերտելու մեր կարողութիւնը պէտք է վերլուծենք ու բարելաւենք։ (Մատ. 28։19, 20) Եթէ լաւ չսորվեցնենք, մեր աշակերտը կրնայ հաւատքի փորձերէն չվերապրիլ, իսկ մեր քաշած վնասը կրնայ ա՛յնքան ցաւալի ըլլալ, որ մեր փրկութիւնը «իբր թէ կրակի մէջէն» պիտի ըլլայ։

6։18. ‘Պոռնկութենէն փախչիլը’ կը պարփակէ ո՛չ միայն բոռ·նէա–ի արարքներէն հեռու կենալ, այլ նաեւ՝ պոռնկագրութենէ, բարոյական պղծութենէ, սեռային պատրանքներէ, անլուրջ սիրախօսութենէ,– որեւէ բանէ որ կրնայ պոռնկութեան առաջնորդել։—Մատ. 5։28. Յակ. 3։17

7։29. Ամոլներ զգոյշ պէտք է ըլլան որ իրարմով ա՛յնքան չկլանուին որ Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ երկրորդական տեղ գրաւեն։

10։8-11. Եհովա մեծապէս բարկացաւ, երբ Իսրայէլ Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ տրտնջաց։ Իմաստութիւն է զգուշանալ տրտնջալու սովորութիւնը զարգացնելէ։

16։2. Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար մեր ըրած նուիրատուութիւնները կանոնաւոր կերպով պիտի ըլլան, եթէ կանխաւ ծրագրուին եւ հետեւողական կերպով կատարուին։

«ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՇԽԱՏԵՑԷՔ»

(Բ. Կոր. 1։1–13։14)

Պօղոս Կորնթացիներուն կ’ըսէ որ պէտք է ‘ներեն ու մխիթարեն’ այն զղջացող յանցագործը որ վտարուած էր։ Թէեւ իր առաջին նամակը զանոնք տրտմեցուցած էր, Պօղոս իր ուրախութիւնը կը յայտնէ, քանի որ անոնք ‘ապաշխարութեան համար տրտմեցան’։—Բ. Կոր. 2։6, 7. 7։8, 9

‘Ինչպէս ամէն բանով առատացած են’, Պօղոս Կորնթացիները կը քաջալերէ որ տալու մէջ ալ ‘առատանան’։ Հակառակորդներուն պատասխանելէ ետք, ան վերջին խրատ մը կու տայ բոլորին. «Ո՛ղջ եղէք։ Կատարեալ ըլլալու աշխատեցէք, քաջալերուեցէ՛ք։ Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ»։—Բ. Կոր. 8։7. 13։11, Անթիլիաս

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։15, 16—Ի՞նչպէս «Քրիստոսին անոյշ հոտն» ենք։ Պարագան այդպէս է՝ քանի որ Աստուածաշունչին կը կառչինք եւ անոր պատգամը մատակարարելու մէջ բաժին կը բերենք։ Մինչ այս «հոտը» անիրաւ մարդոց համար կրնայ գարշելի ըլլալ, Եհովայի ու պարկեշտամիտ անհատներուն համար ախորժելի է։

5։16—Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘մէկը մարմնով չեն ճանչնար’։ Անոնք մարդիկը մարմնաւոր գետնի վրայ չեն նկատեր, աչառութիւն ընելով՝ հարստութեան, ցեղի կամ էթնիքական կամ ազգային ծագումին հիման վրայ։ Անոնց համար կարեւորը իրենց հաւատակիցներուն հետ իրենց հոգեւոր յարաբերութիւնն է։

11։1, 16. 12։11—Պօղոս իսկապէս անմտութիւն ցոյց տուա՞ւ։ Ո՛չ։ Սակայն թերեւս ոմանց ան թուեցաւ պարծենկոտ ու անմիտ ըլլալ, երբ հարկադրուեցաւ որոշ խօսքեր ըսել՝ իր առաքեալ ըլլալը պաշտպանելու համար։

12։1-4—Ո՞վ «դրախտ յափշտակուեցաւ»։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը ուրիշ մէկու մը մասին չի խօսիր թէ այսպիսի տեսիլք մը ունեցած է եւ այս հատուածը կը յաջորդէ Պօղոսի խօսքերը, որոնցմով իր առաքեալ ըլլալը պաշտպանեց, հաւանական է որ ան իր անձնական փորձառութիւնը կը պատմէր։ Առաքեալին տեսածը հաւանաբար «վերջին ժամանակ»ին մէջ քրիստոնէական ժողովքին վայելած հոգեւոր դրախտն էր։—Դան. 12։4

Դասեր՝ մեզի համար.

3։5. Սկզբունքով, այս համարը մեզի կ’ըսէ թէ Եհովա Քրիստոնեաները ծառայութեան բաւականաչափ որակեալ կ’ընէ՝ իր Խօսքին, իր սուրբ հոգիին եւ իր կազմակերպութեան երկրային մասին միջոցաւ։ (Յովհ. 16։7. Բ. Տիմ. 3։16, 17) Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները ջանադրութեամբ պէտք է ուսումնասիրենք, աղօթքով միշտ սուրբ հոգին խնդրենք եւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք ու մասնակցինք։—Սաղ. 1։1-3. Ղուկ. 11։10-13. Եբր. 10։24, 25

4։16. Որովհետեւ Եհովա «մեր ներսի մարդը օրէ օր» կը նորոգէ, կանոնաւորաբար Եհովայի կարգադրութիւններէն պէտք է օգտուինք, թոյլ չտալով որ օր մը անցնի առանց հոգեւոր նիւթեր նկատի առնելու։

4։17, 18. ‘Նեղութեան վայրկենական ու թեթեւ ըլլալը’ յիշելը կրնայ մեզի օգնել որ դժուարութիւններու ներքեւ Եհովայի հաւատարիմ մնանք։

5։1-5. Պօղոս ի՜նչ գեղեցիկ կերպով կ’արտայայտէ իրենց երկնային կեանքի յոյսին հանդէպ օծեալ Քրիստոնեաներու զգացումները։

10։13. Որպէս ընդհանուր կանոն, բացի այն պարագայէն երբ յատուկ կարգադրութիւններ եղած են որ ծառայենք հո՛ն՝ ուր կարիքը աւելի մեծ է, պէտք է աշխատինք միայն մեր ժողովքին նշանակուած թաղամասին մէջ։

13։5. ‘Փորձելու համար թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք’, մեր վարքը պէտք է քննենք Աստուածաշունչէն մեր սորված բաներուն լոյսին տակ։ ‘Մենք մեզ քննելու’ համար, մեր հոգեւորութեան մակարդակը պէտք է արժեւորենք, ի ներառեալ՝ մեր ըմբռնողականութեան սրութիւնը եւ մեր հաւատքի գործերուն տարողութիւնը։ (Եբր. 5։14. Յակ. 1։22-25) Պօղոսի ողջամիտ խրատները կիրարկելով, կրնանք շարունակել ճշմարտութեան ճամբուն մէջ քալել։

[Նկար՝ էջ 14]

Ի՞նչ կը նշանակէ՝ «Քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք»։—Ա. Կոր. 11։26