Գիտէի՞ր
Գիտէի՞ր
Պոնտացի Պիղատոս ինչո՞ւ վախցաւ երբ լսեց այն ամբաստանութիւնը թէ Յիսուս ‘ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրած է’։—Յովհաննէս 19։7
Յուլիոս կայսրին մահէն ետք, հռովմէական ծերակոյտը զինք աստուած հռչակեց։ Ապա անոր որդեգիրն ու յաջորդը՝ Օկտաւիոս կրեց տիվի ֆիլիոս տիտղոսը,– «Աստուածային անհատի մը որդի» կամ «Աստուծոյ որդի»։ Այս Լատիներէն անուանումը, կայսրերուն տրուած սրբազան տիտղոս մը դարձաւ, ինչպէս կ’ապացուցանեն հռովմէական զոհասեղաններու, տաճարներու, արձաններու եւ մետաղադրամներու վրայ քանդակուած գրութիւնները։ Երբ Հրեաները Յիսուսը ամբաստանեցին թէ ինքզինք «Աստուծոյ Որդի» կ’ընէր, իրականութեան մէջ զինք կ’ամբաստանէին պաշտօնական տիտղոս մը կրելու յանցանքով, որ դաւաճանութեան համահաւասար էր։
Յիսուսի դատավարութեան ժամանակ, Տիբերիոս տիվի ֆիլիոս տիտղոսը ժառանգած էր։ Այս կայսրը իր թշնամին նկատող անհատը սպաննելու վախազդու համբաւը ունէր։ Ուստի, երբ Հրեաները ակնարկեցին թէ Պիղատոս Կայսրին անհաւատարիմ պիտի ըլլայ եթէ Յիսուսը չդատապարտէ, Հռովմէացի կառավարիչը «ա՛լ աւելի վախցաւ»։ Ի վերջոյ, ճնշումի տակ ան տեղի տուաւ եւ հրամայեց որ Յիսուս մահապատիժի ենթարկուի։—Յովհաննէս 19։8, 12-16
Զաքարիա ինչո՞ւ Տիւրոսի կործանումը նախագուշակեց, մինչդեռ Բաբելոնացիները զայն շատոնց կործանած էին։
Միջերկրական ծովու ափին գտնուող վաղեմի Տիւրոսը երկու մասէ կը բաղկանար,– մէկը բուն ցամաքին վրայ էր, իսկ միւսը՝ կղզիի մը վրայ։
Ժամանակ մը, Տիւրոսի բնակիչները Իսրայելացիներուն հետ բարեկամական էին։ Սակայն հետագային, Տիւրոս բարգաւաճեցաւ եւ սկսաւ Եհովա Աստուծոյ դէմ դնել, այն աստիճան որ անոր ժողովուրդին ոսկին ու արծաթը գողցաւ եւ անոնցմէ ոմանք ստրկութեան ծախեց։ (Յովէլ 3։4-6) Ասիկա զինք Եհովայի աննպաստ դատավճիռին արժանացուց։ Եհովա իր մարգարէներուն միջոցաւ նախագուշակեց թէ Տիւրոս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի իյնար, եւ ան Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմը կործանելէ ետք իր զօրքը Տիւրոս բերաւ։—Եսայի 23։13, 14. Երեմիա 27։2-7. Եզեկիէլ 28։1-19
Պարտութեան դիմաց, Տիւրոսի ժողովուրդը իր ստացուածքները առնելով կղզի–քաղաքը փախաւ։ Բաբելոնացիները ցամաք–քաղաքը քարուքանդ ըրին։ Շուրջ 100 տարի ետք, Եհովա Զաքարիա մարգարէն ներշնչեց որ Տիւրոսի դէմ Իր դատավճիռը ծանուցանէ. «Տէրը զանիկա պիտի քշէ եւ անոր ունեցած զօրութիւնը ծովուն մէջ պիտի նետէ ու անիկա կրակով պիտի սպառի»։—Զաքարիա 9։3, 4
Հ.Դ.Ա. 332–ին, կղզի–քաղաքը Մեծն Աղեքսանդրի ձեռքով կործանեցաւ, եւ այսպէս Զաքարիայի մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։ Ասիկա իրագործելու համար, վաղեմի Տիւրոսի աւերակներուն փայտերն ու քարերը գործածելով՝ Աղեքսանդր 800 մեթր երկարութեամբ խճուղի մը կառուցանեց, որ բուն ցամաքը կղզիին կապեց։ Ասիկա նաեւ մարգարէացուած էր Եզեկիէլի կողմէ։—Եզեկիէլ 26։4, 12
[Նկար՝ էջ 13]
«Տիւրոսի պաշարումը»
[Նկարին աղբիւրը]
Drawing by Andre Castaigne (1898-1899)