Կարեւո՞ր է թէ ինչպէս Աստուած կը պաշտենք
Կարեւո՞ր է թէ ինչպէս Աստուած կը պաշտենք
«ԿՐՕՆՔԸ մարդկային բնոյթին մէջ խորապէս արմատացած է», կ’ըսէ փրոֆէսոր Էլիսթըր Հարտի իր գիրքին մէջ (The Spiritual Nature of Man)։ Վերջերս կատարուած փորձագիտանքի մը արդիւնքները այս եզրակացութեան թիկունք կը կանգնին։ Անիկա յայտնեց թէ աշխարհի բնակչութեան շուրջ 86 տոկոսը կը դաւանի որոշ կրօնքի մը հետեւիլ։
Փորձագիտանքը նաեւ յայտնեց թէ հաւատացեալները 19 գլխաւոր կրօնքներու կը պատկանին, իսկ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողները՝ 37,000 յարանուանութեան։ Ասիկա քեզ չի՞ մղեր հարց տալու թէ պաշտամունքի այս տարբեր կերպերը Աստուծոյ հաւասարապէս ընդունելի՛ են կամ ոչ։ Արդարեւ, կարեւո՞ր է թէ ինչպէս զինք կը պաշտենք։
Այս կենսական հարցին մէջ, անձնական զգացումներով կամ կարծիքներով չենք կրնար տարուիլ։ Տրամաբանօրէն, պէտք է գիտնանք թէ հարցին շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը ի՛նչ է։ Ուստի Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին պէտք է դիմենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս Քրիստոս աղօթքի մէջ Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննէս 17։17) Իսկ հաւատարիմ Պօղոս առաքեալ վկայեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ամէն տեսակ պաշտամունք Աստուծոյ ընդունելի չէ։ Կան պատմական օրինակներ, թէ Աստուած ի՛նչպիսի պաշտամունք ընդունեց եւ ի՛նչպիսի պաշտամունք մերժեց։ Ասոնք ուշադրութեամբ քննելով կրնանք սորվիլ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք, որպէսզի Աստուած մեր պաշտամունքին հաճի։
Վաղեմի օրինակ մը
Մովսէս մարգարէին միջոցաւ, Եհովա Աստուած Իսրայելացիներուն օրէնքներ տուաւ, որոնք անոնց սորվեցուցին ի՛նչպէս ընդունելի կերպով Աստուած պաշտել։ Երբ ժողովուրդը ըրաւ ի՛նչ որ այդ օրէնքները պահանջեցին, որոնք սովորաբար Մովսիսական Օրէնք կոչուեցան, Աստուած զիրենք ընդունեց որպէս իր ժողովուրդը եւ օրհնեց։ (Ելից 19։5, 6) Սակայն Աստուծոյ օրհնութիւնները վայելելով հանդերձ, Իսրայէլ ազգը ընդունելի պաշտամունքին չկառչեցաւ։ Շատ յաճախ անոնք Եհովայի կռնակ դարձուցին եւ մօտակայ ժողովուրդներուն կրօնական սովորութիւնները որդեգրեցին։
Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն, Եզեկիէլ եւ Երեմիա մարգարէներուն օրով, Իսրայելացիներէն շատեր Աստուծոյ Օրէնքը զանց ըրին եւ օտարազգի դրացիներու հետ սերտ ընկերակցութիւն մշակեցին։ Անոնց սովորութիւններուն յարելով եւ անոնց տօներուն մասնակցելով, Իսրայելացիները խառն կրօնքի կը հետեւէին։ Իսրայելացիներէն շատեր կ’ըսէին. «Մենք փայտ ու քար պաշտելով, հեթանոսներուն պէս, երկիրներուն ազգատոհմերուն պէս պիտի ըլլանք»։ (Եզեկիէլ 20։32. Երեմիա 2։28) Անոնք դաւանեցան Եհովա Աստուածը պաշտել, բայց միեւնոյն ատեն «կուռքեր» պաշտեցին, նոյնիսկ իրենց տղաքը անոնց զոհելով։—Եզեկիէլ 23։37-39. Երեմիա 19։3-5
Հնախոյզներ պաշտամունքի այս կերպը կը կոչեն՝ կրօնական համահաշտութիւն,– այլազան աստուածներ միաժամանակ պաշտել։ Ներկայիս, շատեր կը խորհին թէ բազմակարծիքութեան ընկերութեան մէջ լայնամիտ պէտք է ըլլանք ամէն բանի մէջ, ի ներառեալ կրօնքը։ Ուստի անոնք կը զգան թէ սխալ չէ Աստուած պաշտել իրենց ուզած որեւէ կերպով։ Ասիկա շիտա՞կ է։ Հարցը պարզապէս կապ ունի հանդուրժող եւ ազատամիտ ըլլալո՞ւն հետ։ Նկատի առ անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն ժողովրդական կրօնքին կամ խառն պաշտամունքին կարգ մը երեսակները եւ անոնց հետեւանքները։
Իսրայէլի խառն պաշտամունքը
Իսրայելացիներուն խառն պաշտամունքի կեդրոնները «բարձր տեղեր»ն էին,– տեղական սրբավայրեր, ուր կային զոհասեղաններ, խնկամաններ, քարէ արձաններ եւ սրբազան ցիցեր, որոնք ըստ երեւոյթին Քանանացիներու արգասաբերութեան չաստուածուհիին՝ Աշիրայի փայտէ խորհրդանիշներն էին։ Յուդայի մէջ բազմաթիւ այսպիսի կեդրոններ կային։ Դ. Թագաւորաց 23։5, 8–ը կը նշէ թէ «Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի բոլորտիքը բարձր տեղեր» կային, «Գաբայէն [հիւսիսային սահմանը] մինչեւ Բերսաբէէ [հարաւային սահմանը]»։
Այս բարձր տեղերուն մէջ, Իսրայելացիները «Բահաղին ու արեգակին ու լուսնին եւ տասնըերկու կենդանակերպներուն ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն խունկ» ծխեցին։ Անոնք «Տէրոջը տանը մէջ . . . Սոդոմական մեղք գործողներուն տուներ» ունէին եւ իրենց զաւակները ‘Մողոքին որպէս զոհ կրակէ անցուցին’։—Դ. Թագաւորաց 23։4-10
Հնախոյզներ Երուսաղէմի ու Յուդայի մէջ հարիւրաւոր թրծուն կաւէ արձանիկներ գտած են, յատկապէս անձնական տուներու աւերակներուն մէջ։ Մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէր մեծ կուրծքերով մերկ կիներ։ Ուսումնականներ այս արձանիկները կ’առնչեն արգասաբերութեան չաստուածուհիներուն՝ Աստարովթի եւ Աշիրայի։ Կը կարծուի թէ արձանիկները «յղացման ու մանկածնութեան նպաստող հմայեակներ էին»։
Իսրայելացիները այս խառն պաշտամունքի տեղական կեդրոնները ի՞նչպէս կը նկատէին։ Եբրայական Համալսարանի պատկանող փրոֆէսոր Եփրեմ Շթեռն դիտել տուաւ թէ բարձր տեղերէն շատերը հաւանաբար «Եհովայի նուիրուած էին»։ Այնպէս կը թուի թէ հնագիտական վայրերու մէջ գտնուած քանդակագրութիւնները այս տեսակէտին թիկունք կը կանգնին։ Օրինակ, անոնցմէ մէկը կ’ըսէ. «Քեզ կ’օրհնեմ Սամարիոյ Եհովայի եւ իր Աշիրայի [անունով]», իսկ ուրիշ մը կ’ըսէ. «Քեզ կ’օրհնեմ Թեմանի Եհովայի եւ իր Աշիրայի [անունով]»։
Այս օրինակները կը լուսաբանեն թէ Իսրայելացիները ի՛նչպէս համակերպեցան, Եհովա Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին մէջ ամօթալի հեթանոսական սովորութիւններ մտցնելով։ Արդիւնքը եղաւ՝ բարոյական անկում եւ հոգեւոր խաւար։ Աստուած այս խառն պաշտամունքը ի՞նչպէս նկատեց։
Աստուծոյ հակազդեցութիւնը խառն պաշտամունքին
Աստուած Եզեկիէլ մարգարէին միջոցաւ Իսրայելացիներուն նուաստացած պաշտամունքին հանդէպ իր զայրոյթը եւ դատապարտութիւնը յայտնեց, ըսելով. «Ձեր բոլոր բնակած տեղերուն մէջ քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան ու բարձր տեղերը ամայի պիտի ըլլան. որպէս զի ձեր սեղանները աւերակ ու ամայի ըլլան եւ ձեր կուռքերը կոտրտին ու խափանուին եւ ձեր արեգակի կուռքերը կործանուին ու ձեր գործերը ջնջուին»։ (Եզեկիէլ 6։6) Կասկած չկայ որ Եհովա այս պաշտամունքը ամբողջովին անընդունելի նկատեց ու զայն մերժեց։
Եհովա Աստուած նախագուշակեց թէ աւերումը ի՛նչպէս տեղի պիտի ունենար։ «Ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ։ . . . Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ»։ (Երեմիա 25։9-11) Այս մարգարէութեան համաձայն, Հ.Դ.Ա. 607–ին Բաբելոնացիները Երուսաղէմի դէմ եկան եւ քաղաքն ու անոր տաճարը կործանեցին։
Երուսաղէմի կործանման առնչութեամբ, փրոֆէսոր Շթեռն կը նշէ թէ հնագիտական հետքերը «յստակօրէն կ’արտացոլացնեն աստուածաշնչական աղբիւրները (Դ. Թագաւորաց 25։8. Բ. Մնացորդաց 36։18, 19), որոնք տուներու եւ պարիսպներու կործանումը, հրկիզումն ու փլուզումը կը նկարագրեն»։ Ան նաեւ դիտել կու տայ. «Աստուածաշնչական վայրերու առնչութեամբ, Երուսաղէմի պատմութեան այս հանգրուանի հնագիտական ապացոյցները . . . կրնան ամենէն տպաւորիչը նկատուիլ»։
Մեզի համար ի՞նչ դաս
Մեզի համար գլխաւոր դասը այն է թէ Աստուած չ’ընդունիր պաշտամունք մը, որ կը փորձէ Աստուածաշունչի ուսուցումները խառնել այլ կրօնքներու վարդապետութիւններուն, աւանդութիւններուն կամ ծէսերուն հետ։ Պօղոս առաքեալ այս կէտը ըմբռնեց ու լուրջի առաւ։ Ան մեծցած էր որպէս Փարիսեցի, աղանդին օրէնքին համաձայն կրթուելով ու մարզուելով։ Երբ ի վերջոյ ան ընդունեց թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր, ի՞նչ ըրաւ։ «Ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի», ըսաւ ան։ Ան իր նախկին ճամբաները լքեց եւ Քրիստոսի նախանձախնդիր մէկ հետեւորդը եղաւ։—Փիլիպպեցիս 3։5-7
Որպէս ճամբորդող միսիոնար, Պօղոս այլազան մարդոց կրօնական սովորութիւններուն եւ փիլիսոփայական կասկածներուն քաջածանօթ էր։ Հետեւաբար ան Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ։ . . . ‘Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Պիղծ բանի մի՛ դպչիք ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ’»։—Բ. Կորնթացիս 6։14-18
Որովհետեւ Աստուած մեր պաշտամունքին կերպը կարեւոր կը նկատէ, կրնանք հարց տալ. ‘Աստուած ի՞նչպիսի պաշտամունք կ’ընդունի։ Ի՞նչպէս կրնամ Աստուծոյ մօտենալ։ Եւ անձամբ ի՞նչ պէտք է ընեմ Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելու համար’։
Եհովայի Վկաները սիրով կ’ուզեն քեզի օգնել որ այս եւ Աստուածաշունչի վերաբերեալ այլ հարցումներու պատասխանները գտնես։ Քեզ կը հրաւիրենք որ Վկաներուն հետ կապ պահես՝ Թագաւորութեան Սրահը այցելելով, կամ այս պարբերաթերթի հրատարակիչներուն գրես, Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը խնդրելով, քեզի յարմար եղող ժամուն եւ վայրին մէջ։
[Նկար՝ էջ 10]
Կռապաշտութեան յատկացուած վաղեմի սրբավայր, Թէլ Արադ, Իսրայէլ
[Նկարին աղբիւրը]
Garo Nalbandian
[Նկար՝ էջ 10]
Վաղեմի Յուդայի տուներուն մէջ գտնուած Աստարովթի արձանիկներ
[Նկարին աղբիւրը]
Photograph © Israel Museum, Jerusalem; courtesy of Israel Antiquities Authority