Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներող Աստուած մը

Ներող Աստուած մը

Աստուծոյ մօտեցիր

Ներող Աստուած մը

Յովհաննէս 21։15-17

«ԴՈ՛ՒՆ, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես»։ (Սաղմոս 86։5) Այս սրտաշէն խօսքով Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա Աստուած լիուլի կը ներէ։ Պետրոս առաքեալի կեանքին մէջ միջադէպ մը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Եհովա «առատապէս» կը ներէ։—Եսայի 55։7

Պետրոս Յիսուսի սերտ ընկերակիցներէն մէկն էր։ Այսուհանդերձ, երկրի վրայ Յիսուսի կեանքին վերջին գիշերը, Պետրոս վախի տեղի տուաւ եւ լուրջ մեղք մը գործեց։ Գաւիթի մը մէջ, այն վայրին մօտ՝ ուր Յիսուս ապօրինի կերպով կը դատուէր, Պետրոս հանրապէս ուրացաւ թէ Յիսուսը կը ճանչնար,– ո՛չ թէ մէկ անգամ, այլ երեք անգամ։ Անոր երրորդ ուժգին ուրացումէն ետք, Յիսուս «դարձաւ ու Պետրոսին նայեցաւ»։ (Ղուկաս 22։55-61) Կրնա՞ս երեւակայել թէ Պետրոս ի՛նչ զգաց երբ Յիսուս իրեն նայեցաւ։ Իր մեղքին լրջութեան գիտակցելով, Պետրոս «սկսաւ լալ»։ (Մարկոս 14։72) Զղջահար առաքեալը հաւանաբար հարց տուաւ թէ երեք անգամ Յիսուսը ուրանալէ ետք, կարելի՞ էր որ Աստուած իրեն ներէր։

Իր յարութենէն ետք, Յիսուս Պետրոսի հետ զրոյց մը ունեցաւ, որ անտարակոյս ներումի նկատմամբ Պետրոսի կասկածները վանեց։ Յիսուս կոշտ խօսք մը չըսաւ, ո՛չ ալ զինք դատապարտեց։ Փոխարէն, ան Պետրոսի հարցուց. «Զիս կը սիրե՞ս»։ Պետրոս պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս ըսաւ. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։ Յիսուս նոյն հարցումը կրկնեց, եւ Պետրոս նոյն պատասխանը տուաւ, թերեւս աւելի շեշտակի։ Յիսուս ըսաւ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ Ապա Յիսուս նոյն հիմնական հարցումը երրորդ անգամ ուղղեց. «Զիս կը սիրե՞ս»։ Այժմ «Պետրոս տրտմեցաւ» եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։—Յովհաննէս 21։15-17

Յիսուս ինչո՞ւ հարցումներ ուղղեց, որոնց պատասխանները արդէն գիտէր։ Ան կրնար սրտերը կարդալ, ուստի գիտէր թէ Պետրոս զինք կը սիրէր։ (Մարկոս 2։8) Այս հարցումները ուղղելով, Յիսուս Պետրոսի պատեհութիւն տուաւ որ իր սէրը երեք անգամ հաստատէ։ Յիսուսի պատասխանը. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս . . . արածէ՛ իմ ոչխարներս . . . արածէ՛ իմ ոչխարներս», զղջահար առաքեալը հաւաստիացուց թէ տակաւին վստահելի մէկն էր։ Արդարեւ Յիսուս Պետրոսի յանձնարարութիւն կու տար որ հոգ տանէր իր ամենէն թանկարժէք ստացուածքին,– իր սիրելի ոչխարանման հետեւորդները։ (Յովհաննէս 10։14, 15) Վստահաբար Պետրոս հանգստացած ըլլալու էր՝ գիտնալով թէ տակաւին Յիսուսի աչքին վստահելի մէկն էր։

Բացայայտ է որ Յիսուս իր զղջացած առաքեալին ներեց։ Որովհետեւ Յիսուս իր Հօր յատկութիւններն ու ճամբաները կատարելապէս արտացոլացուց, կրնա՛նք եզրակացնել թէ Եհովան ալ Պետրոսի ներեց։ (Յովհաննէս 5։19) Փոխանակ ներելու վարանող ըլլալու, Եհովա ողորմած Աստուած է, որ զղջացող մեղաւորին «առատապէս կը ներէ»։ Ասիկա մխիթարական գաղափար մը չէ՞։