Նոյի օրուան ջրհեղեղը ի՞րապէս աշխարհածաւալ էր
Ընթերցողները կը հարցնեն
Նոյի օրուան ջրհեղեղը ի՞րապէս աշխարհածաւալ էր
Նոյեան Ջրհեղեղը տեղի ունեցաւ աւելի քան 4,000 տարի առաջ։ Ուստի երկրի վրայ ականատես վերապրողներ չկան որ մեզի պատմեն անոր մասին։ Սակայն աղէտին մասին արձանագրութիւն մը կայ, որ կ’ըսէ թէ ջուրերը այդ ատենուան ամենաբարձր լեռը ծածկեցին։
Պատմական արձանագրութիւնը կը նշէ. «Երկրի վրայ քառասուն օր ջրհեղեղ եղաւ։ . . . Եւ ջուրերը երկրին վրայ խիստ շատ զօրացան ու բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին։ Ջուրերը տասնըհինգ կանգուն [շուրջ 6,5 մեթր] վեր բարձրացան եւ լեռները ծածկեցին»։—Ծննդոց 7։17-20
Ոմանք կրնան հարց տալ թէ ամբողջ երկիրը ջուրով ծածկուելուն պատմութիւնը առասպե՞լ է կամ առնուազն չափազանցութի՞ւն է։ Բնաւ երբեք։ Արդարեւ որոշ տարողութեամբ երկրագունդը տակաւին ողողուած է,– ծովաջուրը անոր շուրջ 71 առ հարիւրը կը ծածկէ։ Ուստի իրականութեան մէջ, ջրհեղեղին ջուրերը տակաւին հոս են։ Եթէ սառցագետերն ու բեւեռային սառցակոյտերը հալէին, ծովու մակերեւոյթը պիտի բարձրանար՝ Նիւ Եորքի ու Թոքիոյի նման քաղաքներ ծածկելով։
Միացեալ Նահանգներու հիւսիս–արեւմտեան շրջանը ուսումնասիրող երկրաբաններ կը կարծեն թէ անցեալին հոն աւելի քան 100 աղէտաբեր ջրհեղեղ տեղի ունեցած են։ Կ’ըսուի թէ այդ շրջանը հարուածող ջրհեղեղի մը ջուրերուն բարձրութիւնը 600 մեթր էր, արագութիւնը՝ 105 քմ/ժամ, քանակը՝ 2,000 խորանարդ քիլոմեթր, իսկ կշիռը՝ աւելի քան երկու եռիլիոն թոն։ Համանման յայտնագործութիւններ մղած են ուրիշ գիտնականներ համոզուելու թէ կարելի է որ աշխարհածաւալ ջրհեղեղ մը տեղի ունեցած է։
Սակայն անոնք որ կը հաւատան թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, աշխարհածաւալ ջրհեղեղը իրողութիւն կը նկատեն։ Յիսուս Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննէս 17։17) Պօղոս առաքեալ գրեց թէ Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Պօղոս ի՞նչպէս կրնար Յիսուսի հետեւորդներուն վարդապետական ճշմարտութիւնը սորվեցնել, եթէ Աստուծոյ Խօսքը առասպելներ կը բովանդակէ։
Յիսուս կը հաւատար ո՛չ միայն թէ Ջրհեղեղը տեղի ունեցած էր, այլ նաեւ՝ թէ աշխարհածաւալ էր։ Իր ներկայութեան եւ իրերու այս դրութեան վախճանին մասին իր մեծ մարգարէութեան մէջ, ան այս դէպքերը նմանցուց Նոյի օրերուն։ (Մատթէոս 24։37-39) Պետրոս առաքեալ ալ Նոյի օրուան ջրհեղեղին մասին գրեց. «Հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ»։—Բ. Պետրոս 3։6
Եթէ Նոյ առասպելական անձնաւորութիւն մը ըլլար, իսկ աշխարհածաւալ ջրհեղեղը՝ հէքեաթ մը, վերջին օրերուն ապրող անհատներուն ուղղուած Պետրոսի ու Յիսուսի ազդարարութիւնները անիմաստ պիտի ըլլային։ Այդ գաղափարները անհատը հոգեւորապէս պիտի շփոթեցնէին եւ Նոյեան Ջրհեղեղէն աւելի մեծ նեղութենէ մը վերապրելու իր պատեհութիւնները պիտի վտանգէին։—Բ. Պետրոս 3։1-7
Իր ժողովուրդին հանդէպ իր մնայուն ողորմութեան մասին խօսելով, Աստուած ըսաւ. «Ինչպէս երդում ըրի թէ՝ Նոյին ջուրերը անգամ մըն ալ երկրի վրայ չանցնին, նոյնպէս երդում ըրի, որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ»։ Ինչպէս Նոյեան Ջրհեղեղը իսկապէս երկրագունդը ծածկեց, նոյնպէս Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը իրեն վստահողներուն հանդէպ պիտի ցուցաբերուի։—Եսայի 54։9