Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չես գիտեր թէ ո՛ւր պիտի յաջողի

Չես գիտեր թէ ո՛ւր պիտի յաջողի

Չես գիտեր թէ ո՛ւր պիտի յաջողի

«Առտուն ցանէ՛ քու սերմդ, եւ իրիկունը մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ. արդարեւ չես գիտեր թէ ո՛ր մէկը պիտի յաջողի»։—ԺՈՂ. 11։6, ԱՎ

1. ԱՃման ընթացքին ականատես ըլլալը ինչո՞ւ թէ՛ կ’ապշեցնէ եւ թէ կը խոնարհեցնէ։

ՄՇԱԿԸ համբերատար պէտք է ըլլայ։ (Յակ. 5։7) Սերմը ցանելէն ետք, ան պէտք է սպասէ որ անիկա ծլի եւ աճի։ Երբ պայմանները նպաստաւոր են, ծիլերը աստիճանաբար կը սկսին գետնէն դուրս երեւնալ։ Ապա անոնք կը մեծնան ու հասկեր կ’ըլլան։ Ի վերջոյ, մշակը հնձուելիք դաշտ մը կ’ունենայ։ Աճման հրաշքին ականատես ըլլալը ո՜րքան ապշեցուցիչ է։ Եւ ի՜նչ խոնարհութիւն կը զգանք, ճանչնալով այս աճման Աղբիւրը։ Մենք կրնանք սերմը խնամել ու ջրել, բայց միայն Աստուած կրնայ զայն աճեցնել։—Համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 3։6

2. Նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առնուած առակներուն մէջ, Յիսուս հոգեւոր աճման մասին ի՞նչ կէտեր սորվեցուց։

2 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, Յիսուս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը նմանցուց սերմ ցանելուն։ Սերմնացանին առակին մէջ, Յիսուս ընդգծեց որ թէեւ սերմնացանը լաւ սերմ կը ցանէ, սակայն անհատին սրտի վիճակն է որ կ’որոշէ թէ սերմը պիտի աճի ու հասուննա՛յ թէ ոչ։ (Մար. 4։3-9) Աճող սերմին առակին մէջ, Յիսուս ցցուն ըրաւ թէ մշակը լիովին չի հասկնար աճման ընթացքը։ Պատճառը այն է թէ աճումը Աստուծոյ զօրութեամբ կը կատարուի, եւ ո՛չ թէ մարդկային ջանքերով։ (Մար. 4։26-29) Այժմ նկատի առնենք յաւելեալ երեք առակ,– մանանեխին առակը, թթխմորին առակը եւ ուռկանին առակը։ *

Մանանեխին առակը

3, 4. Մանանեխին առակը, Թագաւորութեան պատգամին վերաբերեալ ի՞նչ երեսակներ աչքառու կը դարձնէ։

3 Մանանեխին առակը, որ նաեւ արձանագրուած է Մարկոսի Աւետարանին 4–րդ գլուխին մէջ, երկու բան աչքառու կը դարձնէ. առաջին՝ Թագաւորութեան պատգամին ապշեցուցիչ աճումը, իսկ երկրորդ՝ պատգամը ընդունողներուն տրուած պաշտպանութիւնը։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։ Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է, բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ’ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ’արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։—Մար. 4։30-32

4 Հոս կը նկարագրուի «Աստուծոյ թագաւորութեան» աճումը, ինչպէս տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Թագաւորութեան պատգամը տարածուելով եւ քրիստոնէական ժողովքը մեծնալով։ Մանանեխի հատիկը մանր հունտ մըն է, որ շատ պզտիկ բան մը կրնայ ներկայացնել։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 17։6) Սակայն ժամանակի ընթացքին, մանանեխի տունկը կրնայ 3-5 մեթր բարձրանալ ու տոկուն ճիւղեր ունենալ, ծառ մը նկատուելով։—Մատ. 13։31, 32

5. Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչ աճում ունեցաւ։

5 Քրիստոնէական ժողովքին աճումը աննշան կերպով սկսաւ Հ.Դ. 33–ին, երբ շուրջ 120 աշակերտ սուրբ հոգիով օծուեցան։ Յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, այս պզտիկ ժողովքը պարփակեց հազարաւոր հաւատացեալներ։ (Կարդալ՝ Գործք 2։41. 4։4. 5։28. 6։7. 12։24. 19։20) Երեք տասնամեակ չանցած, հնձուորներուն թիւը ա՛յնքան աւելցաւ որ Պօղոս առաքեալ կրցաւ Կողոսայի ժողովքին ըսել թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կող. 1։23) Ի՜նչ տպաւորիչ աճում մը։

6, 7. (ա) 1914–էն ի վեր, ի՞նչ ընդարձակում տեղի ունեցած է։ (բ) Յաւելեալ ի՞նչ աճում տեղի պիտի ունենայ։

6 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 1914–ին երկնքի մէջ հաստատուելէն ի վեր, մանանեխի «ծառ»ին ճիւղերը ակնկալուածէն աւելի տարածուած են։ Աստուծոյ ժողովուրդը Եսայիի կողմէ արձանագրուած մարգարէութեան բառացի կատարումը տեսած է. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ»։ (Եսա. 60։22) Քսաներորդ դարու սկիզբը, Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցող օծեալներու պզտիկ խումբը երբեք չերեւակայեց թէ 2008–ին, շուրջ եօթը միլիոն Վկաներ այս գործին պիտի մասնակցէին, աւելի քան 230 երկրի մէջ։ Իրապէս ապշեցուցիչ աճում մը, որ համանման է Յիսուսի առակին մէջի մանանեխին աճման։

7 Բայց աճումը հոս վերջ կը գտնէ՞։ Ո՛չ։ Ժամանակի ընթացքին, ամբողջ երկրագունդը Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներով պիտի լեցուի։ Բոլոր հակառակորդները չքացած պիտի ըլլան։ Ասիկա մարդկային ջանքերով տեղի պիտի չունենայ, այլ՝ Գերիշխան Տէր Եհովայի միջամտութեամբ երկրային հարցերուն։ (Կարդալ՝ Դանիէլ 2։34, 35) Այն ատեն՝ Եսայիի կողմէ արձանագրուած ուրիշ մարգարէութեան մը վերջնական կատարումը պիտի տեսնենք. «Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսա. 11։9

8. (ա) Յիսուսի առակին մէջի թռչունները որո՞նք կը պատկերացնեն։ (բ) Նոյնիսկ հիմա ի՞նչ բաներէ պաշտպանուած ենք։

8 Յիսուս կ’ըսէ թէ երկնքի թռչունները կրնան այս Թագաւորութեան շուքին տակ բնակիլ։ Այս թռչունները չեն ներկայացներ Թագաւորութեան թշնամիները, որոնք կը փորձեն բարի սերմերը ուտել, ինչպէս էր պարագան սերմնացանին առակին մէջի թռչուններուն։ (Մար. 4։4) Փոխարէն, այս առակին մէջ թռչունները կը պատկերացնեն ուղղախոհ անհատներ, որոնք քրիստոնէական ժողովքէն ներս պաշտպանութիւն կը փնտռեն։ Նոյնիսկ հիմա, անոնք կը պաշտպանուին այս ամբարիշտ աշխարհի հոգեւորապէս պղծող սովորութիւններէն։ (Համեմատել՝ Եսայի 32։1, 2) Եհովա նմանապէս Մեսիական Թագաւորութիւնը ծառի մը նմանցուց եւ մարգարէաբար ըսաւ. «Զանիկա Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ պիտի տնկեմ։ Անիկա ոստեր պիտի արձակէ ու պտուղ պիտի տայ ու ազնիւ եղեւին պիտի ըլլայ։ Անոր տակ ամէն տեսակ թեւ ունեցող թռչուններ պիտի նստին, անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին»։—Եզեկ. 17։23

Թթխմորին առակը

9, 10. (ա) Յիսուս թթխմորին առակին մէջ ի՞նչ կէտ ընդգծեց։ (բ) Աստուածաշունչին մէջ, թթխմորը յաճախ ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ Յիսուսի ակնարկած թթխմորին մասին ի՞նչ հարցում նկատի պիտի առնենք։

9 Աճումը մարդկային աչքին միշտ տեսանելի չէ։ Իր յաջորդ առակին մէջ, Յիսուս այս կէտը կ’ընդգծէ։ Ան կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութիւնը խմորի [«թթխմորի», Անթիլիաս] նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց մինչեւ բոլորն ալ խմորուեցաւ»։ (Մատ. 13։33) Այս թթխմորը ի՞նչ կը պատկերացնէ եւ ի՞նչպէս Թագաւորութեան աճման առնչուած է։

10 Աստուածաշունչին մէջ, թթխմորը յաճախ գործածուած է մեղք ներկայացնելու համար։ Պօղոս առաքեալ այս կերպով թթխմորին ակնարկեց, երբ վաղեմի Կորնթոսի ժողովքին մէջ մեղաւորի մը ապականիչ ազդեցութեան մասին կը խօսէր։ (Ա. Կոր. 5։6-8) Արդ, Յիսուս առակին մէջ թթխմորը գործածեց ժխտակա՞ն բանի մը աճումը պատկերացնելու համար։

11. Վաղեմի Իսրայէլի մէջ թթխմորը ի՞նչպէս կը գործածուէր։

11 Այդ հարցումին պատասխանելէ առաջ, երեք հիմնական իրողութիւն նկատի պէտք է առնենք։ Առաջին, թէեւ Եհովա թոյլ չտուաւ որ Պասեքի տօնակատարութեան ժամանակ թթխմոր գործածուի, սակայն ուրիշ ատեններ ան թթխմոր պարունակող զոհեր ընդունեց։ Թթխմոր գործածուեցաւ շնորհակալութեան համար եղած խաղաղութեան զոհերու առնչութեամբ, զորս անհատ մը կամաւորաբար Եհովայի կը ներկայացնէր, երախտապարտ ըլլալով Իր բազմաթիւ օրհնութիւններուն համար։ Ասիկա ուրախութեան ճաշ մըն էր։—Ղեւ. 7։11-15

12. Խորհրդանիշներ գործածելու Աստուածաշունչի կերպէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

12 Երկրորդ, թէեւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ տուեալ բան մը որոշ առիթով կրնայ բացասական իմաստ կրել, բայց ուրիշ առիթով անիկա կրնայ դրական բան մը ներկայացնելու համար գործածուիլ։ Օրինակ, Ա. Պետրոս 5։8–ի մէջ, Սատանան առիւծի մը նմանցուած է, անոր վտանգաւոր ու կատաղի բնոյթը նկարագրելով։ Բայց Յայտնութիւն 5։5–ի մէջ, Յիսուս առիւծի մը նմանցուած է,– «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը»,– քաջարի արդարութիւնը խորհրդանշելով։

13. Թթխմորին առակը հոգեւոր աճման մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։

13 Երրորդ, առակին մէջ, Յիսուս չըսաւ թէ թթխմորը ամբողջ խմորը թթուեցուց, զայն անգործածելի դարձնելով։ Ան պարզապէս հաց պատրաստելու սովորական գործընթացին ակնարկեց։ Կինը դիտումնաւոր կերպով թթխմորը աւելցուց, իսկ արդիւնքը դրական էր։ Թթխմորը ալիւրին մէջ պահուած էր։ Հետեւաբար թթուեցումը կնոջ համար անտեսանելի էր։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ այն մարդը, որ սերմ կը ցանէ ու գիշերը կը քնանայ։ Յիսուս ըսաւ թէ «սերմը [կը] բուսնի ու [կը] մեծնայ ու [մարդը] չի գիտեր թէ ի՛նչպէս»։ (Մար. 4։27) Հոգեւոր աճման անտեսանելի ընթացքը բացատրելու ի՜նչ պարզ կերպ մը։ Սկիզբը աճումը չտեսնելով հանդերձ, վերջապէս անոր արդիւնքը բացայայտ կը դառնայ։

14. Այն իրողութիւնը թէ թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը թթուեցնէ, քարոզչութեան ո՞ր երեսակը կը լուսաբանէ։

14 Այս աճումը ո՛չ միայն մարդկային աչքերուն անտեսանելի է, այլ նաեւ՝ համատարած։ Ասիկա թթխմորին առակին մէջ ընդգծուած այլ երեսակ մըն է։ Թթխմորը կը թթուեցնէ ամբողջ զանգուածը, «երեք գրիւ ալիւր»ը։ (Ղուկ. 13։21) Թթխմորի նման, այս հոգեւոր աճումը խթանող Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ա՛յնքան ընդարձակուած է, որ ներկայիս Թագաւորութիւնը կը քարոզուի «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8. Մատ. 24։14) Թագաւորութեան գործին այս ապշեցուցիչ ծաւալման նպաստելը ի՜նչ սքանչելի առանձնաշնորհում մըն է։

Ուռկանը

15, 16. (ա) Ուռկանին առակը ամփոփէ։ (բ) Ուռկանը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ այս առակը Թագաւորութեան աճման ո՞ր երեսակին կ’ակնարկէ։

15 Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ ըլլալ դաւանողներուն թիւէն աւելի, անոնց որակն է կարեւորը։ Յիսուս Թագաւորութեան աճման այս երեսակին կ’ակնարկէ, ուռկանին առակը տալով։ Ան ըսաւ. «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ»։—Մատ. 13։47

16 Ուռկանը, որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կը ներկայացնէ, ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։ Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին։ Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհիս վերջը [«իրերու դրութեան վախճանին», ՆԱ]։ Հրեշտակները պիտի ելլեն ու արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն. եւ պիտի ձգեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։—Մատ. 13։48-50

17. Ուռկանին առակին մէջ նշուած զատումը ո՞ր ժամանակաշրջանին կ’ակնարկէ։

17 Այս զատումը կ’ակնարկէ՞ ոչխարներու եւ այծերու վերջնական դատաստանին, որ Յիսուս ըսաւ թէ տեղի պիտի ունենայ երբ իր փառքովը գայ։ (Մատ. 25։31-33) Ո՛չ։ Այդ վերջնական դատաստանը տեղի պիտի ունենայ, երբ Յիսուս մեծ նեղութեան ընթացքին գայ։ Իսկ ուռկանին առակին մէջ ակնարկուած զատումը տեղի կ’ունենայ «իրերու դրութեան վախճան»ի ընթացքին։ * Ասիկա այն ժամանակն է որուն մէջ այժմ կ’ապրինք,– մեծ նեղութեան առաջնորդող օրերը։ Արդ, ի՞նչպէս զատում մը ներկայիս տեղի կ’ունենայ։

18, 19. (ա) Ներկայիս ի՞նչպէս զատում մը տեղի կ’ունենայ։ (բ) Պարկեշտամիտ անհատները ի՞նչ քայլ պէտք է առնեն։ (Տես նաեւ ստորանիշը։)

18 Արդի օրերուն, մարդկութեան ծովէն բառացիօրէն միլիոնաւոր այլաբանական ձուկեր Եհովայի ժողովքին եկած են։ Ոմանք Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին, ուրիշներ մեր ժողովներուն կու գան, իսկ տակաւին ուրիշներ ուրախութեամբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն։ Բայց այս բոլոր անհատները կ’ապացուցանե՞ն թէ հարազատ Քրիստոնեաներ են։ Անոնք թերեւս ‘ցամաքը հանուին’, բայց Յիսուս մեզի կ’ըսէ թէ միայն «աղէկները» կը հաւաքուին ամաններու մէջ, որոնք քրիստոնէական ժողովքները կը ներկայացնեն։ Անշահները դուրս կը ձգուին, ի վերջոյ նետուելով այլաբանական կրակի հնոցի մը մէջ, որ ապագայ կործանում կը նշանակէ։

19 Անշահ ձուկերուն պարագային պէս, Եհովայի ժողովուրդին հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներէն շատեր դադրած են ուսումնասիրելէ։ Քրիստոնեայ ծնողներ ունեցողներէն ոմանք բնաւ չեն ուզած Յիսուսի քայլերուն հետեւիլ։ Անոնք չեն ուզած Եհովայի ծառայելու որոշումը կայացնել, կամ ժամանակ մը իրեն ծառայելէ ետք՝ դադրած են։ * (Եզեկ. 33։32, 33) Սակայն անհրաժեշտ է որ բոլոր պարկեշտամիտ անհատները թոյլ տան որ դատաստանի վերջին օրէն առաջ հաւաքուին ամանանման ժողովքներուն մէջ եւ ապահովութեան վայրի մը մէջ մնան։

20, 21. (ա) Աճման հետ կապ ունեցող Յիսուսի առակներուն վերաքաղէն ի՞նչ սորվեցանք։ (բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Արդ, աճման հետ կապ ունեցող Յիսուսի առակներուն համառօտ վերաքաղէն ի՞նչ սորվեցանք։ Առաջին, մանանեխին աճման նման, երկրի վրայ Թագաւորութեան շահերը հսկայ աճում մը տեսած են։ Ոչինչ կրնայ Եհովայի գործին ծաւալումը կասեցնել։ (Եսա. 54։17) Ասկէ զատ, հոգեւոր պաշտպանութիւն տրուած է անոնց՝ որոնք փնտռած են ‘ծառին շուքին տակ բնակիլ’։ Երկրորդ, Աստուա՛ծ զայն կ’աճեցնէ։ Ինչպէս որ պահուած թթխմորը ամբողջ զանգուածը թթուեցուց, այս աճումը միշտ շուտով շօշափելի կամ հասկնալի չէ եղած, բայց եւ այնպէս տեղի ունեցած է։ Երրորդ, բոլոր ընդառաջողներն ալ յարմար չեն եղած։ Ոմանք Յիսուսի առակին մէջի անշահ ձուկերուն նման եղած են։

21 Սակայն ո՜րքան քաջալերական է տեսնել որ Եհովա բազմաթիւ յարմար անհատներ կը քաշէ։ (Յովհ. 6։44) Ասիկա պատճառ եղած է որ շատ մը երկիրներու մէջ հոյակապ յաւելումներ ըլլան։ Այս աճման համար ամբողջ փառքը Եհովա Աստուծոյ կ’երթայ։ Ասոր ականատես ըլլալով, իւրաքանչիւրս պէտք է մղուինք՝ դարեր առաջ գրուած սա յորդորին հնազանդելու. «Առտուն ցանէ՛ քու սերմդ, . . . արդարեւ չես գիտեր թէ ո՛ր մէկը պիտի յաջողի, ասիկա՞ թէ անիկա, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս նպաստաւոր պիտի ըլլան»։—Ժող. 11։6, ԱՎ

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին բացատրութիւնները կը ճշդեն ինչ որ նախապէս բացատրուեցաւ՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1992 թիւին մէջ, էջ 22-26, եւ 1 Հոկտեմբեր 1975 թիւին մէջ, էջ 589-608 (Անգլերէն)։

^ պարբ. 17 Թէեւ Մատթէոս 13։39-43–ը Թագաւորութեան քարոզչութեան տարբեր մէկ երեսակին կ’ակնարկէ, սակայն անոր կատարման ժամանակը կը համապատասխանէ ուռկանին առակին կատարման ժամանակին, որ է՝ «իրերու դրութեան վախճան»ի ընթացքին։ Այլաբանական ձուկերու զատումը շարունակական է, ինչպէս որ ցանելու եւ հնձելու գործը շարունակական է այս ժամանակամիջոցին։—Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 2000, էջ 25-26. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք, էջ 178-181, պարբերութիւն 8-11։

^ պարբ. 19 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ իւրաքանչիւր անհատ որ չի շարունակեր Եհովայի ժողովուրդին հետ ուսումնասիրել կամ ընկերակցիլ, հրեշտակներուն կողմէ դուրս ձգուած է որպէս անշահ ձուկ։ Ո՛չ։ Եթէ անհատ մը անկեղծօրէն փափաքի Եհովայի վերադառնալ, ան ճամբան բաց պիտի գտնէ։—Մաղ. 3։7

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Մանանեխին առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Թագաւորութեան աճման ու հոգեւոր պաշտպանութեան մասին։

• Յիսուսի առակին մէջի թթխմորը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ Յիսուս Թագաւորութեան աճման մասին ի՞նչ ճշմարտութիւն ցցուն կ’ընէ։

• Ուռկանին առակին մէջ Թագաւորութեան աճման ո՞ր երեսակը կը մատնանշուի։

• Ի՞նչպէս կրնանք մնալ անոնց մէջ, որոնք ‘ամաններու մէջ ժողվուած են’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]