Տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել
Տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել
«Աստուծմով համարձակեցանք քարոզել ձեզի Աստուծոյ աւետարանը՝ շատ պայքարելով»։—Ա. ԹԵՍ. 2։2, ԱՎ
1. Երեմիա ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց, եւ ի՞նչպէս կրցաւ անոնց հետ գլուխ ելլել։
ԵՐԵՄԻԱ մեզի նման զգացումներ ունեցող անհատ մըն էր։ Երբ Եհովա իրեն իմացուց «ազգերուն մարգարէ» ըլլալու յանձնարարութիւնը, ան բացագանչեց. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասն զի ես մանուկ եմ»։ Այսուհանդերձ, Եհովայի վստահելով իր նշանակումը ընդունեց։ (Երեմ. 1։4-10) Աւելի քան 40 տարի, Երեմիա դիմագրաւեց անտարբերութիւն, մերժում, հեգնանք եւ նոյնիսկ ֆիզիքական վայրագութիւն։ (Երեմ. 20։1, 2) Երբեմն ան զգաց թէ ձեռնթափ պիտի ըլլար։ Բայց եւ այնպէս, ան շարունակեց անժողովրդական պատգամ մը ծանուցանել ականջ չտուող ժողովուրդի մը։ Աստուծոյ ուժով, Երեմիա իրագործեց ի՛նչ որ առանձին երբեք պիտի չկարենար։—Կարդալ՝ Երեմիա 20։7-9
2, 3. Ներկայիս Աստուծոյ ծառաները ի՞նչպէս Երեմիայի մարտահրաւէրներուն նման մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։
2 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներէն շատեր կրնան Երեմիայի զգացումները հասկնալ։ Երբ տունէ տուն քարոզչութիւնը քննարկուեցաւ, մեզմէ շատեր ատեն մը խորհեցան՝ ‘Երբեք չեմ կրնար ասիկա ընել’։ Այսուհանդերձ, երբ անդրադարձանք որ Եհովայի կամքն է որ բարի լուրը ծանուցանենք, մեր վախը յաղթահարեցինք եւ քարոզչութեամբ զբաղեցանք։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, շատերս որոշ պարագաներ ունենալով, դժուար դարձաւ որ քարոզչութեան մէջ յարատեւենք, առնուազն ժամանակ մը։ Կասկած չկայ թէ տունէ տուն քարոզելու սկսիլը եւ զայն մինչեւ վախճանը շարունակելը մարտահրաւէր մըն է։—Մատ. 24։13
3 Եթէ ժամանակէ մը ի վեր Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես եւ ժողովներուն ներկայ կը գտնուիս, բայց տունէ տուն քարոզելու կը վարանիս, կամ եթէ մկրտուած Վկայ մըն ես եւ տունէ տուն քարոզչութեան մասնակցիլը դժուար կը գտնես, թէեւ ֆիզիքական արգելքներ չունիս, վստահ եղիր որ ամէն ենթահողի պատկանող անհատներ տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ կ’ելլեն։ Եհովայի օգնութեամբ՝ դո՛ւն ալ կրնաս։
Համարձակութիւն ձեռք ձգել
4. Ի՞նչ բան Պօղոս առաքեալը կարող դարձուց բարի լուրը համարձակութեամբ քարոզելու։
4 Անկասկած կը գիտակցիս թէ աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը կ’իրագործուի ո՛չ թէ մարդկային զօրութեամբ կամ իմաստութեամբ, այլ՝ Աստուծոյ հոգիով։ (Զաք. 4։6) Նոյնն է պարագան իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի ծառայութեան։ (Բ. Կոր. 4։7) Նկատի առ Պօղոս առաքեալը։ Մտաբերելով ժամանակ մը, երբ հակառակորդներ գէշ կերպով վարուեցան իրեն եւ ընկերակից միսիոնարին հետ, ան գրեց. «Նախապէս Փիլիպպէի մէջ չարչարուելէ եւ նախատուելէ ետք, . . . Աստուծմով համարձակեցանք քարոզել ձեզի Աստուծոյ աւետարանը՝ շատ պայքարելով»։ (Ա. Թես. 2։2, ԱՎ. Գործք 16։22-24) Թերեւս դժուար է որ երեւակայենք թէ Պօղոսի պէս նախանձախնդիր քարոզիչ մը, երբեմն պայքարեցաւ որ քարոզէ։ Բայց եւ այնպէս, մեր բոլորին նման, Պօղոս Եհովայի պէտք էր ապաւինէր, որպէսզի բարի լուրը համարձակութեամբ քարոզէր։ (Կարդալ՝ Եփեսացիս 6։18-20) Ի՞նչպէս կրնանք Պօղոսի օրինակին հետեւիլ։
5. Քարոզելու համար քաջութիւն հաւաքելու մէկ կերպը ի՞նչ է։
5 Քարոզելու համար քաջութիւն հաւաքելու մէկ կերպն է՝ աղօթքը։ Ռահվիրայ քոյր մը ըսաւ. «Կ’աղօթեմ որ կարենամ ինքնավստահութեամբ խօսիլ, կ’աղօթեմ որ մարդոց սրտերուն կարենամ հասնիլ, եւ կ’աղօթեմ որ ծառայութեան մէջ կարենամ ուրախութիւն գտնել։ Ի վերջոյ, ասիկա Եհովայի գործն է եւ ո՛չ թէ մեր գործը, ուստի առանց իր օգնութեան՝ բան մը չենք կրնար ընել»։ (Ա. Թես. 5։17) Բոլորս ալ յարատեւաբար աղօթքով պէտք է խնդրենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնը, որպէսզի համարձակութեամբ քարոզենք։—Ղուկ. 11։9-13
6, 7. (ա) Եզեկիէլ ի՞նչ տեսիլք ստացաւ, եւ անիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունէր։ (բ) Աստուծոյ այժմու ծառաները Եզեկիէլի տեսիլքէն ի՞նչ դաս կը քաղեն։
6 Եզեկիէլի գիրքը ուրիշ բան մը կը յայտնէ, որ կրնայ մեզի օգնել համարձակութեամբ խօսելու։ Տեսիլքի մը մէջ, Եհովա Եզեկիէլի մագաղաթ մը տուաւ, որուն մէջ ներսէն ու դուրսէն գրուած էին «ողբեր, հառաչանք ու վա՜յ», եւ անոր պատուիրեց որ զայն ուտէ, ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, այս իմ քեզի տուած տոմսս փորդ ու աղիքներդ լեցուր»։ Այս տեսիլքը ի՞նչ նշանակութիւն ունէր։ Եզեկիէլ իր հաղորդելիք պատգամը լիովին պէտք էր իւրացնէր։ Այլաբանօրէն խօսելով՝ անիկա իր մէկ մասը պէտք էր դառնար, իր ամենաներքին զգացումներուն ազդելով։ Մարգարէն կը շարունակէ պատմել. «Ես զանիկա Եզեկիէլ 2։8–3։4, 7-9
կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր»։ Եզեկիէլի համար Աստուծոյ պատգամը հանրապէս ծանուցանելը հաճոյք էր, մեղր համտեսելու պէս։ Ան Եհովան ներկայացնելը եւ այս աստուածատուր նշանակումը կատարելը մեծ առանձնաշնորհում նկատեց, թէեւ ասիկա նշանակեց չընդառաջող ժողովուրդի մը զօրաւոր պատգամ մը հաղորդել։—Կարդալ՝7 Այս տեսիլքը արժէքաւոր դաս մը կը բովանդակէ Աստուծոյ այժմու ծառաներուն։ Մենք ալ զօրաւոր պատգամ մը կը հաղորդենք մարդոց, որոնք մեր ջանքերը միշտ չեն գնահատեր։ Հոգեւորապէս լաւ պէտք է սնուցանուինք, որպէսզի շարունակենք քրիստոնէական ծառայութիւնը աստուածատուր առանձնաշնորհում նկատել։ Հարեւանցի կամ անկանոն կերպով ուսումնասիրելը բաւարար պիտի չըլլայ որ Աստուծոյ Խօսքը լիովին իւրացնենք։ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան որակը կամ կանոնաւորութիւնը կրնա՞ս բարելաւել։ Կարդացածիդ վրայ կրնա՞ս աւելի յաճախ խոկալ։—Սաղ. 1։2, 3
Աստուածաշնչական զրոյցներ սկսիլ
8. Ո՞ր մօտեցումը Թագաւորութեան հրատարակիչներէն ոմանց օգնած է տունէ տուն ծառայութեան մէջ աստուածաշնչական զրոյցներ սկսելու։ (Տես շրջանակը, էջ 21։)
8 Շատ մը հրատարակիչներու համար, տունէ տուն ծառայութեան ամենադժուար բաժինը՝ տանտիրոջ հետ խօսակցութիւն սկսիլն է։ Արդարեւ կարգ մը թաղամասերու մէջ խօսակցութիւն սկսիլը մարտահրաւէր մըն է։ Հրատարակիչներէն ոմանք դրան առջեւ մարդոց հետ խօսելու ժամանակ աւելի հանգիստ կը զգան, եթէ իրենց ներկայացումը լաւ–ընտրուած բառերով սկսին եւ ապա տանտիրոջ թերթիկ մը տան, ինչպէս շրջանակին մէջ նշուած է։ Թերթիկին վերնագիրը կամ անոր գունաւոր պատկերը կրնայ տանտիրոջ ուշադրութիւնը գրաւել, մեզի թոյլ տալով որ համառօտաբար մեր այցելութեան նպատակը նշենք եւ հարցում մը ուղղենք։ Կամ ալ կրնանք տանտիրոջ ցոյց տալ երեք կամ չորս թերթիկ եւ խնդրել որ զինք հետաքրքրող թերթիկը ընտրէ։ Անշուշտ մեր նպատակակէտը չէ պարզապէս թերթիկներ տեղաւորել կամ ամէն դրան առջեւ զանոնք գործածել, այլ՝ սկսիլ աստուածաշնչական զրոյցներ, որոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու կ’առաջնորդեն։
9. Լաւ պատրաստութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։
9 Ի՛նչ մօտեցում ալ գործածես, լաւ պատրաստութիւնը քեզի պիտի օգնէ տունէ տուն ծառայութեան մէջ ինքնավստահ ու խանդավառ ըլլալու։ Ռահվիրայ մը դիտել տուաւ. «Աւելի ուրախութիւն կ’ունենամ եթէ լաւ պատրաստուած եմ։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ փափաքիմ ներկայացումս գործածել»։ Ուրիշ ռահվիրայ մը ըսաւ. «Երբ ներկայացնելիք հրատարակութիւններուս քաջածանօթ դառնամ, զանոնք գործածելու նկատմամբ աւելի խանդավառ կ’ըլլամ»։ Թէեւ ըսելիքդ լռելեայն վերաքաղ ընելը որոշ օգուտներ ունի, սակայն շատեր նկատած են թէ իրենց ներկայացումը բարձրաձայն կրկնելը աւելի օգտակար է։ Ասիկա ընելը անոնց կ’օգնէ որ իրենց լաւագոյնը տան Եհովայի։—Կող. 3։23. Բ. Տիմ. 2։15
10. Դաշտի ծառայութեան ժողովները գործնական եւ օգտաշատ դարձնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։
10 Դաշտի ծառայութեան գործնական ժողովները, տունէ տուն ծառայութեան մէջ մեր ազդուութեան եւ ուրախութեան կը նպաստեն։ Եթէ օրուան համարը ուղղակի քարոզչութեան առնչուած է, կարելի է զայն կարդալ եւ համառօտակի քննարկել։ Սակայն դաշտի ծառայութեան ժողովը վարող եղբայրը բաւարար ժամանակ պէտք է յատկացնէ՝ թաղամասին յարմարող պարզ ներկայացում մը քննարկելու կամ ցուցադրելու, կամ այդ օրը ծառայութեան մէջ գործածուելիք այլ գործնական տեղեկութիւններ նկատի առնելու։ Ասիկա ներկաները ա՛լ աւելի պիտի զինէ որ ազդու վկայութիւն մը տան։ Լաւ նախապատրաստուելով, երէցներ եւ ուրիշներ՝ որոնք այս ժողովները կը վարեն, կրնան այս մէկը իրագործել եւ յատկացուած ժամանակին մէջ ժողովը աւարտել։—Հռով. 12։8
Մտիկ ընելու զօրութիւնը
11, 12. Կարեկցաբար մտիկ ընելը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ մարդոց բարի լուրը հաղորդենք։ Օրինակներ տուր։
11 Լաւ պատրաստութենէն զատ, ուրիշներով խորապէս հետաքրքրուիլը մեզի կ’օգնէ ծառայութեան մէջ աստուածաշնչական զրոյցներ սկսելու եւ մարդոց սրտին հասնելու։ Այսպիսի հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու մէկ կերպն է՝ մտիկ ընել։ Ճամբորդող տեսուչ մը դիտել տուաւ. «Համբերութեամբ մարդոց մտիկ ընելու կամեցողութիւն ցոյց տալով, իսկապէս կրնաս զանոնք հրապուրել ու ջերմ հետաքրքրութիւն դրսեւորել»։ Կարեկցաբար մտիկ ընելը կրնայ տանտիրոջ սիրտը բանալ, ինչպէս հետեւեալ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ։
12 Ֆրանսայի մէջ, Սէն–Էթիէնի մէկ լրագրին մէջ (Le Progrès) հրատարակուած բաց նամակով, կին մը նկարագրեց երկու անհատի այցելութիւնը, որոնք իր դուռը զարկին, իր երեք ամսուան դուստրին ողբերգական մահէն կարճ ժամանակ մը ետք։ Ան գրեց. «Անմիջապէս գիտցայ թէ անոնք Եհովայի Վկայ են։ . . . Զանոնք քաղաքավարօրէն պիտի մերժէի, բայց անոնց կրած մէկ գրքոյկը նկատեցի, որ կը նշէր թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։ Ուստի որոշեցի զիրենք ներս հրաւիրել, անոնց պատճառաբանութիւնները հերքելու միտումով։ . . . Վկաները մէկ ժամէն քիչ մը աւելի մնացին։ Անոնք մեծ կարեկցութեամբ ինծի մտիկ ըրին, եւ երբ պիտի երթային, ինքզինքս ա՛յնքան լաւ զգացի որ յօժարեցայ որ կրկին այցելեն»։ (Հռով. 12։15) Ժամանակ մը ետք, այս կինը ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Շատ բան կը սորվինք այն իրողութենէն թէ կինը առաջին այցելութեան նկատմամբ մտաբերեց ո՛չ թէ քոյրերուն ըսածը, այլ՝ ի՛նչպէս մտիկ ընելը։
13. Ի՞նչպէս կրնանք բարի լուրի մեր ներկայացումը յարմարցնել այն անհատներուն, որոնց կը հանդիպինք։
Առ. 20։5) Անոնք ծառայութեան մէջ իրենց հանդիպած մարդոց հանդէպ իսկական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Անոնք ո՛չ միայն անոնց անուններն ու հասցէները կը նոթագրեն, այլ նաեւ՝ անոնց հետաքրքրութիւններն ու կարիքները։ Երբ անհատ մը որոշ մտահոգութիւն յայտնէ, անոնք պրպտում կ’ընեն եւ շուտով կը վերադառնան՝ իրենց գտած տեղեկութիւնները բաժնելու համար։ Պօղոս առաքեալի նման, անոնք Թագաւորութեան պատգամին ներկայացումը կը յարմարցնեն իրենց հանդիպած անհատներուն։ (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 9։19-23) Այս անկեղծ հետաքրքրութիւնը, անհատները բարի լուրին կը հրապուրէ եւ հոյակապ կերպով կ’արտացոլացնէ ‘մեր Աստուծոյն գթած ողորմութիւնը’։—Ղուկ. 1։78
13 Երբ կարեկցաբար մտիկ ընենք, իրականութեան մէջ մարդոց թոյլ կու տանք որ մեզի ըսեն թէ ինչո՛ւ Թագաւորութեան կարիք ունին։ Ասիկա մեզ աւելի ի վիճակի կը դարձնէ որ անոնց հետ բարի լուրը բաժնենք։ Հաւանաբար նկատած ես թէ ատակ աւետարանիչները սովորաբար հմուտ մտիկ ընողներ են։ (Դրական կեցուածք մը պահպանէ
14. Մինչ մեր ծառայութիւնը կը կատարենք, ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի յատկութիւնները արտացոլացնել։
14 Մեզի ազատ կամք շնորհելով, Եհովա մեզ պատուած է։ Ամենակարող Աստուած ըլլալով հանդերձ, ան ո՛չ մէկը կը ստիպէ որ իրեն ծառայէ, այլ՝ սիրոյ հիման վրայ մարդոց կոչ կ’ընէ ու իր սքանչելի հայթայթումներուն գնահատութեամբ ընդառաջողները կ’օրհնէ։ (Հռով. 2։4) Որպէս իր ծառաները, պատրաստ պէտք է ըլլանք բարի լուրը ներկայացնելու մեր գթասիրտ Աստուծոյն արժանավայել կերպով՝ ամէն անգամ որ վկայութիւն տանք։ (Բ. Կոր. 5։20, 21. 6։3-6) Ասիկա իրագործելու համար, մեր թաղամասի մարդոց հանդէպ դրական կեցուածք պէտք է պահպանենք։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել։
15. (ա) Յիսուսի հրահանգին համաձայն, առաքեալները ի՞նչ պիտի ընէին եթէ մարդիկ պատգամը մերժէին։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ արժանաւորները գտնելու վրայ կեդրոնանանք։
15 Յիսուս իր հետեւորդներուն հրահանգ տուաւ որ անտեղիօրէն չմտահոգուին եթէ ոմանք պատգամը մերժեն, այլ՝ արժանաւորները փնտռելու վրայ կեդրոնանան։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 10։11-15) Փոքր ու հասանելի նպատակակէտեր դնելը կրնայ մեզի օգնել ասիկա ընելու։ Եղբայր մը ինքզինք ոսկեխոյզի մը կը նմանցնէ։ Անոր նշանաբանն է՝ «Անձկագին կը սպասեմ որ այսօր ոսկի գտնեմ»։ Ուրիշ եղբայր մը սա նպատակակէտը ունի՝ «Ամէն շաբաթ ազնիւ անհատ մը գտնել եւ անոր հետաքրքրութիւնը մշակելու համար՝ քանի մը օրէն վերադառնալ»։ Կարգ մը հրատարակիչներ կը ջանան իւրաքանչիւր տանտիրոջ առնուազն համար մը կարդալ, եթէ կարելի է։ Դուն քեզի համար ի՞նչ իրապաշտ նպատակակէտ մը կրնաս դնել։
16. Ի՞նչ պատճառներով պէտք է շարունակենք քարոզել։
16 Տունէ տուն ծառայութեան յաջողութիւնը միմիայն թաղամասին մէջ եղող մարդոց ընդառաջումէն կախեալ չէ։ Ճիշդ է որ քարոզչութիւնը պարկեշտամիտ մարդոց փրկութեան մէջ կենսական դեր կը խաղայ, բայց նաեւ այլ կարեւոր նպատակներու կը ծառայէ։ Քրիստոնէական ծառայութիւնը մեզի պատեհութիւն կու տայ որ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ապացուցանենք։ (Ա. Յովհ. 5։3) Անիկա մեզ կարող կը դարձնէ արիւնապարտութենէ խուսափելու։ (Գործք 20։26, 27) Անիկա անբարեպաշտները կ’ազդարարէ թէ ‘Աստուծոյ դատաստանին ժամը եկած է’։ (Յայտ. 14։6, 7) Ամենէն աւելի, բարի լուրի քարոզչութեամբ, ամբողջ երկրի մէջ Եհովայի անունը կը փառաբանուի։ (Սաղ. 113։3) Ուստի մարդիկ մտիկ ընեն կամ ոչ, պէտք է շարունակենք Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել։ Արդարեւ, բարի լուրը յայտարարելու համար մեր թափած բոլոր ջանքերը Եհովայի աչքին գեղեցիկ են։—Հռով. 10։13-15
17. Մարդիկ մօտ ատենէն պիտի ստիպուին ի՞նչ բան ընդունիլ։
17 Թէեւ ներկայիս շատեր մեր քարոզչութիւնը կ’արհամարհեն, սակայն անոնք մօտ ատենէն զայն տարբեր տեսանկիւնէ պիտի դիտեն։ (Մատ. 24։37-39) Եհովա Եզեկիէլը հաւաստիացուց թէ երբ իր ծանուցանած դատաստանները իրականանան, ապստամբ Իսրայելացիները «պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ»։ (Եզեկ. 2։5) Նոյնպէս, երբ Աստուած իրերու ներկայ դրութեան դէմ իր դատավճիռները գործադրէ, մարդիկ պիտի ստիպուին ընդունիլ թէ հանրային վայրերու մէջ եւ տունէ տուն Եհովայի Վկաներուն քարոզած պատգամը ճշմարիտ Աստուծմէ՝ Եհովայէ ծագում առած էր, եւ թէ Վկաները իրապէս անոր ներկայացուցիչներն էին։ Այս նշանակալից ժամանակներուն, Եհովայի անունը կրելը եւ իր պատգամը ծանուցանելը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։ Իր զօրութեամբ, շարունակենք տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչպէս կրնանք քարոզելու համար քաջութիւն հաւաքել։
• Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին աստուածաշնչական զրոյցներ սկսինք։
• Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։
• Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ թաղամասին մէջ եղող մարդոց հանդէպ դրական կեցուածք պահպանենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 21]
Աստուածաշնչական զրոյցներ սկսելու կերպ մը
Սկսելու համար.
▪ Տանտիրոջ բարեւելէ ետք, կրնաս անոր թերթիկ մը տալ եւ ըսել. «Այցելութեանս նպատակն է՝ այս կարեւոր նիւթին շուրջ քաջալերական միտք մը բաժնել»։
▪ Կամ կրնաս թերթիկ մը ներկայացնել եւ ըսել. «Կարճ այցելութիւն մը կու տամ, քանի որ կը փափաքիմ գիտնալ թէ այս նիւթին մասին ի՛նչ կը խորհիս»։
Եթէ անհատը թերթիկը ընդունի.
▪ Առանց երկար դադար մը տալու, թերթիկին խորագրին համաձայն՝ տեսակէտ արտայայտելու մղող պարզ հարցում մը ուղղէ։
▪ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ, ջանալով տանտիրոջ տեսակէտները հասկնալ։ Անոր մեկնաբանութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնէ եւ զանոնք նկատի առ։
Խօսակցութիւնը շարունակելու համար.
▪ Մէկ կամ աւելի համարներ կարդա՛ ու քննարկէ, ներկայացումդ անհատին հետաքրքրութիւններուն ու կարիքներուն յարմարցնելով։
▪ Երբ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, հրատարակութիւն մը ներկայացուր եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրէ, եթէ կարելի է։ Վերայցելութեան համար կարգադրութիւններ ըրէ։