Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տունէ տուն ծառայութիւնը՝ ինչո՞ւ հիմա կարեւոր է

Տունէ տուն ծառայութիւնը՝ ինչո՞ւ հիմա կարեւոր է

Տունէ տուն ծառայութիւնը՝ ինչո՞ւ հիմա կարեւոր է

«Ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ [«տունէ տուն», ՆԱ] չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։—ԳՈՐԾՔ 5։42

1, 2. (ա) Եհովայի Վկաները քարոզչութեան ո՞ր մեթոտով ճանչցուած են։ (բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ ծանօթ տեսարան մըն է։ Կոկիկ հագուած երկու անհատ կը մօտենան տան մը եւ կը ջանան Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին Աստուածաշունչէն հակիրճ պատգամ մը հաղորդել տանտիրոջ։ Եթէ ան պատգամով հետաքրքրուի, անոնք թերեւս Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հրատարակութիւն մը ներկայացնեն եւ Աստուածաշունչի տնային ձրի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեն։ Յետոյ կ’ուղղուին յաջորդ տան։ Եթէ այս գործունէութեան կը մասնակցիս, հաւանաբար կը նկատես թէ մարդիկ յաճախ քեզ կը բնորոշեն որպէս Եհովայի Վկայ մը, նոյնիսկ խօսելու սկսելէդ առաջ։ Արդարեւ տունէ տուն ծառայութիւնը մեր առանձնայատկութիւնը կամ վաճառանիշը եղած է։

2 Քարոզելու եւ աշակերտելու Յիսուսի տուած յանձնարարութիւնը կատարելու համար, այլազան մեթոտներ կը գործածենք։ (Մատ. 28։19, 20) Կը վկայենք շուկաներու մէջ, փողոցներու անկիւնները եւ հանրային այլ վայրերու մէջ։ (Գործք 17։17) Շատերու հետ կը հաղորդակցինք հեռաձայնով եւ նամակով։ Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները կը բաժնենք անոնց հետ, որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեայ գործունէութիւններու ընթացքին։ Նոյնիսկ պաշտօնական ցանցակայք մը ունինք, որ աւելի քան 300 լեզուով աստուածաշնչական տեղեկութիւններ մատչելի կը դարձնէ։ * Այս բոլոր մեթոտները լաւ արդիւնք կու տան։ Այսուհանդերձ, շատ մը վայրերու մէջ, բարի լուրը տարածելու մեր գլխաւոր կերպը՝ տունէ տուն քարոզչութիւնն է։ Քարոզչութեան այս մեթոտին հիմը ի՞նչ է։ Արդի ժամանակներուն, Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս սկսաւ զայն լայնօրէն գործածել։ Իսկ ներկայիս անիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

Առաքելական մեթոտը

3. Յիսուս քարոզելու վերաբերեալ ի՞նչ հրահանգներ տուաւ առաքեալներուն, եւ ասիկա քարոզչութեան մեթոտին նկատմամբ ի՞նչ ցոյց կու տայ։

3 Տունէ տուն քարոզելու մեթոտին հիմը կը գտնուի Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Երբ Յիսուս առաքեալները քարոզելու ղրկեց, անոնց պատուիրեց. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը»։ Անոնք արժանաւորները ի՞նչպէս պիտի փնտռէին։ Յիսուս նշեց որ մարդոց տուները երթան, ըսելով. «Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր։ Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ»։ Անոնք առա՞նց նախապէս հրաւիրուելու պիտի այցելէին։ Նկատի առ Յիսուսի յաջորդ խօսքերը. «Եթէ մէկը ձեզ չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք»։ (Մատ. 10։11-14) Այս հրահանգները բացայայտ կը դարձնեն թէ երբ առաքեալները «գիւղէ գիւղ կը պտըտէին եւ ամէն տեղ աւետարանը կը քարոզէին», անոնք նախաձեռնութիւնը պիտի առնէին մարդոց այցելելու իրենց տան մէջ։—Ղուկ. 9։6

4. Աստուածաշունչին մէջ յատկապէս ո՞ւր կը նշուի տունէ տուն քարոզչութիւնը։

4 Աստուածաշունչը յատկապէս կը նշէ թէ առաքեալները տունէ տուն քարոզեցին։ Օրինակ, Գործք 5։42–ը անոնց մասին կ’ըսէ. «Ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ [«տունէ տուն», ՆԱ] չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ Շուրջ 20 տարի ետք, Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի ժողովքին երէցներուն յիշեցուց. «Վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ [«տունէ տուն», ՆԱ]՝ սորվեցնելէ»։ Այս երէցները հաւատացեալներ ըլլալէ առա՞ջ Պօղոս իրենց այցելեց։ Ակներեւօրէն այո՛, քանի որ անոնց սորվեցուց, ի միջի այլոց, ‘դէպի Աստուած ապաշխարութեան ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքին մասին’։ (Գործք 20։20, 21) Գործք 20։20–ի մասին մեկնաբանելով, գիրք մը (Robertson’s Word Pictures in the New Testament) կ’ըսէ. «Նկատողութեան արժանի է թէ այս մեծագոյն քարոզիչը տունէ տուն քարոզեց»։

Այժմու մարախներու բանակ մը

5. Յովէլի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս քարոզչութիւնը կը նկարագրէ։

5 Առաջին դարուն կատարուած վկայութիւնը, մեր օրերուն տեղի ունենալիք աւելի մեծ գործունէութեան համտեսումն էր։ Յովէլ մարգարէն օծեալ Քրիստոնեաներու քարոզչութիւնը նմանցուց միջատներու աւերիչ պատուհասի մը, ի ներառեալ՝ մարախներ։ (Յովէլ 1։4) Բանակի մը նման, մարախները խոչընդոտները կը յաղթահարեն, տուները կը մտնեն եւ իրենց ճամբուն վրայ գտնուող ամէն ինչ կը սպառեն։ (Կարդալ՝ Յովէլ 2։2, 7-9) Ասիկա արդի ժամանակներուն վկայութեան գործը կատարելու մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին յարատեւութեան ու պարտաճանաչութեան ի՜նչ վառ նկարագրութիւն մըն է։ Այս մարգարէական պատկերը կատարելու մէջ օծեալ Քրիստոնեաներուն եւ իրենց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն գործածած գլխաւոր մեթոտն է՝ տունէ տուն ծառայութիւնը։ (Յովհ. 10։16) Մենք՝ Եհովայի Վկաներս, քարոզելու այս առաքելական մեթոտը ի՞նչպէս որդեգրեցինք։

6. 1922–ին, տունէ տուն ծառայելու ի՞նչ քաջալերութիւն տրուեցաւ, բայց ոմանք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

6 1919–էն ի վեր, վկայութեան անձնապէս մասնակցելու իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի պատասխանատուութիւնը շեշտուած է։ Օրինակ, Դիտարան 15 Օգոստոս 1922 թիւին մէջ (Անգլերէն), «Ծառայութիւնը էական է» խորագրով յօդուած մը օծեալ Քրիստոնեաներուն յիշեցուց թէ ո՜րքան կարեւոր է «տպուած պատգամը մարդոց տանիլ եւ անոնց հետ խօսիլ իրենց դռներուն առջեւ, վկայելով թէ երկնքի թագաւորութիւնը մօտալուտ է»։ Տեղեկագիր–ին մէջ (այժմ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը) մանրամասնուած ներկայացումներ տրուեցան։ Այսուհանդերձ, սկիզբը քիչեր տունէ տուն ծառայութեան մասնակցեցան։ Ոմանք ետ կեցան, զանազան առարկութիւններ ընելով, բայց հիմնական խնդիրը այն էր թէ անոնք զգացին թէ տունէ տուն քարոզելը իրենց չէր վայելեր։ Մինչ դաշտի ծառայութեան վրայ շեշտը աւելցաւ, այսպիսիներէն շատեր աստիճանաբար դադրեցան Եհովայի կազմակերպութեան հետ ընկերակցելէ։

7. 1950–ական թուականներուն, ի՞նչ բանի կարիքը տեսնուեցաւ։

7 Յաջորդող տասնամեակներուն, քարոզչութեան տարողութիւնը ընդարձակուեցաւ։ Սակայն բացայայտ դարձաւ թէ տունէ տուն ծառայութեան մէջ անհատապէս մարզուելու կարիք կար։ Օրինակ, նկատի առ Միացեալ Նահանգներու պարագան։ 1950–ական թուականներուն սկիզբը, այդ երկրին մէջ Վկաներուն 28 տոկոսը կը քարոզէր միայն յայտաթերթիկներ բաշխելով կամ փողոցը պարբերաթերթեր ներկայացնելով։ Աւելի քան 40 տոկոսը քարոզչութեան մէջ անկանոն էր, թոյլ տալով որ ամիսներ անցնին առանց ո՛չ մէկ վկայութիւն տալու։ Ի՞նչ կարելի էր ընել բոլոր նուիրուած Քրիստոնեաներուն օգնելու որ տունէ տուն քարոզեն։

8, 9. 1953–ին ի՞նչ մարզումի յայտագիր մը սկսուեցաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

8 1953–ին Նիւ Եորք Սիթիի մէջ կայացուած միջազգային համաժողովին, տունէ տուն ծառայութիւնը մասնայատուկ ուշադրութեան արժանացաւ։ Եղբայր Նաթան Հ. Նոր յայտարարեց թէ բոլոր Քրիստոնեայ տեսուչներուն գլխաւոր գործը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր Վկայի օգնել որ տունէ տուն ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցի։ Ան ըսաւ. «Ամէն ոք պէտք է կարենայ տունէ տուն բարի լուրը քարոզել»։ Այս նպատակակէտը իրագործելու համար, աշխարհածաւալ մարզումի յայտագիր մը սկսուեցաւ։ Անոնք որ տակաւին տունէ տուն չէին քարոզեր, մարզում ստացան որ դռներու առջեւ մարդոց հետ խօսին, Աստուածաշունչով պատճառաբանեն եւ անոնց հարցումներուն պատասխանեն։

9 Այս մարզումի յայտագիրը ուշագրաւ արդիւնք տուաւ։ Տասը տարուան մէջ, համայն աշխարհի մէջ հրատարակիչներուն թիւը 100 տոկոս աւելցաւ, վերայցելութիւններուն թիւը՝ 126 տոկոս, իսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն թիւը՝ 150 տոկոս։ Ներկայիս, համայն աշխարհի մէջ շուրջ եօթը միլիոն հրատարակիչներ բարի լուրը կը քարոզեն։ Այս արտակարգ աճը ապացոյց մըն է թէ Եհովա տունէ տուն ծառայութեան մէջ իր ժողովուրդին ջանքերը կ’օրհնէ։—Եսա. 60։22

Վերապրումի համար մարդոց վրայ նշան դնել

10, 11. (ա) Եզեկիէլի ի՞նչ տեսիլք տրուեցաւ, ինչպէս արձանագրուած է Եզեկիէլ 9–րդ գլուխին մէջ։ (բ) Ներկայիս այդ տեսիլքը ի՞նչպէս կը կատարուի։

10 Տունէ տուն ծառայութեան կարեւորութիւնը կրնայ տեսնուիլ՝ Եզեկիէլ մարգարէին տրուած մէկ տեսիլքէն։ Այդ տեսիլքին մէջ, Եզեկիէլ կը տեսնէ վեց մարդ, որոնք բնաջնջումի գործիքներ բռնած են, եւ կտաւէ հանդերձ հագած մարդ մը, որ մէջքը գրագիրի կաղամար ունի։ Եօթներորդ մարդուն կ’ըսուի որ ‘քաղաքին մէջէն անցնի’ եւ ‘անոր մէջ գործուած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոց ճակատներուն վրայ նշան դնէ’։ Անկէ ետք, բնաջնջումի գործիք կրող վեց մարդոց հրաման կը տրուի որ նշան չունեցող բոլոր անհատները սպաննեն։—Կարդալ՝ Եզեկիէլ 9։1-6

11 Կը հասկնանք թէ այս մարգարէութեան կատարման մէջ, «կտաւէ զգեստ հագած» մարդը կը պատկերացնէ հոգիէն–օծուած Քրիստոնեաներուն մնացորդը։ Քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին միջոցաւ, օծեալ դասակարգը այլաբանական նշան մը կը դնէ անոնց վրայ, որոնք Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ը կ’ըլլան։ (Յովհ. 10։16) Ի՞նչ է նշանը։ Անիկա այն ապացոյցն է, իբրեւ թէ ցուցադրուած անոնց ճակատներուն վրայ, թէ այս ոչխարները Յիսուս Քրիստոսի՝ նուիրուած ու մկրտուած աշակերտներն են եւ թէ քրիստոսանման նոր անձնաւորութիւնը հագած են։ (Եփ. 4։20-24) Այս ոչխարանման անհատները օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ մէկ հօտ կ’ըլլան եւ անոնց կ’օգնեն՝ ուրիշներուն վրայ նշան դնելու կենսական գործին մէջ։—Յայտ. 22։17

12. Ճակատներուն վրայ նշան դնելու վերաբերեալ Եզեկիէլի տեսիլքը ի՞նչպէս ցցուն կ’ընէ թէ կարեւոր է որ ոչխարանման անհատները շարունակ փնտռենք։

12 Եզեկիէլի տեսիլքը ցցուն կ’ընէ պատճառ մը թէ «հառաչող ու ողբացող» մարդիկը շարունակ փնտռելը ինչո՛ւ հրատապ է,– կեանքեր վտանգի տակ են։ Մօտ ատենէն, բնաջնջումի գործիքներ կրող վեց մարդով ներկայացուած՝ Եհովայի երկնային դահիճները պիտի կործանեն զանոնք, որոնք այլաբանական նշանը չունին։ Այդ մօտալուտ դատաստանին առնչութեամբ Պօղոս առաքեալ գրեց թէ Տէր Յիսուս «իր զօրաւոր հրեշտակներ»ուն հետ ‘վրէժ պիտի առնէ անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’։ (Բ. Թես. 1։7, 8) Նկատէ թէ մարդիկ պիտի դատուին այն հիման վրայ թէ ի՛նչպէս բարի լուրին ընդառաջեցին։ Ուստի Աստուծոյ պատգամին ծանուցումը պէտք է առանց դանդաղելու շարունակուի մինչեւ վերջը։ (Յայտ. 14։6, 7) Ասիկա Եհովայի բոլոր նուիրուած ծառաներուն վրայ ծանր պատասխանատուութիւն մը կը դնէ։—Կարդալ՝ Եզեկիէլ 3։17-19

13. (ա) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ պատասխանատուութիւն զգաց եւ ինչո՞ւ։ (բ) Թաղամասիդ մէջ եղող մարդոց հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը զգաս։

13 Պօղոս առաքեալ բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնելու անձնական պատասխանատուութիւն մը զգաց։ Ան գրեց. «Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել»։ (Հռով. 1։14, 15) Իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ողորմութիւնը գնահատելով, Պօղոս մղուեցաւ ուրիշներուն օգնելու որ Աստուծոյ շնորհքէն օգտուին, ինչպէս ինք օգտուեցաւ։ (Ա. Տիմ. 1։12-16) Կարծես թէ ան իր հանդիպած իւրաքանչիւր անհատին տալիք պարտք մը ունէր, որ կրնար վճարուիլ միայն բարի լուրը բաժնելով։ Կը զգա՞ս թէ թաղամասիդ մէջ եղող մարդոց այսպիսի պարտք մը ունիս։—Կարդալ՝ Գործք 20։26, 27

14. Հանրապէս եւ տունէ տուն քարոզելու մեր առաջնագոյն պատճառը ի՞նչ է։

14 Մարդկային կեանքի պահպանումը ո՛րքան ալ կարեւոր ըլլայ, տունէ տուն քարոզելու շա՜տ աւելի կարեւոր պատճառ մը կայ։ Մաղաքիա 1։11–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութեան մէջ, Եհովա կը յայտարարէ. «Արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը, ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ։ Ամէն տեղ իմ անուանս . . . սուրբ ընծայ պիտի մատուցանուի, քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ»։ Այս մարգարէութեան առ ի կատարում, համայն աշխարհի մէջ Եհովայի նուիրուած ծառաները հանրապէս իր անունը կը փառաբանեն, մինչ խոնարհաբար իրենց ծառայութիւնը կը կատարեն։ (Սաղ. 109։30. Մատ. 24։14) Եհովայի «գովաբանութեան զոհ» մատուցանելը, հանրապէս եւ տունէ տուն քարոզելու մեր առաջնագոյն պատճառն է։—Եբր. 13։15, ԱՎ

Մօտալուտ նշանակալից դէպքեր

15. (ա) Իսրայելացիները ի՞նչպէս իրենց գործունէութիւնը աւելցուցին, երբ եօթներորդ օրը Երիքովի շուրջ դարձան։ (բ) Ասիկա քարոզչութեան նկատմամբ ի՞նչ ցոյց կու տայ։

15 Ի՞նչ զարգացումներ տակաւին վերապահուած են քարոզչութեան։ Յեսուի գիրքին մէջ արձանագրուած Երիքովի պաշարումը կը լուսաբանէ։ Մտաբերէ թէ Աստուած Երիքովը կործանելէ առաջ, Իսրայելացիներուն պատուիրեց որ օրը մէկ անգամ քաղաքին շուրջ դառնան, եւ այսպէս ընեն վեց օր։ Սակայն եօթներորդ օրը, անոնց գործունէութիւնը մեծապէս պիտի աւելնար։ Եհովա Յեսուի ըսաւ. «Եօթներորդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ դարձէք։ Քահանաները թող փողերը հնչեցնեն։ Երբ Յոբելեան եղջիւրները երկար հնչեցնեն . . . , բոլոր ժողովուրդը մեծ ձայնով թող աղաղակեն եւ այն ատեն քաղաքին պարիսպները վար պիտի իյնան»։ (Յես. 6։2-5) Կարելի է որ մեր քարոզչութիւնը նմանապէս ընդարձակուի։ Անկասկած, իրերու ներկայ դրութեան կործանման ժամանակ, ականատես եղած պիտի ըլլանք այս աշխարհի պատմութեան մէջ մեծագոյն վկայութեան՝ Աստուծոյ անունին ու Թագաւորութեան մասին։

16, 17. (ա) «Մեծ նեղութիւն»ը վերջ չգտած, ի՞նչ պիտի իրագործուի։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

16 Արդարեւ ժամանակը պիտի գայ երբ մեր ծանուցանած պատգամը «մեծ ձայն»ի նման պիտի ըլլայ։ Յայտնութիւն գիրքին մէջ, զօրաւոր դատաստանական պատգամները պատկերացուած են որպէս «խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով»։ * Եւ Յայտնութիւն 16։21–ը կը նշէ. «Խիստ մեծ էր այն հարուածը»։ Միայն ապագան պիտի յայտնէ թէ դէպի բարձրակէտ ընթացող այս դատաստանական պատգամները ծանուցանելու մէջ ի՛նչ դեր պիտի խաղայ տունէ տուն ծառայութիւնը։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ թէ «մեծ նեղութիւն»ը վերջ չգտած, մարդկային պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի՝ Եհովայի անունը ճանչցուած պիտի ըլլայ։—Յայտ. 7։14. Եզեկ. 38։23

17 Մինչ մեր դիմաց եղող նշանակալից դէպքերուն կը սպասենք, շարունակենք Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար ծանուցանել։ Այդ նշանակումը կատարելու ընթացքին, տունէ տուն ծառայութեան մէջ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնց հետ գլուխ ելլել։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Ցանցակայքին հասցէն է՝ www.watchtower.org։

^ պարբ. 16 Եթէ ակնարկումը յունական տաղանդին է, իւրաքանչիւր կարկտահատի կշիռը շուրջ 20 քիլոկրամ է։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Տունէ տուն քարոզչութեան աստուածաշնչական հիմը ի՞նչ է։

• Արդի ժամանակներուն, տունէ տուն ծառայութեան վրայ ի՞նչպէս շեշտ դրուեցաւ։

• Եհովայի նուիրուած ծառաները ինչո՞ւ քարոզելու պատասխանատուութիւն ունին։

• Մեր դիմաց ի՞նչ նշանակալից դէպքեր կան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Եղբայր Նոր՝ 1953–ին