Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան պատուէ՝ ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերելով

Եհովան պատուէ՝ ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերելով

Եհովան պատուէ՝ ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերելով

«[Եհովայի] գործը փառաւոր ու վայելուչ է»։—ՍԱՂ. 111։3

1, 2. (ա) «Ծանրաբարոյութիւն» բառը ի՞նչպէս կը սահմանես։ (բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։

ԵՐԲ տասը տարեկան Մէտըսընէ խնդրուեցաւ որ «ծանրաբարոյ» բառը սահմանէ, ան անմիջապէս պատասխանեց. «Վայելչազգեստ»։ Այս աղջնակը հաւանաբար չէր գիտեր թէ Աստուածաշունչը կը նշէ որ Աստուած ‘ծանրաբարոյութիւն հագած է’։ (Սաղ. 104։1, ՆԱ) Մարդոց համար, ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերելը երբեմն կը պարփակէ ճաշակաւոր զգեստաւորուած ըլլալ։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ յորդորեց որ Քրիստոնեայ կիները «վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով»։ (Ա. Տիմ. 2։9) Բայց Եհովայի ‘փառաւորութիւնն ու վայելչութիւնը’ յարգող ծանրաբարոյ վարքը անկէ աւելին կը պարփակէ։—Սաղ. 111։3

2 Աստուածաշունչին մէջ, «ծանրաբարոյութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «փառաւորութիւն», «վայելչութիւն», «մեծափառութիւն», «փառք» եւ «վեհութիւն»։ Բառարանի մը սահմանումին համաձայն, «ծանրաբարոյութիւն»ը՝ «արժանի ըլլալու, պատուուելու կամ յարգուելու վիճակն է»։ Եւ միայն Եհովան արժանի է աւելի մեծ պատիւի ու յարգանքի։ Հետեւաբար, իր նուիրուած ծառաները ըլլալով, մեր խօսքերն ու արարքները պէտք է ծանրաբարոյութիւն արտացոլացնեն։ Սակայն մարդիկ ինչո՞ւ կրնան ծանրաբարոյութեամբ վարուիլ։ Եհովայի փառաւորութիւնն ու վայելչութիւնը ի՞նչպէս ակներեւ են։ Աստուծոյ ծանրաբարոյութիւնը մեզի ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։ Յիսուս Քրիստոս այս յատկութիւնը ցուցաբերելու նկատմամբ մեզի ի՞նչ կրնայ սորվեցնել։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք աստուածային ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերել։

Ինչո՛ւ կրնանք ծանրաբարոյութեամբ վարուիլ

3, 4. (ա) Մեզի շնորհուած արժանապատուութեան ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։ (բ) Սաղմոս 8։5-9–ն մարգարէաբար որո՞ւն կ’ակնարկէ։ (Տես՝ ստորանիշը։) (գ) Անցեալին Եհովա զորո՞նք պատուեց։

3 Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, բոլոր մարդիկ ծանրաբարոյութեամբ վարուելու կարողութիւն ունին։ Եհովա առաջին մարդը պատուեց, զինք երկրին հոգատար նշանակելով։ (Ծն. 1։26, 27) Նոյնիսկ մարդը անկատար դառնալէն ետք, Եհովա երկրի նկատմամբ մարդուն պատասխանատուութիւնը վերահաստատեց։ Այսպէս Աստուած տակաւին մարդկութիւնը վայելչութեամբ ‘կը պսակէ’։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 8։5-9) * Մեզի շնորհուած արժանապատուութիւնը յարգալից ընդառաջում կը պահանջէ,– Եհովայի վեհաշուք անունը ակնածանքով ու լրջութեամբ փառաբանել։

4 Եհովա իրեն սրբազան ծառայութիւն մատուցանողները կը պատուէ։ Ան Աբէլը պատուեց՝ անոր զոհը ընդունելով, բայց Կայէնի զոհը մերժեց։ (Ծն. 4։4, 5) Մովսէս պատուէր ստացաւ որ ‘իր փառքէն Յեսուի վրայ դնէ’, որ իրեն պիտի յաջորդէր որպէս Իսրայելացիներու առաջնորդ։ (Թուոց 27։20) Դաւիթի որդիին՝ Սողոմոնի նկատմամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը բոլոր Իսրայէլին առջեւ Սողոմոնը խիստ մեծցուց եւ անոր այնպէս թագաւորական փառք մը տուաւ, որ անկէ առաջ Իսրայէլի ոեւէ թագաւորի եղած չէր»։ (Ա. Մն. 29։25) Աստուած մեծապէս պիտի պատուէ յարուցեալ օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք հաւատարմօրէն ‘իր թագաւորութեան փառքը’ յայտնած են։ (Սաղ. 145։11-13) Այսպէս Եհովան գովաբանելով, Յիսուսի հետզհետէ աւելցող «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ օրհնեալ ու պատուարժան դեր մը ունին։—Յովհ. 10։16

Եհովայի փառաւորութիւնն ու վայելչութիւնը բացայայտ են

5. Եհովայի փառաւորութիւնը ո՞րքան մեծ է։

5 Աստուծոյ մեծութիւնը մարդուն աննշան ըլլալուն հակադրող երգի մը մէջ, սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր»։ (Սաղ. 8։1) «Երկինքն ու երկիրը» ստեղծուելէն առաջ եւ մինչեւ երկիրը դրախտի վերածելու եւ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնելու Աստուծոյ նպատակին հոյակապ իրագործումէն ետք,– յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն,– Եհովա Աստուած տիեզերքի մէջ ամենէն վեհափառ ու պատուարժան Անձնաւորութիւնն է։—Ծն. 1։1. Ա. Կոր. 15։24-28. Յայտ. 21։1-5

6. Սաղմոսերգուն ինչո՞ւ ըսաւ թէ Եհովան փառք հագած է։

6 Աստուածավախ սաղմոսերգուն ո՜րքան տպաւորուած ըլլալու էր, տեսնելով աստղազարդ երկինքի վայելչութիւնը, ուր «գոհարներ» կը փայլփլին։ Սքանչանալով թէ Աստուած ի՛նչպէս ‘երկինքը վարագոյրի պէս տարածած է’, սաղմոսերգուն Եհովան նկարագրեց որպէս փառք հագած, Իր հոյակապ ստեղծագործական հմտութիւններուն պատճառաւ։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 104։1, 2) Անտեսանելի եւ ամենակալ Ստեղծիչին փառաւորութիւնն ու վայելչութիւնը բացայայտ են իր տեսանելի գործերուն մէջ։

7, 8. Երկինքի մէջ Եհովայի փառաւորութեան ու վայելչութեան ո՞ր ապացոյցը կը տեսնենք։

7 Օրինակ, նկատի առ Ծիր Կաթին հոյախումբը։ Այս անհամար աստղերուն, մոլորակներուն եւ արեգակնային դրութիւններուն մէջ, Երկիր մոլորակը աննշան կը թուի, ինչպէս աւազի մէկ հատիկը՝ անվերջ ծովեզերքի մը վրայ։ Արդարեւ այս հոյախումբը աւելի քան 100 միլիառ աստղ կը պարունակէ։ Եթէ կարենայիր մէկ աստղ համրել իւրաքանչիւր երկվայրկեան, օրը 24 ժամ անդադար, 100 միլիառ թիւին հասնելու համար՝ աւելի քան 3,000 տարի պիտի տեւէր։

8 Եթէ Ծիր Կաթին հոյախումբը 100 միլիառ աստղ կը պարունակէ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մնացեալ տիեզերքին մասին։ Աստղագէտներ կ’ենթադրեն որ 50-125 միլիառ հոյախումբ գոյութիւն ունի։ Ամբողջ տիեզերքին մէջ քանի՞ աստղ կայ։ Վստահաբար պատասխանը խելքէ–միտքէ դուրս է։ Բայց եւ այնպէս, Եհովա «աստղերուն թիւը կը համրէ, անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ»։ (Սաղ. 147։4) Եհովայի փառաւորութիւնն ու վայելչութիւնը տեսնելով, իր մեծ անունը գովաբանելու չե՞ս մղուիր։

9, 10. Հացի հայթայթումը ի՞նչպէս մեր Ստեղծիչին իմաստութիւնը կը փառաւորէ։

9 Այժմ մեր աչքերը մեծաշուք երկինքէն դէպի վար ուղղենք ու նկատի առնենք շատ սովորական բան մը,– հացը։ Եհովա ո՛չ միայն «երկինքը ու երկիրը . . . ստեղծեց», այլ նաեւ «հաց կու տայ անօթիներուն»։ (Սաղ. 146։6, 7) Աստուծոյ ‘փառաւորութիւնն ու վայելչութիւնը’ արտացոլացուած են իր մեծ գործերուն մէջ, ի ներառեալ այն բոյսերը, որոնցմէ հաց կը պատրաստուի։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 111։1-5) Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր»։ (Մատ. 6։11) Հացը բազմաթիւ վաղեմի ժողովուրդներու հիմնական ուտելիքն էր, մէջը ըլլալով Իսրայելացիները։ Թէեւ հացը պարզ սնունդ կը նկատուի, բայց քանի մը հիմնական տարրեր համեղ հացի վերածող քիմիական գործընթացը բնա՛ւ պարզ չէ։

10 Աստուածաշունչի գրութեան ժամանակ, Իսրայելացիները հաց պատրաստելու համար կը գործածէին ցորենի կամ գարիի ալիւր եւ ջուր, իսկ երբեմն՝ թթխմոր։ Այս պարզ նիւթերը միանալով կը կազմեն ապշեցուցիչ կարգ մը քիմիական բաղադրութիւններ, որոնք իրարու հետ գործօն կապեր ունին։ Այս բաղադրութիւններուն միջեւ եղած ճշգրիտ յարաբերութիւնը դեռ լիովին չէ հասկցուած։ Ասկէ զատ, մարմնին մէջ հացին մարսողութիւնն ալ բարդ գործընթաց մըն է։ Զարմանալի չէ որ սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր»։ (Սաղ. 104։24) Նմանապէս կը մղուի՞ս Եհովան փառաբանելու։

Աստուծոյ ծանրաբարոյութիւնն ու վայելչութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդեն քեզի

11, 12. Աստուծոյ ստեղծագործութիւններուն վրայ խոկալը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ։

11 Հարկ չկայ աստղագէտ ըլլալու որ աստղազարդ երկինքին վրայ հիանանք, ո՛չ ալ քիմիագէտ ըլլալու որ հացը վայելենք։ Սակայն մեր Ստեղծիչին վայելչութիւնը գնահատելու համար, անոր ձեռքերուն գործերուն վրայ խոկալու ժամանակ պէտք է յատկացնենք։ Այսպիսի խորհրդածութիւն մը մեզի կ’ազդէ այնպէս, ինչպէս երբ Եհովայի այլ տեսակ գործերու վրայ կը խոկանք։

12 Իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի կատարած մեծ արարքներուն առնչութեամբ, Դաւիթ տաղերգեց. «Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ»։ (Սաղ. 145։5) Այս գործերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերենք՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալու համար ժամանակ տրամադրելով։ Արդի՞ւնքը։ Աստուծոյ ծանրաբարոյութեան ու վայելչութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելնայ։ Այն ատեն Դաւիթի նման, վստահաբար կը մղուինք Եհովան պատուելու եւ ըսելու. «Ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ»։ (Սաղ. 145։6) Աստուծոյ հոյակապ գործերուն վրայ խոկալը, իրեն հետ մեր յարաբերութիւնը պէտք է զօրացնէ եւ մեզ մղէ խանդավառութեամբ ու վճռականութեամբ իր մասին խօսելու։ Նախանձախնդրաբար բարի լուրը կը ծանուցանե՞ս եւ մարդոց կ’օգնե՞ս որ Եհովա Աստուծոյ ծանրաբարոյութիւնը, վայելչութիւնն ու մեծափառութիւնը գնահատեն։

Յիսուս Աստուծոյ ծանրաբարոյութիւնը կատարելապէս կ’արտացոլացնէ

13. (ա) Դանիէլ 7։13, 14–ի համաձայն, Եհովա իր Որդիին ի՞նչ շնորհած է։ (բ) Որպէս Թագաւոր, Յիսուս իր հպատակներուն հետ ի՞նչպէս կը վարուի։

13 Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, նախանձախնդրաբար բարի լուրը յայտարարեց եւ իր ծանրաբարոյ ու վեհաշուք երկնաւոր Հայրը պատուեց։ Եհովա իր միածին Որդին մասնայատուկ փառքով օժտեց, անոր ‘իշխանութիւն ու թագաւորութիւն’ տալով։ (Կարդալ՝ Դանիէլ 7։13, 14) Բայց եւ այնպէս, Յիսուս ինքնահաւան կամ անտարբեր չէ։ Ճիշդ հակառակը, ան կարեկից Կառավարիչ է, որ իր հպատակներուն սահմանափակումները կը հասկնայ եւ անոնց հետ արժանապատուութեամբ կը վարուի։ Նկատի առ օրինակ մը թէ Յիսուս որպէս ապագայ Թագաւոր ի՛նչպէս վարուեցաւ մարդոց հետ, մանաւանդ՝ մերժուած եւ երեւութապէս անսիրուած անհատներու հետ։

14. Վաղեմի Իսրայէլի մէջ բորոտները ի՞նչպէս կը նկատուէին։

14 Անցեալին՝ բորոտութենէ տառապող անհատները յաճախ դանդաղ մահ կ’ունենային։ Բորոտին մարմնի անդամները կամաց–կամաց կը հիւանդանային։ Բորոտ մը բուժելը ա՛յնքան դժուար կը նկատուէր ո՛րքան մեռել մը յարուցանելը։ (Թուոց 12։12. Դ. Թագ. 5։7, 14) Բորոտները անմաքուր կը յայտարարուէին եւ ընկերութիւնը անոնցմէ կը զզուէր ու զանոնք կը վտարէր։ Երբ մարդոց մօտենային, անոնք պէտք էր պոռային. «Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ»։ (Ղեւ. 13։43-46) Բորոտը մեռած անհատի մը նման էր։ Րաբունական արձանագրութիւններուն համաձայն, բորոտի մը կը թոյլատրուէր որ միայն 1,7 մեթր մօտենայ ոեւէ անհատի։ Կ’ըսուի թէ երբ բորոտ մը տեսնուէր, նոյնիսկ հեռուէն, որոշ կրօնական առաջնորդ մը անոր վրայ քարեր կը նետէր, զայն հեռու պահելու համար։

15. Յիսուս որոշ բորոտի մը հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։

15 Սակայն ուշադրութեան արժանի է Յիսուսի հակազդեցութիւնը, երբ բորոտ մը իրեն եկաւ եւ աղաչեց որ բուժուի։ (Կարդալ՝ Մարկոս 1։40-42) Փոխանակ բորոտը հեռացնելու, Յիսուս անտեսուած մարդուն հետ կարեկցութեամբ եւ արժանապատուութեամբ վարուեցաւ։ Յիսուսի տեսածը խղճալի մարդ մըն էր, որ հանգստութեան պէտք ունէր։ Յիսուսի կարեկցութեան զգացումները զինք մղեցին գործի լծուելու։ Ան իր ձեռքը երկարեց, բորոտին դպաւ ու զայն բուժեց։

16. Ուրիշներուն հետ Յիսուսի վարուած կերպէն ի՞նչ դաս սորված ես։

16 Որպէս Յիսուսի հետեւորդներ, ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել այն կերպը, որով Յիսուս իր Հօր ծանրաբարոյութիւնը արտացոլացուց։ Կերպերէն մէկն է՝ գիտակցիլ թէ ամէն ոք,– ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր դիրքը, առողջութիւնը կամ տարիքը,– պատիւի ու յարգանքի արժանի է։ (Ա. Պետ. 2։17) Յատկապէս վերատեսչութեան դիրքի վրայ եղողները, ինչպէս՝ ամուսիններ, ծնողներ ու Քրիստոնեայ երէցներ, իրենց հոգատարութեան յանձնուած անհատները պէտք է պատուեն եւ անոնց օգնեն իրենց ինքնայարգանքը պահպանելու։ Շեշտելով թէ ասիկա բոլոր Քրիստոնեաներէն պահանջուած է, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։—Հռով. 12։10

Պաշտամունքի մէջ ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերել

17. Եհովայի պաշտամունք մատուցանելու ատեն ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերելու նկատմամբ, Սուրբ Գրութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք։

17 Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի որ Եհովայի պաշտամունք մատուցանելու ատեն ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերենք։ «Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛», կ’ըսէ Ժողովող 5։1–ը։ Երբ սուրբ տեղ մը կը գտնուէին, թէ՛ Մովսէսի եւ թէ Յեսուի հրամայուեցաւ որ իրենց կօշիկները հանեն։ (Ել. 3։5. Յես. 5։15) Այսպէս անոնք յարգանք կամ ակնածանք ցոյց պիտի տային։ Իսրայելացի քահանաները ստիպուած էին կտաւէ անդրավարտիքներ հագնիլ, իրենց «մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար»։ (Ել. 28։42, 43) Այսպէս զոհասեղանին քով ծառայելու ատեն անպատշաճ երեւոյթ պիտի չստեղծուէր։ Քահանայի մը ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը ծանրաբարոյութեան աստուածային չափանիշը պէտք էր վեր բռնէր։

18. Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքին մէջ ի՞նչպէս ծանրաբարոյութիւն կը ցուցաբերուի։

18 Եհովայի երկրպագուները ըլլալով, մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն մէջ ծանրաբարոյութիւն պէտք է ցուցաբերենք։ Պատիւի ու յարգանքի արժանի ըլլալու համար, յարգալից կերպով պէտք է վարուինք։ Մեր ցուցաբերած ծանրաբարոյութիւնը շինծու կամ մակերեսային պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ սրտէն պէտք է բխի։ (Ա. Թագ. 16։7. Առ. 21։2) Ծանրաբարոյութիւնը մեր մէկ մասը պէտք է ըլլայ եւ ազդէ մեր վարքին, մեր կեցուածքին, ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան, նոյնիսկ մեր անձին հանդէպ մեր տեսակէտին եւ զգացումներուն։ Արդարեւ, ծանրաբարոյութիւնը պէտք է բացայայտ ըլլայ ամէն ատեն, եւ մեր ըսած ու ըրած բոլոր բաներուն մէջ։ Երբ հարցը կը վերաբերի մեր բարքին, վերաբերմունքին եւ հագուստին ու յարդարանքին, Պօղոս առաքեալի խօսքերուն կ’անսանք. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս»։ (Բ. Կոր. 6։3, 4) «Մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ [կը զարդարենք]»։—Տիտ. 2։10

Շարունակէ աստուածային ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերել

19, 20. (ա) Ուրիշները պատուելու ընտիր մէկ կերպը ի՞նչ է։ (բ) Ծանրաբարոյութեան առնչութեամբ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Ծանրաբարոյութիւն կը ցուցաբերուի օծեալ Քրիստոնեաներու կողմէ, որոնք «Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընեն»։ (Բ. Կոր. 5։20) Հաւատարմօրէն անոնց նեցուկ կանգնող «ուրիշ ոչխարներ»ը, մեսիական Թագաւորութեան համար յարգարժան պատուիրակներ են։ Դեսպան մը կամ պատուիրակ մը համարձակութեամբ ու ծանրաբարոյութեամբ իր կառավարութեան անունով կը խօսի։ Հետեւաբար, Աստուծոյ կառավարութեան՝ Թագաւորութեան՝ ի նպաստ պէտք է լրջօրէն ու խիզախօրէն խօսինք։ (Եփ. 6։19, 20) Իսկ երբ ուրիշներուն ‘բարութեան աւետիս’ կը բերենք, զանոնք պատուած չե՞նք ըլլար։—Եսա. 52։7

20 Պէտք է վճռենք Աստուած փառաւորել, իր ծանրաբարոյութեան հետ ներդաշնակ վարուելով։ (Ա. Պետ. 2։12) Աստուծոյ, իր պաշտամունքին եւ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ թող միշտ խոր յարգանք ցուցաբերենք։ Իսկ Եհովա, որ ծանրաբարոյութիւն ու վայելչութիւն հագած է, պիտի ախորժի այն յարգարժան կերպէն, որով զինք կը պաշտենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Սաղմոս 8–ի մէջ Դաւիթի արտայայտութիւնները նաեւ մարգարէաբար կ’ակնարկեն կատարեալ մարդուն՝ Յիսուս Քրիստոսի։—Եբ. 2։5-9

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Եհովայի ծանրաբարոյութիւնը գնահատելը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

• Որոշ բորոտի մը հետ Յիսուսի վարուած կերպէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ ծանրաբարոյութեան մասին։

• Ի՞նչպէս կրնանք յարգալից կերպերով Եհովան պատուել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]