Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա իր տարեց ծառաները քնքշօրէն կը հոգայ

Եհովա իր տարեց ծառաները քնքշօրէն կը հոգայ

Եհովա իր տարեց ծառաները քնքշօրէն կը հոգայ

«Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։—ԵԲ. 6։10

1, 2. (ա) Սպիտակ մազերով անհատ մը տեսնելը ի՞նչ կրնայ յիշեցնել քեզի։ (բ) Եհովա տարեց Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատէ։

ԵՐԲ ժողովքին մէջ ալեհեր տարեցներ տեսնես, միտքդ կու գա՞յ Դանիէլի գիրքին մէջ նշուած դէպք մը։ Դանիէլի տուած Իր մէկ տեսիլքին մէջ, Եհովա Աստուած ինքզինք նկարագրեց որպէս սպիտակ մազերով անձ։ Դանիէլ գրեց. «Երբ կը դիտէի, աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ու գլխուն մազը մաքուր բուրդի պէս էր»։—Դան. 7։9

2 Բուրդը իր բնական վիճակին մէջ յաճախ ճերմակ գոյն ունի։ Ուստի սպիտակ մազ եւ «Հինաւուրց» տիտղոսը ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Աստուծոյ մեծ տարիքին ու իմաստութեան վրայ, որոնք մեր խոր յարգանքին արժանի են։ Արդ, Հինաւուրցը՝ Եհովան ի՞նչպէս կը նկատէ հաւատարիմ ծերերն ու պառաւները։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ «մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի»։ (Առ. 16։31) Այո, եթէ հաւատարիմ Քրիստոնեայ մը սկսի սպիտակ մազեր ունենալ, այս երեւոյթը Աստուծոյ աչքին գեղեցիկ է։ Տարեց եղբայրներու եւ քոյրերու հանդէպ Եհովայի տեսակէտը կը բաժնե՞ս։

Ինչո՞ւ այսքան թանկագին են

3. Տարեց հաւատակիցներ ինչո՞ւ մեզի շատ թանկագին են։

3 Աստուծոյ այս սիրելի տարեց ծառաներուն մէջ կան՝ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամներ, այժմեան եւ նախկին ճամբորդող տեսուչներ, նախանձախնդիր ռահվիրաներ եւ Թագաւորութեան հասուն հրատարակիչներ,– մեր ժողովքներուն մէջ հաւատարմօրէն ծառայող եղբայրներ ու քոյրեր։ Թերեւս կը ճանչնաս ոմանք, որոնք տասնեակ տարիներ նախանձախնդրաբար բարի լուրը քարոզած են եւ որոնց լաւ օրինակը օգնած է երիտասարդները խթանելու եւ անոնց կեանքը կաղապարելու։ Կարգ մը տարեց հաւատակիցներ ծանր պատասխանատուութիւններ շալկած են եւ բարի լուրին սիրոյն հալածանքի տոկացած են։ Եհովա եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» խորապէս կը գնահատեն Թագաւորութեան գործին մէջ անոնց բերած անցեալ եւ ներկայ բաժինը։—Մատ. 24։45

4. Ինչո՞ւ տարեց Քրիստոնեաները պէտք է յարգենք եւ անոնց համար աղօթենք։

4 Այսպիսի հաւատարիմ տարեցներ, Եհովա Աստուծոյ միւս ծառաներուն երախտագիտութեան ու յարգանքին արժանի են։ Իրականութեան մէջ, Մովսէսի միջոցաւ տրուած Աստուծոյ Օրէնքը, տարեցներու հանդէպ նկատառութիւնն ու յարգանքը կ’առնչէ Եհովայի վախին հետ։ (Ղեւ. 19։32) Այս հաւատարիմներուն համար միշտ պէտք է աղօթենք եւ Աստուծմէ շնորհակալ ըլլանք անոնց սիրոյ արարքներուն համար։ Պօղոս առաքեալ աղօթեց իրեն սիրելի եղող թէ՛ երիտասարդ եւ թէ տարեց գործակիցներուն համար։—Կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։2, 3

5. Եհովայի տարեց երկրպագուներու ընկերակցութենէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

5 Անկէ զատ, ժողովքի բոլոր անդամները կրնան տարեց Քրիստոնեաներուն ընկերակցութենէն օգտուիլ։ Ուսումնասիրելով, զննելով եւ փորձառութեամբ, Եհովայի հաւատարիմ տարեց երկրպագուները անգին գիտութիւն դիզած են։ Անոնք սորված են համբերութիւն ու կարեկցութիւն ցուցաբերել, եւ իրենց սորվածը յաջորդ սերունդին փոխանցելը մեծ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կու տայ իրենց։ (Սաղ. 71։18) Երիտասարդնե՛ր, իմաստուն եղէք եւ գիտութեան այս աղբիւրը օգտագործեցէք, ինչպէս որ խորունկ ջրհորի մը ջուրէն պիտի խմէիք։—Առ. 20։5

6. Ի՞նչպէս կրնաս տարեցներուն ցոյց տալ թէ զիրենք իրապէս կ’արժեւորես։

6 Տարեցներուն կ’իմացնե՞ս թէ զիրենք կ’արժեւորես ինչպէս Եհովա զիրենք կ’արժեւորէ։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ անոնց յայտնել թէ ո՜րքան զիրենք կը սիրես իրենց հաւատարմութեան համար, եւ ո՜րքան անոնց տեսակէտները կը գնահատես։ Նաեւ, անոնցմէ սորված բաներուդ համաձայն գործելով, ցոյց կու տաս թէ իրենց հանդէպ անկեղծ յարգանք ունիս։ Տարեց Քրիստոնեաներէն շատեր կրնան մտաբերել հաւատարիմ տարիքաւորներէ ստացած իմաստուն խրատ մը, եւ թէ ի՛նչպէս զայն գործադրելը օգտակար եղած է իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին։ *

Գործնական կերպերով քնքուշ նկատառութիւն ցուցաբերէ

7. Եհովա տարեցները հոգալու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը որո՞նց կու տայ։

7 Աստուած տարեցի մը կարիքները հոգալու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը՝ անոր ընտանիքին կու տայ։ (Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8) Եհովա կը հաճի երբ ընտանիքներ տարեց ազգականներու հանդէպ իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն, ցոյց տալով թէ տարեցները կը հոգան՝ ինչպէս ինք կը հոգայ։ Աստուած այս ընտանիքներուն նեցուկ կը կանգնի եւ անոնց բոլոր ջանքերն ու զոհողութիւնները կ’օրհնէ։ *

8. Ժողովքներ ինչո՞ւ տարեց Քրիստոնեաներով պէտք է հետաքրքրուին։

8 Նոյնպէս, Եհովա կը հաճի երբ տեղական ժողովքներ կ’օգնեն հաւատարիմ տարեցներու, որոնք իրենց հոգ տանող հաւատացեալ կամ կամեցող ընտանիքի անդամներ չունին։ (Ա. Տիմ. 5։3, 5, 9, 10) Այս կերպով ժողովքներ ցոյց կու տան թէ տարեցներուն հանդէպ «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» են։ (Ա. Պետ. 3։8) Ժողովքի տարեց անդամներուն հանդէպ անոնց հետաքրքրութիւնը լաւ կերպով լուսաբանուած է Պօղոսի կողմէ, որ նշեց թէ եթէ մարմինին մէկ անդամը տառապի՝ «բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ»։ (Ա. Կոր. 12։26) Տարեցներուն ի նպաստ գործնական ու կարեկից քայլեր առնելը, Պօղոսի խրատին ետին գտնուող սկզբունքը ցոյց կու տայ. «Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք»։—Գաղ. 6։2

9. Յառաջացած տարիքը ի՞նչպէս կրնայ անհատը ծանրաբեռնել։

9 Տարեցներ ի՞նչ բեռներ կը կրեն։ Շատեր շուտով կը յոգնին։ Թերեւս անոնք զգան թէ նոյնիսկ հիմնական բաներ ընելը,– բժիշկի երթալ, կառավարական պատճեններ ամբողջացնել, տունը մաքրել կամ ճաշ եփել,– իրենց կարողութենէն վեր է։ Որովհետեւ տարիքի բերմամբ յաճախ ուտելու եւ խմելու ախորժակը կը պակսի, թերեւս անոնք խորհին թէ հարկ չկայ որ բաւարար չափով ուտեն կամ խմեն։ Պարագան նոյնը կրնայ ըլլալ հոգեւոր սննդառութեան։ Տկարացող տեսողութիւնն ու լսողութիւնը կրնան դժուարացնել հոգեւոր յայտագիրներ ընթերցելը եւ մտիկ ընելը։ Իսկ քրիստոնէական ժողովներու երթալու համար պատրաստուիլը կրնայ յոգնեցուցիչ ըլլալ։ Ուստի ուրիշներ ի՞նչ կրնան ընել այս տարեցներուն համար։

Ի՛նչպէս կրնաս օգնել

10. Երէցներ ի՞նչ կրնան ընել վստահ ըլլալու համար թէ տարեցները գործնական օգնութիւն կը ստանան։

10 Շատ մը ժողովքներու մէջ, օրինակելի կերպով տարեցներուն հոգ կը տարուի։ Սիրալիր եղբայրներ ու քոյրեր անոնց կ’աջակցին, անոնց գնումները ընելով, ճաշեր եփելով եւ տան մաքրութիւնը ընելով։ Անոնք տարեցներուն կ’օգնեն որ ուսումնասիրեն, ժողովներուն պատրաստուին եւ ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցին։ Երիտասարդ Վկաներ անոնց կ’ընկերակցին եւ փոխադրամիջոցներ կ’ապահովեն։ Տան մէջ արգելափակուած տարեցներ հեռաձայնով ժողովները մտիկ կ’ընեն, կամ անոնց համար ձայնագրութիւններ կը պատրաստուին։ Երբ կարելի է, երէցները վստահ կ’ըլլան որ գործնական քայլեր կ’առնուին՝ ժողովքին մէջ գտնուող տարեցներուն կարիքներուն հոգ տանելու համար։ *

11. Պատմէ թէ ընտանիք մը ի՛նչպէս տարեց եղբօր մը օգնեց։

11 Քրիստոնեաներ անհատապէս ալ կրնան հիւրասիրութիւն եւ առատաձեռնութիւն ցուցաբերել։ Տարեց եղբօր մը կինը մահանալէն ետք, ան այլեւս չէր կրնար տան վարձքը վճարել առանց իր կնոջ թոշակին։ Այս եղբայրն ու իր կինը Աստուածաշունչը ուսումնասիրած էին ընտանիքի մը հետ,– հայր, մայր եւ երկու պատանուհի,– որ մեծ բնակարան ունէր։ Անոնք երկու սենեակ իրեն յատկացուցին։ Շուրջ 15 տարի, անոնք միասնաբար ճաշեցին, ուրախ պահեր անցուցին եւ եղբայրսիրութիւն ցուցաբերեցին։ Պատանուհիները անոր հաւատքէն ու ճոխ փորձառութենէն շատ բան սորվեցան, իսկ ինք օգտուեցաւ անոնց ուրախ ընկերակցութենէն։ Տարեց եղբայրը անոնց հետ ապրեցաւ մինչեւ իր մահը՝ 89 տարեկանին։ Ընտանիքը տակաւին Աստուծոյ շնորհապարտ է այն բազմաթիւ օրհնութիւններուն համար, զորս վայելեց եղբօր ընկերակցելով։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսի մէկ աշակերտին օգնելով՝ ‘իրենց վարձքը չեն կորսնցուցած’։—Մատ. 10։42 *

12. Տարեց եղբայրներու եւ քոյրերու հանդէպ քնքուշ նկատառութիւնդ ցուցաբերելու համար ի՞նչ կրնաս ընել։

12 Թերեւս ի վիճակի չես տարեց եղբօր կամ քրոջ մը օգնելու ինչպէս այս ընտանիքը ըրաւ, բայց թերեւս կրնաս տարեցներուն օգնել որ ժողովներուն երթան եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցին։ Նաեւ կրնաս զանոնք տունդ հրաւիրել եւ պտոյտներուդ մասնակից դարձնել։ Կրնաս անոնց այցելել, յատկապէս երբ հիւանդ կամ տունը արգելափակուած են։ Ասկէ զատ, զանոնք միշտ հասուն չափահաս նկատելու ես։ Այնքան ատեն որ իրենց մտային կարողութիւնները առողջ են, տարեց Քրիստոնեաները պէտք է պարփակուին իրենց ազդող բոլոր որոշումներուն մէջ։ Նոյնիսկ իրենց մտային կարողութեան մեծ մասը կորսնցուցած տարեցները կրնա՛ն զգալ թէ իրենց արժանապատուութիւնը կը յարգուի կամ ոչ։

Եհովա գործդ պիտի չմոռնայ

13. Տարեց Քրիստոնեաներուն զգացումներուն հանդէպ նկատառու ըլլալը ինչո՞ւ կարեւոր է։

13 Տարեցներուն զգացումներուն հանդէպ նկատառու ըլլալը կենսական է։ Անսովոր չէ որ տարեցներ խորապէս վհատին իրենց անկարողութեան համար, որ այլեւս չեն կրնար իրագործել այն ինչ որ կ’իրագործէին երբ տարիքով աւելի երիտասարդ եւ առողջ էին։ Օրինակ, քոյր մը որ շուրջ 50 տարի եռանդունօրէն Եհովայի ծառայեց որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, տկարացուցիչ հիւանդութեամբ մը բռնուեցաւ եւ ժողովներուն ներկայ գտնուիլը դժուար դարձաւ։ Իր նախկին ծառայութիւնը ներկայ սահմանափակումներուն հետ բաղդատելով, ան սկսաւ լալ։ Գլխահակ ու արտասուալից աչքերով, ան ըսաւ. «Այլեւս բա՛ն մը ընելու կարող չեմ»։

14. Եհովայի տարեց ծառաները սաղմոսներէն ի՞նչ քաջալերութիւն կրնան քաղել։

14 Եթէ տարեց մըն ես, այսպիսի վշտագին զգացումներ ունեցա՞ծ ես։ Երբեմն կը զգա՞ս թէ Եհովա քեզ լքած է։ Սաղմոսերգուն իր ծերութեան ընթացքին թերեւս նոյնանման զգացումներ ունեցաւ, քանի որ ան Եհովայի պաղատեցաւ. «Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր. ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր։ . . . Մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած»։ (Սաղ. 71։9, 18) Անշուշտ Եհովա սաղմոս յօրինողը պիտի չլքէր, եւ Ան քեզ ալ պիտի չլքէ։ Ուրիշ սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ Աստուծոյ զօրակցութեան հանդէպ իր վստահութիւնը արտայայտեց։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 68։19) Վստահ եղիր որ եթէ հաւատարիմ տարեց Քրիստոնեայ մըն ես, Եհովա քեզի հետ է եւ պիտի շարունակէ օրը օրին քեզի նեցուկ կանգնիլ։

15. Ի՞նչ բան տարեցներուն կրնայ օգնել դրական հայեցակէտ մը պահպանելու։

15 Ո՛վ Եհովայի տարեց Վկաներ, ամէն ի՛նչ որ անցեալին ըրիք եւ տակաւին կ’ընէք Աստուծոյ փառքին համար, երբեք իր մտքէն պիտի չհեռանայ։ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Եբ. 6։10) Հետեւաբար խուսափէ բացասական հայեցակէտ մը որդեգրելէ, սխալ կերպով խորհելով թէ յառաջացած տարիքի պատճառաւ այլեւս Եհովայի օգտակար չես։ Ջանա՛ վհատեցուցիչ ու յոռետես մտածումները փոխարինել դրական խորհուրդներով։ Օրհնութիւններովդ եւ յոյսովդ ուրախացիր։ Մենք «ապագայ մը եւ յոյս մը» ունինք, որ լաւագոյնն է եւ Ստեղծիչին կողմէ երաշխաւորած է։ (Եր. 29։11, 12. Գործք 17։31. Ա. Տիմ. 6։19) Յոյսիդ մասին խորհրդածէ, ջանա՛ սրտով ու մտքով երիտասարդ մնալ, եւ ժողովքին մէջ ներկայութիւնդ երբեք մի՛ ստորագնահատեր։ *

16. Տարեց եղբայր մը ինչո՞ւ խորհեցաւ որ պէտք է դադրի որպէս երէց ծառայելէ, բայց երէցներու մարմինը ի՞նչպէս զինք քաջալերեց։

16 Նկատի առ Եօհանը, որ 80 տարեկան ըլլալով հանդերձ, լիաժամ հոգ կը տանի իր հաւատարիմ բայց անկարող կնոջ՝ Սաննէի։ * Քոյրեր կարգով Սաննէի քով կը մնան, որպէսզի Եօհանը ժողովներուն ու ծառայութեան կարենայ երթալ։ Սակայն վերջերս Եօհան զգացականօրէն ուժասպառ զգաց եւ սկսաւ մտածել որ այլեւս որպէս ժողովքի երէց պէտք չէ ծառայէ։ Արտասուալից աչքերով՝ ան հարց տուաւ. «Երէց ըլլալս ի՞նչ օգուտ ունի, մինչ ժողովքին մէջ օգտակար պաշտօն մը չեմ կատարեր»։ Միւս երէցները զինք հաւաստիացուցին թէ իր փորձառութիւնը եւ դատողութիւնը շատ թանկարժէք էին։ Անոնք զինք յորդորեցին որ շարունակէ որպէս երէց ծառայել, նոյնիսկ եթէ իր մասնակցութիւնը սահմանափակ է։ Մեծապէս քաջալերուած, Եօհան կը շարունակէ իբրեւ երէց ծառայել, ժողովքին օրհնութիւն մը ըլլալով։

Եհովա իրապէս կը հոգայ

17. Աստուածաշունչը տարեց Քրիստոնեաներուն ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

17 Սուրբ Գրութիւնները կը յստակացնեն թէ տարեցները կրնա՛ն շարունակել հոգեւորապէս բարգաւաճիլ, հակառակ յառաջացած տարիքին ընկերակցող խնդիրներուն։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները . . . պիտի ծաղկին, ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, պարարտ ու կանանչ պիտի մնան»։ (Սաղ. 92։13, 14) Պօղոս առաքեալ, որ թերեւս ֆիզիքական հիւանդութենէ մը կը տառապէր, ‘չվհատեցաւ՝ թէպէտ իր դուրսի մարդը կ’ապականէր’։—Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 4։16-18

18. Տարեց հաւատակիցներն ու անոնց խնամք տանողները ինչո՞ւ օգնութեան կարիք ունին։

18 Բազմաթիւ արդի օրինակներ կ’ապացուցանեն թէ տարեցները կրնա՛ն ‘ծաղկիլ’ կամ ‘պտուղ տալ’։ Բայց հիւանդութեան ու ծերութեան մարտահրաւէրները կրնան ճնշիչ ըլլալ նոյնիսկ անոնց համար, որոնք իրենց օգնող հոգածու եւ նուիրեալ ընտանիքի անդամներ ունին։ Խնամք տանողներն ալ կրնան ուժասպառ դառնալ։ Ժողովքը առանձնաշնորհում ու պատասխանատուութիւն ունի, տարեցներուն ու անոնց հոգ տանողներուն հանդէպ իր սէրը գործնականապէս ցոյց տալու։ (Գաղ. 6։10) Իրականութեան մէջ, այս օգնութիւնը կ’ապացուցանէ թէ այսպիսիներուն չենք ըսեր. «Տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք», առանց գործնական կերպերով ձեռք տալու։—Յակ. 2։15-17

19. Հաւատարիմ տարեց Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ ապագան վստահութեամբ կը դիտեն։

19 Յառաջացած տարիքը կրնայ Քրիստոնեայի մը գործունէութիւնները որոշ չափով փոփոխութեան ենթարկել, բայց ժամանակը չի նուազեցներ Եհովայի սէրը իր հաւատարիմ տարեց ծառաներուն հանդէպ։ Ընդհակառակը, այս բոլոր հաւատարիմ Քրիստոնեաները իր աչքին թանկագին են, եւ զանոնք երբեք երեսէ պիտի չձգէ։ (Սաղ. 37։28. Եսա. 46։4) Եհովա անոնց ամբողջ ծերութեան ընթացքին զանոնք պիտի կազդուրէ եւ առաջնորդէ։—Սաղ. 48։14

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Տես՝ Զարթի՛ր 8 Փետրուար 1994, էջ 3-10։

^ պարբ. 10 Կարգ մը երկիրներու մէջ, ասիկա կը պարփակէ տարեցներուն օգնել որ կառավարութեան հայթայթած օժանդակութենէն օգտուին։ Տես՝ «Աստուած տարեցները կը հոգայ» յօդուածը, Դիտարան 1 Յունիս 2006 թիւին մէջ (Անգլերէն)։

^ պարբ. 11 Տես՝ «Եհովա միշտ մեզ կը հոգայ» յօդուածը, Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 2003 թիւին մէջ (Անգլերէն)։

^ պարբ. 15 Տես՝ «Սպիտակ մազերու փառքը» յօդուածը, Դիտարան 15 Մարտ 1993 թիւին մէջ (Անգլերէն)։

^ պարբ. 16 Անունները փոխուած են։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Հաւատարիմ տարեց Քրիստոնեաները ինչո՞ւ թանկագին կը նկատես։

• Տարեց հաւատակիցներուն հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք քնքուշ նկատառութիւն ցուցաբերել։

• Եհովայի տարեց ծառաներուն ի՞նչ բան կրնայ օգնել դրական հայեցակէտ մը ունենալու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 26]

Ժողովքին անդամները տարեցներուն հանդէպ բարձր համարում ունին