Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մաքուր լեզուն» սահուն կերպով կը խօսի՞ս

«Մաքուր լեզուն» սահուն կերպով կը խօսի՞ս

«Մաքուր լեզուն» սահուն կերպով կը խօսի՞ս

«Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն»։—ՍՈՓ. 3։9

1. Եհովա մեզի ի՞նչ հոյակապ պարգեւ մը տուած է։

ԼԵԶՈՒ մը խօսելու պարգեւը մարդկութենէն ծագում չէ առած, հապա մարդուն Ստեղծիչէն՝ Եհովա Աստուծմէ։ (Ել. 4։11, 12) Ան առաջին մարդուն՝ Ադամի տուաւ ո՛չ միայն խօսելու կարողութիւն, այլ նաեւ՝ նոր բառեր յօրինելու եւ այսպէս իր բառամթերքը ընդարձակելու կարողութիւնը։ (Ծն. 2։19, 20, 23) Ասիկա ի՜նչ հոյակապ պարգեւ մը եղած է, կարելի դարձնելով որ մարդկութիւնը երկնաւոր Հօր հետ հաղորդակցի եւ անոր փառահեղ անունը փառաբանէ։

2. Մարդիկ ինչո՞ւ այլեւս մէկ հասարակաց լեզու չեն խօսիր։

2 Մարդկութեան գոյութեան առաջին 17 դարերուն ընթացքին, ամէն անհատի լեզուն ու «խօսուածքը մէկ էր»։ (Ծն. 11։1) Անկէ ետք, Նեբրովթի օրուան ըմբոստութիւնը տեղի ունեցաւ։ Եհովայի հրահանգներուն չհնազանդելով, մարդիկ ժողվուեցան հոն՝ ուր հետագային կոչուեցաւ Բաբելոն, եւ որոշեցին մէկ վայրի մէջ մնալ։ Անոնք սկսան հսկայ աշտարակ մը կառուցանել, ո՛չ թէ Եհովան փառաբանելու, այլ՝ որպէսզի իրենց համար «անուն շինեն»։ Ուստի Եհովա ըմբոստներուն սկզբնական լեզուն խառնակեց եւ պատճառ եղաւ որ զանազան լեզուներ խօսին։ Այսպէս անոնք ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ ցրուեցան։—Կարդալ՝ Ծննդոց 11։4-8

3. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Եհովա Բաբելոնի մէջ ըմբոստներուն լեզուն խառնակեց։

3 Ներկայիս, աշխարհի մէջ բառացիօրէն հազարաւոր լեզուներ կը խօսուին,– ոմանք կ’ըսեն աւելի քան 6,800 լեզու։ Այս լեզուներէն իւրաքանչիւրը տարբեր մտածելակերպ կը պահանջէ։ Ուստի այնպէս կը թուի թէ երբ Եհովա Աստուած այդ ըմբոստներուն լեզուն խառնակեց, անոնց նախկին հասարակաց լեզուին հետ առնչուած ամբողջ յիշողութիւնը ջնջեց։ Ան ո՛չ միայն անոնց մտքերուն մէջ նոր բառամթերք զետեղեց, այլեւ՝ անոնց մտածելակերպը փոխեց եւ նոր քերականութիւն մէջտեղ բերաւ։ Զարմանալի չէ որ այդ աշտարակին շրջանը «Խառնակութիւն» կամ Բաբելոն կոչուեցաւ։ (Ծն. 11։9, ստորանիշ) Հետաքրքրականօրէն, միայն Աստուածաշունչը ներկայ տարբեր լեզուներու ծագումին մասին գոհացուցիչ պատասխան մը կու տայ։

Նոր ու մաքուր լեզու մը

4. Եհովա մեր ժամանակին տեղի ունենալիք ի՞նչ բան նախագուշակեց։

4 Թէեւ Բաբելոնի մէջ Աստուծոյ միջամտութեան մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը հետաքրքրական է, սակայն մեր ժամանակին մէջ շա՜տ աւելի հետաքրքրական ու կարեւոր բան մը տեղի ունեցած է։ Իր Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նախագուշակեց. «Այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Սոփ. 3։9) Ի՞նչ է այդ «մաքուր լեզուն» եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն սահուն կերպով խօսիլ։

5. Ի՞նչ է մաքուր լեզուն, եւ լեզուի այս փոփոխութիւնը ի՞նչ յառաջ բերած է։

5 Մաքուր լեզուն Եհովա Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնն է, ինչպէս որ կը գտնուի իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Այդ «լեզուն» կը պարփակէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութեան ճշգրիտ հասկացողութիւնը, եւ թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ, իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ եւ հաւատարիմ մարդկութեան յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Լեզուի այս փոփոխութենէն ի՞նչ արդիւնք յառաջ կու գայ։ Մեզի կ’ըսուի թէ մարդիկ «Տէրոջը անունը [պիտի] կանչեն» եւ «ուս ուսի անոր ծառայութիւն [պիտի] ընեն»։ Բաբելոնի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն հակառակը, մաքուր լեզուին փոփոխութիւնը պատճառ եղած է որ Եհովայի անունը փառաբանուի եւ իր ժողովուրդը միութեան մէջ գայ։

Մաքուր լեզուն սորվիլ

6, 7. (ա) Օտար լեզու մը սորվիլը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ասիկա ի՞նչպէս կը կիրարկուի մաքուր լեզուն սորվելուն։ (բ) Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

6 Երբ մէկը օտար լեզու մը սորվելու կը ձեռնարկէ, ան նոր բառեր գոց սորվելէն աւելին պէտք է ընէ։ Նոր լեզու սորվիլը կ’ընդգրկէ մտածելու նոր կերպ սորվիլ։ Օտար լեզուի մը մէջ տրամաբանութիւնը եւ զուարթամտութիւնը կրնան տարբեր ըլլալ։ Նոր հնչումները պիտի պահանջեն որ խօսելու գործարանները՝ ինչպէս լեզուն, տարբեր կերպով գործածուին։ Նոյնն է պարագան երբ սկսինք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մաքուր լեզուն սորվիլ։ Աստուածաշունչի կարգ մը հիմնական ուսուցումներ սորվելէն աւելին պահանջուած է։ Այս նոր լեզուին տիրանալը կը պարփակէ մեր մտածելակերպը ճշդել ու միտքը նորոգել։—Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։2. Եփեսացիս 4։23

7 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ մաքուր լեզուն ո՛չ միայն հասկնալու, այլեւ սահուն կերպով խօսելու։ Ինչպէս է պարագան որեւէ լեզու սորվելուն, կարգ մը հիմնական մեթոտներ կան, որոնք մեզի կրնան օգնել Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լեզուն խօսելու մէջ հմտանալու։ Նկատի առնենք օտար լեզու մը սորվելու կարգ մը հիմնական քայլեր եւ տեսնենք թէ անոնք ի՛նչպէս մեզի կ’օգնեն այլաբանական նոր լեզուն սորվելու։

Մաքուր լեզուն սահուն կերպով խօսիլ

8, 9. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք մաքուր լեզուն սորվիլ, եւ ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

8 Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ։ Սկիզբը, նոր լեզուն կրնայ անվարժ ականջին բոլորովին օտար հնչել։ (Եսա. 33։19) Բայց մինչ անհատը կը սորվի իր լսածին վրայ կեդրոնանալ, ան պիտի սկսի որոշ բառեր ու խօսքեր զատորոշել։ Նոյն կերպով, մեզի յորդոր կը տրուի. «Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք»։ (Եբ. 2։1) Բազմիցս Յիսուս իր աշակերտները խրատեց. «Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։ (Մատ. 11։15. 13։43. Մար. 4։23. Ղուկ. 14։35) Արդարեւ պէտք է ‘լսենք ու միտք առնենք’, որպէսզի մաքուր լեզուին հասկացողութեան մէջ յառաջդիմենք։—Մատ. 15։10. Մար. 7։14

9 Մտիկ ընելը կեդրոնացում կը պահանջէ, բայց այս ուղղութեամբ ջանք թափելը իսկապէս կ’արժէ։ (Ղուկ. 8։18) Քրիստոնէական ժողովներուն մէջ բացատրուած կէտերուն վրայ կը կեդրոնանա՞նք, թէ ոչ մտացիր կ’ըլլանք։ Կենսական է որ կեդրոնանալու համար մեր լաւագոյնը ընենք։ Այլապէս, մեր լսելիքները կրնան բթանալ։—Եբ. 5։11

10, 11. (ա) Ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ զատ, ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Մաքուր լեզուն խօսիլը ուրիշ ի՞նչ կը պարփակէ։

10 Սահուն կերպով խօսողները ընդօրինակէ։ Քաջալերութիւն կը տրուի նոր լեզու սորվող աշակերտներուն որ ո՛չ միայն ուշադրութեամբ մտիկ ընեն, այլ նաեւ՝ սահուն կերպով խօսողներուն առոգանութիւնն ու խօսելակերպը ընդօրինակեն։ Ասիկա աշակերտներուն կ’օգնէ որ ծանր առոգանութիւն չզարգացնեն, որ հետագային կրնայ իրենց հաղորդակցելու ջանքերը խափանել։ Նմանապէս, պէտք է սորվինք անոնցմէ, որոնք նոր լեզուն «սորվեցնելու արուեստ»ին տիրացած են։ (Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ) Օգնութիւն խնդրէ։ Երբ սխալներ ընես, սրբագրութիւնը սիրայօժար ընդունէ։—Կարդալ՝ Եբրայեցիս 12։5, 6, 11

11 Մաքուր լեզուն խօսիլը կը պարփակէ ո՛չ միայն ճշմարտութեան հաւատալ եւ զայն ուրիշներուն սորվեցնել, այլեւ մեր վարքը Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հետ ներդաշնակել։ Որպէսզի կարենանք ասիկա ընել, պէտք է ուրիշները ընդօրինակենք,– անոնց հաւատքն ու նախանձախնդրութիւնը, եւ Յիսուսի կենցաղը։ (Ա. Կոր. 11։1. Եբ. 12։2. 13։7) Ասիկա յարատեւաբար ընելը միութիւն կը յառաջացնէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ, թոյլ տալով որ նո՛յն առոգանութիւնը գործածեն, այլաբանօրէն խօսելով։—Ա. Կոր. 4։16, 17

12. Գոց սորվիլը նոր լեզու մը սորվելուն մէջ ի՞նչ դեր կը խաղայ։

12 Գոց սորվէ։ Լեզու մը սորվող աշակերտները պէտք է շատ բաներ իրենց յիշողութեան մէջ պահեն, ինչպէս՝ նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ։ Գոց սորվիլը Քրիստոնեաներուն կրնայ մեծապէս օգնել մաքուր լեզուին տիրանալու։ Վստահաբար օգտակար պիտի ըլլայ եթէ Աստուածաշունչի գիրքերուն անունները շարքով գոց սորվինք։ Ոմանք նպատակակէտ դրած են՝ կարգ մը համարներու բովանդակութիւնը կամ անոնց տեղերը գոց սորվիլ։ Ուրիշներ օգտակար գտած են անգիր ընել՝ Թագաւորութեան երգեցողութիւնները, Իսրայէլի ցեղերուն ու 12 առաքեալներուն անունները, եւ հոգիին պտուղը կազմող յատկութիւնները։ Վաղեմի ժամանակներուն, բազմաթիւ Իսրայելացիներ սաղմոսները գոց կը սորվէին։ Արդի ժամանակներուն, վեց տարեկան տղեկ մը արդէն իսկ աւելի քան 80 համար բառ առ բառ գոց սորված է։ Կրնա՞նք այս թանկարժէք հմտութիւնը աւելի լաւ կերպով գործածել։

13. Կրկնումը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

13 Կրկնումը յիշելու կը նպաստէ եւ յիշեցումները մեր քրիստոնէական դաստիարակութեան էական մէկ մասն են։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ»։ (Բ. Պետ. 1։12) Ինչո՞ւ յիշեցումներու կարիք ունինք։ Քանի որ անոնք մեր հասկացողութիւնը կը խորացնեն, մեր հայեցակէտը կ’ընդարձակեն եւ հոգեւորապէս հաստատ մնալու մեր վճռականութիւնը կ’ամրապնդեն։ (Սաղ. 119։129) Աստուծոյ չափանիշներն ու սկզբունքները յարատեւաբար վերաքաղ ընելը մեզի կ’օգնէ մենք մեզ մանրակրկիտ քննելու եւ «մոռացկոտ լսող» ըլլալու հակումը չէզոքացնելու։ (Յակ. 1։22-25, ԱՎ) Եթէ չշարունակենք ճշմարտութիւնը մենք մեզի յիշեցնել, այլ բաներ մեր սրտին վրայ ազդեցութիւն պիտի բանեցնեն եւ այլեւս պիտի չկարենանք մաքուր լեզուն սահուն կերպով խօսիլ։

14. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ երբ մաքուր լեզուն կ’ուսումնասիրենք։

14 Բարձրաձայն կարդա՛։ (Յայտ. 1։3, ՆԱ) Կարգ մը աշակերտներ կը փորձեն նոր լեզու մը լռելեայն եւ առանձին սորվիլ։ Ասիկա լաւագոյն արդիւնքը չի տար։ Նոյնպէս, երբ մաքուր լեզուն կը սորվինք, երբեմն պէտք է «մեղմաձայն» կարդանք՝ կեդրոնանալու համար։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 1։1, 2, ՆԱ) Ասիկա ընելը մեր կարդացածը անջնջելիօրէն կը դրոշմէ մեր մտքին մէջ։ Եբրայերէն լեզուին մէջ, ‘մեղմաձայն կարդալ’ արտայայտութիւնը մեծապէս առնչուած է խոկալուն հետ։ Ճիշդ ինչպէս որ մեր կերած ճաշէն լիովին օգտուելու համար պէտք է մարսենք, նոյնպէս մեր կարդացածը իւրացնելու համար պէտք է խոկանք։ Մեր ուսումնասիրած նիւթին վրայ խոկալու համար բաւարար ժամանակ կը յատկացնե՞նք։ Աստուածաշունչը կարդալէ ետք, մեր կարդացածին շուրջ խորապէս պէտք է մտածենք։

15. Ի՞նչպէս կրնանք մաքուր լեզուին «քերականութիւնը» սորվիլ։

15 Քերականութիւնը վերլուծէ։ Որոշ մէկ հանգրուանին, օգտակար է որ ուսումնասիրենք մեր սորված նոր լեզուին քերականութիւնը, կամ բառերու կազմուածքը եւ կանոնները։ Ասիկա թոյլ կու տայ որ լեզուին կառոյցը հասկնանք, որպէսզի կարենանք զայն պատշաճօրէն խօսիլ։ Ինչպէս լեզու մը բառամթերք ունի, աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաքուր լեզուն ալ «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» ունի։ (Բ. Տիմ. 1։13) Այդ «օրինակը» պէտք է ընդօրինակենք։

16. Ո՞ր հակումը պէտք է յաղթահարենք եւ ի՞նչպէս։

16 Շարունակէ յառաջդիմել։ Անհատ մը թերեւս լեզու մը սորվի սովորական խօսակցութիւն ընելու չափ, ապա դադրի յառաջդիմելէ։ Նոյնանման խնդիր մը կրնայ ծագիլ անոնց հետ, որոնք մաքուր լեզուն կը խօսին։ (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 5։11-14) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել այս հակումը յաղթահարելու։ Բառամթերքդ սիրայօժար ճոխացուր, այլաբանօրէն խօսելով։ «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով մեռած գործերէն ապաշխարելու, առ Աստուած հաւատք ունենալու, մկրտութիւններուն վարդապետութեանը, ձեռք դնելուն, մեռելներուն յարութեանը, յաւիտենական դատաստանին»։—Եբ. 6։1, 2

17. Բացատրէ թէ կանոնաւոր ուսումնասիրութեան սովորութիւնները ինչո՛ւ կարեւոր են։

17 Ուսումնասիրութեան հաստատ ժամեր նշանակէ։ Կանոնաւոր ուսումնասիրութեան կարճ պահերը աւելի լաւ են քան՝ անկանոն ուսումնասիրութեան երկար պահերը։ Ուսումնասիրէ այն պահերուն, երբ արթուն ես եւ դիւրաւ մտացիր չես ըլլար։ Նոր լեզու մը սորվիլը կը նմանի մացառուտի մէջ ճամբայ մը բանալուն։ Ճամբան ո՛րքան յաճախ գործածուի, ա՛յդքան կը դիւրանայ անկէ անցնիլը։ Եթէ ճամբան երկար ատեն չգործածուի, շուտով մացառուտը զայն կը ծածկէ։ Ուստի յարատեւութիւնը եւ անընդհատութիւնը կենսական են։ (Դան. 6։16, 20) Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մաքուր լեզուն խօսելուն առնչութեամբ, աղօթքով «հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ»։—Եփ. 6։18

18. Ինչո՞ւ ամէն առիթով մաքուր լեզուն պէտք է խօսինք։

18 Խօսէ՛, խօսէ՛, խօսէ՛։ Նոր լեզու մը սորվողներէն ոմանք կը վարանին զայն խօսելու, քանի որ կ’ամչնան կամ կը վախնան սխալ խօսելէ։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ անոնք չյառաջդիմեն։ Երբ անհատ մը լեզու մը կը սորվի, զայն գործածելը կենսական է։ Ան նոր լեզուն ո՛րքան աւելի խօսի, ա՛յնքան աւելի դիւրաւ պիտի գործածէ զայն։ Մենք ալ մաքուր լեզուն ամէն առիթով պէտք է գործածենք։ «Սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի [«հանրային յայտարարութիւն կ’ընէ», ՆԱ] փրկուելու համար»։ (Հռով. 10։10) Ո՛չ թէ միայն մեր մկրտութեան ժամանակ «հանրային յայտարարութիւն» կ’ընենք, այլ նաեւ՝ երբ ամէն առիթով Եհովայի մասին կը խօսինք, ի ներառեալ՝ երբ ծառայութեան կը մասնակցինք։ (Մատ. 28։19, 20. Եբ. 13։15) Մեր քրիստոնէական ժողովները թոյլ կու տան որ մաքուր լեզուով յստակ ու հակիրճ մեկնաբանութիւններ ներկայացնենք։—Կարդալ՝ Եբրայեցիս 10։23-25

Միութեամբ մաքուր լեզուն գործածենք՝ Եհովան փառաբանելու համար

19, 20. (ա) Ներկայիս Եհովայի Վկաներուն կողմէ ի՞նչ հիանալի բան մը կ’իրագործուի։ (բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

19 Ո՜րքան հետաքրքրաշարժ պիտի ըլլար ներկայ ըլլալ Երուսաղէմի մէջ, Կիրակի առաւօտուն՝ Հ.Դ. 33–ի Սիվան 6–ին։ Ժամը 9–էն ճիշդ առաջ, վերնատան մը մէջ հաւաքուած անհատներ հրաշալիօրէն սկսան «ուրիշ լեզուներով խօսիլ»։ (Գործք 2։4) Ներկայիս, լեզուներ խօսելու պարգեւը Աստուծոյ ծառաներուն մատչելի չէ։ (Ա. Կոր. 13։8) Այսուհանդերձ Եհովայի Վկաները Թագաւորութեան բարի լուրը կը ծանուցանեն աւելի քան 430 լեզուներով։

20 Ո՜րքան երախտապարտ ենք որ ի՛նչ լեզու ալ խօսինք, բոլորս միութեամբ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մաքուր լեզուն կը խօսինք։ Ձեւով մը, ասիկա Բաբելոնի մէջ տեղի ունեցածին հակառակն է։ Որպէս թէ մէկ լեզուով, Եհովայի ժողովուրդը իր անունին փառք կը բերէ։ (Ա. Կոր. 1։10) Վճռենք շարունակել «ուս ուսի» ծառայել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ համայն աշխարհի մէջ, մինչ կը սորվինք այս մէկ լեզուն աւելի սահուն կերպով խօսիլ, մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի փառքին համար։—Կարդալ՝ Սաղմոս 150։1-6

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչ է մաքուր լեզուն։

• Մաքուր լեզուն խօսիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ մաքուր լեզուն սահուն կերպով խօսելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 29]

Մաքուր լեզուն սահուն կերպով խօսելու կարողութիւնդ բարելաւէ՝

ուշադրութեամբ մտիկ ընելով։

Ղուկ. 8։18. Եբ. 2։1

սահուն կերպով խօսողները ընդօրինակելով։

Ա. Կոր. 11։1. Եբ. 13։7

գոց սորվելով եւ կրկնելով։

Յակ. 1։22-25. Բ. Պետ. 1։12

բարձրաձայն կարդալով։

Սաղ. 1։1, 2. Յայտ. 1։3

«քերականութիւնը» վերլուծելով։

Բ. Տիմ. 1։13

շարունակելով յառաջդիմել։

Եբ. 5։11-14. 6։1, 2

ուսումնասիրութեան հաստատ ժամանակներ նշանակելով։

Դան. 6։16, 20. Եփ. 6։18

զայն խօսելով։

Հռով. 10։10. Եբ. 10։23-25

[Նկարներ՝ էջ 30]

Եհովայի ժողովուրդը միութեամբ «մաքուր լեզուն» կը խօսի