Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ

Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ

Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ

«Քու ճշմարտութեանդ մէջ [պիտի] քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։—ՍԱՂ. 86։11

1, 2. (ա) Սաղմոս 86։2, 11–ի համաձայն, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ փորձութիւններու ներքեւ Եհովայի հաւատարիմ մնանք։ (բ) Սրտագին նուիրուածութիւնը ե՞րբ պէտք է մշակուի։

ԻՆՉՈ՞Ւ կարգ մը Քրիստոնեաներ, որոնք երկար տարիներ հաւատարիմ կը մնան՝ հակառակ բանտարկութեան կամ հալածանքի, հետագային նիւթապաշտութեան անձնատուր կ’ըլլան։ Պատասխանը առնչուած է մեր այլաբանական սիրտին հետ,– մեր ներքին իսկական մարդը։ Սաղմոս 86–ը նուիրուածութիւնը կը կապէ միացած սիրտին հետ, որ կատարեալ սիրտ է։ Սաղմոսերգու Դաւիթ աղօթեց. «Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ [«հաւատարիմ», ՆԱ] եմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ»։ Ան նաեւ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։—Սաղ. 86։2, 11

2 Եթէ ամբողջ սիրտով Եհովայի չվստահինք, այլ հարցեր ու յարաբերութիւններ ճշմարիտ Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրուածութիւնը պիտի տկարացնեն։ Անձնասէր ցանկութիւնները կը նմանին մեր բռնած ճամբուն տակ զետեղուած ականներու։ Փորձիչ պարագաներու ներքեւ Եհովայի հաւատարիմ մնալով հանդերձ, կրնանք Սատանայի կողմէ լարուած որոգայթներու զոհ երթալ։ Ո՜րքան կենսական է որ հիմա իսկ Եհովայի հանդէպ սրտագին նուիրուածութիւն մշակենք, փորձութիւններու հանդիպելէ առաջ։ «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Առ. 4։23) Այս առնչութեամբ թանկարժէք դասեր կրնանք սորվիլ՝ Յուդայի մէջ բնակող մարգարէին փորձառութենէն, զոր Եհովա Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին ղրկեց։

«Քեզի պարգեւ տամ»

3. Յերոբովամ Աստուծոյ մարգարէին հաղորդած դատաստանական պատգամին ի՞նչպէս հակազդեց։

3 Երեւակայէ տեսարանը։ Աստուծոյ մարդը ծանրակշիռ պատգամ մը կը հաղորդէ Յերոբովամ թագաւորին, որ Իսրայէլի հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ հորթի պաշտամունքը հաստատած էր։ Թագաւորը կը զայրանայ ու իր մարդոց կը հրամայէ որ պատգամաբերը ձերբակալեն։ Բայց Եհովա իր ծառային հետ է։ Անմիջապէս թագաւորին երկարած ձեռքը հրաշալիօրէն կը չորնայ եւ բագինը կը ճեղքուի։ Յերոբովամի վերաբերմունքը յանկարծ կը փոխուի։ Ան Աստուծոյ մարդուն կ’աղաչէ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղաչէ՛ ու ինծի համար աղօթք ըրէ՛, որ ձեռքս ինծի դառնայ»։ Մարգարէն կ’աղօթէ եւ թագաւորին ձեռքը կը բուժուի։—Գ. Թագ. 13։1-6

4. (ա) Թագաւորին առաջարկը ինչո՞ւ մարգարէին նուիրուածութիւնը իսկական փորձի ենթարկեց։ (բ) Ի՞նչ էր մարգարէին պատասխանը։

4 Յետոյ Յերոբովամ ճշմարիտ Աստուծոյ մարդուն կ’ըսէ. «Ինծի հետ տուն եկուր եւ քիչ մը կերակուր կե՛ր ու քեզի պարգեւ տամ»։ (Գ. Թագ. 13։7) Այժմ մարգարէն ի՞նչ ընելու է։ Ան թագաւորին հիւրասիրութիւնը պէ՞տք է ընդունի, թէեւ անոր դատապարտական պատգամ մը հաղորդեց։ (Սաղ. 119։113) Կամ, ան թագաւորին հրաւէրը պէ՞տք է մերժէ, թէեւ թագաւորը խղճահար կը թուի։ Վստահաբար Յերոբովամ ի վիճակի է իր բարեկամներուն սուղ նուէրներ տալու։ Եթէ Աստուծոյ մարգարէն նիւթական բաներու հանդէպ գաղտնի ցանկութիւն մը սնուցանած է, թագաւորին առաջարկը հաւանաբար մեծ փորձութիւն մըն է։ Սակայն Եհովա մարգարէին պատուիրած է. «Հաց չուտես ու ջուր չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս»։ Ուստի մարգարէն հաստատօրէն կը պատասխանէ. «Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չգամ ու այստեղ հաց պիտի չուտեմ, ո՛չ ալ ջուր պիտի խմեմ»։ Ապա մարգարէն ուրիշ ճամբայով Բեթէլէն կը մեկնի։ (Գ. Թագ. 13։8-10) Մարգարէին որոշումը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ սրտագին նուիրուածութեան մասին։—Հռով. 15։4

«Բաւականանանք»

5. Նիւթապաշտութիւնը ի՞նչպէս նուիրուածութեան հարց մըն է։

5 Նիւթապաշտութիւնը նուիրուածութեան հարց մը կրնայ չթուիլ, բայց անիկա այդպէս է։ Մեր իսկական կարիքները գոհացնելու Եհովայի խոստումին կը վստահի՞նք։ (Մատ. 6։33. Եբ. 13։5) Փոխանակ ջանալու որ կեանքի մէջ կարգ մը «աւելի լաւ» բաներ ամէն գնով ձեռք ձգենք, կրնա՞նք առանց անոնց ապրիլ։ (Կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 4։11-13) Կը փորձուի՞նք աստուածպետական առանձնաշնորհումներէ ետ կենալ, որպէսզի մեր փափաքածը հիմա ձեռք ձգենք։ Եհովայի հաւատարմաբար ծառայելը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ՞։ Մեր պատասխանները մեծաւ մասամբ կախեալ պիտի ըլլան թէ Աստուծոյ սրտա՛նց կը ծառայենք կամ ոչ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։—Ա. Տիմ. 6։6-8

6. Մեզի ի՞նչ «պարգեւ»ներ կրնան ներկայացուիլ, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որոշելու թէ զանոնք ընդունի՛նք թէ մերժենք։

6 Օրինակ, մեր գործատէրը կրնայ մեզի պաշտօնի բարձրացում առաջարկել, աւելի լաւ վճարումով եւ այլ օգուտներով։ Կամ, թերեւս անդրադառնանք թէ նիւթական աւելի մեծ վարձատրութիւններ կրնանք ձեռք ձգել, եթէ գործի համար օտար երկիր մը կամ շրջան մը փոխադրուինք։ Սկիզբը այսպիսի պատեհութիւններ կրնան Եհովայի կողմէ օրհնութիւն մը թուիլ։ Բայց քայլ մը առնելէ առաջ, պէտք չէ՞ մեր շարժառիթները քննենք։ Մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ՝ «Որոշումս ի՞նչպէս պիտի ազդէ Եհովայի հետ յարաբերութեանս»։

7. Նիւթապաշտական ցանկութիւնները արմատահան ընելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

7 Սատանայի դրութիւնը անխոնջօրէն նիւթապաշտութիւնը կը քաջալերէ։ (Կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16) Բանսարկուին նպատակն է մեր սիրտերը ապականել։ Հետեւաբար արթուն պէտք է ըլլանք որ մեր սիրտին մէջ նիւթապաշտական ցանկութիւնները բնորոշենք եւ արմատախիլ ընենք։ (Յայտ. 3։15-17) Յիսուս՝ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները իրեն տալու Սատանայի առաջարկը մերժելու դժուարութիւն չունեցաւ։ (Մատ. 4։8-10) Ան զգուշացուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկ. 12։15) Նուիրուածութիւնը մեզի պիտի օգնէ Եհովայի ապաւինելու, փոխանակ մեր անձին։

Ծեր մարգարէ մը անոր «սուտ խօսեցաւ»

8. Աստուծոյ մարգարէին նուիրուածութիւնը ի՞նչպէս փորձի ենթարկուեցաւ։

8 Ամէն բան լաւ ընթացած պիտի ըլլար, եթէ Աստուծոյ մարգարէն դէպի տուն իր ուղեւորութիւնը շարունակէր։ Սակայն ան անմիջապէս ուրիշ փորձ մը դիմագրաւեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բեթէլի մէջ ծեր մարգարէ մը կը բնակէր։ Անոր որդիները եկան ու Աստուծոյ մարդուն նոյն օրը Բեթէլի մէջ բոլոր ըրած գործերը անոր պատմեցին»։ Տեղեկագրութիւնը լսելով, ծերը անոնց կ’ըսէ որ էշ մը համետեն իրեն համար, որպէսզի Աստուծոյ մարգարէին ետեւէն երթայ։ Շատ չանցած, ան մարգարէն բեւեկնիի մը տակ նստած կը գտնէ եւ կ’ըսէ. «Ինծի հետ տուն եկո՛ւր ու հաց կե՛ր»։ Երբ ճշմարիտ Աստուծոյ մարդը հրաւէրը կը մերժէ, ծերը կը պատասխանէ. «Ես ալ քեզի պէս մարգարէ եմ ու հրեշտակ մը ինծի հետ Տէրոջը խօսքովը խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա քեզի հետ քու տունդ դարձո՛ւր, որպէս զի հաց ուտէ ու ջուր խմէ’»։ Բայց Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Սուտ խօսեցաւ»։—Գ. Թագ. 13։11-18

9. Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ կ’ըսեն խաբեբաներուն մասին, եւ անոնք որո՞նց կը վնասեն։

9 Ծեր մարգարէին շարժառիթը ի՛նչ որ ալ ըլլար, ան սուտ խօսեցաւ։ Թերեւս ծերը նախապէս Եհովայի հաւատարիմ մարգարէ մըն էր։ Սակայն այժմ ան խաբեբայութեամբ կը վարուէր։ Սուրբ Գրութիւնները այս բարքը խստօրէն կը դատապարտեն։ (Կարդալ՝ Առակաց 3։32) Խաբեբաները ո՛չ միայն իրենք իրենց հոգեւորապէս կը վնասեն, այլ յաճախ՝ ուրիշներու։

«Անոր հետ դարձաւ»

10. Աստուծոյ մարգարէն ծերին հրաւէրին ի՞նչպէս ընդառաջեց, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

10 Յուդայէն եկող մարգարէն պէտք էր կարենար ծեր մարգարէին խորամանկութիւնը զատորոշել։ Ան կրնար մտածել. ‘Եհովա ինչո՞ւ ուրիշ մէկու մը հրեշտակ պիտի ղրկէ, ինծի նոր հրահանգներ տալու համար’։ Մարգարէն կրնար Եհովայէ խնդրել որ հարցը յստակացնէ, բայց Սուրբ Գրութիւնները ցոյց չեն տար թէ ան ասիկա ըրաւ։ Փոխարէն, ան ծեր մարգարէին հետ «դարձաւ եւ անոր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց»։ Եհովա ասոր չհաճեցաւ։ Երբ խաբուած մարգարէն ճամբայ ելաւ որ Յուդա վերադառնայ, առիւծ մը իրեն հանդիպեցաւ ու զինք մեռցուց։ Անոր մարգարէական ասպարէզը ի՜նչ ողբերգական վախճան մը ունեցաւ։—Գ. Թագ. 13։19-25 *

11. Աքիա ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

11 Միւս կողմէ, Յերոբովամը թագաւոր օծելու ղրկուած Աքիա մարգարէն, մինչեւ իր ծերութիւնը հաւատարիմ մնաց։ Երբ Աքիա ծերացած ու կուրցած էր, Յերոբովամ իր կինը ղրկեց որ իրեն հարցնէ իր տղուն առողջութեան մասին։ Աքիա խիզախօրէն նախագուշակեց տղուն մահը։ (Գ. Թագ. 14։1-18) Աքիայի ստացած բազմաթիւ օրհնութիւններէն մէկն էր՝ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումը։ Ի՞նչպէս։ Հետագային Եզրաս քահանան իր գրութիւնները օգտագործեց իբրեւ աղբիւր։—Բ. Մն. 9։29

12-14. (ա) Յուդայէն եկող մարգարէին պատահած դէպքէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ (բ) Լուսաբանէ թէ ինչո՛ւ երէցներուն տուած աստուածաշնչական խրատները բծախնդրաբար եւ աղօթքով նկատի պէտք է առնենք։

12 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Յուդայէն եկող մարգարէն ինչո՛ւ Եհովայի չդիմեց, ծերին հետ վերադառնալէ եւ ուտելէ ու խմելէ առաջ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ծերը իրեն ըսաւ ի՛նչ որ ինք կ’ուզէր լսել։ Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Բացարձակապէս համոզուած պէտք է ըլլանք որ Եհովայի պահանջները իրաւացի են։ Եւ պէտք է վճռենք անոնց հետեւիլ, ի՛նչ որ ալ պատահի։

13 Երբ հարցը խրատի վերաբերի, ոմանք կը լսեն ի՛նչ որ կ’ուզեն լսել։ Օրինակ, թերեւս հրատարակիչի մը առաջարկուի գործ մը որ կրնայ նուազեցնել իր ընտանիքին եւ աստուածպետական գործունէութիւններու յատկացուցած ժամանակը։ Ան երէցէ մը խրատ կը խնդրէ։ Երէցը նախ կը նշէ թէ ի վիճակի չէ իրեն ըսելու թէ իր ընտանիքին կարիքները ի՛նչպէս պէտք է հոգայ։ Ապա ան եղբօր ցոյց կու տայ առաջարկուած գործին պարփակած վտանգները։ Եղբայրը պիտի յիշէ միա՞յն երէցին սկիզբի խօսքը, թէ ոչ լրջօրէն նկատի պիտի առնէ անոր յաջորդ խօսքերը։ Բացայայտ է որ եղբայրը պէտք է որոշէ թէ իրեն համար ի՛նչ բան լաւագոյնն է՝ հոգեւոր գետնի վրայ։

14 Նկատի առ այլ հաւանական կացութիւն մը։ Քոյր մը թերեւս երէցի մը հարցնէ թէ իր անհաւատ ամուսինէն պէ՞տք է բաժնուի։ Անկասկած երէցը պիտի բացատրէ թէ բաժնուելու կամ չբաժնուելու որոշումը քրոջ կ’իյնայ։ Ապա ան ուշադրութեան պիտի յանձնէ նիւթին վերաբերեալ աստուածաշնչական խրատները։ (Ա. Կոր. 7։10-16) Քոյրը երէցին ըսածներուն մասին լրջօրէն պիտի մտածէ՞, թէ ոչ ան արդէն միտքը դրած է իր ամուսինէն բաժնուիլ։ Երբ ան որոշում պիտի կայացնէ, խոհեմութիւն է որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խրատները աղօթքով նկատի առնէ։

Համե՛ստ եղիր

15. Աստուծոյ մարգարէին սխալէն ի՞նչ կը սորվինք։

15 Յուդայէն եկող մարգարէին սխալէն ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Առակաց 3։5–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։ Փոխանակ շարունակելու Եհովայի ապաւինիլ, ինչպէս անցեալին ըրած էր, Յուդայէն եկող մարգարէն այս անգամ իր դատողութեան վստահեցաւ։ Ան իր սխալին պատճառաւ, իր կեանքը եւ Աստուծոյ քով իր լաւ անունը կորսնցուց։ Անոր փորձառութիւնը ո՜րքան ուժգնօրէն կ’ընդգծէ՝ համեստօրէն եւ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելուն արժէքը։

16, 17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ Եհովայի հաւատարիմ մնալու։

16 Մեր սիրտին եսասէր թեքումը մեզ մոլորեցնելու հակամէտ է։ «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է»։ (Եր. 17։9) Եհովայի հաւատարիմ մնալու համար, պէտք է շարունակենք ծանր աշխատիլ հին անձնաւորութիւնը թօթափելու, իր յաւակնոտութեան ու անձնապաստանութեան հակումով։ Եւ նոր անձնաւորութիւնը պէտք է հագնինք, «որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով [«նուիրուածութեամբ», ՆԱ] ստեղծուած է»։—Կարդալ՝ Եփեսացիս 4։22-24

17 «Իմաստութիւնը խոնարհներուն [«համեստներուն», ՆԱ] հետ է», կ’ըսէ Առակաց 11։2–ը։ Համեստօրէն Եհովայի ապաւինիլը մեզի կ’օգնէ լուրջ սխալներ չգործելու։ Օրինակ, վհատութիւնը դիւրաւ կրնայ մեր դատողութիւնը խեղաթիւրել։ (Առ. 24։10) Կրնանք սրբազան ծառայութեան որոշ մէկ երեսակէն ձանձրանալ եւ զգալ թէ տարիներու ընթացքին մեր ըրածը բաւարար է, խորհելով որ թերեւս ժամանակն է որ ուրիշներ բեռը կրեն։ Կամ, թերեւս փափաքինք աւելի «բնական» կեանք մը վարել։ Սակայն ‘ջանք ընելը’ եւ ‘Տէրոջ գործին մէջ ամէն ատեն աւելնալը’ մեր սիրտը պիտի պաշտպանէ։—Ղուկ. 13։24. Ա. Կոր. 15։58

18. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ չենք գիտեր թէ ի՛նչ որոշում կայացնենք։

18 Երբեմն դժուար որոշումներ պէտք է կայացնենք, եւ հետեւելիք շիտակ ընթացքը կրնայ ակներեւ չըլլալ։ Այդ պարագային պիտի փորձուի՞նք հարցը մե՛ր կերպով լուծել։ Այսպիսի կացութեան մը ներքեւ, խոհեմութիւն է որ Եհովայէ օգնութիւն խնդրենք։ Յակոբոս 1։5–ը կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ»։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզի հարկ եղած սուրբ հոգին պիտի տայ, որպէսզի կարենանք լաւ որոշումներ կայացնել։—Կարդալ՝ Ղուկաս 11։9, 13

Վճռէ հաւատարիմ մնալ

19, 20. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Ճշմարիտ պաշտամունքէն Սողոմոնի խոտորումը խռովալից տարիներ բերաւ, որոնք Աստուծոյ ծառաներուն նուիրուածութիւնը խիստ փորձի ենթարկեցին։ Ճիշդ է որ շատեր այս կամ այն կերպով համակերպեցան, բայց ոմանք Եհովայի հաւատարիմ մնացին։

20 Ամէն օր մեր նուիրուածութիւնը փորձի տակ դնող ընտրութիւններ եւ որոշումներ կը դիմագրաւենք։ Մենք ալ կրնա՛նք ապացուցանել թէ հաւատարիմ ենք։ Թող միշտ Եհովայի հաւատարիմ մնանք, մինչ մեր սիրտը կը միացնենք, լիովին վստահ ըլլալով որ ան իր հաւատարիմները պիտի շարունակէ օրհնել։—Բ. Թագ. 22։26

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Եհովա ծեր մարգարէին մահը պատճառեց։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք մեր սիրտէն նիւթապաշտական ցանկութիւնները արմատախիլ ընել։

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ Եհովայի հաւատարիմ մնալու։

• Համեստութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Փորձութիւններու դէմ դնելու դժուարութիւն ունի՞ս

[Նկարներ՝ էջ 18]

Աղօթքով նկատի պիտի առնե՞ս Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խրատները