Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուսնութեան մէջ «երեքպատիկ դերձան» պահպանէ

Ամուսնութեան մէջ «երեքպատիկ դերձան» պահպանէ

Ամուսնութեան մէջ «երեքպատիկ դերձան» պահպանէ

«Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր» (ԺՈՂ. 4։12

1. Ո՞վ առաջին մարդկային զոյգը լծակից դարձուց։

ԲՈՅՍԵՐՆ ու անասունները ստեղծելէ ետք, Եհովա Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց։ Հետագային, Աստուած Ադամը խորունկ քունի մը մէջ ձգեց եւ անոր մէկ կողոսկրէն կատարեալ օգնական մը ձեւակերպեց։ Զայն տեսնելով՝ Ադամ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է» (Ծն. 1։27. 2։18, 21-23)։ Եհովա իր հաւանութիւնը յայտնեց, մարդկային առաջին զոյգը լծակից դարձնելով ու զանոնք օրհնելով (Ծն. 1։28. 2։24

2. Սատանան ի՞նչպէս Ադամի ու Եւայի միջեւ խրամատ յառաջացուց։

2 Դժբախտաբար, Աստուծոյ կողմէ կարգադրուած ամուսնութիւնը շուտով յարձակման թիրախ դարձաւ։ Ի՞նչպէս։ Չար ոգի մը, որ Սատանայ կոչուեցաւ, Եւան խաբեց որ միակ արգիլուած ծառէն ուտէ։ Անկէ ետք, Ադամ իր անհնազանդ կնոջ միացաւ, Աստուծոյ իրաւացի իշխանութեան ու բարի ուղղութեան դէմ ըմբոստանալով (Ծն. 3։1-7)։ Երբ Եհովա զոյգին հարցուց թէ ի՞նչ ըրին, բացայայտ դարձաւ թէ անոնց միջեւ արդէն լարուած յարաբերութիւն մը զարգացած էր։ Ադամ իր կինը մեղադրեց, ըսելով. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ» (Ծն. 3։11-13

3. Կարգ մը հրեաներ ո՞ր սխալ տեսակէտը զարգացուցին։

3 Անկէ ետք, Սատանան միշտ խորամանկ մեթոտներ գործածած է ամուսնական անհամերաշխութիւն տարածելու համար։ Օրինակ, ան երբեմն կրօնական առաջնորդներ գործածած է ամուսնութեան շուրջ անաստուածաշնչական տեսակէտ մը քաջալերելու համար։ Կարգ մը հրեայ առաջնորդներ Աստուծոյ չափանիշները նուազագոյն աստիճանի իջեցուցին, թոյլ տալով որ ամուսինը իր կինը արձակէ չնչին պատճառներով, ինչպէս՝ աղի ճաշ պատրաստելը։ Բայց Յիսուս նշեց. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատ. 19։9

4. Ներկայիս ամուսնական կարգադրութիւնը ի՞նչպէս յարձակման կ’ենթարկուի։

4 Սատանան տակաւին կը ջանայ ամուսնական կապը խզել։ Միասեռական ամուսնութիւնները, միասնաբար ապրող չամուսնացած զոյգերը եւ դիւրին ամուսնալուծումները կ’ապացուցանեն թէ ան այս առնչութեամբ շատ յաջողութիւն կը գտնէ (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։4Որպէս քրիստոնեաներ, ի՞նչ կրնանք ընել ամուսնութեան վերաբերեալ խեղաթիւրուած տեսակէտէն չազդուելու համար։ Նկատի առնենք երջանիկ ու յաջող ամուսնութեան կարգ մը առանձնայատկութիւնները։

Ամուսնութեանդ մէջ Եհովան պահէ

5. «Երեքպատիկ դերձան» արտայայտութիւնը ամուսնութեան առնչութեամբ ի՞նչ կը նշանակէ։

5 Ամուսնութիւն մը ուռճանալու համար, Եհովա անոր մաս պէտք է կազմէ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր» (Ժող. 4։12)։ «Երեքպատիկ դերձան»ը այլաբանական արտայայտութիւն մըն է։ Ամուսնութեան առնչութեամբ անիկա կը պարփակէ ամուսինն ու կինը,– երկու թել,– որոնք կեդրոնական թելին՝ Եհովա Աստուծոյ միացած են։ Աստուծոյ հետ միութեան մէջ ըլլալը զոյգին հոգեւոր զօրութիւն կու տայ որ խնդիրներու հետ գլուխ ելլեն, ամուսնութեան երջանկութեան բանալին հանդիսանալով։

6, 7. ա) Քրիստոնեաներ ի՞նչ կրնան ընել վստահ ըլլալու համար թէ Աստուած իրենց ամուսնութեան մէջ է։ բ) Քոյր մը իր ամուսինին նկատմամբ ի՞նչ կ’արժեւորէ։

6 Բայց ամոլներ ի՞նչ կրնան ընել վստահ ըլլալու համար թէ իրենց ամուսնութիւնը երեքպատիկ դերձանի նման է։ Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է» (Սաղ. 40։8)։ Աստուծոյ սէրը նոյնպէս կը մղէ մեզ կատարեալ սրտով իրեն ծառայելու։ Ուստի երկու կողակիցներն ալ Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն պէտք է մշակեն եւ իր կամքը ընելով ուրախանան։ Ամոլները նաեւ պէտք է ջանան Աստուծոյ հանդէպ իրենց կողակիցին սէրը խորացնել (Առ. 27։17

7 Եթէ Աստուծոյ օրէնքը իրապէս մեր ներսիդին է, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ նման յատկութիւններ պիտի դրսեւորուին ու ամուսնական կապը ճոխացնեն (Ա. Կոր. 13։13)։ Սանտրա անունով քրիստոնեայ մը, որ 50 տարիէ ի վեր ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Ամուսինիս արժէքաւոր յատկութիւններն են՝ իր հոգեւոր առաջնորդութիւնն ու խրատը եւ Եհովայի հանդէպ իր սէրը, որ ինծի հանդէպ իր ունեցած սէրէն աւելի զօրաւոր է»։ Ամուսիննե՛ր, ձեր մասին համանման խօսքեր կրնա՞ն ըսուիլ։

8. Ամուսնութեան մէջ «աղէկ վարձք» ստանալու համար, ի՞նչ բանի հարկ կայ։

8 Որպէս զոյգ, հոգեւոր բաները եւ Թագաւորութեան շահերը ձեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը կը պահէ՞ք։ Ասկէ զատ, կողակիցդ իսկապէս կը նկատե՞ս ընկերակիցդ Եհովայի ծառայութեան մէջ (Ծն. 2։24)։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Երկուքը մէկէն աղէկ է, վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի» (Ժող. 4։9)։ Արդարեւ ամուսինն ու կինը ծանր պէտք է աշխատին, որպէսզի «աղէկ վարձք» վայելեն,– Աստուծոյ օրհնութիւնը ունեցող սիրալիր ու մնայուն կապ։

9. ա) Ամուսինը ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունի։ բ) Կողոսացիս 3։19–ի համաձայն, ամուսինը իր կնոջ հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուի։

9 Ամուսնութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը բացայայտ կ’ըլլայ, երբ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը կը ջանան անոր պահանջներուն գոհացում տալ։ Ամուսինը ընտանիքին նիւթական ու հոգեւոր կարիքները հայթայթելու գլխաւոր պարտաւորութիւնը ունի (Ա. Տիմ. 5։8)։ Անոր նաեւ քաջալերութիւն տրուած է որ իր կնոջ զգացական կարիքներուն հանդէպ նկատառու ըլլայ։ Կողոսացիս 3։19–ի մէջ կը կարդանք. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց»։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը բացատրեց թէ «դառն» բառը կը պարփակէ «ծանր խօսքեր ըսել կամ զարնել, եւ մերժել անոնց տալ գուրգուրանք, խնամք, հայթայթում, պաշտպանութիւն ու աջակցութիւն»։ Բացորոշ է որ այսպիսի վարուելակերպ մը քրիստոնէական տան մէջ անպատշաճ է։ Իր գլխաւորութիւնը սիրալիր կերպով գործադրող ամուսինը, իր կնոջ մէջ կը խթանէ հպատակելու պատրաստակամութիւնը։

10. Քրիստոնեայ կիներ ի՞նչպիսի կեցուածք պէտք է ցուցաբերեն։

10 Քրիստոնեայ կիներ, որոնք կը ջանան Եհովան իրենց ամուսնութեան մէջ պահել, նոյնպէս Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում պէտք է տան։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է» (Եփ. 5։22, 23)։ Սատանան խաբեց Եւան, յառաջ մղելով այն սուտը թէ Աստուծմէ անկախ ըլլալը մնայուն երջանկութիւն կը բերէ։ Այժմ բազմաթիւ ամուսնութիւններու մէջ անկախութեան հոգին կը տեսնուի։ Սակայն աստուածավախ կիներու համար, իրենց սիրալիր գլուխին ենթարկուիլը անախորժ չէ։ Անոնք կը յիշեն թէ Եհովա Եւան նշանակեց որ իր ամուսինին «օգնական» ըլլայ, ինչ որ Աստուած բացայայտօրէն սեպեց պատուարժան դիրք մը (Ծն. 2։18)։ Այդ կարգադրութեան հետ յօժարափոյթ համագործակցող քրիստոնեայ կինը իրապէս «իր էրկանը պսակ է» (Առ. 12։4

11. Ըստ եղբօր մը եզրակացութեան, ի՞նչ բան իր ամուսնութեան մէջ օգտակար եղած է։

11 Աստուած ամուսնութեան մէջ պահելու այլ ազդակ մըն է՝ իր Խօսքը միասնաբար ուսումնասիրելը։ Ճերալտ, որ 55 տարիէ ի վեր երջանիկ ամուսնութիւն մը կը վայելէ, կ’ըսէ. «Յաջող ամուսնութեան մէջ ամէնէն կենսական բաղադրատարրն է՝ Աստուածաշունչը միասին ընթերցել եւ ուսումնասիրել»։ Ան կ’աւելցնէ. «Միասնաբար գործունէութիւններ ընելը, յատկապէս հոգեւոր բաները, կողակիցները իրարու եւ Եհովայի աւելի կը մօտեցնէ»։ Աստուածաշունչը միասնաբար ուսումնասիրելը ընտանիքին կ’օգնէ Եհովայի չափանիշները յստակօրէն յիշելու, հոգեւորութիւնը խորացնելու եւ շարունակաբար յառաջդիմելու։

12, 13. ա) Միասնաբար աղօթելը ամոլներուն համար ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ բ) Ուրիշ ի՞նչ հոգեւոր գործունէութիւններ ամուսնութիւնը կը զօրացնեն։

12 Երջանիկ ամոլներ նաեւ միասնաբար կ’աղօթեն։ Երբ ամուսինը ‘իր սիրտը կը բանայ’, իրենց պարագաներուն յատուկ խնդրանքներ մատուցանելով, ասիկա ամուսնական կապը կ’ամրապնդէ (Սաղ. 62։8)։ Օրինակ, միասնաբար Ամենակալէն առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն խնդրելէ ետք, ո՜րքան դիւրին պիտի ըլլայ կողակիցիդ հետ ունեցած տարակարծութիւններդ մէկդի դնել (Մատ. 6։14, 15)։ Աղօթքին հետ ներդաշնակ գործելով, ո՜րքան յարմար պիտի ըլլայ որ իւրաքանչիւր լծակից վճռէ միւսին օգնել եւ ‘համբերել ու ներել’ (Կող. 3։13)։ Ի մտի ունեցիր թէ աղօթքը Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն կը յայտնէ։ Դաւիթ թագաւոր ըսաւ. «Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն» (Սաղ. 145։15)։ Երբ աղօթքով Եհովայի կը սպասենք, նուազ մտահոգութիւններ կ’ունենանք, գիտակցելով թէ ‘ան մեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետ. 5։7

13 Եհովան ամուսնութեան մէջ պահելու այլ բանալի մըն է՝ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլը եւ ծառայութեան միասնաբար մասնակցիլը։ Մեր ժողովներուն, ամոլներ կը սորվին պայքարիլ այն «հնարքներուն» դէմ, զորս Սատանան կը գործածէ ընտանիքները պառակտելու համար (Եփ. 6։11)։ Իսկ ծառայութեան մէջ կանոնաւորաբար միասին աշխատող ամուսինն ու կինը կը սորվին ‘հաստատուն եւ անշարժ կենալ’ (Ա. Կոր. 15։58

Երբ դժուարութիւններ ծագին

14. Ի՞նչ ազդակներ կրնան ամուսնութեան մէջ ճնշում աւելցնել։

14 Ճիշդ է որ վերոնշեալ թելադրութիւնները նոր չեն, բայց ինչո՞ւ բացէ ի բաց անոնց մասին կողակիցիդ հետ չխօսիս։ Տես եթէ ամուսնութեանդ մէջ որոշ մարզ մը յաւելեալ ուշադրութեան արժանի է։ Սակայն Աստուածաշունչը կը նշէ թէ նոյնիսկ աստուածապաշտ ամոլները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան» (Ա. Կոր. 7։28)։ Մարդկային անկատարութեան, անօրէն աշխարհին չար ազդեցութեան եւ Բանսարկուին որոգայթներուն պատճառաւ, նոյնիսկ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն ամուսնութիւնը կրնայ մեծ ճնշումի ենթարկուիլ (Բ. Կոր. 2։11)։ Բայց Եհովա մեզ կարող կը դարձնէ որ այսպիսի ճնշումի հետ գլուխ ելլենք։ Արդարեւ ասիկա կարելի է։ Հաւատարիմ Յոբ իր խաշինքը, իր ծառաները եւ իր զաւակները կորսնցուց։ Բայց եւ այնպէս, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ» (Յոբ 1։13-22

15. Ճնշումին պատճառաւ մարդիկ ի՞նչպէս կը հակազդեն, եւ ամոլներ այս պարագային ի՞նչ կրնան ընել։

15 Միւս կողմէ, Յոբի կինը ըսաւ. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր» (Յոբ 2։9)։ Արդարեւ, երբ ողբերգութիւններ կամ այլ դժուար պարագաներ ծագին, զգացական տուայտանքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը անխոհեմաբար վարուի։ «Բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ», դիտել կու տայ իմաստուն մարդը (Ժող. 7։7)։ Եթէ կողակիցդ նեղութեան կամ «բռնութեան» հակազդելով քեզի վիրաւորական խօսքեր ուղղէ, ջանա՛ հանդարտ մնալ։ Նոյն կերպով հակադարձելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ձեզմէ մէկը կամ երկուքդ ըսէք բաներ, որոնք կացութիւնը պիտի վատթարացնեն (Կարդալ՝ Սաղմոս 37։8Ուստի անտեսէ որեւէ յանդուգն «խօսք», որ յուսախաբութենէ կամ վհատութենէ յառաջ կու գայ (Յոբ 6։3

16. ա) Մատթէոս 7։1-5–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչպէս ամուսնութեան կը կիրարկուին։ բ) Ամուսնութեան մէջ, հաւասարակշռութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

16 Զուգակիցներ իրապաշտ ակնկալութիւններ պէտք է ունենան։ Կողակից մը կրնայ միւսին մէջ որոշ մասնայատկութիւններ նկատել եւ խորհիլ. ‘Կրնամ զինք փոխել’։ Սիրով ու համբերութեամբ, թերեւս կարենաս կողակիցիդ օգնել որ աստիճանաբար բարելաւուի։ Սակայն մի՛ մոռնար թէ Յիսուս խծբծասէր անհատը նմանցուց մէկու մը, որ իր եղբօր աչքին մէջի «շիւղ»ը կը տեսնէ, բայց իր աչքին մէջի «գերան»ը կ’անտեսէ։ Յիսուս մեզ յորդորեց. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք» (Կարդալ՝ Մատթէոս 7։1-5Ասիկա չի նշանակեր թէ լուրջ թերութիւններ պէտք է անտեսուին։ Ռոպէրթ, որ գրեթէ 40 տարիէ ի վեր ամուսնացած է, ըսաւ. «Իրարու հետ անկեղծութեամբ խօսիլը եւ վաւերական դիտողութիւններ ընդունելու կամեցողութիւն ունենալը, լծակիցներէն կրնան պահանջել որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն»։ Ուստի հաւասարակշռուա՛ծ եղիր։ Փոխանակ կողակիցիդ չունեցած յատկութիւններուն համար ընդվզելու, սորվէ անոր ունեցած դրական յատկութիւնները գնահատել եւ անոնցմով ուրախանալ (Ժող. 9։9

17, 18. Երբ խնդիրներ կուտակուին, օգնութեան համար ո՞ւր կրնանք դիմել։

17 Երբ կեանքի պարագաները փոխուին, փորձութիւններ կրնան պատահիլ։ Զաւակներու տէր ամոլները կրնան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել։ Թերեւս կողակիցը կամ զաւակը լուրջ հիւանդութեան մը բռնուի։ Տարեց ծնողներ կրնան մասնայատուկ հոգատարութեան կարիք ունենալ։ Թերեւս չափահաս զաւակները տունը ձգելով հեռու շրջան մը փոխադրուին։ Այլ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան, աստուածպետական առանձնաշնորհումներու եւ պատասխանատուութիւններու հոգ տանելով։ Այս բոլորը կրնան որոշ ճնշում ու մտահոգութիւն յառաջացնել։

18 Եթէ ամուսնութեանդ մէջ գոյացած լարուածութեան պատճառաւ կը զգաս թէ պիտի յանձնուիս, ի՞նչ կրնաս ընել (Առ. 24։10)։ Ձեռնթափ մի՛ ըլլար։ Սատանային ուզածն է որ Աստուծոյ ծառաներէն մէկը մաքուր պաշտամունքը լքէ։ Ան ա՛լ աւելի կ’ուրախանայ եթէ զոյգ մը ասիկա ընէ։ Ուստի ամէն կարելիդ ըրէ որ ամուսնութիւնդ երեքպատիկ դերձան մնայ։ Աստուածաշունչը կը խօսի բազմաթիւ անհատներու մասին, որոնք հակառակ խիստ փորձութիւններուն հաւատարիմ մնացին։ Օրինակ, առիթով մը Դաւիթ իր սիրտը Եհովայի առջեւ թափեց, ըսելով. «Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի մարդը. . . զիս կը նեղէ» (Սաղ. 56։1)։ Բնաւ ‘մարդը’ քեզ նեղացուցա՞ծ է։ Ճնշումին աղբիւրը ըլլայ հեռաւոր թէ մօտիկ անհատ մը, մի՛ մոռնար թէ Դաւիթ տոկալու ոյժ գտաւ, եւ դուն ալ կրնաս գտնել։ Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց» (Սաղ. 34։4

Յաւելեալ օրհնութիւններ

19. Ի՞նչ կերպով կրնանք Սատանայի յարձակումներուն դէմ դնել։

19 Այս վերջին ժամանակին մէջ, ամոլներ պէտք է ‘մէկզմէկ մխիթարեն եւ իրարու օգնեն’ (Ա. Թես. 5։11)։ Միշտ յիշէ որ Սատանան կը պնդէ թէ Եհովայի հանդէպ մեր նուիրուածութիւնը անձնասիրութեան վրայ հիմնուած է։ Ան ամէն միջոց պիտի գործածէ, ի ներառեալ՝ ամուսնութիւն մը քայքայել, Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ Սատանայի յարձակումներուն դէմ դնելու համար, լիովին Եհովայի պէտք է վստահինք (Առ. 3։5, 6)։ Պօղոս գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13

20. Աստուած ամուսնութեան մէջ ըլլալով, ի՞նչ օրհնութիւններ յառաջ կու գան։

20 Աստուած ամուսնութեան մէջ ըլլալով, բազմաթիւ օրհնութիւններ յառաջ կու գան։ Այս է պարագան Յովէլի եւ իր կնոջ, որոնք 51 տարիէ ի վեր ամուսնացած են։ Ան կ’ըսէ. «Յարատեւ Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կնոջս համար ու մեր երջանիկ ընկերակցութեան համար։ Ան իտէալ զուգակից եղած է»։ Ի՞նչ է անոնց գաղտնիքը։ «Միշտ ջանացած ենք իրարու հանդէպ քաղցրութիւն, համբերութիւն եւ սէր ցուցաբերել»։ Այս իրերու դրութեան մէջ մեզմէ ո՛չ ոք պիտի կարենայ ասիկա կատարելապէս ընել։ Այսուհանդերձ թող ծանր աշխատինք որ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկենք ու Եհովան մեր ամուսնութեան մէջ պահենք։ Ասիկա ընելով, մեր ամուսնութիւնը պիտի նմանի ‘երեքպատիկ դերձանի, որ դիւրաւ չի կտրուիր’ (Ժող. 4։12

Կը յիշե՞ս

• Եհովան ամուսնութեան մէջ ունենալ ի՞նչ կը նշանակէ։

• Ամոլներ ի՞նչ պէտք է ընեն երբ դժուարութիւններ ծագին։

• Ի՞նչպէս յայտնի կ’ըլլայ թէ Աստուած ամուսնութեան մը մէջ է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 26]

Միասնաբար աղօթելը ամոլներուն կ’օգնէ դժուար պարագաներ դիմագրաւելու