Գիտէի՞ր
Գիտէի՞ր
Յիսուս ի՞նչ լեզու խօսեցաւ։
Ուսումնականներ տարակարծիք են թէ Յիսուս ի՛նչ լեզու խօսեցաւ։ Սակայն այնպէս կը թուի թէ երկրի վրայ Յիսուս կրնար եբրայերէնի մէկ ձեւը եւ արամերէնի մէկ բարբառը գործածել։ Գալիլիոյ մէջ, Նազարէթի ժողովարանը մտնելով, ան Եսայիի մարգարէութենէն կարդաց, որ բացայայտօրէն եբրայերէնով գրուած էր։ Ակնարկութիւն մը չկայ թէ Յիսուս այս հատուածը արամերէնի թարգմանեց (Ղուկաս 4։16-21)։
Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ եղած ատեն Պաղեստինի մէջ գործածուած լեզուներուն նկատմամբ, փրոֆէսոր Կ. Էրնէսթ Ռայթ կ’ըսէ. «Բացայայտ է որ յունարէնն ու արամերէնը հասարակ լեզուներն էին. . . հռովմէացի զինուորները եւ պաշտօնեաները թերեւս լատիներէնով կը խօսակցէին, իսկ ուղղափառ հրեաները իրարու հետ հաւանաբար եբրայերէնի վերջին բարբառով կը խօսէին»։ Զարմանալի չէ որ Յիսուսի տանջանքի ցիցին վրայ Պիղատոսի կախած ցուցատախտակը երեք լեզուով գրուած էր,– եբրայերէն, լատիներէն ու յունարէն (Յովհաննէս 19։20)։
Ալէն Միլարտ իր մէկ գրքին մէջ (Discoveries From the Time of Jesus) կ’ըսէ. «Իրենց առօրեայ պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին, հռովմէացի կառավարիչները վստահաբար յունարէն կը խօսէին, եւ երբ Յիսուս կը դատուէր, հաւանաբար յունարէնով պատասխանեց Պիղատոսի հարցումներուն»։ Թէեւ Աստուածաշունչը չի յայտներ թէ պարագան այս էր կամ ոչ, սակայն հետաքրքրական է նկատել թէ չէ նշուած որ այս խօսակցութեան համար թարգման մը ներկայ էր (Յովհաննէս 18։28-40)։
Փրոֆէսոր Ռայթի համաձայն, «ստոյգ միջոց մը չունինք՝ որով գիտնանք թէ [Յիսուս] յունարէն կամ լատիներէն կրնա՛ր խօսիլ կամ ոչ, բայց քարոզչութեան մէջ ան կանոնաւորաբար գործածեց կա՛մ արամերէնը եւ կամ արամերէնէն մեծապէս ազդուած ժողովրդական եբրայերէնը» (Biblical Archaeology, 1962, էջ 243)։
Երուսաղէմի տաճարին քարերը ո՞րքան մեծ էին։
Երուսաղէմի տաճարին մասին Յիսուսի խօսելով, աշակերտներէն մէկը ըսաւ. «Վարդապե՛տ, տե՛ս ինչպիսի՜ քարեր են, եւ ի՛նչ տեսակ շէնքեր» (Մարկոս 13։1, ԱՎ)։ Այս քարերէն ոմանք ո՞րքան մեծ էին։
Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Հերովդէս թագաւոր Սողոմոնի կառուցանած տաճարին տարածութիւնը արդէն կրկնապատկած էր։ Անիկա վաղեմի աշխարհին մէջ մարդակերտ մեծագոյն հարթայատակութիւնը ունէր, չափը ըլլալով շուրջ 480 մ. × 280 մ.։ Կ’ըսուի թէ շինաքարերէն կամ որմաքարերէն ոմանց չափը՝ 11 մ. երկարութիւն, 5 մ. լայնք եւ 3 մ. բարձրութիւն էր, իսկ կշիռը՝ աւելի քան 50 թոն։ Անոնցմէ մէկը շուրջ 400 թոն կը կշռէր եւ «անզուգական էր վաղեմի աշխարհին մէջ», ինչպէս ուսումնական մը կը նշէ։
Յիսուս իր աշակերտին պատասխանեց. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար քարի վրայ պիտի չմնայ, ամէնը պիտի քակուի» (Մարկոս 13։2, ԱՎ)։ Այս վիթխարի քարերէն ոմանք տակաւին կարելի է տեսնել հո՛ն՝ ուր կանգ առին, վար հրուելէ ետք հռովմէացի զինուորներու կողմէ, մ.թ. 70–ին։
[Նկար՝ էջ 10]
Երուսաղէմի տաճարէն դուրս նետուած որմաքարեր