Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա մեր «Ազատարար»ն է

Եհովա մեր «Ազատարար»ն է

Եհովա մեր «Ազատարար»ն է

«Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք» (ՍԱՂ. 37։40

1, 2. Եհովայի մասին ո՞ր հիմնական ճշմարտութիւնը մեզի համար մխիթարութեան ու զօրութեան աղբիւր է։

ԱՐԵՒԻՆ ստեղծած շուքերը անշարժ չեն մնար։ Մինչ երկրագունդը կը թաւալի, շուքերը միշտ կը շարժին ու կը փոխուին։ Սակայն երկրին եւ արեւին Ստեղծիչը չի փոխուիր (Մաղ. 3։6)։ «[Անոր] մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Յակ. 1։17)։ Եհովայի մասին այս հիմնական ճշմարտութիւնը մեզի համար իրապէս մխիթարութեան ու զօրութեան աղբիւր է, մանաւանդ երբ դժուար փորձութիւններ ու մարտահրաւէրներ դիմագրաւենք։ Ինչո՞ւ։

2 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուածաշունչի ժամանակներուն Եհովա ապացուցանեց «Ազատարար» ըլլալը (Սաղ. 70։5, ՆԱ)։ Ան անփոփոխ է եւ իր խօսքը կը յարգէ. ուստի, ներկայիս իր երկրպագուները ամէն պատճառ ունին իրեն վստահելու որ ‘իրենց օգնէ եւ ազատէ’ (Սաղ. 37։40)։ Արդի ժամանակներուն Եհովա ի՞նչպէս իր ծառաները ազատած է։ Ան ի՞նչպէս կրնայ մեզ անհատապէս ազատել։

Հակառակորդներուն ձեռքէն ազատել

3. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ հակառակորդներ պիտի չկարենան Եհովայի ժողովուրդը կասեցնել բարի լուրը քարոզելէ։

3 Սատանայական ո՛չ մէկ հակառակութիւն պիտի կարենայ Եհովայի վկաները կասեցնել Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանելէ, որուն ան արժանի է։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի» (Եսա. 54։17)։ Հակառակորդներ ի զուր փորձած են Աստուծոյ ժողովուրդը կասեցնել իրենց քարոզելու յանձնարարութիւնը կատարելէ։ Նկատի առ երկու օրինակ։

4, 5. 1918–ին Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ հակառակութիւն դիմագրաւեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

4 1918–ին, Եհովայի ժողովուրդը կղերականներու կողմէ հրահրուած հալածանքի ալիք մը դիմագրաւեց, որուն նպատակն էր քարոզչութիւնը լռեցնել։ Մայիս 7–ին, Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտը, որ համաշխարհային քարոզչութեան վրայ կը վերահսկէր, եւ կեդրոնատեղիին մէջ ծառայող անհատներ ձերբակալելու դաշնակցային հրամանագիրներ արձակուեցան։ Երկու ամիս չանցած, եղբայր Ռատըրֆորտ եւ իր ընկերակիցները անիրաւօրէն դաւաճաններ նկատուեցան ու երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուեցան։ Հակառակորդները յաջողեցա՞ն դատարաններու միջոցաւ քարոզչութիւնը մնայուն կերպով դադրեցնել։ Անշուշտ ոչ։

5 Մտաբերէ Եհովայի խոստումը. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի»։ Դատապարտութենէն ինը ամիս ետք, դէպքերը շշմեցուցիչ կերպով յեղաշրջուեցան։ 26 մարտ 1919–ին, բանտարկուած եղբայրները երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցան։ Յաջորդ տարի, 5 մայիս 1920–ին, անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւնները չեղեալ նկատուեցան։ Եղբայրները իրենց ազատութիւնը գործածեցին Թագաւորութեան գործը յառաջ տանելու։ Արդի՞ւնքը։ Այդ թուականէն ի վեր արտակարգ յաւելում տեղի ունեցած է։ Ամբողջ վարկը «Ազատարար»ին կ’երթայ (Ա. Կոր. 3։7

6, 7. ա) Նացիական Գերմանիոյ մէջ Եհովայի վկաներուն դէմ ի՞նչ արշաւ կազմակերպուեցաւ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ բ) Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութիւնը ի՞նչ իրողութիւն կ’ապացուցանէ։

6 Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ 1934–ին, Հիթլեր երդում ըրաւ որ Գերմանիոյ մէջ Եհովայի վկաները պիտի ոչնչացնէ։ Ասիկա սին սպառնալիք մը չէր։ Անմիջապէս բազմաթիւ ձերբակալութիւններ եւ բանտարկութիւններ տեղի ունեցան։ Հազարաւոր վկաներ զրկանքի մատնուեցան, իսկ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ հարիւրաւորներ սպաննուեցան։ Եհովայի վկաները արմատահան ընելու Հիթլերի արշաւը յաջողեցա՞ւ։ Ան կրցա՞ւ Գերմանիոյ մէջ բարի լուրի քարոզչութիւնը կասեցնել։ Բնաւ երբեք։ Հալածանքի ընթացքին մեր եղբայրները շարունակեցին գաղտնաբար քարոզել։ Նացիական վարչաձեւին փլուզումէն ետք, անոնք իրենց ազատութիւնը գործածեցին քարոզչութիւնը շարունակելու։ Այժմ Գերմանիոյ մէջ աւելի քան 165,000 Թագաւորութեան հրատարակիչներ կան։ Արդարեւ «Ազատարար»ը իր խոստումը պահած է. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի»։

7 Եհովայի վկաներուն արդի պատմութիւնը կ’ապացուցանէ թէ Եհովա երբեք թոյլ պիտի չտայ որ իր ամբո՛ղջ ժողովուրդը բնաջնջուի (Սաղ. 116։15)։ Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին՝ անհատապէս։ Եհովա ի՞նչպէս մեզ անհատապէս կ’ազատէ։

Ի՞նչ ըսել ֆիզիքական պաշտպանութեան մասին

8, 9. ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ մեր անմիջական ֆիզիքական պաշտպանութիւնը երաշխաւորուած չէ։ բ) Իրատեսօրէն ի՞նչ պէտք է ընդունինք։

8 Գիտենք թէ որպէս անհատներ մեր անմիջական ֆիզիքական պաշտպանութիւնը երաշխաւորուած չէ։ Մենք երեք հաւատարիմ եբրայեցիներուն կեցուածքը կ’որդեգրենք, որոնք մերժեցին Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ոսկիէ արձանին երկրպագութիւն ընել։ Այդ աստուածավախ երիտասարդները չենթադրեցին թէ Եհովա զիրենք հրաշալիօրէն պիտի պաշտպանէ, որպէսզի ֆիզիքապէս չվնասուին (Կարդալ՝ Դանիէլ 3։17, 18Բայց եւ այնպէս, Եհովա զիրենք հնոցի բոցերէն ազատեց (Դան. 3։21-27)։ Սակայն նոյնիսկ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, գերբնական ազատումը բացառութիւն կը կազմէր։ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր հակառակորդներուն ձեռքով մեռան (Եբ. 11։35-37

9 Իսկ ներկայիս, Եհովա իբրեւ «Ազատարար» վստահաբար կրնայ անհատները վտանգաւոր կացութիւններէ ազատել։ Բայց որոշ պարագաներու նկատմամբ կրնա՞նք հաստատօրէն ըսել թէ Եհովա միջամտած է կամ չէ միջամտած։ Ո՛չ։ Այսուհանդերձ, վտանգաւոր կացութենէ փրկուած անհատ մը կրնայ խորհիլ թէ Եհովա միջամտած է։ Յաւակնոտութիւն է որ ուրիշներ այս կէտին շուրջ անոր հետ վիճին։ Բայց իրապաշտօրէն պէտք է գիտակցինք թէ հալածանքի պատճառաւ բազմաթիւ հաւատարիմ քրիստոնեաներ մահացած են, ինչպէս էր պարագան նացիական շրջանին։ Եւ ոմանք ողբերգական պարագաներու ներքեւ իրենց կեանքը կորսնցուցած են (Ժող. 9։11)։ Ուստի կրնանք հարց տալ. ‘Արդեօք Եհովա չկրցա՞ւ վաղամեռ հաւատարիմներուն համար «Ազատարար» ըլլալ’։ Բնաւ երբեք։

10, 11. Մարդը ինչո՞ւ մահուան առջեւ անօգնական է, բայց Եհովա ի՞նչ կրնայ ընել։

10 Հետեւեալը նկատի առ։ Մարդը մահուան առջեւ անօգնական է, քանի որ ո՛չ ոք «իր անձը դժոխքին [շէօլ կամ հատէս,– մարդկութեան հասարակ գերեզման] ձեռքէն կրնայ փրկել» (Սաղ. 89։48)։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովայի մասին։ Նացիական սարսափի ժամանակաշրջանէն վերապրած քոյր մը կը մտաբերէ իր վկայ մօր ըսած մէկ խօսքը, կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ մահացած սիրելիներուն նկատմամբ զինք մխիթարելու համար. «Եթէ մահը մարդկութիւնը մշտնջենապէս իր ճիրաններուն մէջ պիտի պահէր, Աստուծմէ զօրաւոր պիտի ըլլար, այդպէս չէ՞»։ Մահը վստահաբար ոչինչ է ամենազօր կեանքի–Աղբիւրին առջեւ (Սաղ. 36։9)։ Շէօլի կամ հատէսի մէջ եղող բոլոր անհատները Եհովայի յիշողութեան մէջ են, եւ ան իւրաքանչիւրը պիտի ազատէ (Ղուկ. 20։37, 38. Յայտ. 20։11-14

11 Մինչ այդ, ներկայիս Եհովա իր հաւատարիմ երկրպագուներուն կեանքին մէջ ուղղակի դեր կը խաղայ։ Նկատի առնենք երեք կերպ, որոնցմով ան վստահաբար մեզի համար «Ազատարար» կ’ըլլայ։

Հոգեւորապէս պաշտպանել

12, 13. Հոգեւոր պաշտպանութիւնը ինչո՞ւ կարեւորագոյնն է, եւ Եհովա ի՞նչպէս զայն կը շնորհէ մեզի։

12 Եհովա մեզի հոգեւոր պաշտպանութիւն կու տայ, որ կարեւորագոյնն է։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով, կը գիտակցինք թէ մեր ներկայ կեանքէն աւելի թանկարժէք բան մը կայ։ Եհովայի հետ մեր անձնական յարաբերութիւնը՝ մեր ամենաթանկագին ստացուածքն է (Սաղ. 25։14. 63։3)։ Առանց այդ յարաբերութեան, մեր ներկայ կեանքը անիմաստ պիտի ըլլայ եւ ապագայ կեանքի յոյս մը պիտի չունենանք։

13 Շնորհապարտ ենք որ Եհովա հարկ եղած օգնութիւնը կու տայ, որպէսզի իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն պահպանենք։ Մեզի կ’օգնեն իր Խօսքը, իր սուրբ հոգին եւ իր համաշխարհային ժողովքը։ Ի՞նչպէս կրնանք անոնցմէ լիովին օգտուիլ։ Կանոնաւորաբար ու ջանադրութեամբ իր Խօսքը ուսումնասիրելով, մեր հաւատքը պիտի զօրացնենք եւ մեր յոյսը աւելի պայծառ պիտի դարձնենք (Հռով. 15։4)։ Ջերմեռանդ աղօթքով իր հոգին խնդրելով, կասկածելի վարքի միջամուխ ըլլալու փորձութեան ընդդիմանալու ոյժ պիտի ստանանք (Ղուկ. 11։13)։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններուն եւ ժողովներուն ու համաժողովներուն միջոցաւ ծառայ դասակարգին տուած ուղղութեան հետ քայլ պահելով, ‘ատենին տրուած հոգեւոր կերակուրով’ պիտի սնուցանուինք (Մատ. 24։45)։ Այս կարգադրութիւնները մեզ հոգեւորապէս կը պաշտպանեն եւ կ’օգնեն Աստուծոյ մօտիկ մնալու (Յակ. 4։8

14. Հոգեւոր պաշտպանութիւնը աչքառու դարձնող փորձառութիւն մը պատմէ։

14 Հոգեւոր պաշտպանութեան որպէս օրինակ, մտաբերէ նախորդ յօդուածին սկիզբը նշուած ծնողքը։ Իրենց դուստրին՝ Թերեզայի անհետանալէն քանի մը օր ետք, անոնք տեղեկացան թէ ան սպաննուած է։ * Հայրը կը պատմէ. «Եհովայի աղօթած էի որ զինք պաշտպանէ։ Երբ զայն սպաննուած գտան, հարց տուի թէ ինչո՛ւ աղօթքներս չլսուեցան։ Անշուշտ գիտեմ թէ Եհովա չ’երաշխաւորեր թէ իր իւրաքանչիւր ծառան հրաշալիօրէն պիտի պաշտպանէ։ Աղօթքով հասկացողութիւն խնդրեցի։ Շատ մխիթարուեցայ գիտնալով թէ Եհովա իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կը պաշտպանէ, այսինքն՝ մեզի հարկ եղածը կը հայթայթէ որ իրեն հետ մեր յարաբերութիւնը պահպանենք։ Այս պաշտպանութիւնը կարեւորագոյնն է, քանի որ մեր յաւիտենական ապագային կ’ազդէ։ Այս առումով, Եհովա Թերեզան պաշտպանեց,– ան ցմահ հաւատարմօրէն ծառայեց։ Խաղաղութիւն գտած եմ գիտնալով թէ անոր ապագայ կեանքի հեռանկարները Եհովայի սիրալիր ձեռքերուն մէջ են»։

Հիւանդութեան ատեն կազդուրել

15. Հիւանդութեան ատեն Եհովա ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ։

15 Եհովա կրնայ «տկարութեան անկողնին մէջ» մեզի ոյժ տալ, ինչպէս Դաւիթի ըրաւ (Սաղ. 41։3)։ Թէեւ ներկայիս Եհովա հրաշալի բուժումներ կատարելով չ’ազատեր, բայց մեզի կ’օգնէ։ Ի՞նչպէս։ Իր Խօսքին սկզբունքները կ’օգնեն որ դարմանումի կամ այլ հարցերու շուրջ իմաստուն որոշումներ կայացնենք (Առ. 2։6)։ Մեր հիւանդութեան մասին կրնանք օգտակար տեղեկութիւններ ու գործնական թելադրութիւններ գտնել Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ։ Իր հոգիին միջոցաւ, Եհովա մեզի «անսահման զօրութիւն» կը շնորհէ, պարագային դիմանալու եւ մեր ուղղամտութիւնը պահելու համար, ի՛նչ որ ալ պատահի (Բ. Կոր. 4։7, Անթիլիաս)։ Այսպիսի օգնութեամբ, մեր հիւանդութեամբ չենք տարուիր ու մեր հոգեւոր կեդրոնացումը չենք կորսնցներ։

16. Եղբայր մը ի՞նչպէս իր հիւանդութեան դիմացած է։

16 Նկատի առ նախորդ յօդուածին սկիզբը նշուած երիտասարդ եղբօր պարագան։ 1998–ին, ան գիտցաւ թէ դնդերածիւրական կողմնական կարծրախտ (amyotrophic lateral sclerosis [ALS]) ունէր, եւ ի վերջոյ անդամալոյծ դարձաւ։ * Ան ի՞նչպէս իր հիւանդութեան դիմացած է։ Ան կը բացատրէ. «Վիշտի ու յուսախաբութեան պահեր ունեցած եմ, խորհելով թէ ազատման միակ միջոցը մահն է։ Երբ ջախջախուած կը զգամ, կ’աղօթեմ որ Եհովա ինծի երեք բան տայ. հանդարտ սիրտ, համբերութիւն եւ տոկալու կարողութիւն։ Իսկ Եհովա աղօթքներուս կը պատասխանէ։ Հանդարտ սիրտը թոյլ կու տայ որ մխիթարական գաղափարներու մասին խորհրդածեմ, ինչպէս՝ երեւակայել կեանքս նոր աշխարհին մէջ, երբ պիտի կարենամ քալել, համեղ ճաշեր ուտել եւ ընտանիքիս հետ դարձեալ զրուցել։ Համբերութիւնը ինծի կ’օգնէ որ անդամալուծութեան անպատեհութիւններուն ու դժուարութիւններուն հանդուրժեմ։ Տոկալու կարողութեամբ կրնամ հաւատարիմ մնալ ու հոգեւոր հաւասարակշռութիւնս պահել։ Արդարեւ սաղմոսերգու Դաւիթի նման, Եհովա ինծի ոյժ տուած է՝ տկարութեան անկողինիս մէջ» (Եսա. 35։5, 6

Կարիքները հայթայթել

17. Եհովա ի՞նչ խոստացած է, եւ խոստումը ի՞նչ կը նշանակէ։

17 Եհովա կը խոստանայ որ նիւթապէս մեզի հոգ պիտի տանի (Կարդալ՝ Մատթէոս 6։33, 34 եւ Եբրայեցիս 13։5, 6Ասիկա չի նշանակեր թէ մեր նիւթական կարիքները ապահովելը կրնանք դիպուածի ձգել կամ թէ աշխատանքը պէտք է մերժենք (Բ. Թես. 3։10)։ Այլ՝ եթէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը դնենք եւ ապրուստ ճարելու համար աշխատելու յօժար ըլլանք, կրնանք Եհովայի ապաւինիլ որ մեզի օգնէ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու (Ա. Թես. 4։11. Ա. Տիմ. 5։8)։ Ան կրնայ մեզի հարկ եղածը հայթայթել մեր չակնկալած կերպերով, թերեւս հաւատակիցի մը միջոցաւ, որ մեր օգնութեան կը փութայ կամ աշխատանք կ’առաջարկէ։

18. Փորձառութիւն մը պատմէ, որ ցոյց կու տայ թէ նեղութեան ժամանակներուն մեր կարիքները կրնան հայթայթուիլ։

18 Նախորդ յօդուածին սկիզբը նշուած առանձին մայրը, երբ իր աղջնակին հետ նոր շրջան մը փոխադրուեցաւ, աշխատանք գտնելու դժուարութիւն ունեցաւ։ Ան կը բացատրէ. «Առաւօտուն դաշտի ծառայութեան կ’երթայի, իսկ կէսօրէ ետք գործ կը փնտռէի։ Օր մը, կաթ գնելու համար նպարախանութ գացի։ Բանջարեղէնի քով կանգ առի ու նայեցայ, բայց դրամ չունենալով՝ ոչինչ կրցայ գնել։ Չափազանց ընկճուած զգացի։ Երբ տուն վերադարձայ, տան գաւիթը բազմատեսակ բանջարեղէնով լեցուած գտայ։ Ա՛յնքան շատ ուտելիք կար որ ամիսներ կը բաւէր։ Արտասուալից աչքերով Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցի»։ Զանոնք բերած էր եղբայր մը, որ իր պարտէզին մէջ բանջարեղէն ցանած էր։ Հետագային քոյրը անոր գրեց. «Թէեւ այդ օրը քեզի շատ շնորհակալութիւն յայտնեցի, բայց նաեւ Եհովայէ շնորհակալ եղայ որ քաղցրութիւնդ գործածեց՝ իր սէրը ինծի յիշեցնելու» (Առ. 19։17

19. Մեծ նեղութեան ատեն, Եհովայի ծառաները ի՞նչ վստահութիւն պիտի ունենան, իսկ այժմ պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։

19 Բացորոշ է թէ ի՛նչ որ Եհովա ըրած է Աստուածաշունչի ժամանակներուն եւ մեր օրերուն, մեզի պատճառ կու տայ որ իրեն վստահինք որպէս մեր Օգնականը։ Մօտ օրէն, երբ Սատանայի աշխարհին վրայ մեծ նեղութիւնը գայ, որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի օգնութեան կարիքը պիտի ունենանք։ Եհովայի ծառաները պիտի կարենան լման վստահութեամբ իրեն դիմել։ Անոնք պիտի կարենան իրենց գլուխները վերցնել եւ ուրախանալ, գիտնալով թէ իրենց փրկութիւնը մօտ է (Ղուկ. 21։28)։ Մինչ այդ, մեր վրայ ի՛նչ փորձութիւններ ալ գան, վճռենք մեր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնել, լիովին վստահ ըլլալով թէ մեր անփոփոխ Աստուածը արդարեւ մեր «Ազատարար»ն է։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 14 Տես՝ «Անպատում ողբերգութեան մը հետ գլուխ ելլել» յօդուածը, Զարթի՛ր 22 յուլիս 2001 թիւին մէջ, էջ 19-23։

^ պարբ. 16 Տես՝ «Հաւատքս զիս կը կազդուրէ. ALS–ի դիմանալ» յօդուածը, Զարթի՛ր յունուար 2006 թիւին մէջ, էջ 25-29։

Կը յիշե՞ս

• Եհովա ի՞նչպէս վաղամեռ անհատները կ’ազատէ։

• Հոգեւոր պաշտպանութիւնը ինչո՞ւ կարեւորագոյնն է։

• Նիւթական գետնի վրայ մեզի հոգ տանելու Եհովայի խոստումը ի՞նչ կը նշանակէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Եղբայր Ռատըրֆորտ եւ իր ընկերակիցները 1918–ին ձերբակալուեցան, ապա ազատ արձակուեցան եւ իրենց դէմ եղած ամբաստանութիւնները չեղեալ նկատուեցան

[Նկար՝ էջ 20]

Եհովա կրնայ մեզի ոյժ տալ «տկարութեան անկողնին մէջ»