Երկիր մոլորակին համար ժամանակը վերջանալու վրա՞յ է
Երկիր մոլորակին համար ժամանակը վերջանալու վրա՞յ է
Հետեւեալ հարցումին ի՞նչպէս կը պատասխանես։
Մօտ ապագային, երկրի վրայ վիճակները
ա) պիտի բարելաւուի՞ն։
բ) նոյնը պիտի մնա՞ն։
գ) աւելի գէշ պիտի ըլլա՞ն։
ԿԸ ՓՈՐՁԵ՞Ս ապագային նկատմամբ դրական հայեցակէտ պահպանել։ Ասիկա ընելը բազմաթիւ օգուտներ ունի։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են թէ լաւատես անհատներ մտային ու ֆիզիքական գետնի վրայ աւելի լաւ կը գործեն։ Երկարատեւ ուսումնասիրութիւն մը նոյնիսկ յայտնեց թէ լաւատես մարդիկ աւելի նուազ հակամէտ էին սրտախցումէ տառապելու քան՝ կեանքը յոռետեսութեամբ դիտողները։ Այս յայտնագործութիւնները ներդաշնակ են Աստուածաշունչին մէջ դարեր առաջ գրուած սա խօսքին հետ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ» (Առակաց 17։22)։
Սակայն Երկիր մոլորակին ապագային նկատմամբ գիտնականներու նախատեսութիւններուն ի տես, շատեր ուրախ ու լաւատես մնալը դժուար կը գտնեն։ Նկատի առ միայն քանի մը
ահռելի գուշակութիւններ, որոնք լուրերու վերնագիրներ կը կազմեն։Վտանգի տակ եղող մոլորակ մը
2002–ին, յարգուած աղբիւր մը՝ Stockholm Environment Institute ազդարարեց, թէ տնտեսական բարգաւաճման հանդէպ զուտ առեւտրական մօտեցումը հաւանական է որ հրահրէ «իրադարձութիւններ, որոնք կրնան մեր մոլորակին կլիման ու կենսոլորտային համակարգերը արմատականօրէն փոխակերպել»։ Տեղեկագրութիւնը շարունակեց ըսել թէ աշխարհածաւալ աղքատութիւնը, յարատեւ անարդարութիւնը եւ բնական աղբիւրներու նուազումը, կրնան պատճառ ըլլալ որ մարդկային ընկերութիւնը «կենսոլորտային, ընկերային եւ ապահովութեան իրարայաջորդ տագնապներ դիմագրաւէ»։
2005–ին, ՄԱԿ–ը հրատարակեց Millennium Ecosystem Assessment Synthesis Report,– երկրագունդի կենսոլորտին մասին համաշխարհային ուսումնասիրութիւն մը, որ չորս տարի տեւեց եւ 95 երկիրներու պատկանող աւելի քան 1360 մասնագէտ պարփակեց։ Տեղեկագրութիւնը լուրջ ազդարարութիւն մը բովանդակեց. «Մարդկային գործունէութիւնները երկրի բնական պարտականութիւններուն վրայ ա՛յնքան ճնշում կը բանեցնեն, որ այլեւս երաշխաւորուած չէ կենսոլորտային համակարգերուն կարողութիւնը ապագայ սերունդներուն կարիքները գոհացնելու»։ Աղէտը արգիլելը կը պահանջէ «հսկայ փոփոխութիւններ մտցնել քաղաքականութիւններու, հաստատութիւններու եւ սովորութիւններու մէջ, ինչ որ տակաւին ընթացք չէ առած», կը նշէ տեղեկագրութիւնը։
Աննա Թիպայուքա, ՄԱԿ–ի Human Settlements Programme–ի գործադիր տնօրինուհին, հետազօտիչներու քով հետզհետէ աճող մտահոգութիւն մը կը յայտնէ։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ ամէն բան սովորականին պէս շարունակուի, մեզի աղէտալի ապագայ մը կը սպասէ»։
Լաւատես ըլլալու պատճառ մը
Այս պարբերաթերթը հրատարակող Եհովայի վկաներն ալ կը հաւատան թէ երկրին ազդող շշմեցուցիչ դէպքեր մօտալուտ են։ Սակայն անոնք համոզուած են թէ այս դէպքերը աղէտալի ապագայի մը առաջնորդելու փոխարէն, ճամբան պիտի հարթեն ցարդ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցած ամէնէն հոյակապ վիճակներուն։ Անոնք ինչո՞ւ լաւատես են։ Քանի որ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին բովանդակած խոստումներուն կը վստահին։ Նկատի առ այդ խոստումներէն մէկը. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։10, 11)։
Այս յոյսը պարզապէս բաղձալից մտածմո՞ւնք է։ Պատասխանելէ առաջ, սա դաւանութեան մասին խորհէ։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն նախագուշակեց՝ ներկայիս երկրագունդն ու մարդկութիւնը հարուածող մեծ խնդիրներէն շատերը։ Հաճիս կարդա՛ յաջորդ յօդուածին մէջ նշուած համարները, եւ անոնց բովանդակութիւնը բաղդատէ աշխարհի իրադարձութիւններուն հետ։ Մինչ ասիկա կ’ընես, վստահութիւնդ պիտի աւելնայ թէ Աստուածաշունչը ապագայ դէպքերը ճշգրտօրէն կը նախագուշակէ։