Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շուտով՝ դրախտային երկիր մը

Շուտով՝ դրախտային երկիր մը

Շուտով՝ դրախտային երկիր մը

«Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10

ԱՅՍ համբաւաւոր աղօթքը, որ շատերուն ծանօթ է որպէս Հայր մեր կամ տէրունական աղօթք, մարդկութեան յոյս մը կը հրամցնէ։ Ի՞նչպէս։

Տէրունական աղօթքը կը յայտնէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ, ինչպէս որ ներկայիս վստահաբար կը կատարուի երկինքի մէջ։ Իսկ Աստուծոյ կամքն է՝ դրախտը վերահաստատել (Յայտնութիւն 21։1-5)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ճիշդ ի՞նչ է եւ երկրի վրայ ի՞նչպէս դրախտը պիտի վերահաստատէ։

Իսկական կառավարութիւն մը

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է։ Որեւէ կառավարութիւն գործելու համար, կառավարիչներ, օրէնքներ եւ հպատակներ պէտք է ունենայ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս պահանջները կը գոհացնէ՞։ Նկատի առ Աստուածաշունչի պատասխանը ներքոյիշեալ երեք հարցումներուն.

Որո՞նք են Աստուծոյ Թագաւորութեան կառավարիչները (Եսայի 33։22)։ Եհովա Աստուած իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը նշանակած է որ Թագաւորութեան մէջ առաջնորդութիւնը առնէ (Մատթէոս 28։18)։ Եհովայի ուղղութեան ներքեւ, Յիսուս սահմանափակ թիւով անհատներ ընտրած է «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ», որոնք իրեն հետ ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։9, 10

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր հպատակներուն համար ի՞նչ օրէնքներ հաստատած է։ Կարգ մը օրէնքներ կամ պատուիրաններ դրական արարքներ կը պահանջեն։ Յիսուս այս օրէնքներուն ամէնէն կարեւորը բնորոշեց, ըսելով. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատթէոս 22։37-39

Այլ օրէնքներ կը պահանջեն որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները կարգ մը արարքներէ խուսափին։ Օրինակ, Աստուածաշունչը սա յստակ խօսքը կ’ըսէ. «Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն» (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

Որո՞նք են Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները նմանցուց ոչխարներու։ Ան ըսաւ. «[Անոնք] իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» (Յովհաննէս 10։16)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակ մը ըլլալու համար, անհատը պէտք է ո՛չ միայն ըսէ թէ Բարի Հովիւին՝ Յիսուսի կը հետեւի, այլեւ՝ անոր պատուիրածները ընէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատթէոս 7։21

Ուստի Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները կը գործածեն ու կը պատուեն Աստուծոյ անունը, որ Եհովա է, ինչպէս Յիսուս ըրաւ (Յովհաննէս 17։26)։ Անոնք «արքայութեան այս աւետարան»ին մասին ուրիշներուն սորվեցնելու Յիսուսի պատուէրին կը հնազանդին (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)։ Եւ անոնք իրարու հանդէպ հարազատ սէր կը ցուցաբերեն (Յովհաննէս 13։35

‘Երկիրը ապականողները ապականել’

Աշխարհի ընթացիկ վիճակները կը նշեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով գործի պիտի լծուի որ երկրի վրայ արմատական փոփոխութիւններ բերէ։ Ասիկա ի՞նչպէս գիտենք։ Երկու հազար տարի առաջ, Յիսուս բաղադրեալ նշան մը նկարագրեց, որ ցոյց պիտի տար թէ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21։31)։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, այս նշանին երեսակները այժմ բացայայտ են համայն աշխարհի մէջ։

Ապա ի՞նչ պիտի պատահի։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։21)։ Ասիկա մարդակերտ պատուհաս մը չէ։ Ընդհակառակը, Աստուած է որ գործի կը լծուի՝ ‘երկիրը ապականողները ապականելու’ համար (Յայտնութիւն 11։18)։ Ամբարիշտ մարդիկ, որոնց եսասէր արարքները երկրագունդը կործանման սեմին հասցուցած են, «երկրէն պիտի կորսուին»։ Իսկ պարկեշտները, որոնց ծառայութիւնը Աստուծոյ ընդունելի է, «անոր մէջ պիտի մնան» (Առակաց 2։21, 22

Եհովա Աստուծոյ առած այս հիմնական քայլը արդարացի է։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երեւակայէ որ յարկաբաժիններէ բաղկացած փոքր շէնքի մը սեփականատէրն ես։ Վարձակալներէն ոմանք քաղաքավար ու նկատառու են, վարձքը կը վճարեն եւ իրենց տուներուն լաւ հոգ կը տանին։ Բայց միւս վարձակալները քանդիչ ու անձնասէր են, կը մերժեն վարձքը վճարել եւ շէնքին մեծ վնասներ կը հասցնեն։ Հակառակ կրկնակի ազդարարութիւններուն, անոնց վատ վարքը կը յարատեւէ։ Ուստի ի՞նչ կ’ընես։ Սեփականատէրը ըլլալով, վստահաբար այդ գէշ վարձակալները կը վռնտես։

Նոյնպէս Եհովա Աստուած, որպէս երկրին ու անոր մէջի բոլոր բաներուն Ստեղծիչը, իրաւունք ունի որոշելու թէ որո՛նց պիտի արտօնէ որ երկրի վրայ բնակին (Յայտնութիւն 4։10)։ Եհովա յայտնած է թէ իր նպատակն է երկրի վրայէն ամբարիշտները վերցնել, որոնք իր կամքը զանց կ’ընեն եւ ուրիշները իրենց իրաւունքներէն կը զրկեն (Սաղմոս 37։9-11

Դրախտը վերահաստատել

Մօտ ատենէն Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Յիսուս այս նոր սկիզբը կոչեց «բոլոր բաներուն նորոգումը» (Մատթէոս 19։28, New International Version)։ Ի՞նչպիսի վիճակներ պիտի տիրեն։ Նկատի առ Աստուածաշունչին խոստումները.

Սաղմոս 46։9 «Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը»։

Եսայի 35։1 «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի»։

Եսայի 65։21-23 «Իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին»։

Յովհաննէս 5։28, 29 «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։

Յայտնութիւն 21։4 «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։

Հաւատալու պատճառներ

Աստուածաշունչի խոստումներուն կը հաւատա՞ս։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ շատեր պիտի չհաւատային։ Անիկա կ’ըսէ. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’» (Բ. Պետրոս 3։3, 4)։ Բայց այս ծաղրողները մեծապէս կը սխալին։ Նկատի առ չորս պատճառ թէ ինչո՛ւ կրնաս Աստուածաշունչին ըսածներուն հաւատալ.

1) Անցեալին Աստուած երկրի հարցերուն միջամտած է։ Նոյի օրուան Ջրհեղեղը աչքառու օրինակ մըն է (Բ. Պետրոս 3։5-7

2) Աստուծոյ Խօսքը ճշգրտօրէն նախագուշակեց ընթացիկ աշխարհածաւալ վիճակները։

3) Ամէն բան ‘այնպէս չէ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’։ Պատմութեան մէջ աննախընթաց տարողութեամբ մեր մոլորակը կը տառապի ընկերային, բարոյական ու կենսոլորտային անկումէ։

4) «Արքայութեան այս աւետարանը» այժմ կը քարոզուի համայն աշխարհի մէջ, նշելով թէ շուտով «վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14

Եհովայի վկաները քեզ կը հրաւիրեն որ իրենց հետ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրես, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին կարենաս աւելին սորվիլ (Յովհաննէս 17։3)։ Արդարեւ մարդկութեան հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ։ Լաւագոյն ժամանակներու սեմին կը գտնուինք։ Այս ապագային մաս պիտի կազմե՞ս։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Անոնք որ կ’ըսեն թէ ամէն բան պիտի մնայ ինչպէս որ միշտ էր, մեծապէս կը սխալին

[Նկար՝ էջ 8]

Այս ապագային մաս պիտի կազմե՞ս