Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ինչո՞ւ Յուդայի 30 սիկղ արծաթ առաջարկուեցաւ, որպէսզի Յիսուսը մատնէ։

Երբ Յուդա Իսկարիովտացի աւագ քահանաներուն հանդիպեցաւ, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կ’ուզէին իրեն տալ որ Յիսուսը մատնէր, անոնք խոստացան իրեն «երեսուն սիկղ արծաթ» (Մատթէոս 26։14, 15)։ Այնպէս կը թուի թէ այս գումարը կը յայտնէ Յիսուսի հանդէպ անոնց արհամարհանքը եւ զայն անարժէք նկատելը։

Հրեաներուն քով դրամի սովորական միաւորը արծաթ սիկղն էր։ 30 սիկղով ի՞նչ կարելի էր գնել։ Մովսիսական օրէնքը սահմանեց այդ գումարը որպէս ստրուկի մը գինը։ Անով նաեւ արտ մը կարելի էր ծախու առնել (Ելից 21։32. Մատթէոս 27։6, 7

Երբ Զաքարիա մարգարէն անհաւատարիմ իսրայէլացիներէն իր վարձքը պահանջեց, Աստուծոյ ժողովուրդին որպէս հովիւ ծառայելով, անոնք իր վարձքին համար «երեսուն արծաթ» կշռեցին։ Ասիկա Աստուծոյ մարգարէին հանդէպ նուաստացուցիչ ու դիտումնաւոր արարք մըն էր, ցոյց տալով որ զինք ստրուկէ մը աւելի չէին արժեւորեր։ Ուստի Եհովա Զաքարիայի պատուիրեց. «Զանիկա բրուտին նետէ։ Ասիկա վայելուչ գին մըն է, որ անոնք ինծի համար կտրեցին» (Զաքարիա 11։12, 13)։ Այս պատուէրին հնազանդելով Զաքարիայի ըրածը մեզի կը յիշեցնէ ի՛նչ որ Յուդան պիտի ընէր այն գումարով որ ձեռք պիտի ձգէր, մատնելով Եհովայի կողմէ նշանակուած իսրայէլի հովիւը (Մատթէոս 27։5

Աստուածաշունչին մէջ նշուած «արձակման թուղթ»ը ի՞նչ էր։

Մովսիսական օրէնքը ըսաւ. «Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ» (Բ. Օրինաց 24։1)։ Այս փաստաթուղթին նպատակը ի՞նչ էր։ Սուրբ Գրութիւնները այսպիսի վկայագրի մը բովանդակութիւնը չեն յայտներ, բայց անկասկած անիկա մերժուած կնոջ իրաւունքներն ու շահերը պիտի պաշտպանէր։

1951-1952–ին, կարգ մը հին իրեր յայտնաբերուեցան Ուատի Մուրապպաաթի հիւսիսային կողմը եղող քարայրներուն մէջ, որ Հրէաստանի անապատին մէջ չորցած գետի մը հունն է։ Գտնուած բազմաթիւ ձեռագիրներուն մէջ կար արամերէն լեզուով գրուած արձակման թուղթ մը։ Անիկա մ.թ. 71 կամ 72–ին գրուած էր։ Անիկա կը նշէր ի՛նչ որ տեղի ունեցաւ մարխէսուան ամսուան առաջին օրը, Հռովմի դէմ հրէական ըմբոստութեան վեցերորդ տարին։ Նաքսանի որդին՝ Յովսէփ, որ Մասատայի մէջ կը բնակէր, հանապլաթացի Յովնաթանին աղջիկէն՝ Մարիամէն ամուսնալուծուեցաւ։ Կինը ազատ էր վերամուսնանալու իր ուզած ոեւէ հրեայ տղամարդու հետ։ Յովսէփ Մարիամի օժիտը վերադարձուց եւ որեւէ վնասուած առարկայի համար քառապատիկը հատուցանեց։ Վկայագիրը ստորագրուած էր Յովսէփի եւ երեք վկաներու կողմէ,– Մալքայի որդին՝ Եղիազար, Մալքայի որդին՝ Յովսէփ եւ Հանանայի որդին՝ Եղիազար։

[Նկար՝ էջ 7]

Քարայրներ՝ Ուատի Մուրապպաաթի մէջ

[Նկար՝ էջ 7]

Արձակման թուղթ, գրուած՝ մ.թ. 71/72–ին

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 7]

Caves: Todd Bolen/Bible Places.com; certificate: Clara Amit, Courtesy of the Israel Antiquities Authority