Եհովայի «թարթիչները» ամէն ոք կը քննեն
Եհովայի «թարթիչները» ամէն ոք կը քննեն
«[Եհովայի] թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները» (ՍԱՂ. 11։4)։
1. Ի՞նչպիսի անհատներ մեզ կը հրապուրեն։
ՔԵԶՄՈՎ իրապէս հետաքրքրուած անհատներուն հանդէպ ի՞նչպէս կը զգաս։ Երբ իրենց կարծիքը խնդրես, անոնք զայն պարկեշտօրէն կը յայտնեն։ Երբ օգնութեան կարիք ունենաս, անոնք պատրաստ են ձեռք հասցնելու։ Երբ խրատի պէտք ունենաս, անոնք զայն սիրով կը ներկայացնեն (Սաղ. 141։5. Գաղ. 6։1)։ Այսպիսի անհատներ քեզ չե՞ն հրապուրեր։ Արդարեւ Եհովա եւ իր Որդին այդպէս են։ Իրականութեան մէջ, անոնք ոեւէ անհատէ աւելի քեզմով հետաքրքրուած են, առանց անձնասէր շարժառիթի. անոնք կ’ուզեն քեզի օգնել որ ‘յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգես’ (Ա. Տիմ. 6։19. Յայտ. 3։19)։
2. Եհովա ի՞նչ տարողութեամբ իր ծառաներով հետաքրքրուած է։
2 Սաղմոսերգու Դաւիթ մեզի հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութեան խորութիւնը յայտնեց, երբ ըսաւ. «[Եհովայի] աչքերը կը տեսնեն, անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները» (Սաղ. 11։4)։ Այո, Աստուած պարզապէս մեզի չի նայիր, այլ մեզ կը քննէ։ Դաւիթ նաեւ գրեց. «Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր. . . ու բան մը չգտար» (Սաղ. 17։3)։ Բացայայտ է որ Դաւիթ կը գիտակցէր թէ Եհովա իրմով խորապէս հետաքրքրուած էր։ Ան գիտէր թէ կրնար Եհովան վիրաւորել եւ անոր տհաճութեան արժանանալ, եթէ մեղաւոր խորհուրդներ սնուցանէր կամ նենգ սիրտ զարգացնէր։ Դաւիթին պէս, Եհովան քեզի համար իրակա՞ն է։
Եհովա սիրտը կը տեսնէ
3. Եհովա մեր անկատարութիւններուն նկատմամբ ի՞նչպէս հաւասարակշռուած կեցուածք կը ցուցաբերէ։
3 Եհովա գլխաւորաբար հետաքրքրուած է ներքին անհատով,– մեր ո՛վ ըլլալը սիրտին մէջ (Սաղ. 19։14. 26։2)։ Ան սիրալիրօրէն մեր աննշան թերացումներուն վրայ չի կեդրոնանար։ Օրինակ, երբ Աբրահամին կինը՝ Սառա նիւթականացած հրեշտակի մը չըսաւ ճշմարտութիւնը, ըստ երեւոյթին՝ հրեշտակը անոր վախն ու շփոթութիւնը նկատեց, ուստի զինք մեղմօրէն յանդիմանեց (Ծն. 18։12-15)։ Երբ Յոբ նահապետ «Աստուծմէ աւելի ինքզինք կ’արդարացնէր», Եհովա ետ չկեցաւ զինք օրհնելէ, գիտակցելով թէ ան Սատանային ձեռքով խստօրէն տառապած էր (Յոբ 32։2. 42։12)։ Նոյնպէս, Եղիա մարգարէին ուղղուած Սարեփթայի այրիին անկեղծ խօսքերը Եհովան չվիրաւորեցին։ Աստուած հասկցաւ թէ միակ տղուն մահը այրին վշտացուցած էր (Գ. Թագ. 17։8-24)։
4, 5. Աբիմելէքի հետ իր վարուած կերպով՝ Եհովա ի՞նչպէս քաղցրութիւն ցուցաբերեց։
4 Որովհետեւ Եհովա սիրտը կը քննէ, նոյնիսկ անհաւատներուն հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերած է։ Նկատի առ փղշտացիներու Գերարա քաղաքին թագաւորին՝ Աբիմելէքի հետ իր վերաբերմունքը։ Աբիմելէք չգիտնալով թէ Աբրահամ ու Սառա ամուսնացած են, Սառան առաւ որ իր կինը ըլլայ։ Սակայն շուտով Եհովա երազի մէջ անոր ըսաւ. «Ես ալ գիտցայ որ այս բանը ուղիղ սրտով ըրիր, նաեւ քեզ ինծի դէմ մեղք գործելէ ետ պահեցի. անոր համար քեզ չթողուցի որ անոր մօտենաս։ Բայց հիմա կինը իր էրկանը դարձուր. քանզի անիկա մարգարէ է եւ քեզի համար աղօթք թող ընէ, որ ապրիս» (Ծն. 20։1-7)։
5 Հարկաւ Եհովա կրնար կռապաշտ Աբիմելէքի հետ խստօրէն վարուիլ։ Բայց Աստուած նկատեց որ ան այս պարագային պարկեշտօրէն գործեց։ Ուստի ան քաղցրութեամբ թագաւորին ըսաւ թէ ի՛նչպէս կրնար ներում
ստանալ եւ ‘ապրիլ’։ Այսպիսի Աստուած մը չէ՞ որ կ’ուզես պաշտել։6. Յիսուս ի՞նչ կերպերով իր Հայրը ընդօրինակեց։
6 Յիսուս կատարելապէս իր Հայրը ընդօրինակեց, իր աշակերտներուն մէջ եղած լաւ բաներուն վրայ կեդրոնանալով եւ անոնց սխալները իսկոյն ներելով (Մար. 10։35-45. 14։66-72. Ղուկ. 22։31, 32. Յովհ. 15։15)։ Յիսուսի կեցուածքը ներդաշնակ էր Յովհաննէս 3։17–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքերուն հետ. «Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի»։ Արդարեւ մեզի հանդէպ Եհովայի եւ Յիսուսի ունեցած սէրը խոր ու մնայուն է,– անոնք կ’ուզեն որ կեանք ձեռք ձգենք (Յոբ 14։15)։ Այս սէրը կը լուսաբանէ թէ Եհովա ինչո՛ւ մեզ կը քննէ, ի՛նչպէս մեզ կը նկատէ եւ ի՛նչպէս կը վարուի իր տեսածին համաձայն (Կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 4։8, 19)։
Սիրալիրօրէն քննել
7. Եհովա ի՞նչ շարժառիթով մեզ կը քննէ։
7 Արդ, ո՜րքան սխալ է որ Եհովայի մասին խորհինք իբր երկնաւոր ոստիկան մը, որ աչքերը չորս բացած կը սպասէ որ մեղք գործենք։ Սատանան է որ ամբաստանութեան ու կասկածի ակնոցով կը դիտէ (Յայտ. 12։10)։ Ան նոյնիսկ գէշ շարժառիթներ կը վերագրէ, առանց հիմ ունենալու (Յոբ 1։9-11. 2։4, 5)։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ» (Սաղ. 130։3)։ Պատասխանը՝ ո՛չ ոք (Ժող. 7։20)։ Փոխարէն, Եհովա մեզ կը դիտէ հոգածու ծնողի գորովալից ու ազնիւ աչքերով, որ կ’ուզէ իր սիրելի զաւակները վնասէ պաշտպանել։ Ան յաճախ մեզ կը զգուշացնէ մեր անկատարութիւններէն ու տկարութիւններէն, որպէսզի մենք մեզի վնաս չհասցնենք (Սաղ. 103։10-14. Մատ. 26։41)։
8. Եհովա իր ծառաներուն ի՞նչպէս ցուցմունքներ ու կրթութիւն կու տայ։
8 Աստուծոյ սէրը կը դրսեւորուի այն ուսուցումով ու կրթութեամբ, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մատակարարած հոգեւոր սնունդին միջոցաւ հայթայթուած են (Մատ. 24։45. Եբ. 12։5, 6)։ Եհովա նաեւ քրիստոնէական ժողովքին եւ որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց միջոցաւ կ’օգնէ (Եփ. 4։8)։ Անկէ զատ, Եհովա ուշադրութեամբ կը դիտէ թէ իր հայրական մարզումին ի՛նչպէս կ’ընդառաջենք, եւ կը ջանայ մեզի յաւելեալ օգնութիւն տալ։ Սաղմոս 32։8–ը կ’ըսէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ Հետեւաբար, ո՜րքան կարեւոր է որ միշտ Եհովայի մտիկ ընենք։ Անոր առջեւ պէտք է խոնարհ մնանք, գիտակցելով թէ ան մեր սիրառատ Ուսուցիչն ու Հայրն է (Կարդալ՝ Մատթէոս 18։4)։
9. Ո՞ր յատկանիշներէն պէտք է խուսափինք եւ ինչո՞ւ։
9 Միւս կողմէ, հպարտութեամբ, անհաւատութեամբ կամ «մեղքին խաբէութիւնով» երբեք չխստանանք (Եբ. 3։13. Յակ. 4։6)։ Այդ յատկանիշները յաճախ երեւան կու գան, երբ անհատ մը վնասակար խորհուրդներ կամ ցանկութիւններ կը սնուցանէ։ Ան նոյնիսկ պատշաճ աստուածաշնչական խրատները կը սկսի մերժել։ Իսկ աւելի գէշը, ան իր չար կեցուածքին կամ ճամբաներուն մէջ ա՛յնքան կ’արմատանայ, որ ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կը դարձնէ,– իրապէս վախազդու կացութիւն մը (Առ. 1։22-31)։ Նկատի առ Ադամի ու Եւայի անդրանիկ զաւակին՝ Կայէնի օրինակը։
Եհովա ամէն բան կը տեսնէ եւ ըստ այնմ կը գործէ
10. Եհովա ինչո՞ւ Կայէնի ընծան մերժեց, իսկ Կայէն ի՞նչպէս հակազդեց։
10 Երբ Կայէն ու Աբէլ ընծաներ բերին, Եհովա ո՛չ միայն անոնց ընծաներով հետաքրքրուած էր, այլ նաեւ՝ անոնց շարժառիթով։ Որպէս արդիւնք, Աստուած հաւատքով մատուցուած Աբէլի ընծան ընդունեց, բայց մերժեց Կայէնի ընծան, որ կերպով մը անհաւատութիւն արտացոլացուց (Ծն. 4։4, 5. Եբ. 11։4)։ Փոխանակ այս դէպքէն դաս մը սորվելու եւ իր կեցուածքը փոխելու, Կայէնի բարկութիւնը իր եղբօր դէմ բորբոքեցաւ (Ծն. 4։6)։
11. Կայէն ի՞նչպէս յայտնեց թէ նենգ սիրտ ունէր, եւ այս օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
11 Եհովա այս վտանգաւոր զարգացումը նկատեց եւ Կայէնի հետ փափկանկատօրէն խօսեցաւ, նշելով թէ եթէ բարիք ընէ, ընդունելի պիտի ըլլայ։ Դժբախտաբար, Կայէն իր Ստեղծիչին խրատը մերժեց եւ իր եղբայրը սպաննեց։ Անոր սրտին չար ըլլալը նաեւ ի յայտ եկաւ իր ամբարտաւան պատասխանով Աստուծոյ հարցումին. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ Աբէլը»։ Կայէն ընդվզումով պատասխանեց. «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ» (Ծն. 4։7-9)։ Սիրտը ո՜րքան խաբեբայ կրնայ ըլլալ, նոյնիսկ արհամարհելով Աստուծմէ եկած ուղղակի խրատը (Եր. 17։9)։ Ուստի այսպիսի պատմութիւններէ սորվինք եւ սխալ խորհուրդներն ու ցանկութիւնները իսկոյն մերժենք (Կարդալ՝ Յակոբոս 1։14, 15)։ Եթէ աստուածաշնչական խրատ ստանանք, զայն գնահատենք եւ նկատենք Եհովայի սիրոյն մէկ ապացոյցը։
Գաղտնի մեղք չկայ
12. Եհովա ի՞նչպէս կը հակազդէ յանցագործութեան։
12 Ոմանք կը խորհին որ եթէ մէկը չտեսնէ իրենց գործած սխալը, կրնան պատիժէն խուսափիլ (Սաղ. 19։12)։ Առումով մը, գաղտնի մեղքը գոյութիւն չունի։ «Ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը» (Եբ. 4։13)։ Եհովա Դատաւոր մըն է, որ մեր ամենաներքին շարժառիթները կը քննէ եւ յանցագործութիւնը կատարեալ արդարութեամբ նկատի կ’առնէ։ Ան «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ [է]՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ Բայց եւ այնպէս, Եհովա անզեղջ անհատը «ամենեւին անպարտ չի թողուր», երբ ան ‘կամաւ մեղք գործէ’ կամ ծուռ ու նենգամիտ կեցուածք ցուցաբերէ (Ել. 34։6, 7. Եբ. 10։26)։ Այս իրողութիւնը ցցուն ըրին Եհովայի գործառնութիւնները Աքարի, Անանիայի ու Սափիրայի հետ։
13. Ըստ երեւոյթին, Աքարի սխալ մտածումը ի՞նչպէս ճամբան հարթեց իր չար վարմունքին։
13 Աստուծոյ պատուէրը ուղղակի զանց ընելով, Աքար Երիքովէն աւար հաւաքեց եւ զայն իր վրանին մէջ պահեց, հաւանաբար իր ընտանիքին մեղսակցութեամբ։ Երբ Աքարի մեղքը քօղազերծուեցաւ, ան ցոյց տուաւ թէ իր ըրածին լրջութեան կը գիտակցէր, ըսելով. «Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցի» (Յես. 7։20)։ Կայէնին նման, Աքար չար սիրտ զարգացուցած էր։ Իր պարագային, ագահութիւնը մեծ դեր խաղցաւ որ խաբեբայութեամբ վարուի։ Երիքովէ առնուած աւարը Եհովայի պատկանելով, Աքար խորքին մէջ Եհովայէ գողցաւ, եւ ասիկա իրեն ու իր ընտանիքին վրայ սուղի նստեցաւ (Յես. 7։25)։
14, 15. Անանիա ու Սափիրա ինչո՞ւ Աստուծոյ տհաճութեան արժանացան, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։
14 Անանիա եւ իր կինը Սափիրա, առաջին դարու Երուսաղէմի քրիստոնէական ժողովքին անդամներն էին։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն Գործք 5։1-11)։
ետք, հասարակաց հիմնադրամ տրամադրուեցաւ հեռաւոր երկիրներէ եկած նոր հաւատացեալներուն ֆիզիքական կարիքները հոգալու, որոնք դեռ Երուսաղէմի մէջ էին։ Յօժարակամ նուիրատուութիւնները հիմնադրամին աղբիւրն էին։ Անանիա արտ մը ծախեց եւ գումարէն մաս մը նուիրեց։ Սակայն իր կնոջ հաւանութեամբ, ան այնպէս ձեւացուց թէ ամբողջ գումարը կը նուիրէր։ Անոնք անկասկած ուզեցին ժողովքէն ներս մասնայատուկ պատիւի արժանանալ։ Բայց անոնց ըրածը խաբեբայութիւն էր։ Հրաշալի կերպով Եհովա այդ խաբեբայութիւնը Պետրոս առաքեալին յայտնեց։ Իր յանցանքը երեւան հանուելով, Անանիա ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Անկէ քիչ ետք, Սափիրան ալ մեռաւ (15 Անանիա ու Սափիրա ժամանակաւոր տկարութեան զոհ չգացին։ Անոնք ծրագրեցին եւ սուտ խօսեցան, փորձելով առաքեալները խաբել։ Իսկ աւելի գէշը, անոնք ‘Աստուծոյ ու սուրբ հոգիին սուտ խօսեցան’։ Եհովայի հակազդեցութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ժողովքը կեղծաւորներէն կը պաշտպանէ։ Արդարեւ «սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը» (Եբ. 10։31)։
Ամէն ատեն մեր ուղղամտութիւնը պահենք
16. ա) Սատանան ի՞նչպէս կը փորձէ Աստուծոյ ժողովուրդը ապականել։ բ) Շրջանիդ մէջ, Բանսարկուն ի՞նչ մեթոտներ կը գործածէ մարդիկը ապականելու համար։
16 Սատանան իր կարելին կ’ընէ որ մեզ ապականէ, որպէսզի Եհովայի հաճութիւնը կորսնցնենք (Յայտ. 12։12, 17)։ Սեռային անբարոյութեամբ ու բռնութեամբ կլանուած աշխարհը յստակօրէն կը յայտնէ Բանսարկուին չար դիտաւորութիւնները։ Այժմ պոռնկագրութիւնը համակարգիչներու կամ այլ ելեկտրոնիկ սարքերու միջոցաւ դիւրամատչելի է։ Թող երբեք Սատանայի յարձակումներուն տեղի չտանք։ Փոխարէն, սաղմոսերգու Դաւիթին զգացումները բաժնենք, որ գրեց. «Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ. . . իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ» (Սաղ. 101։2)։
17. ա) Եհովա ինչո՞ւ թաքնուած մեղքերը ի վերջոյ երեւան կը հանէ։ բ) Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
17 Այսօր Եհովա լուրջ մեղքերը եւ խաբեբայ վարքը հրաշալիօրէն երեւան չի հաներ, ինչպէս անցեալին երբեմն կ’ընէր։ Այսուհանդերձ ան ամէն բան կը տեսնէ, եւ իր որոշած ժամանակին ու իր ուզած կերպով պիտի դիմակազերծէ թաքնուած բաները։ Պօղոս ըսաւ. «Կան մարդիկ՝ որոնց մեղքերը յայտնի են ու առաջուընէ դատաստանի հասած են եւ կան՝ որոնց մեղքերը յետոյ յայտնի կ’ըլլան» (Ա. Տիմ. 5։24)։ Սխալ արարքները երեւան հանելու Եհովայի գլխաւոր շարժառիթը՝ սէրն է։ Ան ժողովքը կը սիրէ եւ կ’ուզէ անոր անարատութիւնը պաշտպանել։ Անկէ զատ, ան կ’ողորմի անոնց, որոնք մեղք գործած են, բայց իրապէս զղջացած են (Առ. 28։13)։ Ուստի ջանանք Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանել եւ բոլոր ապականիչ ազդեցութիւնները մերժել։
Կատարեալ սիրտ պահպանէ
18. Դաւիթ թագաւոր կ’ուզէր որ իր որդին ի՞նչպէս զգար Աստուծոյ հանդէպ։
18 Դաւիթ թագաւոր իր որդիին՝ Սողոմոնի ըսաւ. «Քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ՛. քանզի Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ» (Ա. Մն. 28։9)։ Դաւիթ կ’ուզէր որ իր որդին Աստուծոյ հաւատալէն աւելին ընէր։ Ան կ’ուզէր որ Սողոմոն գնահատէր Իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի խոր հետաքրքրութիւնը։ Եհովան այս կերպով կը գնահատե՞ս։
19, 20. Սաղմոս 19։7-11–ի համաձայն, ի՞նչ բան Դաւիթի օգնեց Աստուծոյ մօտենալու, եւ ի՞նչպէս կրնանք Դաւիթը ընդօրինակել։
19 Եհովա գիտէ թէ շիտակ կեցուածք ունեցող անհատներ իրեն պիտի մօտենան եւ իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին գիտնալը պիտի տոգորէ անոնց սիրտը։ Ուստի Եհովա կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք եւ իր սքանչելի անձնաւորութեան ծանօթանանք։ Ի՞նչպէս։ Իր Խօսքը ուսումնասիրելով եւ մեր կեանքին մէջ իր օրհնութիւնը վայելելով (Առ. 10։22. Յովհ. 14։9)։
20 Աստուածաշունչը ամէն օր կը կարդա՞ս, գիտակցելով որ Աստուծոյ Խօսքն է, եւ զայն կիրարկելու համար՝ աղօթքով օգնութիւն կը խնդրե՞ս։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրելու արժէքը կ’ըմբռնե՞ս (Կարդալ՝ Սաղմոս 19։7-11)։ Եթէ այո՛, Եհովայի հանդէպ հաւատքդ եւ սէրդ պիտի շարունակեն աճիլ։ Իսկ ինք, իր կարգին, քեզի ա՛լ աւելի պիտի մօտենայ, հետդ ձեռք–ձեռքի քալելով, այլաբանօրէն խօսելով (Եսա. 42։6. Յակ. 4։8)։ Արդարեւ Եհովա քեզի հանդէպ իր սէրը պիտի ապացուցանէ՝ քեզ օրհնելով եւ հոգեւորապէս պաշտպանելով, մինչ դէպի կեանք տանող նեղ ճամբուն մէջ կը քալես (Սաղ. 91։1, 2. Մատ. 7։13, 14)։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Եհովա ինչո՞ւ մեզ կը քննէ։
• Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ կարգ մը անհատներ Աստուծոյ թշնամիներ դառնան։
• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովա մեզի համար իրական է։
• Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 12]
Եհովա ի՞նչպէս հոգածու ծնողի մը պէս մեր վրայ կը հսկէ
[Նկար՝ էջ 13]
Անանիայի օրինակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք
[Նկար՝ էջ 14]
Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք կատարեալ սրտով Եհովայի ծառայել