Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա մեր բարիքին համար մեր վրայ կը հսկէ

Եհովա մեր բարիքին համար մեր վրայ կը հսկէ

Եհովա մեր բարիքին համար մեր վրայ կը հսկէ

«Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. ՄՆ. 16։9

1. Եհովա մեզ ինչո՞ւ կը քննէ։

ԵՀՈՎԱ կատարեալ Հայր է։ Ան մեզ ա՛յնքան լաւ կը ճանչնայ որ նոյնիսկ մեր «մտածումներուն բոլոր նպատակները» կը հասկնայ (Ա. Մն. 28։9, ԱՎ)։ Սակայն ան մեզ չի քններ՝ սխալներ գտնելու համար (Սաղ. 11։4. 130։3)։ Փոխարէն, ան սիրալիրօրէն կ’ուզէ մեզ պաշտպանել որեւէ բանէ, որ իրեն հետ մեր յարաբերութեան կամ յաւիտենական կեանք ստանալու մեր հեռանկարին կրնայ վնասել (Սաղ. 25։8-10, 12, 13

2. Եհովա զորո՞նք կ’ուժովցնէ։

2 Եհովա զօրութեամբ աննման է եւ ամէն բան կը տեսնէ։ Ուստի ան կրնայ իր հաւատարիմներուն օգնութեան փութալ ու անոնց նեցուկ կանգնիլ փորձութիւններուն ընթացքին։ «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ», կ’ըսէ Բ. Մնացորդաց 16։9–ն։ Նկատի առ թէ Եհովա իր ուժը կը գործածէ ի նպաստ անոնց, որոնք իրեն կը ծառայեն ուղիղ սրտով,– սիրտ մը որ անարատ ու անկեղծ շարժառիթներ ունի։ Ան խաբեբայ կամ կեղծաւոր անհատներու հանդէպ այսպիսի հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր (Յես. 7։1, 20, 21, 25. Առ. 1։23-33

Աստուծոյ հետ քալէ

3, 4. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Աստուծոյ հետ քալել’, եւ Աստուածաշունչէն ի՞նչ օրինակներ այս հարցին վրայ լոյս կը սփռեն։

3 Շատերու համար անըմբռնելի է որ անհուն տիեզերքի Ստեղծիչը թոյլ կու տայ մարդոց որ հոգեւոր առումով իրեն հետ քալեն։ Բայց Եհովա կ’ուզէ՛ որ իրեն հետ քալենք։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Ենովք ու Նոյ ‘Աստուծոյ հետ քալեցին’ (Ծն. 5։24. 6։9)։ Մովսէս «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (Եբ. 11։27)։ Դաւիթ թագաւոր խոնարհաբար իր երկնաւոր Հօր հետ քալեց։ Ան ըսաւ. «Որովհետեւ [Եհովա] իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ» (Սաղ. 16։8

4 Հարկաւ բառացիօրէն կարելի չէ Եհովայի ձեռքը բռնել ու անոր հետ քալել։ Ասիկա այլաբանօրէն ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Սաղմոսերգու Ասափ կը գրէ. «Ես միշտ քեզի հետ եմ, դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ» (Սաղ. 73։23, 24)։ Ուրիշ խօսքով, Եհովայի հետ կը քալենք երբ սերտօրէն իր խրատին կը հետեւինք, որ գլխաւորաբար իր գրաւոր Խօսքին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ կը ստանանք (Մատ. 24։45. Բ. Տիմ. 3։16

5. Եհովա ի՞նչպէս իր հայրական աչքը իր հաւատարիմներուն վրայ կը պահէ, եւ իրեն հանդէպ ի՞նչ պէտք է զգանք։

5 Որովհետեւ Եհովա իրեն հետ քալողները կ’արժեւորէ, իր հայրական աչքը անոնց վրայ կը պահէ, անոնց հոգ տանելով, պաշտպանելով եւ սորվեցնելով։ Աստուած կ’ըսէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 32։8)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Այլաբանօրէն Եհովայի ձեռքը բռնած կը քալե՞մ իրեն հետ, իր իմաստութիւնը մտիկ ընելով եւ գիտնալով որ իր սիրալիր աչքը իմ վրաս է։ Իր ներկայութեան գիտակցիլս կ’ազդէ՞ խորհուրդներուս, խօսքերուս եւ արարքներուս։ Իսկ երբ սխալ մը գործեմ, Եհովան կը նկատե՞մ ջերմ ու գթառատ Հայր մը, որ կ’ուզէ զղջացողներուն օգնել իր ջերմ հաճութեան վերադառնալու’ (Սաղ. 51։17

6. Եհովա մարդկային ծնողներէն ի՞նչ առաւելութիւն ունի։

6 Երբեմն Եհովա մեր օգնութեան կը փութայ, երբ սխալ ընթացք մը առնելու վրայ ենք։ Օրինակ, թերեւս ան նկատէ թէ մեր խաբեբայ սիրտը սկսած է անպատշաճ բաներ ցանկալ (Եր. 17։9)։ Այս պարագային, ան կրնայ նոյնիսկ մարդկային ծնողներէն առաջ քայլեր առնել, քանի որ «իր թարթիչները» կրնան մեր ներսիդին տեսնել, մեր ամենաներքին խորհուրդները քննելով (Սաղ. 11։4. 139։4. Եր. 17։10)։ Նկատի առ Աստուծոյ հակազդեցութիւնը Երեմիայի քարտուղարին ու սերտ բարեկամին՝ Բարուքի ունեցած մէկ կացութեան։

Բարուքին համար իսկական հայր

7, 8. ա) Ո՞վ էր Բարուք, եւ հաւանաբար իր սրտին մէջ ի՞նչ վնասակար ցանկութիւններ սկսած էր մշակել։ բ) Եհովա Բարուքի հանդէպ իր հայրական հետաքրքրութիւնը ի՞նչպէս ցուցաբերեց։

7 Բարուք արհեստավարժ դպիր մըն էր, որ հաւատարմաբար Երեմիայի կողքին դժուար նշանակումի մը մէջ ծառայեց,– Եհովայի դատաստանները Յուդայի ծանուցանել (Եր. 1։18, 19)։ Առիթով մը Բարուք, որ թերեւս կարկառուն ընտանիքի կը պատկանէր, սկսաւ իրեն համար «մեծ բաներ» խնդրել,– անձնական փառասիրութիւն սնուցանել կամ նիւթական բարգաւաճութիւն ցանկալ։ Յամենայն դէպս, Եհովա Բարուքի սրտին մէջ զարգացող այս վտանգաւոր մտածումը տեսաւ։ Եհովա իսկոյն հարցը ձեռք առաւ ու Երեմիայի միջոցով Բարուքին ըսաւ. «Դուն ըսիր, հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ»։ Ապա Աստուած աւելցուց. «Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր» (Եր. 45։1-5

8 Թէեւ Եհովա Բարուքի հետ վճռական էր, բայց հակազդեց ո՛չ թէ բարկութեամբ, այլ՝ հայրական հարազատ հետաքրքրութեամբ։ Բացորոշ է որ ան տեսաւ թէ Բարուքի ցանկութիւններուն ետին չար կամ խաբեբայ սիրտ չկար։ Եհովա նաեւ գիտէր թէ Երուսաղէմն ու Յուդան իրենց վերջին օրերուն մէջն էին, եւ չուզեց որ Բարուք այդ վճռական ժամանակին մէջ սայթաքի։ Ուստի իր ծառան զգաստացնելու համար, Աստուած անոր յիշեցուց թէ ‘ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերէր’, եւ աւելցուց թէ եթէ ան իմաստութեամբ վարուի՝ պիտի ապրի (Եր. 45։5)։ Իրականութեան մէջ, Աստուած ըսաւ. ‘Բարո՛ւք, իրատե՛ս եղիր։ Ի մտի ունեցիր ի՛նչ որ շուտով մեղաւոր Յուդայի եւ Երուսաղէմի պիտի պատահի։ Հաւատարի՛մ մնացիր եւ ապրէ։ Ես քեզ պիտի պաշտպանեմ’։ Բացայայտ է որ Եհովա Բարուքի սրտին հասաւ, քանի որ ան դրականօրէն ընդառաջեց ու Երուսաղէմի կործանումէն վերապրեցաւ, որ 17 տարի ետք տեղի ունեցաւ։

9. Պարբերութեան ուղղած հարցումներուն ի՞նչպէս կը պատասխանես։

9 Մինչ Բարուքի պատմութեան շուրջ կը խորհրդածես, նկատի առ հետեւեալ հարցումներն ու համարները. Բարուքի հետ Եհովայի վարուելու կերպը ի՞նչ կը յայտնէ Իր մասին եւ իր ծառաներուն հանդէպ ունեցած զգացումներուն մասին (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 12։9Ներկայ շատ վտանգաւոր ժամանակներուն ի տես, ի՞նչ կրնանք սորվիլ Բարուքի տրուած Աստուծոյ խրատէն եւ Բարուքի ընդառաջումէն (Կարդալ՝ Ղուկաս 21։34-36Երեմիայի նման, քրիստոնեայ երէցներ ի՞նչպէս կրնան Իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութիւնը արտացոլացնել (Կարդալ՝ Գաղատացիս 6։1

Որդին Հօր սէրը կ’արտացոլացնէ

10. Յիսուս ի՞նչպէս զինուած է իր դերը կատարելու որպէս քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։

10 Նախաքրիստոնէական դարաշրջանին, իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի սէրը դրսեւորուեցաւ մարգարէներուն եւ այլ հաւատարիմ ծառաներու միջոցաւ։ Ներկայիս այդ նոյն սէրը կը յայտնուի քրիստոնէական ժողովքի Գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ (Եփ. 1։22, 23)։ Հետեւաբար Յայտնութիւն գրքին մէջ Յիսուս նկարագրուած է որպէս գառնուկ մը, որ ‘եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունի, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են, որ բոլոր երկիր ղրկուած են’ (Յայտ. 5։6)։ Այո, Աստուծոյ ամբողջ սուրբ հոգիով զօրացած, Յիսուս կատարեալ խորատեսութիւն ունի։ Ան նոյնպէս մեր ներքին անձնաւորութիւնը կը տեսնէ եւ ոչինչ իր ուշադրութենէն կը վրիպի։

11. Քրիստոս ի՞նչ դեր կը խաղայ, եւ ի՞նչպէս մեզի հանդէպ իր Հօր կեցուածքը կ’արտացոլացնէ։

11 Սակայն Եհովայի նման, Յիսուս ալ երկնային ոստիկան մը չէ։ Ան սէրէ մղուած մեզ կը քննէ։ Անոր մէկ տիտղոսը՝ «Յաւիտենական Հայր» մեզի կը յիշեցնէ իրեն հաւատացողներուն յաւիտենական կեանք շնորհելու մէջ իր ապագայ դերը (Եսա. 9։6, ՆԱ)։ Անկէ զատ, քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը ըլլալով, Քրիստոս կրնայ մղել յօժարակամ ու հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեաները, մանաւանդ երէցները, որ հաւատակիցները մխիթարեն կամ խրատեն (Ա. Թես. 5։14. Բ. Տիմ. 4։1, 2

12. ա) Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքներուն յղուած նամակները ի՞նչ կը յայտնեն Յիսուսի մասին։ բ) Երէցները ի՞նչպէս Աստուծոյ հօտին հանդէպ Քրիստոսի կեցուածքը կ’արտացոլացնեն։

12 Հօտին հանդէպ Քրիստոսի խոր հետաքրքրութիւնը կը դրսեւորուի Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքներու երէցներուն ուղղուած նամակներուն մէջ (Յայտ. 2։1–3։22)։ Անոնց մէջ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ լաւ գիտէր իւրաքանչիւր ժողովքին մէջ պատահած բաները եւ թէ իր հետեւորդներով խորապէս հետաքրքրուած էր։ Ասիկա ներկայիս ա՛լ աւելի կը կիրարկուի, քանի որ Յայտնութեան տեսիլքը «Տէրոջ օրուան» ընթացքին կը կատարուի * (Յայտ. 1։10, ՆԱ)։ Քրիստոսի սէրը յաճախ կ’արտայայտուի երէցներուն միջոցաւ, որոնք ժողովքին մէջ իբրեւ հոգեւոր հովիւներ կը ծառայեն։ Ան կրնայ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ խթանել որ ի պահանջել հարկին մխիթարութիւն, քաջալերութիւն կամ խրատ տան (Եփ. 4։8. Գործք 20։28. կարդալ՝ Եսայի 32։1, 2)։ Անոնց ջանքերը կը սեպե՞ս քեզի հանդէպ Քրիստոսի հետաքրքրութեան մէկ արտայայտութիւնը։

Օգնութիւն՝ յարմար ժամանակին

13-15. Աստուած թերեւս ի՞նչ կերպերով մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Օրինակներ տուր։

13 Երբեք ջերմեռանդ աղօթքով օգնութիւն խնդրելէ ետք պատասխան մը ստացա՞ծ ես, հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեայի մը քաջալերական այցելութեամբ (Յակ. 5։14-16)։ Կամ, թերեւս օգնութիւնը եկաւ քրիստոնէական ժողովի մը մէջ ներկայացուած դասախօսութեան կամ մեր հրատարակութեան մը բովանդակած տեղեկութիւններուն միջոցով։ Եհովա յաճախ այս կերպերով աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Օրինակ, երէց մը դասախօսելէ ետք, քոյր մը իրեն մօտեցաւ, որ շաբաթներ առաջ լուրջ անիրաւութեան զոհ գացած էր։ Փոխանակ իր խնդրին մասին գանգատելու, ան դասախօսութեան նշած կարգ մը աստուածաշնչական կէտերուն հանդէպ խոր գնահատանք արտայայտեց։ Անոնք իր պարագային կը կիրարկուէին, զինք մեծապէս մխիթարելով։ Ան ո՜րքան ուրախ էր որ այդ ժողովը չէր փախցուցած։

14 Աղօթքով ձեռք ձգուած օգնութեան առնչութեամբ, նկատի առ երեք բանտարկեալներու օրինակը, որոնք բանտին մէջ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցան ու չմկրտուած հրատարակիչներ եղան։ Վայրագ միջադէպի մը պատճառաւ, բոլոր բանտարկեալները կարգ մը առանձնաշնորհումներէ զրկուեցան։ Առ ի բողոք, անոնք որոշեցին յաջորդ օրը նախաճաշէն ետք իրենց պնակները չվերադարձնել։ Չմկրտուած հրատարակիչները երկսայրի դժուարութեան մատնուեցան,– եթէ ապստամբութեան միանային, Հռովմայեցիս 13։1–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի խրատը պիտի ոտնակոխէին, իսկ եթէ չմիանային, զայրացած բանտարկեալները վրէժ պիտի առնէին։

15 Հաղորդակցելու անկարող ըլլալով, երեք տղամարդիկը աղօթքով իմաստութիւն խնդրեցին։ Յաջորդ առաւօտ, ի յայտ եկաւ որ երեքն ալ նոյն որոշումը տուած էին,– նախաճաշ չընել։ Ետքը, երբ պահակները եկան պնակները հաւաքելու, երեք հրատարակիչները վերադարձնելիք պնակներ չունէին։ Անոնք ո՜րքան ուրախ էին որ «աղօթքի լսող»ը մօտ էր (Սաղ. 65։2

Ապագան վստահութեամբ դիմագրաւել

16. Քարոզչութիւնը ի՞նչպէս ոչխարանման անհատներու հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ։

16 Ամէնուրեք պարկեշտամիտ անհատներու հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութեան այլ ապացոյց մըն է համաշխարհային քարոզչութիւնը (Ծն. 18։25)։ Յաճախ հրեշտակներու միջոցաւ, Եհովա կրնայ իր ծառաները ոչխարանման անհատներու առաջնորդել, նոյնիսկ եթէ կը բնակին այն շրջանները՝ ուր բարի լուրը տակաւին չէ հասած (Յայտ. 14։6, 7)։ Օրինակ, հրեշտակի մը միջոցաւ Աստուած առաջին դարու աւետարանիչ Փիլիպպոսը առաջնորդեց որ եթովպիացի պալատականին հանդիպի ու Սուրբ Գրութիւնները բացատրէ։ Արդի՞ւնքը։ Ան բարի լուրը ողջունեց եւ Յիսուսի մկրտուած հետեւորդ մը եղաւ * (Յովհ. 10։14. Գործք 8։26-39

17. Ապագայի նկատմամբ ինչո՞ւ չափազանց պէտք չէ մտահոգուինք։

17 Մինչ իրերու ներկայ դրութիւնը անցնելու վրայ է, նախագուշակուած «ցաւեր»ը պիտի յարատեւեն (Մատ. 24։8)։ Օրինակ, ուտելիքի գիները կրնան զգալիօրէն բարձրանալ՝ պահանջքը աւելնալուն, օդի ծայրայեղ պայմաններուն կամ տնտեսական անկայունութեան պատճառաւ։ Աշխատանք գտնելը կրնայ դժուարանալ, իսկ գործաւորներու վրայ կրնայ յաւելեալ ճնշում բանեցուիլ որ երկար ժամեր աշխատին։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, բոլոր անոնք որ հոգեւոր շահերը առաջնակարգ տեղը կը դնեն եւ ‘պարզ աչք’ կը պահպանեն, չափազանց մտահոգուելու պէտք չունին։ Անոնք գիտեն թէ Աստուած զիրենք կը սիրէ եւ իրենց հոգ պիտի տանի (Մատ. 6։22-34)։ Օրինակ, նկատի առ թէ Եհովա ի՛նչպէս Երեմիայի կարիքները հոգաց, Երուսաղէմի խռովալից վախճանին ընթացքին՝ մ.թ.ա. 607–ին։

18. Երուսաղէմի պաշարման ընթացքին, Եհովա Երեմիայի հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս ապացուցանեց։

18 Բաբելոնացիներու կողմէ Երուսաղէմի պաշարման վերջին հանգրուանին, Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր։ Ան ի՞նչպէս ուտելիք պիտի ճարէր։ Եթէ ան ազատ ըլլար, կրնար զայն փնտռել։ Բայց այժմ ան լիովին կախեալ էր իր շուրջ եղողներէն, որոնց մեծ մասը զինք կ’ատէր։ Այսուհանդերձ Երեմիա ո՛չ թէ մարդոց վստահեցաւ, այլ՝ Աստուծոյ, որ խոստացաւ իրեն հոգ տանիլ։ Եհովա իր խօսքը յարգե՞ց։ Անշո՛ւշտ։ Ան կարգադրեց որ ‘ամէն օր հացի նկանակ մը տրուի անոր, մինչեւ որ քաղաքին ամբողջ հացը հատաւ’ (Եր. 37։21)։ Երեմիա, Բարուք, Աբդեմելէք եւ ուրիշներ, սովի, հիւանդութեան ու մահուան այդ ժամանակամիջոցէն վերապրեցան (Եր. 38։2. 39։15-18

19. Մինչ ապագան կը դիմագրաւենք, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Արդարեւ «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին» (Ա. Պետ. 3։12)։ Երկնաւոր Հօրդ հսկումը քեզ կ’ուրախացնէ՞։ Ապահով կը զգա՞ս՝ գիտնալով թէ անոր աչքերը քու վրադ են բարիքիդ համար։ Ուրեմն վճռէ շարունակել Աստուծոյ հետ քալել, ի՛նչ որ ալ ապագային պատահի։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովայի հայրական աչքը միշտ իր բոլոր հաւատարիմներուն վրայ պիտի ըլլայ (Սաղ. 32։8. կարդալ՝ Եսայի 41։13

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 12 Թէեւ այս նամակները գլխաւորաբար Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն կը կիրարկուին, բայց սկզբունքով՝ անոնք Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն կը կիրարկուին։

^ պարբ. 16 Երկնային առաջնորդութեան ուրիշ օրինակ մը կը գտնուի Գործք 16։6-10–ի մէջ։ Հոն կը կարդանք թէ «Սուրբ Հոգին արգիլեց» Պօղոսն ու իր ընկերակիցները որ Ասիոյ ու Բիւթանիոյ մէջ քարոզեն։ Փոխարէն, անոնք Մակեդոնիա ուղղուեցան, ուր բազմաթիւ հեզ անհատներ անոնց աւետարանչութեան ընդառաջեցին։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ ‘Աստուծոյ հետ կը քալենք’։

• Եհովա Բարուքի հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս ցուցաբերեց։

• Որպէս քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը, Յիսուս ի՞նչպէս իր Հօր յատկութիւնները կ’արտացոլացնէ։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ այս վտանգաւոր ժամանակներուն ընթացքին Աստուծոյ կը վստահինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Երեմիայի նման, ներկայիս քրիստոնեայ երէցները Եհովայի հետաքրքրութիւնը կ’արտացոլացնեն

[Նկար՝ էջ 18]

Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ յարմար ժամանակին