Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչպիսի անձ մըն է մեր երկնաւոր Հայրը

Ի՞նչպիսի անձ մըն է մեր երկնաւոր Հայրը

Ի՞նչպիսի անձ մըն է մեր երկնաւոր Հայրը

ՇԱՏԵՐ անգիր գիտեն իր աշակերտներուն սորվեցուցած Յիսուսի տիպար աղօթքը,– «Հայր մեր»ը կամ տէրունական աղօթքը (Մատթէոս 6։9-13)։ Անոնք ամէն անգամ որ զայն աղօթեն, Աստուծոյ կ’ըսեն «Հայր մեր»։ Սակայն քանինե՞ր կրնան նշել թէ զինք լաւ կը ճանչնան։

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Ո՞րքան լաւ կը ճանչնաս Աստուած։ Իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն կը վայելե՞ս, իրեն կը խօսի՞ս, եւ ուրախութիւններդ ու վիշտերդ իրեն հետ կը բաժնե՞ս։ Իրապէս, զինք ճանչնալը ի՞նչ կը պարփակէ։

«Անոր անունը Եհովա է»

Երախայ մը իր հայրը կը ճանչնայ որպէս «հայրիկ»։ Սակայն երբ կը մեծնայ, ան իր հօր անունն ու համբաւը կը գիտնայ, եւ հաւանաբար անով կը պարծենայ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր երկնաւոր Կենսատուին մասին։ Անոր անձնական անունը եւ անուան նշանակութիւնը գիտե՞ս։

Թէեւ շատեր տէրունական աղօթքին մէջ նշուած «անունդ սուրբ ըլլայ» արտայայտութիւնը կը կրկնեն, բայց շփոթութեան կը մատնուին եթէ իրենց հարցուի. «Ի՞նչ է այդ անունը»։ Աստղազարդ երկինքը, վեհաշուք լեռները եւ կեանքով վխտացող գոյնզգոյն բստային ժայռերը կ’ապացուցանեն թէ Աստուած գոյութիւն ունի։ Բայց եւ այնպէս, անոնք իր անունը չեն յայտներ։ Զայն գիտնալու համար, Աստուածաշունչին պէտք է դիմենք։ Անիկա ուղղակի կ’ըսէ. «Անոր անունը Եհովա է» (Ելից 15։3

Աստուած կ’ուզէ որ զինք Եհովա անունով ճանչնանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր անունը, իր ի՛նչպիսի անձ մը ըլլալը կը ներկայացնէ։ Անունը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Ուրիշ խօսքով, ան կ’ըլլայ ի՛նչ որ հարկ է՝ իր նպատակը կատարելու համար։ Լուսաբանենք. հայր մը իր ընտանիքին հոգ տանելու համար կ’ըլլայ ապրուստ ճարող, խրատատու, դատաւոր, բանակցող, պաշտպանող եւ ուսուցիչ, ըստ ընտանիքին կարիքներուն ու պարագաներուն։ Նոյն կերպով, Եհովա անունը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ ի՛նչ որ ալ պատահի, Աստուած կրնայ իր կամքը կատարել, յօգուտ իրեն ծառայող բոլոր անհատներուն։

Այժմ նկատի առնենք մեր սիրառատ Աստուծոյն խաղցած դերերը, իր անուան նշանակութեան հետ ներդաշնակ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ գնահատելու թէ Եհովա ի՛նչպիսի Աստուած մըն է, եւ գիտնալու թէ ի՛նչ պէտք է ընես որ իրեն մօտենաս։

«Սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուած»

Պօղոս առաքեալ մեր Արարիչը կոչեց «սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը» (Բ. Կորնթացիս 13։11)։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս Քրիստոս նախապէս ըսած էր. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Աստուած մարդկութեան հանդէպ իր խոր սէրէն մղուած՝ իր սիրալիր Որդին որպէս փրկանք տուաւ, կարելի դարձնելով որ իրեն հաւատք ընծայողները անվերջ կեանք վայելեն, մեղքին պատճառած վիշտէն ու տառապանքէն զերծ։ Ասոր համար Պօղոս նաեւ ըսաւ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 6։23)։ Ասիկա պէտք չէ՞ մեզ մղէ Աստուած սիրելու եւ իրեն մօտենալու։

Աստուած իր սէրը կը յայտնէ ո՛չ միայն մարդկութեան որպէս ամբողջութիւն, այլ նաեւ՝ իւրաքանչիւր հաւատարիմ անհատի։ Մովսէս վաղեմի կամակոր իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Տէրոջը ըրած հատուցումնիդ ասիկա՞ է, ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, անիկա քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ ստացաւ, քեզ ստեղծեց ու քեզ հաստատեց» (Բ. Օրինաց 32։6)։ Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։ Գորովալից Հայր ըլլալով, Եհովա իր ժողովուրդը հոգաց, հակառակ անոր որ անոնց թերացումները շատ լաւ գիտէր։ Ան անոնց բոլոր վաւերական կարիքները հայթայթեց,– նիւթական, զգացական եւ հոգեւոր։

Բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ վերիվայրումներ կ’ունենանք, եւ երբեմն կը վշտանանք ու նոյնիսկ կ’ընկճուինք։ Ո՞վ կրնայ մեզի օգնել որ մեր պարագան ու խնդիրները շիտակ տեսանկիւնէն դիտենք։ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ, Եհովա փաստած է թէ սիրալիր Խրատատու եւ Հոգատար է։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կը տառապինք եւ ի՛նչպէս կրնանք տառապանքին հետ գլուխ ելլել։ Ճիշդ ինչպէս որ հայր մը գթօրէն կ’օգնէ իր զաւակին, որ գետին ինկած ու վիրաւորուած է, նոյնպէս Եհովա խոր սէրէ մղուած կը ծռի, այլաբանօրէն խօսելով, մեզի հարկ եղած օգնութիւնը տալու։ Արդարեւ Եհովայի ձեռքը կարճցած չէ՝ որ չկարենայ իրեն հաւատք ընծայողները փրկել (Եսայի 59։1

Աստուած նաեւ իր սէրը կը յայտնէ «աղօթքի լսող» ըլլալով (Սաղմոս 65։2)։ Ի՞նչպէս։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Սրտանց Աստուծոյ աղօթելով եւ իր Խօսքին առաջնորդութեան հետեւելով, դուն ալ կրնաս ‘ամէն մտքէ վեր եղող խաղաղութիւնը’ վայելել։

«Գիտութեան Աստուած»

Եհովա Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ նկարագրուած է որպէս «գիտութեամբ կատարեալ»։ «Գիտութեան Աստուած» ըլլալով, ան ոեւէ մէկէ աւելի լաւ կը հասկնայ մարդկային բնոյթն ու կարիքները (Յոբ 36։4. Ա. Թագաւորաց 2։3)։ Ան Մովսէսի միջոցաւ բացայայտ դարձուց թէ «մարդ միայն հացով չ’ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի» (Բ. Օրինաց 8։3. Մատթէոս 4։4)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ կեանքի մէջ իսկական գոհունակութիւն ունենալու համար, նիւթական հայթայթումները բաւարար չեն։

Մեր Ստեղծիչը իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ մեզի թանկարժէք առաջնորդութիւն ու խրատ կու տայ։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ իր խրատները կիրարկելով, «Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսք»էն կ’օգտուինք։ Օրինակ, Զուզաննա անունով քրիստոնեայ կին մը, իր ընտանեկան կեանքին մասին հետեւեալը ըսաւ. «Մեր ամուսնութիւնը զօրացաւ՝ միասնաբար Աստուածաշունչը ընթերցելով, միասնաբար քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելով եւ մեր սորվածը ուրիշներուն հետ բաժնելով։ Աստուծոյ հոգեւոր ցուցմունքներուն շնորհիւ, նոյն նպատակակէտերը ունինք ու զօրաւոր յարաբերութիւն մը կը վայելենք»։

Աստուծոյ հոգեւոր խրատներէն եւ առաջնորդութենէն կ’ուզե՞ս օգտուիլ։ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով եւ անոր խրատները կիրարկելով, կրնաս բազմաթիւ հոգեւոր օրհնութիւններ վայելել (Եբրայեցիս 12։9

‘Փրկութեան Աստուած’

Ներկայիս աշխարհը կռիւներով զեղուն է։ Մէկը ստոյգ չի գիտեր թէ վաղը ի՛նչ պիտի բերէ։ Եթէ պատերազմով պառակտուած երկրի մը մէջ կ’ապրիս, վստահաբար խաղաղութեան կը տենչաս։ Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, մարդիկ կ’ապրին ոճիրի ու բռնութեան, տնտեսական անկայունութեան եւ ահաբեկչական արարքներու վախով։ Ո՞վ մեզ այս բոլորէն պիտի ազատէ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, մարդկութիւնը պաշտպանութեան եւ ազատման կարիք ունի։

«Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Առակաց 18։10)։ Աստուծոյ անունը գիտնալը եւ անոր ապաւինիլը կրնայ մեր ուշադրութիւնը ուղղել իր ըրածներուն եւ ի՛նչ որ տակաւին պիտի ընէ իրեն հաւատք ընծայողները ազատելու։ Եհովա Աստուած ամէն կասկածէ վեր ապացուցանած է թէ կրնայ իր ժողովուրդը ազատել։ Օրինակ, ան իսրայէլը ազատեց, փարաւոնի մարտակառքերն ու բանակը կործանելով։ Աստուած ապացուցանեց թէ հաւատարմութեան Աստուած է,– տառապեալները կը յիշէ եւ կը փափաքի անոնց ի նպաստ քայլեր առնել (Ելից 15։1-4

Մեր յաւիտենական ապագան նաեւ կախեալ է Եհովա Աստուած որպէս Փրկիչ ընդունելէն։ Վաղեմի իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը, որ ստիպուեցաւ անհամար դժուարութիւններ դիմագրաւել, ա՛յդ հաւատքը ցոյց տուաւ, երբ Եհովայի մասին գրեց. «Դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը» (Սաղմոս 25։5)։ Իսկ Պետրոս առաքեալ վստահութեամբ նշեց. «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել» (Բ. Պետրոս 2։9

Օգնութեան համար իրեն վստահող անհատին նկատմամբ Աստուած խոստացած է. «Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ» (Սաղմոս 91։14)։ Աստուծոյ արդի ծառաները այդ խոստումին ճշմարիտ ըլլալը շօշափած են։ Լեհաստանի մէջ, Հէնրիք 70 տարի հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայած է, ի հեճուկս նեղութիւններու եւ հալածանքի։ Երբ ան 16 տարեկան էր, իր հայրը Օշվիթցի կեդրոնացման ճամբարը ղրկուեցաւ։ Հէնրիք եւ իր եղբայրը պատանիներուն յատկացուած նացիական բարեփոխական կեդրոնի մը մէջ դրուեցան։ Անկէ ետք, ան կեդրոնացման մէկ ճամբարէն միւսը փոխադրուեցաւ։ Այդ օրերը մտաբերելով, Հէնրիք կ’ըսէ. «Իմ բոլոր փորձութիւններուս մէջ Եհովա բնաւ զիս չլքեց։ Ան միշտ օգնեց որ հաւատարիմ մնամ, թէեւ շատ անգամ մահուան հետ դէմ յանդիման եկայ»։ Արդարեւ Եհովա իր ծառաներուն հաւատք ու զօրութիւն կու տայ որ տոկան։

Շուտով Աստուած պիտի ապացուցանէ թէ Փրկիչ է բոլոր անոնց, որոնք իրեն հաւատք կ’ընծայեն եւ ազատման համար իրեն կը վստահին։ Ան կը յայտարարէ. «Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ» (Եսայի 43։11)։ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին», ան ամբարիշտները երկրէն պիտի բնաջնջէ եւ ուղիղները պիտի ազատէ (Յայտնութիւն 16։14, 16. Առակաց 2։21, 22)։ Եհովա մեզ կը հաւաստիացնէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11

«Աստուծոյ որդիներ» ըլլալ

Մաղաքիա մարգարէին օրերուն, իսրայէլացիները կը դաւանէին թէ Եհովա իրենց Հայրն էր։ Բայց փոխանակ զինք պատուելու, անոնք ապականած հաց եւ կոյր ու կաղ անասուններ որպէս զոհ կը ներկայացնէին։ Այս պատճառաւ Եհովա անոնց հարցուց. «Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է» (Մաղաքիա 1։6

Այդ անհաւատարիմ իսրայէլացիներուն սխալը մի՛ կրկներ։ Փոխարէն, քեզ կը քաջալերենք որ Եհովա Աստուծոյ մասին սորվիս ու իրեն մօտենաս։ Յակոբոս աշակերտ կը յորդորէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8

Եհովան որպէս Հայր ունենալը որոշ պատասխանատուութիւններ կը պարփակէ։ Եթէ ջանաս կեանքիդ բոլոր մարզերուն մէջ Աստուած պատուել՝ իր չափանիշներուն հաւատարմաբար կառչելով, ան ջանքերդ երբեք պիտի չմոռնայ։ Ընդհակառակը, ան քեզի պիտի օգնէ որ խոստացեալ նոր աշխարհ տանող ճամբուն մէջ քալես, ուր «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Այդ ատեն, բոլոր հնազանդ մարդկութիւնը «ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռովմայեցիս 8։21

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Աստուած կ’ուզէ որ զինք Եհովա անունով ճանչնանք, որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»

[Մէջբերում՝ էջ 6]

«Իմ բոլոր փորձութիւններուս մէջ Եհովա բնաւ զիս չլքեց» (ՀԷՆՐԻՔ)։