Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ պիտի տաս յաւիտենական կեանքին համար

Ի՞նչ պիտի տաս յաւիտենական կեանքին համար

Ի՞նչ պիտի տաս յաւիտենական կեանքին համար

«Իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ» (ՄԱՏ. 16։26

1. Յիսուս ինչո՞ւ Պետրոսի յանդիմանութիւնը մերժեց։

ՊԵՏՐՈՍ առաքեալ իր ականջներուն չհաւատաց, երբ իր սիրելի Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոս «յայտնի» ըսաւ թէ մօտ ատենէն պիտի չարչարուէր ու մեռնէր։ Անկասկած լաւագոյն դիտաւորութիւններով Պետրոս հակազդեց՝ Յիսուսը յանդիմանելով. «Քաւ լիցի [«Բարի՛ եղիր քեզի հանդէպ», ՆԱ], Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Յիսուս կռնակը Պետրոսի դարձնելով նայեցաւ միւս աշակերտներուն, որոնք հաւանաբար նոյն սխալ տեսակէտը կը բաժնէին, ապա Պետրոսի ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մար. 8։32, 33. Մատ. 16։21-23

2. Յիսուս իսկական աշակերտ ըլլալու պահանջները ի՞նչպէս սահմանեց։

2 Յիսուսի յաջորդ խօսքերը թերեւս Պետրոսի օգնեցին հասկնալու թէ ինչո՛ւ ուժգնօրէն հակազդեց։ Ան «ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով» ըսաւ. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա» (Մար. 8։34, 35)։ Բացայայտ է որ ո՛չ միայն Յիսուս իր կեանքը զոհելու վրայ էր, այլ նաեւ՝ իր հետեւորդներէն կ’ակնկալէր որ պատրաստ ըլլային իրենց կեանքը զոհելու Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Եթէ անոնք ասիկա ընէին, առատապէս պիտի վարձատրուէին (Կարդալ՝ Մատթէոս 16։27

3. ա) Յիսուս ունկնդիրներուն ի՞նչ հարցումներ ուղղեց։ բ) Յիսուսի երկրորդ հարցումը թերեւս ունկնդիրներուն ի՞նչ յիշեցուց։

3 Նոյն առիթով, Յիսուս երկու միտք–գրգռող հարցումներ ուղղեց. «Ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ. կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ» (Մար. 8։36, 37)։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, առաջին հարցումին պատասխանը ակներեւ է։ Մարդ ո՛չ մէկ օգուտ կ’ունենայ եթէ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ։ Ստացուածքները օգտակար են միայն եթէ անհատը ողջ է։ Յիսուսի երկրորդ հարցումը՝ «Իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ», թերեւս ունկնդիրներուն յիշեցուց Յոբի օրերուն Սատանայի ըսած խօսքը. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4)։ Եհովան չպաշտողներէն ոմանց պարագային, Սատանային խօսքը կրնայ շիտակ ըլլալ։ Շատեր որեւէ բան կ’ընեն, որեւէ սկզբունք կը լքեն, պարզապէս ողջ մնալու համար։ Սակայն քրիստոնեաները հարցերը տարբեր տեսանկիւնէ կը դիտեն։

4. Յիսուսի հարցումները ինչո՞ւ քրիստոնեաներուն համար աւելի խոր իմաստ կը կրեն։

4 Գիտենք թէ Յիսուս երկիր չեկաւ որ այս աշխարհին մէջ մեզի առողջութիւն, հարստութիւն ու երկար կեանք շնորհէ։ Ան եկաւ որ նոր աշխարհին մէջ առյաւէտ ապրելու պատեհութիւնը ընծայէ, եւ մենք ա՛յս հեռանկարը մեծապէս կ’արժեւորենք (Յովհ. 3։16)։ Քրիստոնեան Յիսուսի առաջին հարցումը սապէս կը հասկնայ. «Ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ շահի ամբողջ աշխարհը, բայց կորսնցնէ իր յաւիտենական կեանքի յոյսը»։ Պատասխանը՝ ո՛չ մէկ օգուտ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Յիսուսի երկրորդ հարցումին պատասխանելու համար, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Այժմ ո՞րքան զոհողութիւն ընելու յօժար եմ, որպէսզի նոր աշխարհին մէջ կեանքի յոյսս ստոյգ դարձնեմ’։ Մեր կենցաղին տուած պատասխանը կը յայտնէ այդ յոյսին զօրութիւնը մեր սիրտին մէջ (Համեմատել՝ Յովհաննէս 12։25

5. Ի՞նչպէս կրնանք յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանալ։

5 Հարկաւ Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ յաւիտենական կեանքը կրնայ շահուիլ։ Կեանքը,– նոյնիսկ իրերու այս դրութեան մէջ մեր յարաբերաբար կարճ կեանքը,– պարգեւ մըն է։ Չենք կրնար զայն գնել, ո՛չ ալ կրնանք բան մը ընել՝ անոր արժանանալու։ Յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանալու միակ միջոցն է՝ ‘հաւատալ Քրիստոս Յիսուսի’ եւ Եհովայի, որ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Գաղ. 2։16. Եբ. 11։6)։ Սակայն հաւատքը գործերով պէտք է ցուցաբերուի, քանի որ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակ. 2։26)։ Ուստի, երբ Յիսուսի հարցումին վրայ աւելի խոկանք, լաւ կ’ըլլայ որ լրջօրէն նկատի առնենք թէ իրերու այս դրութեան մէջ ո՛ր տարողութեամբ զոհողութիւններ ընելու պատրաստ ենք եւ թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ կ’ուզենք ընել, ապացուցանելով թէ մեր հաւատքը իրապէս կենդանի է։

‘Քրիստոս իր անձին հաճոյ չեղաւ’

6. Ի՞նչ էր Յիսուսի նախապատուութիւնը։

6 Փոխանակ իր ուշադրութիւնը աշխարհին հրամցուցած բաներուն դարձնելու, Յիսուս կարեւոր բաներուն վրայ կեդրոնացաւ եւ նիւթապաշտ հետամտութիւններու փորձութիւնը մերժեց։ Անոր կեանքը անձնուրացութեամբ եւ նուիրուածութեամբ յատկանշուած էր։ Ինքզինք հաճեցնելու տեղ, ան ըսաւ. «Ես միշտ [Աստուծոյ] հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհ. 8։29)։ Յիսուս ո՞ր տարողութեամբ ջանաց Աստուած հաճեցնել։

7, 8. ա) Յիսուս ի՞նչ զոհողութիւններ ըրաւ եւ ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ։ բ) Մենք մեզի ո՞ր հարցումը պէտք է ուղղենք։

7 Առիթով մը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։ Նախապէս, երբ Յիսուս սկսաւ իր հետեւորդները զգուշացնել թէ մօտ ատենէն ‘իր կեանքը պիտի տար’, Պետրոս զինք յորդորեց որ իր անձին հետ բարի ըլլայ։ Այսուհանդերձ Յիսուս հաստատ մնաց, եւ մարդկութեան համար իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհեց։ Իր անձնուրաց ընթացքին շնորհիւ, Յիսուսի ապագան ապահով էր։ Ան յարուցանուեցաւ եւ «Աստուած իր աջով զայն իր մօտ բարձրացուց» (Գործք 2։32, 33, Անթիլիաս)։ Այսպիսով ան մեզի հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ։

8 Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ եղող քրիստոնեաները խրատեց որ ‘իրենց անձին հաճոյ չըլլան’, եւ անոնց յիշեցուց թէ ‘Քրիստոս ալ իր անձին հաճոյ չեղաւ’ (Հռով. 15։1-3)։ Արդ, այս առաքելական խրատը ո՞ր տարողութեամբ պիտի գործադրենք եւ զոհողութիւններ պիտի ընենք՝ Քրիստոսը ընդօրինակելով։

Եհովա կ’ուզէ որ մեր լաւագոյնը իրեն տանք

9. Քրիստոնեան իրապէս ի՞նչ կ’ընէ երբ Աստուծոյ կը նուիրուի։

9 Վաղեմի իսրայէլի մէջ, մովսիսական օրէնքը պահանջեց որ եբրայեցի ստրուկները իրենց ստրկութեան եօթներորդ տարին կամ Յոբելեան տարուան ընթացքին ազատ արձակուին։ Սակայն անոնք ուրիշ ընտրութիւն մը ունէին։ Եթէ ստրուկ մը իր սեփականատէրը սիրէր, կրնար որոշել անոր տան մէջ ստրուկ մնալ՝ մինչեւ մահ (Կարդալ՝ Բ. Օրինաց 15։12, 16, 17Նոյնանման ընտրութիւն մը կ’ընենք, երբ մենք մեզ Աստուծոյ կը նուիրենք։ Սիրայօժար կ’որոշենք Աստուծոյ կամքը ընել եւ մեր հակումներուն չհետեւիլ։ Այսպէս Եհովայի հանդէպ մեր խոր սէրը եւ իրեն առյաւէտ ծառայելու մեր փափաքը ցոյց կու տանք։

10. Մենք ի՞նչ առումով Աստուծոյ սեփականութիւնն ենք, եւ այս իրողութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր խորհուրդներուն եւ արարքներուն։

10 Եթէ այժմ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես, բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցիս եւ քրիստոնէական ժողովներուն կը յաճախես, գովելի ես։ Կը յուսանք որ մօտ ատենէն մղուիս Եհովայի նուիրուելու եւ եթովպիացիին հարցումը կրկնելու. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ» (Գործք 8։35, 36)։ Այդ ատեն Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ պիտի նմանի այն քրիստոնեաներուն յարաբերութեան, որոնց Պօղոս գրեց. «Դուք ձեր անձին տէրը չէք. քանզի գնով ծախու առնուեցաք» (Ա. Կոր. 6։19, 20)։ Մեր յոյսը ըլլայ երկնային թէ երկրային, Եհովայի նուիրուելով՝ ան մեր Սեփականատէրն է։ Ուստի ո՜րքան կարեւոր է որ անձնասէր ցանկութիւնները սանձենք ու ‘մարդոց ծառայ չըլլանք’ (Ա. Կոր. 7։23)։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է հաւատարիմ ծառայ ըլլալ, որպէսզի Եհովա մեզ իր ուզած կերպով գործածէ։

11. Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ ի՞նչ զոհ ընծայեն, եւ ասիկա իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ, ինչպէս մովսիսական օրէնքին ներքեւ ընծայուած զոհերը ցոյց կու տան։

11 Պօղոս իր հաւատակիցները յորդորեց. «Կ’աղաչեմ ձեզի. . . որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը» (Հռով. 12։1)։ Այս խօսքերը թերեւս հրեայ քրիստոնեաներուն յիշեցուցին այն զոհերը, որոնք իրենց առաջուան պաշտամունքին մաս կը կազմէին։ Անոնք գիտէին որ մովսիսական օրէնքին ներքեւ Եհովայի զոհասեղանին վրայ ընծայուած անասունները, լաւագոյնը պէտք էր ըլլային։ Որեւէ ցածորակ անասուն անընդունելի էր (Մաղ. 1։8, 13)։ Նոյնն է պարագան, երբ մեր մարմինը կ’ընծայենք իբր «կենդանի զոհ»։ Եհովայի կու տանք մեր լաւագոյնը, եւ ո՛չ թէ աւելցուքը՝ մեր բոլոր անձնական ցանկութիւնները գոհացնելէ ետք։ Աստուծոյ նուիրուելով, առանց վերապահութեան մեր ամբողջ կեանքը իրեն կու տանք,– ի ներառեալ՝ մեր զօրութիւնը, կարողութիւններն ու նիւթական ստացուածքները (Կող. 3։23)։ Գործնականօրէն ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Ժամանակդ իմաստութեամբ գործածէ

12, 13. Մեր լաւագոյնը Եհովայի տալու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

12 Մեր լաւագոյնը Եհովայի տալու կերպերէն մէկն է՝ մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածել (Կարդալ՝ Եփեսացիս 5։15, 16Ասիկա ինքնազսպում կը պահանջէ։ Աշխարհի ազդեցութիւնները եւ ժառանգուած անկատարութիւնը մեզ հակամէտ կը դարձնեն որ ժամանակը ամբողջովին մեր հաճոյքին կամ անձնական օգտին տրամադրենք։ Ճիշդ է որ «ամէն բանի ատենը կայ», ի ներառեալ՝ հաճելի ժամանցը եւ մեր քրիստոնէական պարտաւորութիւնները կատարելու համար աշխարհիկ գործը (Ժող. 3։1)։ Սակայն նուիրուած քրիստոնեան հաւասարակշռուած պէտք է մնայ եւ ժամանակը իմաստութեամբ գործածէ։

13 Երբ Պօղոս Աթէնք այցելեց, նկատեց թէ «Աթենացիները ամէնքն ալ ու հոն կեցող օտարականները ուրիշ բանի չէին պարապեր, բայց միայն նոր բան խօսելու կամ լսելու» (Գործք 17։21)։ Այսօր շատեր նոյն կերպով իրենց ժամանակը կը վատնեն։ Արդի զբաղումները կը պարփակեն՝ հեռատեսիլ դիտել, տեսաերիզի խաղեր խաղալ եւ համացանցի վրայ նաւարկել։ Հետզհետէ աւելի շատ զբաղումներ մեր ժամանակը կը խլեն։ Եթէ անոնց տեղի տանք, կրնանք մեր հոգեւոր կարիքները անտեսել եւ նոյնիսկ եզրակացնել թէ ա՛յնքան զբաղած ենք, որ ժամանակ չունինք «աւելի կարեւոր բաներ»ուն համար, որոնք Եհովայի ծառայութեան հետ առնչուած են (Փլպ. 1։9, 10, ՆԱ

14. Ո՞ր հարցումները լրջօրէն նկատի պէտք է առնենք։

14 Հետեւաբար, Եհովայի նուիրուած ծառայ մը ըլլալով, դուն քեզի հարց տուր. ‘Առօրեայ ծրագրիս մէջ, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, խորհրդածութեան եւ աղօթքի համար ժամանակ յատկացուցա՞ծ եմ’ (Սաղ. 77։12. 119։97. Ա. Թես. 5։17)։ ‘Քրիստոնէական ժողովներուն պատրաստութեան համար ժամանակ կը տրամադրե՞մ։ Ուրիշները կը քաջալերե՞մ՝ ժողովներու ընթացքին մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով’ (Սաղ. 122։1. Եբ. 2։12)։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ Պօղոս ու Բառնաբաս «շատ ժամանակ. . . համարձակ կը քարոզէին Տէրոջմով» (Գործք 14։3)։ Կրնա՞ս պարագաներդ կարգի դնել, որպէսզի քարոզչութեան «շատ ժամանակ» տրամադրես, թերեւս ռահվիրայութիւն ընելով (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։15

15. Երէցները ի՞նչպէս իրենց ժամանակը իմաստութեամբ կը գործածեն։

15 Երբ Պօղոս առաքեալ եւ Բառնաբաս Անտիոքի քրիստոնէական ժողովքին այցելութիւն տուին, «հոն երկար ժամանակ աշակերտներուն քով կեցան», զիրենք քաջալերելու համար (Գործք 14։27)։ Նմանապէս այսօր սիրալիր երէցներ իրենց ժամանակին մեծ մասը կը տրամադրեն ուրիշները ամրացնելու։ Իրենց դաշտի ծառայութեան կողքին, երէցները ծանր կ’աշխատին հօտը հովուելու, կորսուած ոչխարները փնտռելու, հիւանդներուն աջակցելու եւ ժողովքէն ներս բազմաթիւ այլ պատասխանատուութիւններու հոգ տանելու։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, պարագաներդ թոյլ կու տա՞ն որ ծառայութեան այս յաւելեալ առանձնաշնորհումներուն ձգտիս։

16. Ի՞նչ են կարգ մը կերպերը, որոնցմով ‘բարիք կ’ընենք հաւատքի ընտանիներուն’։

16 Շատեր ուրախութիւն գտած են, օգնելով անոնց՝ որոնք մարդակերտ կամ բնական աղէտներու պատճառաւ կորուստ կրած են։ Օրինակ, 60–ական տարիքի մէջ եղող քոյր մը, որ Պէթէլի մէջ կը ծառայէ, մի քանի անգամ միացաւ օգնութեան խմբակներուն, հեռաւոր շրջաններու մէջ։ Ան իր արձակուրդը ինչո՞ւ այս կերպով գործածեց։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ յատուկ հմտութիւններ չունիմ, բայց հարկ եղածը ընելը առանձնաշնորհում էր։ Նիւթական մեծ կորուստ կրած եղբայրներուն ու քոյրերուն զօրաւոր հաւատքը տեսնելով՝ շա՜տ քաջալերուեցայ»։ Անկէ զատ, համայն աշխարհի մէջ հազարաւորներ Թագաւորութեան սրահներ եւ Համաժողովի սրահներ կառուցանելու մէջ բաժին կը բերեն։ Այսպիսի գործունէութիւններու մասնակցելով, անձնուրացօրէն ‘բարիք կ’ընենք հաւատքի ընտանիներուն’ (Գաղ. 6։10

«Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»

17. Յաւիտենական կեանքին համար ի՞նչ պիտի տաս։

17 Աստուծմէ հեռացած մարդկային ընկերութիւնը անցնելու վրայ է։ Թէեւ չենք գիտեր թէ անիկա ճիշդ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ, բայց գիտենք թէ «ժամանակը կարճցած է» եւ «այս աշխարհի կերպարանքը» կը փոխուի (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 7։29-31Ասիկա յաւելեալ իմաստ կու տայ Յիսուսի հարցումին. «Իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ»։ Եհովա մեզմէ ի՛նչ զոհողութիւններ ալ խնդրէ՝ վստահաբար պիտի ընենք, որպէսզի «ճշմարիտ կեանքը» ձեռք ձգենք (Ա. Տիմ. 6։19, Անթիլիաս)։ Արդարեւ շատ կարեւոր է որ ‘իր ետեւէն երթալու’ եւ ‘առաջ թագաւորութիւնը խնդրելու’ Յիսուսի խրատին անսանք (Մատ. 6։31-33. 24։13

18. Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ եւ ինչո՞ւ։

18 Ճիշդ է որ Յիսուսի հետեւիլը միշտ դիւրին չէ, եւ ինչպէս Յիսուս զգուշացուց, ոմանք այդ պատճառով ներկայ իրերու դրութեան մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուսի նման, չենք ուզեր որ ‘մեզի հանդէպ բարի ըլլանք’։ Կը հաւատանք այն երաշխիքին, որ ան առաջին դարու օծեալ հետեւորդներուն տուաւ. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Ուստի կարելի եղած լման տարողութեամբ մեր ժամանակն ու կարողութիւնները գործածենք սրբազան ծառայութեան մէջ։ Ասիկա ընելով, մեր վստահութիւնը կ’ապացուցանենք թէ Եհովա մեծ նեղութեան ընթացքին մեզ ողջ պիտի պահէ կամ նոր աշխարհին մէջ մեզ պիտի վերակենդանացնէ (Եբ. 6։10)։ Այսպէս ցոյց տուած պիտի ըլլանք թէ ո՜րքան կեանքի պարգեւը կ’արժեւորենք։

Ի՞նչ են պատասխաններդ

• Յիսուս ի՞նչպէս Աստուծոյ ու մարդոց ծառայելու արտակարգ կամեցողութիւն ցուցաբերեց։

• Անհատ մը ինչո՞ւ իր անձը պէտք է ուրանայ եւ ի՞նչպէս։

• Վաղեմի իսրայէլի մէջ, միայն ի՞նչպիսի զոհեր ընդունելի էին, եւ այս կէտը ի՞նչ ուղղութիւն կու տայ մեզի։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Գնահատող իսրայէլացիները ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար իրենց լաւագոյնը տուին

[Նկար՝ էջ 31]

Աստուած կը հաճեցնենք՝ մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածելով