Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տիտոսի, Փիլիմոնի եւ Եբրայեցիներուն յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր

Տիտոսի, Փիլիմոնի եւ Եբրայեցիներուն յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Տիտոսի, Փիլիմոնի եւ Եբրայեցիներուն յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր

ՊՕՂՈՍ առաքեալ Կրետէ կղզին կ’այցելէ, մ.թ. 61–ին Հռովմի մէջ իր առաջին բանտարկութենէն ազատ արձակուելէն ժամանակ մը ետք։ Ժողովքներուն հոգեւոր վիճակը նկատելով, ան Տիտոսը հոն կը ձգէ, որպէսզի զանոնք զօրացնէ։ Հետագային, հաւանաբար Մակեդոնիայէն, Պօղոս Տիտոսի նամակ մը կը գրէ, անոր պարտականութիւններուն նկատմամբ ուղղութիւններ տալու եւ անոր գործին առաքելական աջակցութիւն յայտնելու։

Աւելի կանուխ, մ.թ. 61–ին բանտէն արձակուելէն քիչ առաջ, Պօղոս նամակ մը գրեց Կողոսայի մէջ ապրող քրիստոնեայ եղբօր մը՝ Փիլիմոնի։ Անիկա բարեկամի մը ուղղուած անձնական աղերսանք է։

Մ.թ. շուրջ 61–ին, Պօղոս նաեւ Հրէաստանի մէջ եղող եբրայեցի հաւատակիցներուն նամակ մը գրեց, որ ցոյց կու տայ թէ քրիստոնէութիւնը հրէական դրութիւնը կը գերազանցէ։ Երեք նամակներն ալ մեզի համար թանկարժէք խրատներ կը բովանդակեն (Եբ. 4։12

ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԱՌՈՂՋ ՄՆԱՆՔ

(Տիտ. 1։1–3։15)

‘Ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգելու’ առնչութեամբ ուղղութիւններ տալէ ետք, Պօղոս Տիտոսը կը խրատէ որ «սաստիկ յանդիմանէ [անհնազանդները], որպէս զի առողջանան հաւատքի մէջ»։ Ան Կրետէի ժողովքներուն բոլոր անդամները կը յորդորէ որ ‘ամբարշտութիւնը ուրանան եւ զգաստութեամբ ապրին’ (Տիտ. 1։5, 10-13. 2։12

Պօղոս յաւելեալ խրատներ կու տայ, Կրետէի եղբայրներուն օգնելու որ հոգեւորապէս առողջ մնան։ Ան Տիտոսի կը պատուիրէ որ ‘յիմարական վէճերէն եւ օրէնքի վրայով եղած կռիւներէն մէկդի կենայ’ (Տիտ. 3։9

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։15—Ի՞նչպէս «ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ»։ Պատասխանը գիտնալու համար, հարկ է որ հասկնանք «ամէն բան» արտայայտութիւնը։ Պօղոս կը խօսէր ո՛չ թէ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին մէջ ուղղակի դատապարտուած բաներուն մասին, այլ՝ այնպիսի բաներու մասին, որոնց նկատմամբ հաւատացեալները կրնային անձնական որոշումներ կայացնել, հիմնուելով իրենց խղճմտանքին վրայ։ Այսպիսի բաներ մաքուր են այն անհատին համար, որուն մտածումը Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակ է։ Պարագան հակառակն է անհատի մը համար, որուն մտածմունքը խեղաթիւրուած եւ խղճմտանքը պղծուած է։ *

3։5—Օծեալ քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘աւազանին միջոցաւ կը փրկուին’ եւ ‘սուրբ հոգիով կը նորոգուին’։ Անոնք ‘աւազանին միջոցաւ կը փրկուին’, այն առումով որ Աստուած զանոնք Յիսուսի արիւնով մաքրած է, փրկանքի զոհին արժէքին հիման վրայ։ Անոնք ‘սուրբ հոգիով կը նորոգուին’, քանի որ «նոր ստեղծուած մը» եղած են որպէս Աստուծոյ հոգիէն–ծնած որդիներ (Բ. Կոր. 5։17

Դասեր՝ մեզի համար.

1։10-13. 2։15. Քրիստոնեայ տեսուչները քաջաբար ժողովքին թերութիւնները պէտք է սրբագրեն։

2։3-5. Ինչպէս էր պարագան առաջին դարուն, նոյնպէս այսօր հասուն քրիստոնեայ քոյրերը պէտք է ‘սուրբ վարմունք ունենան եւ ըլլան ո՛չ բանսարկու, ո՛չ գինեմոլ, հապա՝ բարի խրատ տուող’։ Այդ կերպով, անոնք կրնան ազդուօրէն ժողովքի «նորահասակ կիները» առանձին խրատել։

3։8, 14. «Բարի գործեր կատարել»ու վրայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելը ‘բարի եւ օգտակար’ է, քանի որ մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ պտղաբեր ըլլալու եւ մեզ ամբարիշտ աշխարհէն անջատ կը պահէ։

«ՍԻՐՈՎ» ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ

(Փլմ. 1-25)

Պօղոս Փիլիմոնը կը գովէ՝ ‘սիրոյ ու հաւատքի’ մէջ օրինակ հանդիսանալուն համար։ Ան քրիստոնեայ հաւատակիցներուն թարմացումի աղբիւր ըլլալով, պատճառ եղած է որ Պօղոս «շատ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն» ունենայ (Փլմ. 4, 5, 7

Բոլոր տեսուչներուն օրինակ հանդիսանալով, Պօղոս Ոնեսիմոսի վերաբերեալ զգայուն հարցը ձեռք կ’առնէ ո՛չ թէ հրամայելով, այլ՝ «սիրով» յորդորելով։ Ան Փիլիմոնի կ’ըսէ. «Հնազանդութեանդ վստահելով գրեցի քեզի, քանզի գիտեմ որ ըսածէս աւելին պիտի ընես» (Փլմ. 8, 9, 21

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

10, 11, 18—Ոնեսիմոս որ ժամանակին անպէտ էր, ի՞նչպէս «պիտանի» եղաւ։ Ոնեսիմոս անյօժար ստրուկ մըն էր, որ Կողոսայի մէջ Փիլիմոնի տունէն փախչելով Հռովմ եկած էր։ Հաւանաբար Ոնեսիմոս նաեւ իր տիրոջմէն գողցած էր, որպէսզի կարենար այդ 1400 քիլոմեթրը ճամբորդել։ Արդարեւ ան անպէտ էր Փիլիմոնի։ Սակայն Հռովմի մէջ, Պօղոս Ոնեսիմոսի օգնեց որ քրիստոնեայ դառնայ։ Այժմ հոգեւոր եղբայր մը ըլլալով, այս անպէտ ծառան «պիտանի» դարձաւ։

15, 16—Պօղոս ինչո՞ւ Փիլիմոնէն չխնդրեց որ Ոնեսիմոսին ազատութիւն շնորհէ։ Պօղոս փափաքեցաւ ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելու եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին սորվեցնելու’ իր յանձնարարութեան կառչիլ։ Հետեւաբար, ան ընտրեց ընկերային հարցերու միջամուխ չըլլալ, ինչպէս՝ ստրկութեան վերաբերեալ հարցերը (Գործք 28։31

Դասեր՝ մեզի համար.

2. Փիլիմոն իր տունը քրիստոնէական ժողովներու համար մատչելի դարձուց։ Մեր տան մէջ դաշտի ծառայութեան ժողով ունենալը առանձնաշնորհում մըն է (Հռով. 16։5. Կող. 4։15

4-7. Հաւատքի ու սիրոյ մէջ օրինակելի եղող հաւատակիցները գովելու նախաձեռնութիւնը պէտք է առնենք։

15, 16. Թոյլ պէտք չէ տանք կեանքի անախորժ զարգացումներուն որ անտեղի մտահոգութիւն պատճառեն մեզի։ Արդիւնքը կրնայ օգտաշատ ըլլալ, ինչպէս եղաւ Ոնեսիմոսի պարագային։

21. Պօղոս ակնկալեց որ Փիլիմոն Ոնեսիմոսի ներէ։ Նմանապէս մեզմէ կ’ակնկալուի որ ներող ըլլանք, երբ եղբայր մը մեզ վիրաւորէ (Մատ. 6։14

«ՇՏԱՊԵՆՔ ԴԷՊԻ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ»

(Եբ. 1։1–13։25)

Ապացուցանելու համար թէ Յիսուսի զոհին հանդէպ հաւատքը կը գերազանցէ մովսիսական օրէնքի գործերը, Պօղոս քրիստոնէութեան հիմնադրին, անոր քահանայութեան, անոր զոհին եւ նոր ուխտին գերազանցութիւնը ցցուն կ’ընէ (Եբ. 3։1-3. 7։1-3, 22. 8։6. 9։11-14, 25, 26)։ Այս գիտութիւնը վստահաբար եբրայեցի քրիստոնեաներուն օգնեց որ հրեաներուն ձեռքով իրենց կրած հալածանքին տոկան։ Պօղոս եբրայեցի հաւատակիցները կը յորդորէ որ ‘շտապեն դէպի հասունութիւն’ (Եբ. 6։1, ՆԱ

Քրիստոնէական կարգադրութեան ներքեւ հաւատքը ո՞րքան կարեւոր է։ «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ», կը գրէ Պօղոս։ Ան եբրայեցիները կը քաջալերէ. «Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը», հաւատք ցուցաբերելով (Եբ. 11։6. 12։1

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։14, 15—Սատանան ‘մահուան իշխանութիւնը ունենալով’՝ կրնա՞յ ոեւէ անհատի կանխահաս մահ պատճառել։ Ո՛չ։ Սակայն Եդեմի մէջ Սատանայի չար ընթացքին սկիզբէն իսկ, իր սուտերը մահ պատճառած են, քանի որ Ադամ մեղանչեց ու մարդկային ընտանիքին փոխանցեց մեղքը եւ մահը (Հռով. 5։12)։ Անկէ զատ, Սատանայի երկրային գործակալները Աստուծոյ ծառաները հալածած ու սպաննած են, ինչպէս էր պարագան Յիսուսի։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ Սատանան անսահման զօրութիւն ունի իր ուզած անհատը սպաննելու։ Այլապէս, ան անկասկած Եհովայի երկրպագուները շատոնց ոչնչացուցած պիտի ըլլար։ Եհովա իր ժողովուրդը որպէս խումբ կը պաշտպանէ եւ թոյլ չի տար Սատանայի որ զանոնք ամբողջովին բնաջնջէ։ Նոյնիսկ եթէ Աստուած թոյլ տայ որ մեզմէ ոմանք Սատանայի յարձակումներուն ներքեւ մեռնին, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած մեր վրայ եկած որեւէ վնաս պիտի ջնջէ։

4։9-11—Ի՞նչպէս ‘Աստուծոյ հանգիստը կը մտնենք’։ Ստեղծագործութեան վեց օրերուն վերջաւորութեան, Աստուած իր ստեղծագործական գործերէն հանգստացաւ, վստահ ըլլալով որ երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործուէր (Ծն. 1։28. 2։2, 3)։ ‘Այդ հանգիստը կը մտնենք’, ինքնարդարացման գործերէն ետ կենալով եւ մեր փրկութեան համար Աստուծոյ ըրած կարգադրութիւնը ընդունելով։ Երբ անձնասէր շահեր փնտռելու փոխարէն, Եհովայի հաւատք ընծայենք եւ հնազանդօրէն իր Որդիին հետեւինք, ամէն օր թարմացուցիչ ու հանգստացուցիչ օրհնութիւններ կը վայելենք (Մատ. 11։28-30

9։16, ՆԱ—Ո՞վ է նոր ուխտին «ուխտ կապող մարդը»։ Նոր ուխտը Հաստատողը Եհովան է, մինչ Յիսուս «ուխտ կապող մարդ»ն է։ Յիսուս այդ ուխտին Միջնորդն է, եւ իր մահով՝ զայն վաւերացնելու հարկ եղող զոհը հայթայթեց (Ղուկ. 22։20. Եբ. 9։15

11։10, 13-16—Աբրահամ ի՞նչ «քաղաքի» կը սպասէր։ Ասիկա այլաբանական քաղաք մըն էր։ Աբրահամ «երկնաւոր Երուսաղէմ»ին կը սպասէր, որ Քրիստոս Յիսուսէ եւ իր 144,000 իշխանակիցներէն կը բաղկանայ։ Այս իշխանակիցները իրենց երկնային փառքին մէջ նաեւ կը կազմեն «սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը» (Եբ. 12։22. Յայտ. 14։1. 21։2)։ Աբրահամ անձկագին կը սպասէր որ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ապրէր։

12։2, ԱՎ—Ի՞նչ էր Յիսուսի ‘առաջարկուած ուրախութիւնը’, որուն համար «ան տոկաց խաչին»։ Անիկա իր ծառայութեան իրագործելիք բաները տեսնելու ուրախութիւնն էր, ինչպէս՝ Եհովայի անուան սրբացումը, Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովումը եւ մարդկային ընտանիքը մահէն փրկելը։ Յիսուս նաեւ իր աչքերը սեւեռած պահեց՝ մարդկութեան յօգուտ որպէս Թագաւոր իշխելու եւ որպէս Քահանայապետ ծառայելու վարձատրութեան վրայ։

13։20—Ինչո՞ւ նոր ուխտին մասին կը խօսուի որպէս «յաւիտենական»։ Երեք պատճառներով. 1) Անիկա երբեք պիտի չփոխարինուի, 2) անոր իրագործումները մնայուն են, եւ 3) «ուրիշ ոչխարներ»ը Արմագեդոնէն ետք պիտի շարունակեն նոր ուխտի կարգադրութենէն օգտուիլ (Յովհ. 10։16

Դասեր՝ մեզի համար.

5։14. Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ժրաջան աշակերտները պէտք է ըլլանք եւ մեր սորվածը գործադրենք։ Ուրիշ կերպ մը չկայ, որով կրնանք մեր ‘զգայարանքները վարժեցնել որ բարին ու չարը զանազանեն’ (Ա. Կոր. 2։10

6։17-19. Մեր յոյսը Աստուծոյ խոստումին ու իր երդումին վրայ հաստատօրէն հիմնելը, մեզի պիտի օգնէ որ ճշմարտութեան ճամբուն մէջ քալելէ չշեղինք։

12։3, 4. Փոխանակ աննշան փորձութիւններու կամ հակառակութեան պատճառաւ ‘մեր անձովը յոգնելու եւ թուլնալու’, պէտք է հասունութեան դիմենք եւ նեղութիւններու տոկալու մեր կարողութիւնը բարելաւենք։ Պէտք է վճռենք դիմադրել «արիւն թափելու չափ», այսինքն՝ մեռնելու աստիճան (Եբ. 10։36-39

12։13-15. Պէտք չէ թոյլ տանք որ «դառնութեան արմատ մը», կամ ժողովքին մէջ ոեւէ անհատ որ կը քննադատէ հարցերը ձեռք առնելու կերպը, մեզի արգելք հանդիսանայ որ ‘մեր ոտքերուն շիտակ ճամբաներ փնտռենք’։

12։26-28. Աստուծոյ կողմէ չշինուած բաները,– ներկայ իրերու ամբողջ դրութիւնը, նոյնիսկ ամբարիշտ «երկինքը»,– պիտի չքանան։ Իսկ «անշարժ բաները», այսինքն՝ Թագաւորութիւնը եւ անոր համակիրները, պիտի մնան։ Ո՜րքան կենսական է որ նախանձախնդրաբար Թագաւորութիւնը ծանուցանենք եւ անոր սկզբունքներուն համաձայն ապրինք։

13։7, 17. Ժողովքի տեսուչներուն հնազանդելու եւ ենթարկուելու այս յորդորին միշտ ուշադրութիւն ընծայելը, մեզի պիտի օգնէ համագործակցող հոգի մը ցուցաբերելու։

[Ստորանիշ]