Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եթէ Ադամ կատարեալ էր, ի՞նչպէս կարելի էր որ մեղանչէր

Եթէ Ադամ կատարեալ էր, ի՞նչպէս կարելի էր որ մեղանչէր

Ընթերցողները կը հարցնեն

Եթէ Ադամ կատարեալ էր, ի՞նչպէս կարելի էր որ մեղանչէր

Ադամ կրնար մեղք գործել, քանի որ Աստուած զինք ազատ կամքով ստեղծած էր։ Այդ պարգեւը բնաւ չի հակասեր այն իրողութեան թէ Ադամ կատարեալ էր։ Արդարեւ միայն Աստուած բացարձակ առումով կատարեալ է (Բ. Օրինաց 32։3, 4. Սաղմոս 18։30. Մարկոս 10։18)։ Իսկ ոեւէ անհատի կամ որեւէ բանի կատարելութիւնը սահմանափակ է։ Բան մը կատարեալ է՝ միայն ի՛ր նպատակին կապակցաբար։

Աստուած Ադամը ի՞նչ նպատակով ստեղծեց։ Աստուծոյ նպատակն էր որ Ադամի միջոցաւ ազատ կամք ունեցող ուշիմ մարդկութիւն յառաջ բերէր։ Անոնք որ կ’ուզէին Աստուծոյ եւ իր ճամբաներուն հանդէպ սէր մշակել, ասիկա ցոյց պիտի տային՝ ընտրելով իր օրէնքներուն հնազանդիլ։ Ուստի հնազանդութիւնը մարդուն մտածելու կարողութեան մէջ ծրագրուած չէր, այլ՝ կամաւորաբար սրտէն պիտի բխէր (Բ. Օրինաց 10։12, 13. 30։19, 20)։ Այսպէս, եթէ Ադամ անհնազանդութիւն ընտրելու կարողութիւնը չունենար, թերի կամ անկատար պիտի ըլլար։ Ան իր ազատ կամքը ի՞նչպէս գործածեց։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ ան ընտրեց իր կնոջ հետեւիլ ու Աստուծոյ օրէնքին չհնազանդիլ, «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտելով (Ծննդոց 2։17. 3։1-6

Արդեօք Ադամ բարոյական տկարութեա՞մբ ստեղծուեցաւ, այնպէս որ շիտակ որոշումներ կայացնելու կամ փորձութեան դէմ դնելու կարողութիւն չունէր։ Ադամի անհնազանդութենէն առաջ, Եհովա Աստուած իր ամբողջ երկրային ստեղծագործութիւնը քննած էր, ի ներառեալ մարդկային առաջին զոյգը, եւ նշած էր թէ «շատ բարի» էր (Ծննդոց 1։31)։ Ուստի, երբ Ադամ մեղանչեց, ասիկա չնշանակեց թէ անոր ստեղծուած կերպին մէջ որոշ թերութիւն մը կար, եւ Աստուած իրաւացիօրէն ամբողջ յանցանքը Ադամի վրայ դրաւ (Ծննդոց 3։17-19)։ Ադամ թոյլ չէր տուած որ Աստուծոյ ու շիտակ սկզբունքի հանդէպ սէրը, զինք մղէր Աստուծոյ հնազանդելու՝ ամէն բանէ առաջ։

Նկատի առ նաեւ թէ երկրի վրայ Յիսուս Ադամի նման կատարեալ մարդ մըն էր։ Սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, ան ծնաւ առանց տկարութիւն մը ժառանգելու, որ կրնար զինք փորձութեան դէմ դնելու անկարող դարձնել (Ղուկաս 1։30, 31. 2։21. 3։23, 38)։ Յիսուս ի՛ր կամքով հաւատարիմ մնաց իր Հօր, հակառակ ամենազօրաւոր ճնշումներուն։ Ադամ, իր ազատ կամքը գործածելով, անձամբ պատասխանատու էր Եհովայի պատուէրին չհնազանդելուն։

Սակայն Ադամ ինչո՞ւ ընտրեց Աստուծոյ անհնազանդ գտնուիլ։ Արդեօք ան հաւատա՞ց թէ ձեւով մը իր կացութիւնը պիտի բարելաւէր։ Ո՛չ, քանի որ Պօղոս առաքեալ գրեց թէ «Ադամ չխաբուեցաւ» (Ա. Տիմոթէոս 2։14)։ Ան որոշեց իր կնոջ փափաքին ենթարկուիլ, որ արդէն ընտրած էր արգիլուած ծառէն ուտել։ Իր կինը հաճեցնելու փափաքը աւելի մեծ էր քան՝ Ստեղծիչին հնազանդելու փափաքը։ Վստահաբար, երբ արգիլուած պտուղը իրեն հրամցուեցաւ, Ադամ պէտք էր կանգ առնէր եւ մտածէր, թէ անհնազանդութիւնը ի՛նչպէս Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան պիտի ազդէր։ Աստուծոյ հանդէպ խոր ու ամուր սէր չունենալով, Ադամ ճնշումի դիմաց անպաշտպան էր, ի ներառեալ՝ իր կնոջմէ եկած ճնշումը։

Ադամ զաւակներ ունենալէ առաջ մեղանչեց, ուստի իր ամբողջ սերունդը անկատար ծնած է։ Բայց եւ այնպէս, Ադամի նման, մենք ազատ կամքի պարգեւը ունինք։ Գնահատութեամբ Եհովայի բարութեան վրայ խոկանք եւ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր սէր մշակենք, որ մեր հնազանդութեան ու պաշտամունքին արժանի է (Սաղմոս 63։6. Մատթէոս 22։36, 37