Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեսիայի մասին նախագուշակել

Մեսիայի մասին նախագուշակել

Մեսիայի մասին նախագուշակել

ԵՍԱՅԻԻ եւ այլ մարգարէներու գրութիւններէն Մեսիայի մասին տեղեկանալով, հրեայ ազգը երկար ժամանակ անոր գալուն սպասեց։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի օրերուն բազմաթիւ հրեաներ ‘ակնկալութեան մէջ էին’ թէ Մեսիան շուտով պիտի յայտնուէր (Ղուկաս 3։15, ԱՎ)։ Յատկանշական է որ աստուածաշնչական մարգարէութիւնները կը բովանդակեն Մեսիայի կեանքին մասին աչքառու մանրամասնութիւններ։ Ոեւէ մարդ չէր կրնար այսպիսի դէպքեր նախագուշակել կամ կարգադրել որ անոնք Յիսուսի հետ տեղի ունենային։

Մեսիայի ծնունդին վերաբերող մանրամասնութիւններ։ Եսայի նախագուշակեց թէ Մեսիան կամ Քրիստոսը կոյսէ մը պիտի ծնէր։ Յիսուսի ծնունդին հրաշալի պարագաները նկարագրելէ ետք, Մատթէոս առաքեալ գրեց. «Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ. ‘Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի’» (Մատթէոս 1։22, 23. Եսայի 7։14)։ Եսայի նաեւ նախագուշակեց թէ Քրիստոս Դաւիթի սերունդէն պիտի ըլլար, յատկապէս նշելով Յեսսէն՝ Դաւիթի հայրը։ Արդարեւ Յիսուս ուղղակի Դաւիթէն սերած էր (Մատթէոս 1։6, 16. Ղուկաս 3։23, 31, 32)։ Ուստի Յիսուսի ծնունդէն առաջ, Գաբրիէլ հրեշտակը Յիսուսի մօր՝ Մարիամի ըսաւ. «Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը» (Ղուկաս 1։32, 33. Եսայի 11։1-5, 10. Հռովմայեցիս 15։12

Մեսիայի կեանքին մասին մանրամասնութիւններ։ Նազարէթի ժողովարանին մէջ, չափահաս Յիսուս Եսայիի մարգարէութենէն բարձրաձայն կարդաց. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու»։ Մարգարէութիւնը իր անձին կիրարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին» (Ղուկաս 4։17-21. Եսայի 61։1, 2)։ Եսայի նաեւ նախագուշակեց հիւանդ անհատներու հետ Յիսուսի քաղցր, հեզ ու համեստ վերաբերմունքը։ Մատթէոս կը գրէ. «Շատ ժողովուրդ անոր ետեւէն գացին ու ամէնքը բժշկեց, բայց սաստիկ պատուիրեց անոնց, որ զինք մարդո՛ւ չյայտնեն. որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէի միջոցով ըսուած խօսքը. ‘Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ. . . ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ’» (Մատթէոս 8։16, 17. 12։10-21. Եսայի 42։1-4. 53։4, 5

Մեսիայի տառապանքին մասին մանրամասնութիւններ։ Եսայի մարգարէացաւ թէ Իսրայէլի մէջ Մեսիան պիտի մերժուէր մեծամասնութեան կողմէ, եւ անոնց համար «գայթակղութեան քար» պիտի ըլլար (Ա. Պետրոս 2։6-8. Եսայի 8։14, 15)։ Արդարեւ, հակառակ Յիսուսի բազմաթիւ հրաշքներուն, մարդիկ «չէին հաւատար իրեն. որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին խօսքը, որ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին’» (Յովհաննէս 12։37, 38. Եսայի 53։1)։ Հրեաներուն թերահաւատութեան մէկ պատճառն էր այն ժողովրդական բայց սխալ համոզումը, թէ Մեսիան զիրենք հռովմէական իշխանութենէն անմիջապէս պիտի ազատագրէր եւ երկրի վրայ դաւիթենական անկախ թագաւորութիւն մը պիտի վերահաստատէր։ Որովհետեւ Յիսուս չարչարուեցաւ ու մեռաւ, հրեաներուն մեծամասնութիւնը չկրցաւ զինք ընդունիլ իբրեւ Մեսիան։ Բայց Եսայի մարգարէացած էր թէ Մեսիան պիտի տառապէր՝ Թագաւոր ըլլալէ առաջ։

Եսայիի գիրքին մէջ, Մեսիան մարգարէաբար կ’ըսէ. «Իմ կռնակս զարնողներուն. . . տուի. իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի»։ Մատթէոս կը տեղեկագրէ թէ Յիսուսի դատավարութեան ընթացքին ի՛նչ պատահեցաւ. «Անոր երեսը թքնեցին, բռունցքով ծեծեցին զանիկա։ Ոմանք ալ ապտակ [զարկին]» (Եսայի 50։6. Մատթէոս 26։67)։ «Անիկա. . . չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ», գրեց Եսայի։ Այսպէս, երբ Պիղատոս Յիսուսի հարցուց հրեաներուն ըրած ամբաստանութիւններուն շուրջ, Յիսուս «պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը» (Եսայի 53։7. Մատթէոս 27։12-14. Գործք 8։28, 32-35

Մեսիայի մահուան մասին մանրամասնութիւններ։ Եսայիի մարգարէութիւնը նաեւ կատարուեցաւ Յիսուսի մահուան ատեն եւ նոյնիսկ անկէ ետք։ Եսայի նախագուշակեց. «Անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ» (Եսայի 53։9)։ Հակասական թուող այս մարգարէութիւնը ի՞նչպէս պիտի կատարուէր։ Երբ Յիսուս մեռաւ, ան երկու աւազակներու միջեւ ցցահարուած էր (Մատթէոս 27։38)։ Բայց ետքը, արիմաթացի հարուստ Յովսէփը Յիսուսի մարմինը դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ, որ փորած էր ժայռի մէջ (Մատթէոս 27։57-60)։ Ի վերջոյ, Յիսուսի մահը Եսայիի մարգարէութեան կարեւորագոյն մէկ երեսակը կատարեց։ Մեսիայի մասին խօսելով, Եսայի կ’ըսէ. «Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ»։ Արդարեւ Յիսուսի մահը փրկանքը հայթայթեց, որպէսզի մեղքին բեռը բոլոր հաւատարիմ մարդոցմէ վերցուի (Եսայի 53։8, 11. Հռովմայեցիս 4։25

Մարգարէութիւններ՝ որոնք վստահաբար կը կատարուին

Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ Մեսիայի ինքնութիւնը հաստատելու համար, առաքեալները եւ Յիսուս գլխաւորաբար Եսայիի մարգարէութենէն մէջբերեցին։ Բայց եւ այնպէս, Եսայիի գիրքը ապագան գուշակող միակ գիրքը չէ։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած բազմաթիւ այլ մարգարէութիւններ նաեւ կը կատարուին, որոնք կապ ունին Յիսուսի, իր Թագաւորութեան եւ այն բարի բաներուն հետ, զորս Թագաւորութիւնը ապագային պիտի իրագործէ * (Գործք 28։23. Յայտնութիւն 19։10)։ Այս մարգարէութիւններուն կատարումը ո՞րքան ստոյգ էր։ Յիսուս հրեայ ունկնդիրներուն ըսաւ. «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները [այսինքն՝ Եբրայերէն Գրութիւնները] աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։ Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’» (Մատթէոս 5։17, 18

Յիսուս նաեւ ակնարկեց Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարման՝ այն դէպքերով, որոնք իր օրերուն տեղի ունեցան եւ որոնք հետագային տեղի պիտի ունենային (Դանիէլ 9։27. Մատթէոս 15։7-9. 24։15)։ Ասկէ զատ, Յիսուս եւ իր աշակերտները նախագուշակեցին դէպքեր, որոնք իրենց օրերէն ետք տեղի պիտի ունենային, ի ներառեալ՝ ներկայ իրադարձութիւնները։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ Աստուածաշունչի մարգարէութեան այս եւ ապագայ կատարումները։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Յիսուսի վրայ կատարուած մարգարէութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 200, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 4]

«Կոյսը. . . որդի պիտի ծնանի»

[Նկար՝ էջ 5]

«Իմ երեսս նախատինքէն. . . չծածկեցի»