Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր անմիջական ապագան նախագուշակել

Մեր անմիջական ապագան նախագուշակել

Մեր անմիջական ապագան նախագուշակել

ԵՐԲ մարդուն ու երկրին ապագային մասին կը խօսէր, Պետրոս առաքեալ գրեց. «[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13)։ «Նոր երկնքի ու նոր երկրի մը» վերաբերեալ խոստումը նախ տրուած էր Եսայի մարգարէին միջոցաւ (Եսայի 65։17. 66։22)։ Այս մարգարէութիւնը մէջբերելով, Պետրոս ցոյց տուաւ թէ անիկա իր օրերուն տակաւին լիովին չէր կատարուած։

Հետագային, շուրջ մ.թ. 96–ին, Յովհաննէս առաքեալի միջոցով տրուած Յայտնութիւնը, «նոր երկիր»ը առնչեց Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն (Յայտնութիւն 21։1-4)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուստը կանխող համաշխարհային վիճակներուն մասին Յիսուսի եւ Պօղոս առաքեալի խօսքերը այժմ կը կատարուին։ Ուստի կրնա՛նք ակնկալել որ Թագաւորութիւնը շուտով նոր աշխարհը պիտի հաստատէ։ Աստուածաշունչի Եսայիի գիրքը մեզի կը նկարագրէ այդ նոր աշխարհը։

Օրհնութիւններ՝ նոր աշխարհին մէջ

Համաշխարհային խաղաղութիւն եւ միացեալ պաշտամունք։ «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Եսայի 2։2-4

Խաղաղութիւն՝ մարդոց եւ անասուններուն միջեւ։ «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։ Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ։ . . .Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Եսայի 11։6-9

Բոլորին համար առատ ուտելիք։ «Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք» (Եսայի 25։6

Այլեւս մահ պիտի չըլլայ։ «[Աստուած] մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. վասն զի Տէրը խօսեցաւ» (Եսայի 25։8

Մեռելները պիտի յարուցանուին։ «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. . . Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ» (Եսայի 26։19

Մեսիան՝ արդար Դատաւոր։ «Անիկա. . . իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ» (Եսայի 11։3, 4

Կոյրերն ու խուլերը պիտի բուժուին։ «Կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին» (Եսայի 35։5

Անմշակ հողը արգասաբեր պիտի դառնայ։ «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ» (Եսայի 35։1, 2

Նոր երկիր մը։ «Ես նոր երկինք [երկնային նոր կառավարութիւն] ու նոր երկիր [մարդկային արդար նոր ընկերութիւն] պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. . . [Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին բնակիչները] տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։ Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ»։ «‘Նոր երկինքն ու նոր երկիրը, որ պիտի ստեղծեմ, իմ առջեւս հաստատ պիտի մնան’, կ’ըսէ Տէրը, ‘այնպէս ալ ձեր սերունդը եւ ձեր անունը պիտի մնան’» (Եսայի 65։17-25. 66։22

Հոյակապ ապագայ մը նախագուշակուած է

Եսայիի գիրքը Աստուածաշունչի միակ գիրքը չէ որ ապագային նկատմամբ օրհնութիւններ կը նախագուշակէ։ Սուրբ Գիրքը լեցուն է մարգարէութիւններով, որոնք կը նկարագրեն այն սքանչելի բաները, զորս Աստուած պիտի իրագործէ Քրիստոսի յանձնուած Թագաւորութեան միջոցաւ։ * Կ’ուզե՞ս այսպիսի դրախտանման վիճակներու ներքեւ ապրիլ։ Արդարեւ կրնաս։ Անձամբ պրպտէ թէ Աստուածաշունչը ապագային նկատմամբ Աստուծոյ բարի նպատակներուն մասին իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ եւ ի՛նչպէս կրնաս անոնց մաս կազմել։ Եհովայի վկաները սիրով պիտի փափաքին քեզի օգնել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 15 Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր իրագործելիք բաներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 76-85, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 8]

Մարդիկ իրարու հետ եւ անասուններու հետ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլան

[Նկար՝ էջ 9]

Մեռելները պիտի վերակենդանանան

[Նկար՝ էջ 10]

Ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ