Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նախագուշակուած դէպքեր՝ մեր օրերուն համար

Նախագուշակուած դէպքեր՝ մեր օրերուն համար

Նախագուշակուած դէպքեր՝ մեր օրերուն համար

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կը նախագուշակէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ մնայուն խաղաղութիւն ու երջանկութիւն պիտի բերէ (Դանիէլ 2։44)։ «Հայր մեր»ին կամ տէրունական աղօթքին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Ձիթենիներու լերան վրայ իր աշակերտներուն տուած նշանակալից մարգարէութեան մէջ, Յիսուս մասնայատուկ դէպքեր ու կացութիւններ նախագուշակեց, որոնք անմիջապէս պիտի կանխէին այդ Թագաւորութեան գալուստը։ Այս երեսակները միասնաբար կը կազմեն նշան մը, որ բոլոր պարկեշտամիտ դիտորդներուն բացայայտ պիտի ըլլար։ Այս նշանին հետեւեալ երեսակներէն քանի՞ հատը տեսած ես։

Միջազգային պատերազմներ։ Յիսուս նախագուշակեց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։7)։ 1914–էն առաջ, պատերազմները ընդհանրապէս տեղական բնոյթ ունէին։ Համաշխարհային Ա. պատերազմը ո՛չ միայն երկրագունդի հսկայ շրջաններ պարփակեց, այլեւ՝ ամէնէն ահռելի զէնքերուն զարգացումը արագացուց։ Օրինակ, նորագիւտ օդանաւը գործածուեցաւ քաղաքացիներուն վրայ ռումբեր տեղացնելու։ Զէնքերու զանգուածային արտադրութիւնը, աներեւակայելի համեմատութեամբ ընդարձակեց կոտորածին տարողութիւնը,– պատերազմին մասնակցող 65 միլիոն զինուորներուն շուրջ կէսը կա՛մ սպաննուեցաւ եւ կամ վիրաւորուեցաւ։ Անկէ ետք, 20–րդ դարը աւելի մեծ կոտորած տեսաւ։ Պատմաբան մը նշեց թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին սպաննուած զինուորներուն ու քաղաքացիներուն թիւը «առյաւէտ անհաշուելի պիտի մնայ»։ Իսկ պատերազմները մինչեւ օրս կը շարունակուին։

Լայնատարած անօթութիւն։ «Սովեր. . . պիտի ըլլան», նախագուշակեց Յիսուս (Մատթէոս 24։7)։ 2005–ին, պարբերաթերթ մը (Science) ըսաւ. «Աշխարհի մէջ 854 միլիոն հոգի (բնակչութեան շուրջ 14%) երկարատեւ կամ սուր յոռի սննդառութենէ կը տառապի»։ 2007–ին, ՄԱԿ–ի մէկ աղբիւրը տեղեկագրեց թէ 33 երկիրներ իրենց ժողովուրդը կերակրելու համար բաւարար ուտելիք չունին։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է, երբ աշխարհի ցորենի արտադրութիւնը վերելք կ’արձանագրէ։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ արտերն ու ցորենը կը գործածուին եթանոլ արտադրելու։ Հարաւային Ափրիկէի մէկ լրագիրը (The Witness) կը նշէ. «Մեծ մրցակառք մը մէ՛կ անգամ եթանոլ վառելանիւթով լեցնելու համար, մէկ տարի անհատ մը կերակրելու ցորենի քանակը կը գործածուի»։ Նոյնիսկ զարգացած երկիրներու մէջ, ուտելիքի գիները բարձրանալով, շատեր կը ստիպուին ընտրել կա՛մ ընթրիքի համար կերակուր գնել եւ կամ դրամը տրամադրել այլ անհրաժեշտ բաներու, ինչպէս՝ դեղորայքի կամ ջեռուցումի։

Հսկայ երկրաշարժներ։ Յիսուս ըսաւ. «Մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (Ղուկաս 21։11)։ Արդարեւ ներկայիս շատ աւելի մարդիկ երկրաշարժներու զոհ կ’երթան։ 2007–ին, հնդիկ ժաժաբան Ռ. Ք. Չատա դիտել տուաւ. «Յանկարծ սկսանք նկատել երկրագունդի չորս կողմը ժաժական գործունէութեան մէջ յաւելում մը. . . ո՛չ ոք գիտէ թէ ինչո՛ւ»։ Ասկէ զատ, երկրաշարժներու ենթակայ շրջաններու մէջ բնակչութեան արագ աճը պատճառ եղած որ այս աղէտները աւելի կեանքեր խլեն։ 2004–ին, Հնդկական ովկիանոսը հարուածած երկրաշարժը եւ անոր յաջորդած ցունամին, երկրաշարժի զոհերու առնչութեամբ այդ տարին դարձուցին «ամէնէն մահաբեր տարին՝ շուրջ 500 տարուան մէջ» եւ «երկրորդ ամէնէն աղէտալի տարին՝ արձանագրուած պատմութեան մէջ» (U.S. Geological Survey)։

Անհակակշռելի հիւանդութիւններ։ ‘Մահտարաժամներ պիտի ըլլան’, նախագուշակեց Յիսուս (Ղուկաս 21։11)։ Երկրագունդի տարածքին, աւելի մեծ թիւով մարդիկ հին ու նոր հիւանդութիւններէ կը տառապին, իսկ ազդու դարման գտնելը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Օրինակ, ջերմախտը արմատախիլ ընելու միջազգային նպատակակէտը կրկին անգամ ձախողեցաւ, քանի որ այս հիւանդութիւնը կը շարունակէ մարդկային ջանքերուն դիմադրել։ Անկէ զատ, ԷՅՏԾ–ի եւ այլ նոր հիւանդութիւններու նման, հին հիւանդութիւնները միլիոնաւորներ կը սպաննեն, ինչպէս՝ թոքախտը։ «Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը թոքախտի ցպիկով վարակուած է», կը տեղեկագրէ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը։ Անիկա նաեւ կը նշէ թէ շատ մը երկիրներու մէջ, դիմադրողականութեան անկման վարակի ժահրը (HIV) դեր կը խաղայ թոքախտի համաճարակին մէջ։ Ամէն երկվայրկեան նոր անհատ մը թոքախտով կը վարակուի, եւ թոքախտը դեղերուն հետզհետէ աւելի դէմ կը դնէ։ 2007–ին, Եւրոպայի մէջ հիւանդի մը ունեցած թոքախտը «մեր բոլոր դեղերէն բնաւ չազդուեցաւ», տեղեկագրեց պարբերաթերթ մը (New Scientist

Բարոյական եւ ընկերային անկում։ «Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի», ըսաւ Յիսուս (Մատթէոս 24։12)։ Պօղոս առաքեալ ալ նշեց թէ ընկերային ու բարոյական արժանիքները անկում պիտի կրէին։ Ան նկարագրեց դժուար «վերջին օրեր»ը, որոնք անմիջապէս պիտի կանխէին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ այս համաշխարհային դրութեան կործանումը։ «Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Չե՞ս նկատած թէ մարդիկ այս գէշ յատկանիշները առաջուընէ շա՜տ աւելի կը ցուցաբերեն։

Յիսուս ու Պօղոս այս համաշխարհային վիճակները պատճառող պատմական, ընկերային ու քաղաքական բոլոր ազդակները չթուեցին։ Այսուհանդերձ անոնց մարգարէութիւնները ճշգրտօրէն նախագուշակեցին մեր տեսած դէպքերն ու կեցուածքները։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ապագային մասին։ Եսայիի մարգարէութիւնը, որ Մեսիայի գալուստը վստահելիօրէն նախագուշակեց, նաեւ կը նկարագրէ երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օգտակար փոփոխութիւնները։ Յաջորդ յօդուածը զանոնք պիտի քննարկէ։

[Նկար՝ էջ 6]

«Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ»

[Նկար՝ էջ 7]

‘Մահտարաժամներ պիտի ըլլան’

[Նկարին աղբիւրը]

© WHO/P. Virot